Ռուսիա
Ռուսիա (ռուս.՝ Россия, նաեւ պաշտօնապէս՝ Ռուսաստան[5], Ռուսաստանի Դաշնութիւն, ռուս.՝ Российская Федерация) Եւրասիոյ մէջ պետութիւն՝ Եւրոպայի արեւելեան եւ Ասիոյ հիւսիսային հատուածին մէջ։
Ռուսիոյ մայրաքաղաքը Մոսկուան է։ Ընդհանուր առմամբ Ռուսաստանի մէջ կայ 15, այսպէս կոչուած, միլիոնանոց քաղաք՝ Մոսկուա, Սանկտ Փեթերսպուրկ (Լենինկրատ)՝ նախկին մայրաքաղաքը, Նովոսիպիրսք, Եքաթերինպուրկ (Սվերդլովսկ), Նիժնի Նովկորոտ, Քազան, Սամարա (Կոյբիշեւ), Օմսք, Չելեապինսք, Տոնի Ռոստով, Ուֆա, Քրասնոյեարսք, Պերմ, Վոլկոկրատ (Սթալինկրատ), Վորոնեժ։
Տարածքի տեսանկիւնէն Ռուսիա աշխարհի խոշորագոյնն է (17 101 481 քմ2՝ ներառեալ Ղրիմի ինքնավար հանրապետութիւնը)։ Ան Երկիր մոլորակի ցամաքի 11, 46 %-ն է կամ 1/9 մասը։ Ռուսաստանի տարածքը կը կազմէ Երկրագունդի ցամաքային մակերեսի 12, 65 %-ը կամ 1/8 մասը, որ երկու անգամ շատ է իր մակերեսով երկրորդ տեղը գրաւող Գանատայէն։
Ըստ 1 Յունուար 2010 թուականի տուեալներու՝ բնակչութիւնը 141 927 296 մարդ է։ Ընդ որուն, բնակիչներու 79, 3 %-ն կ’ապրի Ռուսաստանի եւրոպական մասին մէջ, իսկ 20, 7 %-ը՝ Ասիական։ Տուեալ պահուն բնակչութեան թիւով իններորդ դիրքը կը գրաւէ աշխարհի երկիրներու ցանկին մէջ։ Բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը (73, 1%) քաղաքներուն մէջ։ Երկրի 79, 83 %-ը Ռուս են։ Երկրի պաշտօնական լեզուն ռուսերէնն է։
Ռուսաստանի Դաշնութիւնը կը սահմանակցի 18 երկիրներու հետ՝ այդ չափանիշով նոյնպէս գրաւելով առաջին դիրքը։ Ցամաքով սահմանակից են Նորվէկիան, Ֆինլանտան, Էսթոնիան, Լիթուանիան, Լատվիան, Լեհաստանը, Պելառուսը, Ուքրանիան, Աբխազիան (մասամբ ճանաչցուած), Վրաստանը, Հարաւային Օսիան (մասամբ ճանաչցուած), Ազրպէյճանը, Ղազախստանը, Չինաստանը, Մոնկոլիան, Հիւսիսային Քորեան, իսկ ծովով՝ Ճափոնը եւ ԱՄՆ-ը։
Ռուսաստանը ունի օգտակար հանածոներու հսկայական պաշարներ։ Անտառներու տարածքով ան առաջինն է աշխարհի մէջ (երկրի տարածքի 45 %-ը), ունի համաշխարհային փայտանոյթի պաշարներու աւելի քան 1/5 մասը։ Ռուսաստանի մէջ լիճերը կը պարունակեն աշխարհի չսառած քաղցրահամ ջուրի 1/4-ը եւ իրենց բացարձակ քանակով առաջինն են աշխարհի տարածքին[6]։
Անուանում
ԽմբագրելՌուսաստան թերմինը կը ծագի արեւելեան սլաւոններէն ամենայայտնի ժողովուրդի՝ ռուսերու անունէն։ Որպէս պետական-պաշտօնական անուն սկսած է կիրառուիլ աւելի ուշ։ Կայ տարբերակ, որ Կիեւեան Ռուսիա անուանումը կու գայ ռուս կոչուող մարդոց անունէն, որ սկանդինաւեան ժողովուրդներէն՝ շուետներու ցեղախումբերէն մէկն է, եւ ոչ թէ տարածաշրջանի բնիկ ռուս ժողովուրդի[7][7]։ Այս բացատրութիւնը կը պատճառաբանուի այն իրականութեամբ, որ Ռուսաստանը իշխած առաջին արքայատոհմը՝ Ռիւրիկովիչներու դինաստիան, ունէր շուետական ծագում։
Առաջին անգամ «Ռոսիա» տերմինը (Կաղապար:Lang-gr) կը հանդիպի բիւզանդական կայսր, Հայկական կամ Մակեդոնական արքայատոհմի (867-1056) ներկայացուցիչ Կոստանդին VII Ծիրանածինի «Արարողակարգերու մասին» եւ «Կայսրութեան ղեկավարման մասին» աշխատութիւններուն՝ որպէս Ռուսաստանի յունական անուանում[8]։ Յետագային «Ռոսիա» (հին ռուսական տարեգրութեան մէջ Россія կամ Россіа) տերմինով կ’ամրագրէ Կիեւեան Ռուսիայէն հիւիսիս-արեւմուտք ինկած տարածքներուն, որոնք չեն մտած Լեհաստանի եւ Լիտուական մեծ իշխանութեան կազմին մէջ, եւ միացուած էր Ռուսաստանին Մոսկուայի մեծ իշխանութեան օրով։ Ռուսաստանի յունական այս անուանումը կ’օգտագործուէր մինչեւ Իվան III իշխանի օրով (1462 - 1505), իսկ որպէս պաշտօնական տերմուն «Россия» (Ռուսաստան) կը սկսի կոչուիլ Իվան IV Ահեղ-ի (1533 - 1584) թագադրոումէն ետք՝ 1547 թուականէն[9] սկսած։ Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ 16-17-րդ դարերուն լատինականացուած յունական անուան[10]՝ «Russia»-ին զուգահեռ կ’օգտագործուի նաեւ «Մոսկովիա»-ն։ Լատինական տարբերակը կը հնչէր որպէս «Ruthenia»՝ Ռուսենիա։
Պատմութիւն
ԽմբագրելՆախապատմութիւն
ԽմբագրելՌուսաստանի տարածքին մարդիկ յայտնուած են դեռ վաղնջական ժամանակներէն։ Կայ տեսակետ, ըստ որուն հնդեւրոպական ժողովուրդներու նախահայրենիքը ոչ թէ Հայկական լեռնաշխարհն է, այլ Ռուսական դաշտավայրի հարաւային ընդարձակ տարածքը[11]։ Զանազան ցեղային միութիւններու ու պետական կազմաւորումներու կողքին կը յայտնուին առաջին պետութիւնները, որոնցմէ յայտնի էր յայտկապէս Սկիւթական թագաւորութիւն ( Ք.Ա. 1-ին հազարամեակ), ապա՝ Բոսպորի թագաւորութիւնը Ղրիմի մէջ (Ք.Ա.. 438 - 370): Միջնադարու վաղ շրջանին՝ ժողովուրդներու մեծ գաղթի ժամանակ, կը յայտնուին ձեւաւորւումներ ֆիննո-ուգորական, գոթական եւ թաթարական պետութիւններ: Կովկասէն հիւսիս ինկած տարածքներուն մէջ Ղրիմի հրէաները հիմնած էին խազարական կագանատը (618 - 1048):
Կիեւեան Ռուսիոյ իշխանութիւն
ԽմբագրելՀին Ռուսական պետութիւնը կազմաւորուած է IX դարուն: 862 թուականին Նովկորոտի մէջ գահ կը բարձրանայ Ռիւրիկ իշխանը (862–882), որ կը հիմնէ Ռիւրիկովիչներու դինաստիան: Որոշ աղբիւրներու համաձայն՝ այս արքայատոհմը ունէր շուետական ծագում: Ռիւրիկովիչները Ռուսաստանը կը կառավարեն շուրջ 700 տարի: Ռիւրիկ իշխանի որդին՝ իշխան օլեգ I Ռիւրիկովիչը (882–912), 882 թուականին գահ կը բարձրանայ Կիեւի մէջ եւ իրեն կը հռչակեն անկախ իշխան: Կիեւը կը դառնայ իր տէրութեան մայրաքաղաքը: Օլեգը իր իշխանութիւնը կը հաստատէ Նովկորոտէն մինչեւ Դնեպր գետ ինկած հսկայածաւալ տարածքին մէջ: Անոր կը յաջորդեն իր որդին՝ Մեծ իշխան իգորը (913–945), ապա վերջինիս որդի սուեատոսլաւ Քաջը(945–972): Անոնց օրով Կիեւեան Ռուսիան կ’ընդարձակէ իր սահմանները, դիւանագիտական ու առեւտրական կապեր կը հաստատէ հարեւան, ինչպէս նաեւ՝ հեռաւոր երկրներու հետ: Կը բարձրանայ պետոութեան ազդեցութիւնը միջազգային ասպարէզէն ներս: 9-րդ դարուն այժմեան Ուգրաինայէն եւ Պելառուսէն Ռուսաստան կը գաղթեն սլաւոններ, կը հիմնեն Մեծ Նովկորոտը, կ’ընդունեն քրիստոնէութիւնը եւ կ’օգտագործեն կիւրեղեան այբուբենը:
988 թուականին Կիեւի 5-րդ իշխան վլատիմիր Մեծի (980 – 1015) կամ Վլատիմիր Կարմիր Արեգակի օրով Ռուսաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը կը հռչակուի որպէս պետական պաշտօնական կրօն: Ռուսական եկեղեցին կ’ընդունէ Բիւզանդական պատրիարքի գերիշխանութիւնը: Այդպիսով՝ ուղղափառ եկեղեցիներու շարքին կ’աւելնայ եւս մէկը: Կիեւեան Ռուսիան հզօրութեան գագաթնակէտին կը հասնի իշխան Եարոսլաւ Իմաստունի (1019–1054) օրով: Վերջինս միաւորած է հին ռուսական հողերը: Արշաւած է Լեհաստան, ջախջախած լիտուական ցեղերը (1030-1040) ու պեչենեգները (1036): Կիեւեան Ռուսիոյ մէջ զգալիօրէն զարգացած են աւատատիրական յարաբերութիւնները: Եարոսլաւ իշխանի ղեկավարութեամբ կազմուած է «ռուսկաեայ պրաւդա» օրէնսգիրքը: Կը զարգանան մշակոյթը եւ արուեստը, կը բարգաւաճին առեւտուրը եւ արհեստները: Կիեւի մէջ կը զարդարուի բազմաթիւ եկեղեցիներով ու վանքերով, կը սկսի Սուրբ Սոֆիաի շինարարութիւնը: Առաջընդաց կ’ապրի թարգմանական գործը, զարգացած տարեգրութիւնը: Եարոսլաւ Իմաստունը ազգակցական կապերու մէջ էր եւրոպական շատկառավարողներու հետ:10-րդ դարուն սկսուած Կիեւեան Ռուսիոյ Ոսկէ դարը կը շարունակուի մինչեւ Ճէնկիզ խանի յորդաներու ներխուժումը:
XI դարի կէսէն սկսեալ Ռուսաստանը կը թեւակոխէ աւատատիրական մասնատուածութեան դարաշրջան: Կամա-վոլկեան Պուլկարիան թաթար-մոնղոլական արշաւանքներու կ’ենթարկուի, իսկ Նովկորոտն ու Պսկովը՝ շուետական եւ գերմանական յարձակումներուն: Շուրջ 250 տարի տեւած մոնկոլ-թաթարական լուծը հնարաւոր եղաւ թօթափել Կուլիկովոյի ճակատամարտին ընթացքին (1380) Տմիթրի Դոնսկոյ իշխանի տարած փայլուն յաղթանակի շնորհիւ: Սակայն շուտով թաթար-մոնկոլական զօրքերը կը նուաճեն Մոսկուայն, եւ իշխանը կրկին կ’ընդունէ Ոսկի Յորդայյի գերիշխանութիւնը:
