Եղիվարդ (Եղիշէ Պատրիարք Տէրտէրեան, 1910[1], Վան, Վանի Նահանգ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1 Փետրուար 1990(1990-02-01), Երուսաղէմ, Իսրայէլ), բանաստեղծ եւ կղերական։

Եղիվարդ (Եղիշէ Պատրիարք Տէրտէրեան)
Ծննդեան անուն Եղիշէ Տէրտէրեան
Ծնած է 1910
Ծննդավայր Վասպուրականի Ռշտունեաց գաւառի Կայնիմիրան գիւղին մէջ
Մահացած է 1 Փետրուար 1990(1990-02-01)
Մահուան վայր Երուսաղէմ, Իսրայէլ
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Ուսումնավայր Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարան
Ազդած է Հայ ժողովուրդը
Մասնագիտութիւն Կրօնական
Վարած պաշտօններ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Վասպուրականի Ռշտունեաց գաւառի Կայնիմիրան գիւղին մէջ, Նարեկայ վանքէն երեք ժամ հեռու։ Աւազանի անունով Եղիազար՝ բազմահարիւր որբերու հհտ Միջագետքի ճամբով 1922-ին կը բերուի Երուսաղէմ, ուր երկու տարի ետք կ'ընդունուի Ժառանգաւորաց վարժարան։ Աւարտելէ ետք ընծայարանի դասընթացքը, 1932-ին կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի Թորգոմ արք. Գուշակեանի ձեռամբ եւ կը ստանայ վարդապետական գաւազան։ 1949-ին, Կիւրեղ պատրիարքի վախճանումէն հինգ տարի ետք, կը կոչուի պատրիարքական տեղապահի պաշտօնին, իսկ 1960-ին պատրիարք կ'ընտրուի միաբանութեան կողմէ։

Հոգեւորականի իր կոչումէն աւելի՝ Եղիվարդ գրականութեան կոչուած տաղանդ է ու քերթողական, թէ արձակ իր ստեղծագործութիւններուն մէջ լեզուական շնորհին, գիւտերուն եւ արտայայտութեան ինքնատիպ ձեւին կը միացնէ իմացականութեան բաժինը։

Մինչեւ 1950ական թուականներու քերթողական իր վաստակը ամփոփուած է «Մագթաղինէն մեղրամոմէ», «Սալոմէ», «Սամարուհին», «Խորտակման գիշերներ», «Անցորդը», «Լերան վրայէն» եւ «Ակեղդամա» հատորներուն մէջ։ 1960-էն ասդին հրատարակած է «Օտարականը»՝ արձակ էջեր Յիսուսի կեանքէն (1966), «Ընտիր էջեր»՝ ընտրովի քերթուածներ նախապէս հրատարակուած հատորներէ եւ, անոնց կողքին, նորեր (1973), «Կարմիր զօրավար»՝ տասնըեօթը երկարաշունչ քերթուածներէ, նախերգանքէ մը եւ վերջերգէ մը բաղկացած հատորը, նուիրուած՝ Ապրիլեան Եղեռնի նահատակներուն (1975), Պօղոս Առաքեալի կեանքին ու գործին սեւեռող արձակներու հաւաքածոյ մը՝ «Հեթանոսաց առաքեալը» (1975) եւ՝ «Լուսամատեան» անունին տակ՝ Հին ու Նոր Կտակարաններէն եօթանասուներկու կտորներու վերարտադրութիւնը, իր գրիչով (1981

Եղիվարդի գործերը առհասարակ կը ձգտին ազգային ու հոգեշունչ նկարագրով մը կերպագրել հայրենական, պատմական եւ աստուածաշնչական պատկերներ, դէմքեր ու դէպքեր։ Մարդկայնականին որոնումն է որ կը կատարէ եւ կը հասնի ընթերցողին յուզական աշխարհն ու միտքը խռովելու զօրութեան։ Արարատին ու Սեւանին, հայրենիքին եւ անոր բնութեան, Մագթաղինէին եւ Յիսուսին, Վարդանանց թէ Պօղոս առաքեալին սեւեռումը՝ իր կողմէ, մեկնակէտ է խօսքէն ու բառէն անդին կամ իմաստասիրական յածումներու եւ կամ մարդկային հոգիի պեղումին։

Ձեւի ու չափի մտահոգութիւն չունի։ Կը հաւատայ որ ներդաշնակութիւնը արտաքին միջոցներու նպաստով չէ որ կը ստեղծուի, այլ՝ քերթուածէն ընթերցողին փոխանցուող մտքի ու հոգիի շարժումով, բանաստեղծութեան թելադրական ներզօրութեամբ։ Ասով ալ, Եղիվարդ փաստը կ'ընծայէ «պարզին վայելչութեամբը» տարազի բերուած ստեղծումներու[2]:

Ծանոթագրութիւններ

Խմբագրել