Զաւէն Քհնյ. Հովիւեան

Զաւէն Քհնյ. Հովիւեան (1884)

Զաւէն Քհնյ. Հավիւեան
Ծնած է 1884
Ծննդավայր Էվէրկէկ
Մահացած է 1957
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Ամուսին Վարդուհի Նայապանտեան
Ծնողներ Սիմոն եւ Մարթա
Երեխաներ Սիմոն, Յարութիւն, Նուարդ, Կարպիս եւ Կիրակոս

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Աւաղանի անունով՝ Տիգրան, որդի Սիմոնի եւ Մարթայի, ծնած է Էվէրկէկ, 1884-ին։

Իր նախնական ուսումը ստացած է Էվէրկէկի Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը, ուրկէ թերաւարտ եղած է 1899-ին։ Պայմաններու բերումով նետուած է ազատ ասպարէզ։ Երեք տարիներ պաշտօնավարելէ ետք վաճառականի մը քով, 1903-ին իր հօր հետ սկսած է աշխատիլ որպէս ատաղձագործ։ Արհեստը իւրացնելէ ետք, ծրագրած է անձնական գործի ձեօնակել։ Ուստի, 1904-ին, տնտեսական հեռանկարով փոխադրուած է Գոնիա եւ սկսած է ատաղձագործութեան։

նիւթապէս ինքնաբաւ ըլլալէ ետք, 1911-ին, ան վերադառձած է իր ծննդավայրը ու պատրաստուած ամուսնութեան։ Ան իր կեանքի ընկեդը ընտրած է Վարդուհի Նայապանտեանը, որուն հետ պսակուած է 20 Նոյեմբեր 1911-ին եւ ունեցած է հինգ զաւակներ՝ Սիմոն, Յարութիւն, Նուարդ, Կարպիս եւ Կիրակոս։

1915Մեծ Եղեռնի, շնորհիւ իր արհեստին, ան ազատած է Տէր Զօրի աքսորէն, բայց կորսնցուցած է իր ծնողքը ու զոքանչը։

1918-ին, ընտանեօք հաստատուած է Օսմանիէ, ուր տեղւոյն եկեղեցւոյ մէջ վարած է դպրապետութեան պաշտօն քանի մը տարիներ։

1920-ին, երբ իրեն առաջարկուած է քահանայ ձեռնադրուիլ, ան մերժած է բացատրելով, որ ինք արժանի չէ այդ պաշտօնին։

1922-ին, տեղափոխուած է Քեսապ, ուր կարճ ժամանակուան մէջ ունեցած է իր աշխատանոցը։ Տեղւոյն պայմաններուն եւ կեանքին ընտելանալէ ետք, ան սիրայօժար ստանձնած է եկեղեցւոյ դտրապետութեան պաշտօնը։

1927-ին, ան ընտանեօք տեղափոխուած է Հալէպ եւ կամաւորապէս ստանձնած է քէմբի Ս. Խաչ եկեղեսւոյ դպրապըտի պաշտօնը, զոր ձեռնահասօրէն վարած է քանի մը տարիներ։

Իր քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեզի կ'ունենան ձեռամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Արտաւազդ Արք. Սիւրմէեանի, Ս. Քառասնից Մանկաց Եկեղեցւոյ մէջ, 14 Փետրուար 1935-ին, Տեառընդառաջի տօնին, վերակոչուելով Տէր Զաւէն։

1944-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հօր թոյլատուութեամբ ան վերջապէս կը ձգէ Ճարապլուսը եպ կը տեղափոխուի Լիբանան։ Նոյն տարին Ճիւնիի թաղական խորհուրդի հրաւէրով ու Լիբանանի Թեմի Կրօնական ժողովի հաւանութեամբ ան կը նշանակուի Ճիպէյլի, Ղազիրի եւ Մամըլթէյնի շրաջաններուն ծխական ժողովուրդին հոգեւոր հովիւ։

Իսկ 1974-ին, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Խագ Եպիսկոպոսի տնօրինութեամբ, Տէր Զաւէն կընշանակուի Պէյրութի նոր Հաճըն թաղամասի Ս. Ւէորգ եկեղեցւոյ հոգէւոր հովիւ ու այնտեց կը քահանայագործէ մինչեւ իր վախճանումը։

Մահացած Խմբագրել

Ան իր յաւիտենական հանգիստը կը գտնէ 22 Օգոստոս 1957-ին։ Թաղման կարգն ու վերջին օծումը կը կատարուին Պէյրութի մէջ եւ մարմինը կ'ամփոփուի տեղւոյն Ազգ. Գերեզմանատան մէջ[1]։

Նկարագրի Ուշագրաւ Յատկանիշներ Խմբագրել

Ա.-Կրօնասիրութիւն Բ.-Անկողմնակալութիւն

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ էջ 137-138-139-140-141-142-143։