Մոսկուայի մեծ իշխան Վասիլի II-ին 1462 թուականին կը յաջորդէ իւան III-ը (1462 – 1505), որ վիճակուած էր վերջնականապէս անկախացնել Ռուսաստանը թաթար-մոնկոլներու լուծէն: Ան ընդլայնեց իշխանութեան սահմանները, միացնելով Եարոսլաւլը (1463) եւ Ռոստով (1474), ինչպէս նաեւ Նովկորոըի հանրապետութիւնը (1478), Տուերը (1485), հողատարածքներ Վեատկայէն ու Ռեազանէն: 1480 թուականին Մոսկուայի իշխանը կարողացաւ վերջնականապէս անկախացնել Ռուսաստանը: Իշխանը զինք կը յայտարարեն մոսկուայի ցար եւ համայն Ռուսիոյ ղեկավար: Որմէ ետք, ան կը հաւասարի արեւմտաեւրոպական տիրակալներուն եւ նոր էջ կը բացուի Ռուսաստանի պատմութեան մէջ։ Իւան III-ը ժառանգորդ նշանակեց իր երկրորդ կնոջմէ՝ Բիւզանդիոնի կայսերական գահաժառանգ Սոֆիայ Պալէոլոգոս իշխանուհիէն ունեցած աւագ որդիին՝ վասիլիին:
Ռուսական թագաւորութիւն
ԽմբագրելԱյսպիսով, XIV—XVI դարերուն Մոսկուայի շուրջը ստեղծուած է ռուսական կեդրոնացուած պետութիւն՝ Մոսկուայի մեծ իշխանութիւնը, որ կը ներարէր Հյուսիսարեւելեան եւ Հիւսիսարեւմտեան Ռուսիոյ տարածքները։
Ռիւրիկովիչներու տոհմի վերջին ներկայացուցիչը Իվան IV Ահեղն էր (1533 – 1547): Ան կը վարէր Ոսկէ Յորդայյի խաներու դէմ պայքարը շարունակելու, պետութեան արեւելեան սահմանները ընդարձակելու եւ արեւմուտքի մէջ Պալթիկ ծովու ափերուն տիրելու քաղաքականութիւն: Լիւոնեան պատերազմի ընթացքին (1558–1583) առաջին յաջողութիւններէն ետք Ռուսաստանը հարկադրուած էր միաժամանակ պատերազմել Լիտուայյի, Լեհաստանի, Դանիայի եւ շուետիայի դէմ: Ի վերջոյ պարտութիւն կրեց եւ կարողացաւ պահպանել միայն նեւայյի գետաբերանը: Ռիւրիկովիչներու դինաստիան կը հեռանայ Ռուսաստանի պատմութեան ասպարէզէն:
1603—1613 թուականները ռուսներուն համար ճգնաժամային էին. երկիրը կասպատակեն շուետները եւ լեհերը: Մոսկուայի մէջ գահ կը բարձրանայ Ռոմանովներու արքայատոհմը՝ միխայիլ I-ի (1613 – 1645) առաջնորդութեամբ: Արքայատոհմը կը ղեկավարէ 3 դար՝ մինչեւ 1917 թուականի փետրուարեան յեղափոխութիւնը:
XVI դարու վերջը — XVII դարու կէսերուն երկրին մէջ ձեւաւորուած են ճորտատիրական յարաբերութիւնները: XVII դարու սկզբին ռուսերը ետ մղած են երկիր ներխուժած Ռեչ Պոսպոլիտայի եւ շուետիայի զօրքերը, իսկ 1654 թուականին Ռուսաստանի կազմի մէջ է մտած Ուգրաինան: XVI դարուն ռուսերը Կապիտան Երմակի գլխաւորութեամբ կը տիրանան Սիբիրին: Այսպիսով՝ XVI—XIX դարերուն Հիւսիսի, Պովոլժիէի, Ուրալի, Սիբիրի, Հեռաւոր Արեւելքի տարածքներու միացման եւ շարք մը ոչ ռուս ժողովուրդներու միաւորման միջոցով կը սկսի կազմաւորուիլ բազմազգ Ռուսական կայսրութիւնը:
XVII դարու վերջը եւ XVIII դարու առաջին քառորդը նշանաւորուած են պետրոս Մեծ (1682—1725) կայսեր բարեփոխութիւններով, որոնք էապէս նպաստած են երկրի հասարակական-տնտեսական եւ մշակութային զարգացմանը: Պետրոս Առաջինը արքայ (ցար) հռչակուեցաւ 1682 թուականին՝ 10 տարեկան հասակին, սկսաւ ինքնուրոյն կառավարել 1689 թուականէմ: Մանկ հասակէն հետաքրքրութիւն ունեցած է գիտութիւններու եւ եւրոպական ապրելաձեւի նկատմամբ, առաջինը ռուսական ցարերէն եկրարատեւ ճանապարհորդութիւն կատարած է Արեւմտեան Եւրոպայի երկիրներով: 1698 թուականին վերադառնալով Ռուսաստան նախաձեռնած է լայնածաւալ եւ արմատական բարեփոխումներ: Պետրոս Առաջինի գլխաւոր ձեռքբերումներէն է Ռուսաստանի տարածքներու ընդլայունումը Պալթիկ ծովու առափնեայ շրջաններու ընդգրկման միջոցով՝ Շուէտիայի դէմ մեծ հիւսիսային պատերազմին տարած յաղթանակի միջոցով: Ան թոյլ տուաւ անոր 1721 թուականին Ռուսաստանը հռչակել կայսրութիւն եւ ընդունիլ կայսրի տիտղոսը: Պետրոս Առաջինը վախճանած է 1725 թուականին, սակայն անոր ստեղծած պետութիւնը շարունակած է եռանդուն կերպով զարգանած եւ ընդլայնուած 18-րդ դարու ամբողջ ընթացքին:
1703 թուականին Պետրոս Մեծը կը հիմնէ Սանկտ Փեթերսպուրկը, որ 1712 թուականին կը դառնայ նոր Ռուսաստանի նոր մայրաքաղաքը: Ան ռուսական՝ թիւով արդէն չորրորդ մայրաքաղաքն էր՝ Նովկորոտէն, Կիեւէն եւ Մոսկուայէն ետք:
Ռուսական կայսրութիւն
Խմբագրել1721 թուականին Ռուսակաստանի թագաւոր Մեծն Պետրոսը իրեն կայսր կը հռչակէ, որմէ ետք կը սկսի Ռուսաստանի պատմութեան ամենահարուստ՝ կայսերական էջը, որ կը տեւէ 2 դար՝ մինչեւ 1917 թուականի Փետրուարեան յեղափոխութիւնը եւ Ռուսաստանի Հանրապետութեան հռչակումը։
Ռուսաստանը կայսրութիւն հռչակուած է շուետիայի եւ Ռուսաստանի միջեւ տեղի ունեցած Հիւսիսային պատերազմի արիւնքին, որուն ռուսերը փայլուն յաղթանակ տարած էին, եւ Պետրոս կայսեր խօսքով, բացած էին «պատուհան դէպի Եւրոպա»[12]։ Խօսքը դէպի ծով ելքի մասին է։ [[Պալթեան Ծով]]ու արեւելեան ափերը անցած էին Ռուսաստանին, եւ ծով թափող Նեւա գետի գետաբերանին կայսրը հիմնած էր նոր մայրաքաղաք-նաւահանգիստը՝ Սենթ Փեթերսպուրկը։ Սենթ Փեթերսպուրկ Ռուսաստանի ոչ միայն վարչաքաղաքական, այլեւ ռազմական ու մշակութային նոր կեդրոնը պէտք է դառնար։ Արուեստներուն ու գիտութիւններուն նպաստելու համար կայսերական հրովարտակով 1724 թուականին հրովարտակով կը բացուի Ռուսաստանի առաջին բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնը՝ Սենթ Փեթերսպուրկի համալսարան։ Պետրոս Մեծին կը յաջորդէ իր կինը՝ Եքաթերինա I-ը (1725-1727), ապա իր թոռը՝ Պետրոս II-ը (1727-1730): Վերջինիս օրով կարճ ժամանակով մայրաքաղաքը կը տեղափոխուի Մոսկուա: Ապա ռուսական գահին կը բարձրանայ Պետրոս Մեծ կայսեր եղբօր՝ Իվան V-ի դուստրը՝ Աննա Իոանովնան (1730-1740):
Ռուսական կայսրութիւնը բարգաւաճման ու զարգացման նոր էջ կը բանայ 18-րդ դարուն` ելիզաւէտայ I Պետրովնայ (1741-1761) եւ Եքաթերինա II Մեծ (1762-1796) կայսրուհիներու օրով: Ռուսաստանը վերջնականապէս կը հաստատուի Եւրասիայ մայրցամաքի հիւսիսային ափերուն եւ կը շարժի դէպի կեդրոնական շրջաններ: Դեռեւս Պետրոս Մեծի ժամանակներէն կը ծրագրուէր արշաւանքներ կատարել օսմանեան կայսրութեան եւ Իրանի վրայ, ամրապնդել դիրքերը Միջին Ասիոյ եւ Հեռաւոր Արեւելքի մէջ։ Մայրաքաղաք Փեթերսպուրկը պէտք է զարդարուէր նոր շինութիւններով եւ դառնար խոշոր նաւահանգիստ: Այս եւ այլ խնդիրները լուծում կը գտնեն կայսրուհիներու դարաշրջանին: Ռուսաստանը եւրոպական երկրներու շարքին ձեռք կը բեռէ հզօր կայսրութեան համբաւ:
Եքաթերինա II կայսրուհիի օրով Ռուսաստանը դիւանագիտական կապեր կը հաստատէ եւ կը խորացնէ Ճաբոնիայի, Չինաստանի, ինչպէս նաեւ` Անգլիայի, Պրուսիայի ու Ֆրանսայի հետ: Մեծ նուաճումներ կ’արձանագրուի մշակոյթի ու գիտութեան բնագաւառներուն մէջ։ Սենթ Փեթերսպուրկի համալսարանի շրջանաւարտներէն Միխայիլ Լոմոնոսովը 1755 թուականին կը հիմնադրէ Մոսկուայի պետական համալսարանը: 1764 թուականին կայսրուհին կը հիմնադրէ Էրմիտաժը:
1768 թուականին կը սկսի ռուս-թրքական պատերազմը: Անոնցմէ 4-րդ պատերազմն էր Օսմանեան կայսրութեան դէմ. միւս երեքը տեղի ունեցած էին (1568–1570), (1676–1681) եւ (1686–1700) թուականներուն եւ էական տարածքային կամ տնտեսական փոփոխութիւններ չէին բերած Ռուսաստանի կեանքի ընթացքին: 6 տարի տեւած պատերազմի (1768-1774) ընթացքին ռուսերը կը գրաւեն Ղրիմը, Սեւ ծովու հիւսիսային ափերը, Հիւսիսային Կովկասը: Կայսրութեան սահմաններուն մէջ կը մտնէ Ազովի ծովը եւ ռուսերը ելք կ’ունենան արդէն ոչ միայն կասպից, այլեւ՝ Սեւ ծով: Անոր հետ Ռուսաստանը վերջնականապէս կը դադարի ցամաքային պետութիւն ըլլալէ, եւ ելք կ’ունենայ դէպի հարաւային երկիրներ: Պուլղարիոյ Քիւչուկ Կայնարջի գիւղին մէջ կը կնքուի հաշտութեան պայմանագիր, ըստ որուն թրքական սուլթանը կը հրաժարի վերոնշեալ տարածքներէն եւ Ղրիմի խանութիւնը կը յանձնէ Ռուսաստանի հովանաւորութեան: Բացի այդ՝ ռուսական ռազմական ու առեւտրական նաւերուն Սեւ ծովուն մէջ ազատ երթեւեկելու իրաւունք կը տրուի:
Հիւսիսային Կովկասը քրիստոնէաներով բնակեցնելու համար Եքաթերինա կայսրուհին յատուկ հրովարտակով հայերուն կը հրաւիրէ երթալ եւ բնակիլ այնտեղ: նախիջեւանի հայերը Նոր Նախիջեւանի քաղաքը կը հիմնեն, որու հիմքին մէջ յետագային կը կառուցուի Տոնի Ռոստովը, արարատեան դաշտի հայերը՝ արմաւիրը: Կը հիմնադրուի նաեւ գիւղեր եւ աւաններ: Հայկական բնակավայրերուն մէջ կը հաստատուի նաեւ յունական եւ ռուսական բնակչութիւն, կը կառուցուի վանքեր եւ եկեղեցիներ, դպրոցնէր: Նոր շունչ կը ստանայ Ղրիմի հայ գաղութը: Կայսրութեան մայրաքաղաք Սանկտ Փեթերսպուրկի կեդրոնը կը կառուցուի հայկական եկեղեցի, որ կանգուն է մինչեւ այսօր՝ շուրջ 2.5 դար: Եկեղեցին կը կոչուի Եքաթերինա II-ի անունով՝ սուրբ Կատարինէ:
Շուրջ 15 տարի ետք ռուսերը նոր պատերազմ կը յայտարարեն օսմանեան կայսրութեան դեմ: Այս անգամ պատերազմը կը տեւէ շուրջ 4 տարի՝ (1787–1791): Ռուսերը կը շարունակեն նուաճումները Սեւ ծովու ափին եւ կը հասնին դնեստր գետ: Վերջինս կը դառնայ կայսրութեան սահմանը: Ռուսերը կը գրաւեն Իզմայիլ ամրոցը: Մոլդաւիայի Եաշ քաղաքին մէջ կնքուած հաշտութեամբ Կոստանդնուպոլիսը կը ճանչցուի Ռուսական կայսրութեան իրաւունքները Սեւ ծովու ամբողջ հիւսիսային ափամերձ տարածքին: Այս եւ այլ պատեզմներուն զօրավարական տաղանդով մեծ հռչակ է ձեռք կը բերէ Ալեքսանտր Սոււորովը, որ ստացած էր զինուորական հրամանատարի ամենաբարձր՝ գեներալիսսիմուսի կոչում:
Ռուսաստանը իր տիրապետութիւնը կը հաստատէ Ամերիկա աշխարհամասին մէջ. կը հիմնուի Ալեասկայի գաղութը՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Ալեասկա թերակղզիի եւ հարակից շրջաններու հետ միասին։
19-րդ դարը կայսրութեան պատմութեան մէջ կը նշանաւորուի այն բանով, որ Ռուսաստանի մէջ գահ կը բարձրանան գերմանացի կայսրեր: Դեռ 1762 թուականին գահ բարձրացած Պետրոս III-ը արդէն հօր կողմէն գերմանաացի էր, իսկ անոր կինը՝ Եքաթերինա II Մեծը, բնիկ գերմանացի էր։ Վերջինիս մահէն ետք գահ կը բարձրանայ Պաւել I-ը (1796–1801): Յաջորդ կէս դարը կ’իշխեն իր որդիները՝ Ալեքսանտր I-ը (1801–1825) եւ Նիքոլա I-ը (1825–1855):
Կայսր եղբայրները շարունակած են իրենց նախորդներու նուաճողական քաղաքականութիւնը: Մասնաւորապէս Ալեքսանտր I կայսեր օրով Ռուսաստանը կ’ընդարձակէ իր տիրոյթները հարաւի եւ արեւմուտքի մէջ։ Կայսր թագադրուելու առաջին իսկ տարին՝ 1801 թուականին, Ալեքսանտրը Ռուսաստանին կը միացուի Արեւելեան Վրաստանը` Քարթլի-կախեթի թագաւորութիւնը, իսկ 3 տարի ետք` 1804 թուականին, կը սկսի ռուս-պարսկական առաջին պատերազմը: Պատերազմը կ’աւարտի 1813 թուականին՝ Ռուսաստանի յաղթանակով: 12 Հոկտեմբեր-ին նախկին ղարաբաղի խանութեան Գիւլիստան գիւղին մէջ կը կնքուի հաշտութեան պայմանագիր, ըստ որուն Իրանը կը ճանչնայ Ռուսաստանի իրաւունքները Անդրկովկասի վրայ՝ բացի երեւանի ու Նախիջեւանի խանութիւններէն:
1806 թուականին, ռուս-պարսկական պատերազմի ընթացքին, Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի հրահրմամբ, Օսմանեան կայսրութիւնը պատերազմ կը յայտարարէ Ռուսաստանի դէմ: Այդ թիւով 6-րդ ռուս-թրքական պատերազմն էր, որ աւարտեցաւ 1812 թուականին՝ Ռուսաստանի փայլուն յաղթանակով: Ռուսերը ոչ միայն չկորսցուցին Ղրիմը եւ Սեւ ծովու հիւսիսային ափերը, այլեւ նուաճեցին Մոլդաւիայի ժամանակակից տարածքը՝ Բեսարաբիան: Ռուսական կայսրութեան յաջորդ քայլը պէտք է ըլլար Սեւ ծովու արեւելեան՝ կովկասեան ափերուն իր տիրապետութեան հաստատումը:
1808-1809 թուականներուն տեղի կ’ունենայ ռուս-շուէտական հերթական պատերազմը, եւ Ռուսաստանը ստիպուած է կ’ըլլայ պատերազմիլ 3 ճակատով: Սակայն ռուսական զօրքերը պարտութեան կը մատնեն Շուէտիան, եւ 1809 թուականին անոնցմէ կը խլէ Ֆինլանտայի իշխանութիւնը: Ռուսական պետութիւնը կը վերածուի անյաղթելի ու անընդհատ հզօրացող տէրութեան: Անոր բանակը Եւրոպայի մէջ ձեռք կը բերէ անյաղթելիի համբաւ: 1809 թուականին Ալեքսանտրը կը թագադրուի նաեւ որպէս Ֆինլանտայի մեծ իշխան:
1812 թուականին Ռուսաստանին պատերազմ կը յայտարարուի Ֆրանսայի կայսր Նապոլէոն Բոնապարտը: Ան նուաճած էր ցամաքային Եւրոպայի հսկայական մասը, եւ նպատակ ունէր գրաւել Ռուսաստանը: Մինչ այդ ձախողած էր Նապոլէոնի արշաւանքը Եգիպտոս, որ գրաւելէ ետք ան նպատակ ունէր արշաւել Հնդկաստան: Այսպիսով՝ կը սկսի ռուս ժողովուրդի հայրենական պատերազմը: Յաջողութիւնը սկզբը ֆրանսացիներու կողմն էր, որոնք կը հասնին մինչեւ Ռուսաստանի կեդրոնական նահանգները եւ կը մօտենան Մոսկուայի մատոյցներուն: 26 Օգոստոս 1812 թուականին (7 սեպտեմբեր) տեղի ունեցաւ Բորոդինոյի ճակատամարտը: Երկու կողմերէն զոհուեցան շուրջ 80 հազար զինուոր: Ռուսական զօրքերը Միխայիլ Կուտուզովի գլխաւորութեամբ ջախջախեցան Նապոլէոնի բանակին: Ազատագրելով ռուսական տարածքները ֆրանսական զօրքերէն՝ Ռուսաստանը շարունակեց թշնամիի ջախջախումը Եւրոպայի մէջ։ Նապոլէոնին պարտութեան մատնելէ ետք կնքուեցաւ համաեւրոպական հաշտութիւն, ըստ որուն եւրոպական տէրութիւնները համաձայնեցան Ռուսաստանի զիջիլ Վարշաւայի դքսութիւնը` Լեհաստանը: Ալեքսանտրը թագադրուեցաւ որպէս Լեհաստանի թագաւոր (1815–1825):
Դեկտեմբեր 1825-ին հանկարծամահ կ’ըլլայ Ալեքսանտր կայսրը, եւ անոր կը յաջորդէ 30-ամեայ եղբայրը՝ Նիքոլան։ Ռուս զինուորականութեան մէկ մասը կ’ապստամբի եւ չի ճանչնար անոր իշխանութիւնը։ Պատմութեան մէջ այս ընդվզումը յայտնի է «Դեկաբրիստներու ապստամբութիւն» անունով։ Ան կ’աւարտի ապստամբներու պարտութեամբ, որոնք աքսորի կ’ենթարկուին։ Նիքոլա I-ը կը ժառանգէ ոչ միայն Ռուսաստանի կայսերական, այլեւ Լեհաստանի թագաւորական ու Ֆինլանտայի իշխանական թագը։
1826 թուականին, օգտուելով Ռուսաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակէն, պարսից գահաժառանգ Աբբաս-Միրզան կը յարձակի կայսրութեան հողերու վրայ՝ ձգտելով վերանուաճել կորսնցուցած տարածքները։ Պարսիկներուն դիմադրութիւն ցոյց կու տայ Շուշիի բերդը։ Ռուսական բանակը արագ ուշքի կու գայ եւ կ’անցնի յարձակման։ Յաջորդ տարին անոնք կը գրաւեն Երեւանը, ապա՝ Նախիջեւանը։ Ռուսներուն մեծ օգնութիւն են ցույց կու տան հայ կամաւորական ջոկատները եւ տեղի հայ բնակչութիւնը։ Ռուսերը կը գրաւեն Արեւելեան Հայաստանի միւս քաղաքները՝ Խոյը, Ուրմիան, Մակուն եւ կը մօտենայ Թաւրիզի մատոյցներուն։ Պարսիկները հաշտութիւն կը խնդրէ։ 1828 թուականին կը կնքուի Թուրքմենչայի հաշտութիւնը, ըստ որուն պարսկական կողմը կը ճանչնայ Ռուսաստանի իրաւունքները ամբողջ Անդրկովկասի, որոնցմէ են՝ Արեւելեան Հայաստանի հիւսիսային գաւառներու վրայ։ Հարաւային հատուածին մէջ կը գտնուին Մակուի, Ուրմիայի, Խոյի խանութիւնները ետ կը վերադարձուին Իրանին։ Երկու պետութիւններու միջեւ կը հաստատուին բարիդրացիական դիւանագիտական յարաբերութիւններ։
1828 թուականին կը սկսի ռուս-թրքական հրթական պատերազմը։ Ան կը մղուի 2 ճակատներով՝ բալկանեան եւ կովկասեան։ Բալկանեան թերակղզիին մէջ ռուսական զօրքերը կ’ազատագրեն Ռումինիոյ եւ Պուլղարիոյ տարածքը, կը գրաւէ Ադրիանապոլիսը եւ կը մօտենայ մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլսին։ Կովկասեան ճակատին ռուսերը կը գրաւեն Սեւ ծովու արեւելեան ափերը՝ Աբխազիան, Իմերեթիան եւ Քութայիսը, ինչպէս նաեւ՝ Ախալցխան եւ Ախալքալաքը։ Կ’ազատագրուի, բայց պատերազմի աւարտէն ետք Թուրքիոյ կը վերադարձուի Արեւմտեան Հայաստանի մեծ մասը՝ Կարսը, Էրզրումը, Մուշը եւ Պայազիտը։ 1829 թուականին կնքուած Ադրիանապոլսոյ պայմնագրով Ռուսաստանը կը հաստատէ իր տիրապետութիւնը վերոնշեալ տարածքներուն մէջ։
1861 թուականին կառավարութեան անցուցած գիւղացիական բարեփոխման արդիւնքին մէջ հիմնականին վերացուեցաւ ճորտատիրական իրաւունքը։ 19-րդ դարու վերջին - 20-րդ դարու սկզբին երկրին մէջ կազմաւորուեցան քաղաքական կուսակցութիւններ։ 1904-1905 թուականներու ռուս-ճաբոնական պատերազմի ընթացքին կրած պարտութիւնը աւելի սարսափելի դարձուց երկրին իրավիճակը եւ պատճառ դարձաւ 1905-1907 թուականներու յեղափոխությեան, որուն հետեւանքով Ռուսաստանը դարձաւ սահմանադրական հանրապետութիւն, հիմնադրուեցաւ խորհրդարանը՝ Պետական դուման։
Ռուսաստանը Առաջին համաշխարհային պատերազմին (1914-1918) մասնակցած է Անտանտի կազմին մէջ։
Փետրուարեան յեղափոխութիւն։ Ռուսաստանի հանրապետութիւն
Խմբագրել27 Փետրուար 1917-ին Ռուսաստանի մայրաքաղաք Պետրոգրադի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութեամբ ցարական իշխանութիւնը փոխարինուեցաւ ժամանակաւոր կառավարութեամբ՝ իշխան Լիովի գլխաւորութեամբ, եւ Պետրոգրադի բանուորներու եւ զինուորներու խորհուրդով փաստօրէն երկրին մէջ հաստատուեցաւ երկիշխանութիւն։
Ռուսաստանի մայրաքաղաքին մէջ հոկտեմբեր 1916-էն մինչեւ փետրուար 1917 աշխատաւորական դասակարգային պայքարը հետզհետէ կ’աճէր։ 23 փետրուար-ը, ըստ հին տոմարի, Ռուսաստանի մէջ 8 մարտ-էր՝ Կանանց միջազգային օրը։ Այդ օրը գործադուլի կը մասնակցէին 90 000 բանուորներ եւ բանուորուհիներ։ Կանանց միջազգային օրը Բեդրոկրատի մէջ նշուեցաւ մարտական ցոյցերու, ժողովներու ու ոստիկանութեան հետ արիւնալի բախումներու ձեւով Աշխատաւորական շարժման կեդրոնը տեղաւորուած էր մայրաքաղաքի Վիբորգի՝ մասին մէջ, ուր կը գտնուէին քաղաքի շատ խոշոր ձեռնարկութիւններ։ Քաղաքի միւս շրջաններուն մէջ, ըստ գաղտնի ոստիկանութեան, նոյն օրը ցոյցեր եղած չէին, բայց ցարական իշխանութիւնը արդէն ներ քաշած էր որոշ զօրամասեր ոստիկանութեան աջակցելու համար, որոնք դեռ չէին միջամտեր դասակարգային դիմակաութեան։ Շարժման գերլարուածութեան կէտը դարձաւ կանանց ցոյցը Պետական Դումային պահանջելով՝ «Հա’ց տուեք»։ Սակայն, ցարական վարչակարգը ի վիճակի չէր բավարարելու նոյնիսկ աշխատաւորութեան եւ մանր բուրժուաներու մեծամասնութեան հիմնական սոցիալական կարիքները։ Կանանց միջազգային օրը Բեդրոկրատի մէջ աւարտեցաւ առանց զոհերու։
24 փետրուար-ին յեղափոխական շարժումը սկսաւ աւելի զարգանալ։ Գործադուլէն դուրս եկան Բեդրոկրատի արդիւնաբերական աշխատաւորներու մօտ 50 տոկոսը։ Չնայած անոր, որ բանուորներն ու բանուորուհիները եկած էին իր «սեփական» ձեռնարկութիւնները, սակայն անոնք չսկսան աշխատիլ, այլ ժողովներ ու ցոյցեր կը կազմակերպէին, որպէսզի ցոյց տան իրենց սոցիալական զայրոյթը հզօր պրոլետարական փողացային շարժման ձեւով: Ցուցարարներու հիմնական կարգախօսները հետեւեալներն էին՝ «հա’ց տուեք», «կորչի’ պատերազմը» եւ «կորչի’ ինքնակալութիւնը»: Մարդկանց ահռելի զանգուածները կը շարժէին քաղաքի մէկ տարածքէն միւսը, թէեւ ոստիկանութիւնը եւ զօրքը կը ցրուէին մարդկանց, անոնք միեւնոյնը կը հաւաքէին ու կ’ամբողջացնէին ամբողջ հրապարակներն ու պողոտաները: Շնորհիւ այս ցարական ռէակցիայի դէմ հզօր ցոյցերուն, պայքարին նէր կը քաշուէին քաղաքի այլ շրջաններ եւ բնակչութեան նոր սոցիալական խումբեր:
24 փետրուար-ին տեղի ունեցան առաջին անվեհեր շփումները գործադուլաւոր եւ ցուցարար Բեդրոկրատի աշխատաւորներու եւ մայրաքաղաքին մէջ դասաւորուած բանակի ստորաբաժանումներուն հետ: Վիրաւոր եւ հիւանդ զինուորները հիւանդանոցի պատուհաններէն բարեկամաբար ձեռք կ’ընէին ցուցարարներուն: Սակայն, վերջինները կազակներու անընդհատ յարձակումներու թիրախ էին, բայց այդ յարձակումները չունէին հետեւողականութիւն: Ռուսաստանի համար ապարդիւն Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին ռազմական սպանդը եւ անոր յաջորդող սոցիալական դժգոհութիւնը, իր հետքը ձգած էր նոյնիսկ կազակներու մօտ: Այդ նոյն օրը տեղի կ’ունենային առաջին խօսակցութիւնները բանուորններու եւ կազակներու միջեւ, որ յետագայ յեղափոխական գործընթացին կարեւոր դեր խաղացին: Սակայն, աւելի ուշ, ցարական ռէակցիան ցուցարարներու դէմ ուղարկեց կիսահարբած դրագուններուն, որոնք յարձակեցան սուսերներով բանուորներու ու բանուորուհիներու վրայ։ Այդ ժամանակ, երբ անոնք ցոյց կու տային ոստիկաններուն իրենց լրիւ ատելութիւնը քարերու եւ երկաթի կտորներու տեսքով, պայքարող խումբը կը փորձէր զինուորներուն իրենց կողմը բերել:
24 փետրուար-ի ցուցարարներու եւ գործադուլաւորներու շարքին մէջ էին, «էրիքսոն» գործարանի ամբողջ աշխատակազմը՝ Վիբորգի շրջանի ամենախոշոր ընկերութիւններէն մէկը: Առաւօտեան ժողովէն ետք 2500 բանուորներէն ու բանուորուհիներէն բաղկացած շարասիւնը երթով շարժեցաւ դէպի Սամպոնիեւսկի պողոտայ: Ճանապարհին ան բախումի ենթարկուեցաւ կազակնեու մէկ ջոկատէն: Սկզբէն սպաները, իսկ յետոյ «հասարակ» կազակները, ձիերով խցկուեցան ցուցարարներու ամբոխին մէջ, բայց անոնցմէ ոմանք բարեկամաբար կը ժպտէին բանուորներուն, նոյնիսկ ձեռքով կ’ընէին: Կազակները բաց չէին խախտեր կարգապահութիւնը, բայց նաեւ չէին ցրուեր բանուորներուն: Որոշ ժամանակ ետք, նոյնիսկ բանավէճեր սկսան առանձին կազակներու եւ բանուորներու միջեւ։ Սպաները անոր արձագանքեցին հրամանով փակել փողոցը, որպէսզի արգելափակել «էրիքսոն»-ի բանուորներու շարժումը: Կազակները կատարեցին իրենց հրամանը կանգնելով շարժման դիմաց, սակայն անոնք առանց դիմադրութիւն ցոյց տալու թոյլ տուին բանուորներուն շարունակել իրենց ճանապարհը: Անոնք զինուորական կարգապահութեան առաջին ճեղքուածքներն էին, որուն հրամանատարը հասաւ իր պայքարի արդիւնքին մէջ:
25 փետրուար-ին գործադուլաւորներու քանակը աւելի մեծացաւ: Համաձայն կառավարութեան տուեալներուն, այդ օրը գործադուլի կը մասնակցէին 240 000 բանուորներ եւ բանուորուհիներ: Բացի այդ, աւելի գիտակից բաժինը կողմէն, արդէն դասակարգային հակամարտութեան անմիջական գործողութեան մէջ ներգրաւուած էին գիտակցութեան առումով յետամնաց պրոլետարիատը: Խոշոր ձեռնարկութիւններու բանուորները օգնութեան ուժ ստացած էին բանուորներու ու բանուորուհիներու կողմէն, որոնք կ’աշխատէին փոքր ձեռնարկութիւններու մէջ, բայց հիմա դադրած էին աշխատանքը: Գործադուլին միացած էին նաեւ ուսանողներն եւ գիմնազիստները: Փորձեր կը կատարուէին կազմակերպել բացօթեայ ժողովներ: Ցարական գաղտնի ոստիկանութեան ու գործադուլաւոր եւ ցուցարար պրոլետարիատի միջեւ հակամարտութիւնը կ’ընդունէր զինուած ընդհարման բնոյթ: Ալեքսանտր III-ի, յուշարձանի մօտ ելոյթ ունեցողներէն մէկը վիրաւորուած էր ոստիկաններու կողմէն, որոնք կը կրակէին ցուցարարներուն թաքստոցներու ետեւէն: Սակայն Բեդրոկրատի պրոլետարիատը մարտական տրամադրուած էր, ի պատասխան այդ բանին սպաննուեցան մէկ սպայ եւ քանի մը շարքային ոստիկաններ: Բանուորներու եւ բանուորուհիներու զէնք կը ծառայէին՝ շիշեր, ճայթուկներ եւ նռնակներ: Ոստիկանութեան եւ պրոլետարիատի միջեւ հակամարտութեան ժամանակ զինուորները կը պահէին իրենց բաւականին պասիւ: Լուրերու համաձայն նոյնիսկ քանի մը կազակներ միացած էին յեղափոխութեան: Սակայն ոստիկանութիւնը արագօրէն անյայտացաւ փողոցային մարտերէն եւ սկսաւ գործել ընդյատակեայ: Առաջ դուրս եկան հրացանները ուսին զինուորները: Բանուորները կը փորձէին քաշել զինուորներուն իրենց կողմը: Աւելի ու աւելի բանուորներ կը հասկնային ցարական ոստիկանութեան բռնի զինաթափման անհրաժեշտութիւնը:
Վիբորգի շրջանին ցարական իշխանութիւնը ինկած էր արդէն 25 փետրուար 1917-ին: Յեղափոխական պրոլետարիատը աւերած էր ոստիկանատունը, քանի մը ոստիկաններ սպաննուած էին, մեծ մասը ստիպուած են թաքնուիլ: Գլխաւոր ոստիկանը կորսնցուցած էր կապը քաղաքի մեծ մասին հետ: Վիբորգեան շրջանէն ետք պրոլետարիատը գրաւեց Պէսկի շրջանը: Սակայն այդ շրջանի բանուորները դեռ ամբողջութեամբ չէին գիտակցած իրենց յաղթանակի զօրութեան: Կայսր Նիքոլայ II-ը, որ այդ պահուն կը բացակայէր Բեդրոկրատէն, փետրուարի 25-ին հրաման տուաւ յաջորդ օրը դաժանօրէն ճնշել աշխատաւորներու մարտական դասակարգային պայքարը: 26 փետրուար-ին ցարական յետադիմութիւնը կը պատրաստուէր վճռական մարտի: Եթէ աշխատաւորները չյաջողին համոզել զինուորներու մեծամասնութեանը դարձնել իրենց զէնքը անոնց դէմ, որոնք անոնց հրաման տուած են կրակել բանուորներուն, ապա յեղափոխութիւնը կրնար խորտակուիլ:
Ցարական վարչակարգը անցաւ հակայեղափոխական հակահարուածի: 25 փետրուար-էն լոյս 26-ի գիշերը Բեդրոկրատի քանի մը շրջաններուն մէջ ռեպրեսիւ օրգանները ձերբակալեցին մենշեւիկներու, պոլշեւիկներոպ ու սոցիալիստ յեղափոխականներու մօտ հարիւր անդամներու: Այդ ռեպրեսիաներէն ետք գրեթէ գլխատուեցապ պոլշեւիկներոպ բեդրոկրատեան բաժինը: Մանր բուրժուական ծայրահեղական պոլշեւիկներու քաղաքական ղեկավարութիւնը տեղափոխուեցաւ Վիբորգեան շրջան, որ կը գտնուէր յեղափոխական պրոլետարիատի ուժեղ ճնշման տակ: Նոյնիսկ ամենածայրայեղ մանրբուրժուական քաղաքականութեան ուժը, այսինքն՝ պոլշեւիզմը, նոյնպէս կը գտնուէր դասակարգային պայքարի իրադարձութիւններու ետեւը: Այնպէս, որ օրինակ պոլշեւիկեան կեդրոնական կոմիտէն, 25 փետրուար-ի առաւօտեան կոչ ըրաւ իրենց թռուցիկին մէջ համազգային գործադուլի, մինչդեռ Բեդրոկրատի մէջ արդէն եռանդով կը զարգանար յեղափոխութիւնը:
Փետրուարի 26-ը կիրակի էր, ուստի բանուորներն ու բանուորուհիները չի կրցան հաւաքվել գործարաններուն մէջ եւ ֆապրիգաներու մէջ, որպէսզի միասին հանրահաւաքի դուրս գան։ Մինչ այդ աշխատաւորներու շարժումը կը բխէր գործարաններէն եւ ֆապրիգաներէն դէպի փողոց՝ տալով անոր մեծ սոցիալական պայթուցիչ ուժ։ Այսուհետեւ աշխատաւորներուն համախմբելու եւ փողոց դուրս բերելու համար աւելի շատ ժամանակ պէտք եղաւ։ Սոցիալական ռեակցիան արդեն սկսած էր երազել, որ բրոլետարական պայքարը կորսնցուցած է իր ուժը։ Այսպիսով կայսրուհին ուղարկեց իր բացակայ ամուսինին հեռագիր հետեւեալ խոսքերով. «Մայրաքաղաքին մէջ կը տիրէ հանգիստ»։ Սակայն բրոլետարիատը ռեակցիային չի ձգեց երկար երազել։ Բանուորներն ու բանուորուհիները սկսան կամաց-կամաց հաւաքվել եւ շարժիլ արուարձաններէն դէպի քաղաքի կեդրոն։ Ցարական ռեակցիան չէր ուզեր բանուորներուն ձգել շարժիլ կամուրջներու վրայէն դէպի կեդրոն։ Սակայն բանուորները անցան Նեւայի սառոյցին վրայէն, որ այդ ժամանակ ծածկած էր գետը։ Ոստիկանները կը կրակէին բանուորներուն հարակէն տուներու պատուհաններէն, պատշգամբներէն եւ ձեղնահարկերէն։ Բանակը նոյնպէս սոյն օրը մասամբ կը կրակէր ցուցարարներուն։ Ըստ պաշտօնական տուիալներու՝ փետրուար 26-ին, սպաննուած էր 40 մարդ։ Պետդումայի նախագահ Ռոդիանկոն պահանջեց ճակատէն ուղարկել յուսալի զօրամասէր, նոր սկսած յեղափոխութիւնը ճնշելու համար։ Լիբերալները առաջարկեցին ցարական պատժիչ մարմիններուն զանգուածները ճնշել ոչ թէ կապարով, այլ հրշեչ խողովակներէ, սառ ջուրով։ Սակայն պատժիչ մարմինները համարեցին, որ սառ ցնցուղը աւելի կզայրացնէ բրոլետարիատը։ Այլ ազատական քաղաքական գործիչները նոյնպէս բարեհոգի կը ձեւացնէին ցարական հակայեղափոխութեան նկատմամբ, բայց ցարիզմը ուշադրութիւն չէր դարձներ լիբերալներուն վրայ։
Բետրոգրադի բրոլետարիատը կը դառնար աւելի համարձակ եւ արդեն նոյնիսկ բանակին թոյլ չէր տար անհամաձայնութիւն իրենց շարքերուն մէջ։ Զինուորներու ծեծի եւ հետ քաշուելու հրամանին բրոլետարիատը կը պատասխանէր քարկոծութեամբ եւ երկաթեա կտորներու նետումներով։ Զգուշացման կրակոցները եղանակ չէին փոխեր, եւ միայն կրակը ամբոխի վրայ կրնար կարճ ժամանակով փարատել անոնց, բայց միայն կարճ ժամանակով։ Յետոյ անոնք նորէն կը հաւաքուէին ուրիշ տեղի մը մէջ։ Սակայն բանակի դէմ յեղափոխական բրոլետարիատը կը կիրառէր միայն անհրաժեշտ քայլեր։ Այդ անոր հաւաքական գիտակցութեան մաս մըն էր, քանի որ անոնք կը հասկանային, որ ցարական վարչակարգի դէմ պայքարը կարելի է յաղթել միայն այն դէպքին մէջ, եթէ զինուորները, որոնց մեծ մասը գիւղացիներ էին, անցան իրենց կողմը։ Այսպիսով բանուորները ու բանուորուհիները բազմիցով անգամ կը պահանջէին զինուորներուն չկրակել իրենց վրայ, այլ իրենց հետ միասին պայքարիլ պատերազմի, աղքատութեան եւ միապետութեան դէմ։ Զինուորները պէտք է որոշում ընդունէին։ Իսկապէս 23-էն մինչեւ փետրուար 25-ը ապստամբներու նկատմամբ բազիւ կարեկցանքը եւ ըստ կանոնադրութեան ոչ խստորէն հրամաններու կատարումը, զինուորներուն թոյլ տուաւ չդառնալ ցարական հակայեղափոխութեան օգտագործման գործիք։ Սակայն փետրուարի 26-ին ցարական ռեակցիան ազատ կրակի հրաման ստանալով անցաւ յեղափոխական բրոլետարիատի դէմ հարձակման։ Այս պահէն սկսած զինուորներուն համար խուսաւարելու տարածութիւն այլեւս չի կար։ Անոնք պէտք է կանգնէին կամ բրոլետարիատի կամ ալ ցարական ռեժիմի կողքին։
Զինուորները 27 փետրուար-ին մեծամասնութեամբ որոշեցին անցել պրոլետարիատի կողմը: Արդէն 26 փետրուար-ի երեկոյեան, ապստամբեցաւ Պաւլովսկի գունդի լեյբ-գուարդիայի չորրորդ վաշտը, յատկապէս զայն վրդովուածութեան պատճառով, որ այդ գունդի պարեկներէն մէկը պարեկութեան ընթացքին Նեւսկիի վրայ կրակած էր բանուորներու վրայ։ Այդ գունդի ջոկատներէն մէկուն արիւնոտ հալածանքի մասին տեղեկատուութիւնը տարածուած էր բանուորներու պատուիրակութեան միջոցով: Այս տեղեկատուութիւնը ցոյց տուաւ իր ազդեցութիւնը. Մօտ ժաճը 18-ին 4-րդ վաշտը, կրտսեր սպաի հրամանատարութեամբ կամաւոր հեռացաւ զօրանոցէն եւ շարժեցաւ դէպի Նեւսկի պողոտայի ուղղութեամբ, որպէսզի զինուորներուն հանեն դիրքերէն, որոնք կրակած էին բանուորներու վրայ։ Ճանապարհին ապստամբած զինուորները հանդիպեցան ցարական պարեկային ոստիկանութեան: Զինուորները կրակ բացին ոստիկանութեան վրայ։ Ոստիկան մը եւ ձի մը սպաննուեցին, վիրաւորուեցին նաեւ մէկ ոստիկան եւ մէկ ձի:
Որոշ ժամանակ ետք չորրորդ վաշտը վերադարձաւ զօրանոց եւ քաշեց ամբողջ Պաւլովսկի գունդը յեղափոխութեան կողմ: Սակայն այդ ժամանակ թագաւորական հակայեղափոխութիւնը արդէն յանձնուած էր։ Ապստամբած զինուորները կարողացան գրաւել երեսուն հրացան: Ի վերջոյ անոնց շրջապատեցին Պրէոբրաժենսկի գունդի զինուորները: 19 ապստամբներ ձերբակալուեցան ամրոց տարուեցան, իսկ այդ ժամանակ Պաւլովսկի գունդի մնացորդը յանձնուեցաւ: Ըստ յայտնի աղբիւրներու, երեկոյեան զօրաշարուածքի ժամանակ 21 զինուոր կը բաձակայէր իրենց հրացաններով:
27 փետրուար-ին զինուորներու սկսած ապստամբութիւնը աւելի ընդլայնուեցաւ եւ ամրապնդեցաւ Փետրուարեան յեղափոխութեան յաղթանակը, որուն սկիզբն արդէն դրած էր դասակարգային մարտական աղքատ դասակարգը: Այդ յաղթանակի նախադրեալը այն փաստն էր, որ բանուորներն ու բանուորուհիները չվախցան բանակի վրայ բաց ըրած կրակէն չերերացին եւ շարունակեցին պայքարը: Եթէ աղքատ դասակարգը թուլութիւն ցոյց տար եւ երերար, ապա ապստամբած զինուորները չէին ստանար վճռորոշ ազդակը: Երկուշաբթի առաւօտեան բանուորներն ու բանուորուհիները կրկին հաւաքուեցան գործարաններու ու գործատուներու մէջ, բայց ոչ թէ բարեխղճօրէն արտադրած են աւելցած արժէքը, այլ շարունակեն դասակարգային պայքարը: Անցած քանի մը օրերէ ետք, երբ համընդհանուր գործադուլը վերաճեցաւ լայնամասշտաբ փողացային շարժման, համաձայն դասակարգային պայքարի ներքին ուժաբանութիւնը, անոր շարունակութիւնը կրնար միայն զինուած ապստամբութիւնը ըլլալ: Եթէ առաջ ոչ մէկ քաղաքական ուժ համընդհանուր գործադուլի կոչ չէր ընէր, ապա առաւել եւս զինուած ապստամբութեան մասին անգամ խօսք ալ չէր ըլլար: Պետրոգրադի աղքատ դասակարգը ընտրեց զինուած ապստամբութեան ուղին առանց քաղաքական հովանաւորութեան: Սակայն իհարկէ ենթակայականօրէն գիտակից յեղափոխական բանուորներն ու բանուորուհիները, որոնք Փետրուարեան յեղափոխութենէն առաջ առարկայականօրէն կը պատկանէին մանրբուրժուական կուսակցութեան մարքսիստականութեան սոցիալիստական յեղափոխականներու եւ անիշխանականութեան ուղղութիւններուն, մեծ դեր խաղցան Փետրուարեան յեղափոխութեան մէջ։ Այնուամենայնիւ սոցիալ յեղափոխական բանուորներու ու բանուորուհիներու խաւը ինքնուրոյն կը գործէր, առանց քաղաքական վերահսկողութեան բուրժուական ժողովրդավարներու ու ծայրահեղականներու: Անոնք յաջողեցան պայքարի մէջ քաշել աղքատ դասակարգի պահպանողական(պահպանողական) մասը եւ անոր հետ միասին հասնիլ մասնակի յաղթանակի՝ ինքնակալութեան տապալլման, միջին դասակարգի դասակարգային տիրապետման, կալուածատէրերու եւ մասնագիտական քաղաքական գործիչներու պահպանման ձեւով:
Փետրուարի 27-ին Պետրոգրադի մարտական աղքատ դասակարգը կրկին աւելացուց ճնշումը զինուորներուն վրայ կոչ ընելով միանալ ցարական հակայեղափոխութեան դէմ պայքարին: Վիբորգի շրջանի բանուորները Մոսկուայի գունդին դիմաց կազմակերպեցին զանգուածային հանրահաք, սակայն որոշ հակայեղափոխական սպաներ յաջողեցան ուղղել գնդացրերը բանուորներուն վրայ եւ ցրել անոնց: Անոնցմէ ետք բանուորութիւնը կը ձգտէին զինուիլ, որպէսզի հակայեղափոխութեան վերջը տան: Բանուորները զէնք կը պահանջէին նաեւ պոլշեւիկներէն, բայց քաղաքական մանր քաղքենի ծայրահեղականութիւնը դեռ իրենց տրամադրութեան տակ զէնք չունէր: Միայն զինուորներու ապստամբութիւնը կարող էր զինել Փետրուարեան յեղափոխութիւնը: 27 Փետրուարի առաւօտեան ըմբոստացաւ լեյբ գուարդիայի Վոլինեան գունդի պահեստային գումարտակի ուսումնական հրամանատարութիւնը: Պահակախումբը հրաժարեցաւ աղքատ դասակարգի դէմ արիւնոտ ճնշում ընելէ: Անոնք զօրանոցէն կը հեռանային եւ իրենց կը գնդահատէին հրամանատարներուն: Վոլինեան գունդը սկիզմէն կը ձգտէր ընդլայնել զինուորական ապստամբութեան սոցիալական հիմքը: Գունդի զինուորները զօրանոցէն կը տեղափոխուէին զօրանոց, որպէսզի զինուորներուն դուրս բերեն փողոց: Լիտովեան եւ Պրէոբրաժենսկի գունդերը զանգուածներով միացան ապստամբութեան: Մոսկովեան գունդը, գունդի մէջ բախումներէն ետք, միացաւ զինուորներու հիմնական զանգուածին: Մոսկուայի գունդի ցարի դէմ պայքարին միանալէ ետք «արսենալ» գործարանի բանուորները սկսան զինուիլ եւ զինուորներուն հետ միասին յեղափոխական ձեւաւորել պայքարի մարմիններ: Աւելի ու աւելի շատ զինուորն յեղափոխութեան կողմը կ՛անձնէին: Նոյն օրը երեկոյեան պայքարող բանուորներուն ու զինուորներուն միացաւ Սեմեօնովեան գունդը: Հէնց այդ գունդն էր, որ մասնակցած է Մոսկուայի 1905 թուականի յեղափոխութեան ժամանակ բանուորական ապստամբութեան ճնշմանը: Հիմա, ընդամէնը 11 տարի ետք, նոյն գունդի զինուորները կ՛օգնէին տապալելու ցարին:
27 փետրուար-ին Նիքոլայ II-ը հրաժարեցաւ գահէն: Բանուորական եւ զինուորական Պետրոգրադը ազատագրեց ամբողջ Ռուսաստանը ցարիզմէն: Քանի մը օր ետ հսկայական երկիրը միացաւ յեղափոխական պորթկումով մայրաքաղաքին: Ազատական վեհանձն ողորմելի ժողովրդավարական պառլամենտարիզմը եւ ցարական Դուման, Պետրոգրադի աղքատ դասակարգը եւ ապստաբած զինուորներու ու մեռնող ցարական ռեժիմի պայքարին մէջ, մնացած էին անօգնական, օդին մէջ կախուած: Ցարիզմը, նոյնիսկ կրակոցներով, այլեւս ի վիճակի չէր կանգնեցնել բանուորական յեղափոխական պոռթկումը: Սակայն, ի վերջոյ, մինչեւ մեռնիլը, ան կարողացաւ ապտակ հասցնել ազատական բուրժուազիային: Այսպիսով, ցարական ռէակցիան, Փետրուարեան յեղափոխութեան ժամանակ արձակեց Պետդուման, որուն մասին խորհրդարանական հերոսները իմացան միայն 27 փետրուար-ի առաւօտեան: Եւ նոյնիսկ այդ ժամանակ Դուման չկարողացաւ բացէիբաց խաղտել մեռնող միապետութիւն հրամանը: Արձակուած Պետդումայի պատգամաւորները հաւաքուած էին «անձնական խորհրդակցութիւններու» համար: Միայն այն ժամանակ, երբ 3 մարտ-ին պարզ դառաւ այն փաստը, որ ցարին այլեւս կարելիութիւն չկար փրկելու, պատգամաւորները խորհրդակցութեան հրաւիրեցին «պետդումայի ժամանակաւոր յանձնաժողով»:
Հոկտեմբերեան յեղափոխութիւն։ ԽՍՀՄ
ԽմբագրելՌուսաստանի Դաշնութիւն
Խմբագրել1991-ին կը կոչուէր Ռուսաստանի Խորհրդային Ֆեդերատիւ (Դաշնակից) Սոցիալիստական Հանրապետութիւն (ՌԽՖՍՀ), իսկ անկախանալով՝ վերանուանուեցաւ Ռուսաստանի Դաշնութիւն՝ Ռուսաստան: Երկրի կազմին մէջ կան երեք աստիճանի ինքնավար միաւորներ՝ հանրապետութիւններ, ինքնավար մարզ ու ինքնավար օկրուգներ: Ամենաբարձր ինքնավարութիւն ունեցող միաւորները հանրապետութիւններն են: Անոնք ունին իրենց նախագահները, խորհրդարանները:
Անկախութիւն ձեռք բերելէ ետք Ռուսաստանի մէջ զգալիօրէն փոխուեցաւ քաղաքական կառուցուածքը: Մասնաւորապէս՝ Չեչենա-ինգուշական Իհ-ը տրոհուեցաւ Չեչենական Հանրապետութեան (Չեչնիա կամ Իչկերիա) եւ ինգուշական Հանրապետութեան: Բարձրացաւ որոշ ինքնավար մարզերու կարգավիճակը: Փոփոխուեցան նաեւ շարք մը անուանումներ:
Ռուսաստանի մէջ կային 10 ինքնավար գաւառներ, որոնց բնակչութեան թիւը մեծ չէր, բայց մեծ տարածքներ կը գրաւէին: Որպէս վարչատարածքային միաւոր անկէ մաս մը արդէն վերացած է (օրինակ, Կրասնոյարսկի երկրամասի, կամչատկայի եւ Պերմի մարզերու գաւառները):
Ներկայիս Ռուսաստանի կազմին մէջ կայ 21 հանրապետութիւն, մէկ ինքնավար մարզ, 49 մարզ: Դեռեւս երկրամասերը կը պահպանուին, չնայած՝ անոնք փաստօրէն այլեւս երկրամաս անուանուելու հիմք չունին: Այժմ նախկին 6 երկրամասիէ միայն խաբարովսկի երկրամասին մէջ ձեւականօրէն կը պահպանուի այդպիսի միաւոր՝ Հրէական ինքնավար մարզը (նկատի ունինք, որ այնտեղ հրէաներ գրեթէ չեն բնակիր):
Ռուսաստանը աշխարհի ամենաերկար սահմանագիծ ունեցող երկիրն է: Սահմանի երկարութիւնը մօտ 60 հազար քմ է, որուն 2/3-ը ծովային է: Երկրի ափերը կը ողողին Սեւ, Ազովի, Պալթիկ, բարենցի, սպիտակ, կարայի, լապտեւներու, արեւելասիբիրական, չուկոտեան, բերինգի, օխոտի եւ Ճաբոնական ծովերը:
Աշխարհագրական դիրք
ԽմբագրելՌուսաստանը կը գտնուի Հիւսիսային կիսագունդին՝ Եւրասիա մայրցամաքի հիւսիսը: Անոր ափերը կը ողողին Խաղաղ եւ Հիւսիսային Սառուցեալ օւկիանոսները, ինչպէս նաեւ Ատլանտեան օւկիանոսի բալթիկ, սեւ, Ազովի ծովերը եւ Կասպից ծովը` 37 653 քմ ընդհանուր ափագիծով, որ ամենաերկարն է աշխարհի մէջ։ Ուրալեան լեռները, Ուրալ գետը եւ Կումա-մանիչի իջուածքը Ռուսաստանը կը բաժնեն եւրոպական եւ ասիական մասերու: Վերջինս իր մէջ կը նեռարէ Հիւսիսային Կովկասը, Սիբիրը եւ Ռուսաստանի Հեռաւոր Արեւելքը: Ռուսաստանի ցամաքային հարեւանները 15-ն են: Շատ հարեւաններու հետ ընդհանուր սահման ունենալը անառարկելի դրական գործօն է տնտեսական կապերու հաստատման եւ տնտեսութեան զարգացման համար: Միայն արեւմեան եւ մասամբ հարաւային շրջաններուն մէչ, որոնք ունին տնտէապէս զարգացած հարեւաններ, անոնց հետ կապուած են երկաթուղիներով եւ աւտոճանապարհներով: Ռդ-ի հիւսիսը եւ արեւելքը զուրկ են անմիջական հարեւաններէն, իսկ ափերը ողողող Հիւսիսային սառուցեալ եւ Խաղաղ օւկիանոսներու ծովերը տարուայ զգալի մասը նաւարկելի չեն: Այդ շրջաններու առանձնայատկութիւններէն են նաեւ խիստ ցամաքային կլիման, հողի վերին շերտի բազմամեայ սառածութիւնը, որոնք կը խոչնդոտեն տարածքներու իւրացումը, տնտեսական զարգացումը եւ տրանսպորտային հաղորդակցութեան կազմակերպումը: Ռուսաստանի աշխարհագրական դիրքի առանձնայատկութիւններէն է նաեւ անոր տարանցիկ դերը (յատկապէս երկաթուղիներու միջոցով) Եւրոպայի եւ Խաղաղօւկիանոսեան աւազանի տնտեսապէս զարգացած երկրներու, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային, Արեւելեան Եւրոպայի եւ Հարաւ-արեւելեան Ասիոյ միջեւ:
Քսաներորդ դարու սկզբին Դ. Ի. Մենդելէեւը նշեց Ցարական Ռուսաստանի աշխարհագրական կեդրոնը` 63 ՞ 29՛ հիւսիսային. լայնութեան եւ 83 ՞ 20՛ արեւելեան երկայնութեան (Տուրուխանսկի մօտակայքին): 1992 թուականէն կեդրոն կը համարուի 66 ՞ 25՛ հիւսիսային. լայնութեան եւ 94 ՞ 15՛ արեւելեան երկայնութեան (վիւի տայգային լիճի տարածքին մէջ):
Ժամային գոտիներ
ԽմբագրելՆպաստ
ԽմբագրելՀսկայ տարածքի պատճառով Ռուսաստանի նպաստը խիստ բազմազան է: Այստեղ կան բարձր լեռներ ու ընդարձակ հարթավայրեր: Ամենաբարձր կէտը էլբրուսն է՝ Կովկասեան լեռնաշղթայի բարձր գագաթը (5642 մ), իսկ ամենացածրը՝ Մերձկասպեան Ցածրավայրը (-28 մ):
Ջրային աղբիւրներ
ԽմբագրելՌուսաստանը ջրային աղբիւրներով աշխարհի ամենահարուստ երկիրներէն է: Ռուսաստանի մէկ բնակչին միջին հաշուով կը հասնի 4 անգամ աւելի շատ քաղցրահամ ջուր, քան աշխարհի մէկ բնակչին: Տարածքի մեծութեան ու տեղումներու համեմատաբար առատութեան հետեւանքով Ռուսաստանի գետային ցանցը շատ խիտ է: Երկրին մէջ կան հազարաւոր գետեր, սակայն անկէ քանի մը տասնեակը խոշոր ու ջրառատ են: Անոնցմէ են Դօնը, Օբը, Իրտիշը, Ենիսեյը, Լենայը, Վոլգայը: Գետերու մեծ մասը ատլանտեան կը պատկանի, խաղաղ եւ Հիւսիսային Սառուցեալ օւկիանոսներու աւազաններուն: Կան նաեւ ներքին հոսքի աւազանի քանի մը գետեր, որոնցմէ են ռուսական մայր գետը՝ Վոլգան, որ կը թափի Կասպից ծովը:
Ռուսաստանի հարթաւայրային եւ ջրառատ գետերը առաջին հերթին կ՛առանձնանան տրանսպորտային ընդհանուր մեծ նշանակութեամբ: Այդ նշանակութիւնը յատկապէս մեծ է երկրի արեւելեան շրջաններուն մէջ, քանի որ փոխադրութեան այլ տեսակներու դեռեւս թոյլ զարգացման պայմաններուն մէջ, գետերը առայժմ անոնց միակ փոխադրութեան ուղիներն են: Անոր հետ միասին, Ռուսաստանի արեւելեան շրջաններու գետերու փոխադրութեան նշանակութիւնը սահմանափակ է նախ այն պատճառով, որ անոնք (բացառութեամբ Ամուր գետի) դէպի հիւսիս կը հոսին եւ երկրորդ՝ տարուայ մեծ շրջանը (8- 9 ամիս) անոնք սառցապատուած են, հետեւաբար նաւարկելի չեն:
Ջրաէներգետիկական մեծ պաշարներով կ՛առանձնանան Ենիսեյը (վտակներով), Վոլգան եւ Ամուրի վտակները (Զեյեան եւ Բուրեյեան) (քարտէզի վրայ ցոյց տուէք այդ գետերը): Ռուսաստանի չորային կլիմայական գօտիներուն մէջ, յատկապէս Մերձկասպեան եւ հիւսիսկովկասեան տարածաշրջաններուն մէջ մեծ է նաեւ գետերու ոռոգիչ նշանակութիւնը: Բացի այսկէ, Ռուսաստանի գետերը գեղատեսիլ ու ձկնառատ են, որու պատճառով ալ համար է անոնք հանգստի ու զբօսաշրջութեան կազմակերպման նախադրել (յատկապէս Վոլգան ու Ենիսեյը): Եւ, վերջապէս, մեծ է նաեւ Ռուսաստանի գետերու վիճակային-կենցաղային ու արդիւնաբերական նշանակութիւնը:
Նշուած բոլոր նշանակութիւններու միագումարային արդիւնքն է այն փաստը, որ Ռուսաստանի բոլոր քաղաքները հիմնադրուած են գետերու ափերուն: Երկրին մէջ շատ են նաեւ լիճերը, որոնք միմեանց կը տարբերին իրենց ծագումով, մեծութեամբ, ջուրի համով: Աշխարհի ամենախոր լիճի՝ Բայկալի ջուրի հայելին (31, 5 հազար քմ2), աւելի մեծ է քան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը: Ռուսաստանի մէջ է նաեւ աշխարհի խոշորագոյն լիճի՝ Կասպից ծովու մէկ մասը: Եւրոպական մասի հիւսիսը լիճերը մեծաթիւ են: Անոնք առաջացած են երբեմնի սառցապատման հետեւանքով: Մեծերէն են Լադոգան եւ օնեգան: Հարաւը կան անհոսք աղի լիճեր՝ էլտօն, Բասկունչակ:
Եւրոպական մասի կեդրոնը ու հիւսիսը եւ առանձնապէս՝ Արեւմտասիբիրեան հարթավայրին մէջ հսկայական տարածք կը գրաւեն ճահիճները, որոնք կը դժուարացնեն տարածքի իւրացումը: Ռուսաստանը հարուստ է ստորերկրեայ ջուրերով: Արեւելաեւրոպական հարթավայրին մէջ փորուած են տասնեակ հազարաւոր ջրհորներ: Հիւսիսային Կովկասին մէջ կան հանքային ջուրերու խոշոր ելքեր (Միներալնիէ Վոդի, Պեատիգորսկ, Կիսլովոդսկ, Ժելեզնովոդսկ, Եսենտուկի), իսկ «հրաբխային» Կամչատկային մէջ՝ բազմաթիւ գեյզերներ ու տաք աղբիւրներ:
Կլիմա
ԽմբագրելՏարածքի մեծութեան պատճառով Ռուսաստանի կլիման բազմազան է: Կլիման արեւմտեան մասին մէջ ցամաքային է, միջին մասը՝ խիստ ցամաքային, իսկ արեւելեան ծովափնեայ գօտիին մէջ՝ մուսոնային:
Մթնոլորտի ջերմութիւնը հարաւէն հիւսիս եւ արեւմուտքէն արեւելք ուղղութիւններով կը նուազի եւ նուազագոյնի կը հասնի երկրի հիւսիս-արեւելքին մէջ։ Այստեղ Օյմեակոն գոգաւորութեան մէջ գրանցուած է բնակելի ցամաքի ամենացածր ջերմաստիճանը (-78՛С): Ռայ մասամբ պայմանաւորուած է ձմեռային հակակիկլոնով:
Ռուսաստանի համեմատաբար տաք տարածաշրջանը Հիւսիսային Կովկասն է, իսկ ամենաբարձր ջերմաստիճանը (+43՛С) արձանագրած է Մերձկասպեան ցածրավայրը: Երկրի մեծ մասին մէջ տեղումներու քանակը բաւարար է հողագործութեան կազմակերպման համար:
Տեղումները համեմատաբար առատ են Ռուսաստանի արեւմուտքը՝ Ատլանտեան օւկիանոսէն մշտապէս փչող քամիներու եւ հեռաւորարեւելեան ծովափնեայ գօտիին մէջ՝ Խաղաղ օւկիանոսէն ամռանը փչող մուսոնային քամիներու ազդեցութեամբ:
Տեղումներու տարեկան քանակը ամենաքիչն է Վոլգայ գետի ստորին հոսանքին մէջ, որուն պատճառով այստեղ, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Կովկասի մէջ հողագործութիւնը կը կազմակերպուի ոռոգման շնորհիւ:
Արեւելեան շրջաններուն մէջ ամառը կարճատեւ է, եւ այդ պատճառով վաղ աշնանային ցուրտերն ու երկարատեւ տեղումները յաճախ կը ոչնչացնեն գիւղատնտեսական մշակաբոյսերու բերքը: Այս գօտին գիւղատնտեսական ռիսկի գօտի կը կոչուի:
Բարեխառն գօտիէն հիւսիս, հողի բազմամեայ սառածութեան պատճառով, հողագործութիւնն ընդհանրապէս հնարաւոր չէ:
Բուսական եւ կենդանական աշխարհ
ԽմբագրելՌուսաստանը հարուստ է անտառային աղբիւրներով (փայտանիւթի պաշարները' 75 միլիարդ մ3): Երկրին մէջ կան շատ արժէքաւոր փայտանիւթ ունեցող ծառատեսակներ: Առանձնապէս կարեւոր են կաղնին, եղեւնին, հաճարենին, կաղամախին, մայրին: Վերջինիս փայտանիւթն կ՛օգտագործուի մատիտներու արտադրութեան մէջ:
Անտառներու մէջ համարեա ամէնուր կ՛աճին բազմատեսակ սունկեր, պտուղներ, հատապտուղներ ու դեղաբոյսեր: Վերջիններէն առաւել արժէքաւոր է ժենշենը (կեանքի արմատ), որ կը հանդիպի Պրիմորիէի եւ խաբարովսկի երկրամասերուն մէջ:
Բազմազան ու հարուստ է Ռուսաստանի կենդանական աշխարհը: Հիւսիսի ծովափնեայ «թռչնաշուկաներէն» հաւաքած ձուերը եւ փետուրը, որսած ձուկը, փոկերը, ծովացուլերը, հիւսիսային եղջերուի մորթին ու միսը, բեւեռային աղուէսի մորթին նենեցներու, չուկչաներու ապրուստի գլխաւոր միջոցներն են:
Անտառային եւ տունդրայի գօտիներուն մէջ կան թանկ մորթատու բազմազան կենդանիներ՝ սկիւռ, կնգում, բեւեռաղուես, աղուէս, ջրաքիս, ջրասամոյր, կզաքիս, սամոյր եւ այլն: Ռուսաստանը միշտ ալ եղած է համաշխարհային շուկայ այդ մորթիներու գլխաւոր արտահանողը:
Կառավարում
ԽմբագրելԲարձրագույն օրենսդիր մարմին
ԽմբագրելԲարձրագույն գործադիր մարմին
ԽմբագրելԲարձրագույն դատական մարմին
ԽմբագրելՔաղաքական կուսակցութիւններ
ԽմբագրելՀամաձայն «քաղաքական կուսակցութիւններու մասին» Դաշնային օրէնքի` յուլիս 2011-ի դրությեամբ Ռուսաստանի մէջ պաշտօնապէս արձանագրուած են քաղաքական 7 կուսակցութիւններ, որոնցմէ Պետական Դումային մէջ ներկայացուած են չորսը` Միացեալ Ռուսաստան Համառուսաստանեան քաղաքական կուսակցութիւնը, ՌԴԿԿ (Ռուսաստանի Դաշնութեան Կոմունիստական Կուսակցութիւն), ՌԼԴԿ (Ռուսաստանի Լիբերալ� Դեմոկրատական Կուսակցութիւն) եւ Արդար Ռուսաստան քաղաքական կուսակցութիւնը: Պետական Դումային մէջ ներկայացուած չեն Արդար գործ Համառուսաստանեան քաղաքական կուսակցութիւնը, Ռուսաստանի հայրենասէրներ քաղաքական կուսակցութիւնը եւ Եաբլոկոյ Ռուսաստանեան միացեալ ժողովրդավարական կուսակցութիւնը:
Վարչական բաժանում
ԽմբագրելՌուսաստանի Դաշնութեան դաղնակից կարգը հաստատուած է յունուար 1918-ին Սովետներու III համագումարին ուր ընդունուած է «աշխատաւոր եւ շահագործուող ազգի իրաւունքներու հռչակագիր»[14], որ հռչակած է՝
Ռուսաստանի Խորհրդային Հանրապետութիւնը կը հիմնէ ազատ ազգերու ազատ միութեան հիման վրայ որպէս Խորհրդային Ազգային Հանրապետութիւններու Դաշնութիւն[15]։ |
Այդպիսով, միացեալ պետութիւնը վերափոխուած է դաշնութեան։
2009-ին, ըստ 1993 թուականի Սահմանադրութեան 5 յօդուածին, Ռուսաստանի Դաշնութիւնը կազմաւորուած է իրաւահաւասար էութիւններէ։ Մարտ 1 2008-էն այդպիսի գոյութիւններու թիւը 83 է։
Ռուսաստանի դաշնային կառուցուածքը
ԽմբագրելՌուսաստանը Դաշնային կառուցուածքի երկիր է: Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ կը մտնեն 83 հաւասարազօր էութիւններ, որոնցմէ են 21 հանրապետութիւն, 9 երկրամաս, 46 մարզ, 2 դաշնային նշանակաշութեան քաղաք, 1 ինքնավար մարզ եւ 4 ինքնավար շրջան:
Դաշնութեան պետական իշխանութեան մարմիններու համակարգը կը սահմանուի Դաշնութեան կանոնակարգած ընդհանուր հիմունքներով: Իւրաքանչիւր շրջանի մէջ կը գործէ օրէնսդիր (ներկայացուցչական) մարմին (խորհրդարան, օրէնսդիր հաւաք) եւ գործադիր մարմին (կառավարութիւն): Քանի մը հատին մէջ գոյութիւն ունի նաեւ բարձր պաշտօնեայի պաշտօն (նախագահ, նահանգապետ), որոնք ունին ՌԴ-ի օրէնսդիր մարմիններու լիազօրութիւններ նախագահի ներկայացմամբ եւ կարող են այդ պաշտօնը գրաւել անսահմանափակ քանակութեամբ:
Ռուսաստանը կը բաժնուի նաեւ 8 դաշնային շրջաններու, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ կ՛աշխատի նախագահի լիազքրուած ներկայացուցիչը: Դաշնութեան էութիւնները ունին իրենց վարչատարածքային բաժանումը: Որպէս օրէնք, էութեան կազմին մէջ հիմնական միաւորը կը համարուին հանրապետական (մարզային, երկրամասային) նշանակութեան շրջանները եւ քաղաքները:
Ինքնավար հանրապետութիւններ
ԽմբագրելՂրիմ
ԽմբագրելՂրիմի տարածքը 25, 5 հազար քառակուսի քմ է: Արեւմուտքը եւ հարաւը կը ողողուի սեւ, արեւելքը՝ Ազովի ծովերով: Արեւելաեւրոպական հարթավայրին կը միանայ Պերեկոպի նեղ (մինչեւ 8 քմ) պարանոցով: Ղրիմի արեւելքը կը գտնուին կերչ, արեւմուտքը՝ Թարխանկուտ․ թերակղզիները, հիւսիս-արեւելեան ամբողջ ծովեզերքի երկայնքով կը ձգուի Սիւաշը:
Միջազգային յարաբերութիւններ
ԽմբագրելՌԴ դերը միջպետական կառոյցներ
ԽմբագրելՅարաբերութիւնները նախկին ԽՍՀՄ երկրներու հետ
ԽմբագրելՌուսական սփիւռքը
ԽմբագրելՌուսական սփիւռքի քանակութեան մասին կան շատ աղբիւրներ[16], սակայն հստակ քանակութիւնը հեղինակային աղբիւրներու մէջ չի յայտարարուիր։
Երկիր | Ռուսերու քանակութիւնը |
---|---|
Կաղապար:UKR | 5 314 100[17] |
Կաղապար:KAZ | 4 480 000[18] |
United States | 3 129 738[19][20] |
Կաղապար:BLR | 1 142 000[21] |
Israel | 1 100 000[22] |
Կաղապար:LAT | 626 840[23] |
Կաղապար:UZB | 620 000[24] |
Կաղապար:Country data ՂրղզստանՂրղզստան | 604 000[25][26] |
Կաղապար:CAN | 500 600[27] |
Կաղապար:EST | 344 280[28] |
Կաղապար:Country data ԹուրքմենստանԹուրքմենիստան | 314 000[29] |
Կաղապար:UK | 300 000[30] |
Կաղապար:Country data ԼիտվաԼիտուա | 220 000[31] |
Կաղապար:Country data ՄոլդովաՄոլդովա | 202 000[32] |
Կաղապար:BRA | 200 000[33] |
Կաղապար:GER | 178 600[34] |
Կաղապար:AZE | 144 000[35][36] |
Կաղապար:Country data ՉիլիՉիլի | 70 000[37] |
Կաղապար:Country data ՏաջիկստանՏաճիկիստան | 68 200[38] |
Կաղապար:GEO | 67 671[39][40] |
Կաղապար:AUS | 67 550[41] |
Կաղապար:UAE | 56 600[42] |
Կաղապար:BEL | 50 000[43] |
Կաղապար:FIN | 51 683[44] |
Կաղապար:ESP | 42 585[45] |
Կաղապար:Country data ԼիբանանԼիբանան | 40 000[46] |
Կաղապար:ITA | 30 504[47] |
Կաղապար:ARG | 30 000[48] |
Կաղապար:ROM | 30 000[49] |
ՉինաստանՉինաստան | 15 600[50] |
Կաղապար:BUL | 15 595[51] |
ՀայաստանՀայաստան | 14 660[52] |
Կաղապար:NOR | 13 914[53] |
Կաղապար:GRE | 13 635 |
Կաղապար:POL | 10 244 |
Կաղապար:AFG | 1 500[54] |
Կաղապար:NZ | 10 235[55] |
Կաղապար:CYP | 10 000 |
Կաղապար:SWE | 9 000[56] |
Կաղապար:Country data ՃապոնիաՃաբոն | 6 000 |
Կաղապար:AUT | 5 466 |
Կաղապար:POR | 5 114 |
Կաղապար:CZE | 5 062[57] |
Կաղապար:SYR | 4 811[58] |
Կաղապար:VEN | 4 600[59] |
Կաղապար:Country data ՄոնղոլիաՄոնկոլիա | 4 100[60] |
Կաղապար:TUR | 3 514[61] |
Կաղապար:JOR | 3 033[52] |
Կաղապար:Country data ՍերբիաՍերբիա | 2 588[62] |
Կաղապար:Country data Հարավային ԱֆրիկաՀարաւային Ափրիկէ | 1 300[63] |
Կաղապար:MEX | 1 293[64] |
Կաղապար:LUX | 943[65] |
Կաղապար:ETH | 319[66] |
Կաղապար:Country data Պուերտո ՌիկոՊուերտո Ռիկո | 269[67] |
Կաղապար:EGY | 200[65] |
- Ռուսները Հայաստանի բնակչութեան կազմին մէջ ազգային փոքրամասնութիւններէն երկրորդն են եզդիներէն ետք։ Համաձայն 2011 թուականի մարդահամարի Հայաստանի մէջ ռուսական սփիւռքի քանակը 14.660 մարդ կը կազմէ։[68] Նախկինին մէջ ռուս բնակչութեան քանակութիւնը աւելի մեծ էր, սակայն Սպիտակի երկրաշարժի, ԽՍՀՄ փլուզման եւ երկրին մէջ կտրուկ տնտեսական անկման պատճառով ռուսերու մեծ մասը անկախութեան առաջին տարիներուն արտագաղթեց Ռուսաստան։ Ռուսերը Հայաստանի մէջ ներկայացուած են մոլոկաններով եւ սովետական ժամանակաշրջանին Հայաստան տեղափոխուած ժառանգներէն:
- Ըստ 2006 թուականի Մարդահամարի, աւելի քան 67, 000 մարդ նշած են իրենց ռուսական ծագում, որոնցմէ 15, 000-ը ծնած են Ռուսաստանի մէջ։ Իսկ մօտ 36, 000 մարդիկ կը տիրապետեն ռուսերէն լեզուին։
- 2008 թուականի վերջերուն ռուսական սփիւրքը Ռիո-դե-Ժանեյրոյի մէջ աւել չէր ընդհանուր 100 մարդ։[69] Ըստ 2013 թուականի վերջին տուեալներուն սփիւռքը աճած է դառնալով 300 մարդ։
Բնակչութիւն
ԽմբագրելՎիճակագրութիւն
ԽմբագրելԲնական աճ
Խմբագրել2010-ի մարդահամարի տուեալներով Ռուսաստանի մէջ կը բնակէր 142 905 200 մարդ։ Այս ցուցանիշով Ռուսաստանը աշխարհի մէջ 9-րդ տեղը կը գրաւէ։ Միջին խտութիւնը կը կազմէ 8, 36 մարդ/1 կմ2-ի մէջ, բայց այսպիսի բնակչութիւնը կը բնակի Ռուսաստանի մէջ շատ անհաւասարաչափ։ Ռուսերու 78 %-ը կը բնակի երկրի եւրոպական մասը, որ կը կազմէ տարածքի մօտ 25%-ը։ Ամենամեծ միջին խտութիւնը Մոսկուայի մէջ է՝ 4626 մարդ/1 քմ2-ի մէջ, իսկ ամենափոքր միջին խտութիւնը արձանագրուած է Չուկոտկայի մէջ՝ 0, 07 մարդ/ 1 քմ2-ի մէջ։ Ըստ 2010-ի տուեալներու բնակչութեան 73 %-ը կը բնակին քաղաքներուն մէջ։ Ըստ 1 յունուար 2013-ի տուեալներու 166 քաղաքներուն մէջ կ՛ապրի աւելի քան 100 հզ. մարդ։ Իսկ 15 քաղաքներուն մէջ աւելի քան 1 միլիոն մարդ։
Ռուսաստանը բնակչութեան թիւով աշխարհի առաջատար պետութիւններէն է։ Կ՛ապրին ժողովուրդներ, ազգեր եւ ազգութիւններ։ Մեծամասնութիւն կը կազմեն ռուսերը՝ արեւելասլավոնական առաւել մեծաթիւ ազգը՝ շուրջ 81 տոկոս։ Վերջին տարիներու տնտեսական ծանր անկման հետեւանքով Ռուսաստանի բնակչութիւնը նուազած է։ Բնական աճի ցուցանիշը բացասական է (2000-2005 թուականներ՝ - 0, 6%), այլ կերպ ասած՝ երկրին բնորոշ է դեպոպուլեացիան (ժողովրդագրական ձմեռ, ճգնաժամ)։ Այդ պայմաններուն մէջ երկրին մէջ կը զգացուի աշխատանքային ուժի պակաս։ ԽՍՀՄ նախկին հանրապետութիւններէն, Չինաստանէն եւ այլ երկրներէն շուրջ 11 միլիոն մարդ կ՛աշխատի Ռուսաստանի տարբեր տարածաշրջաններուն մէջ։ Ժողովրդագիրներու կանխատեսմամբ՝ 2050 թուականին Ռուսաստանի բնակչութեան թիւը կը նուազի ու կը հասնի 112 միլիոնի։ Բնական աճի ցուցանիշը միջինէն բարձր է Կեդրոնական, Ուրալեան եւ Կուզբասի արդիւնաբերական շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Հիւսիսային Կովկասի եւ իսուլմանական այլ ժողովուրդներու մօտ։
Ժողովրդագրական ճգնաժամը հաղթահարելու նպատակով Ռուսաստանի Պետդուման 2006 թուականին ընդունած է ծնելիութեան բարձրացումը խթանող որոշում, ըստ որուն նախատեսուած է ընտանիքի մէջ ծնած երրորդ երեխայի համար կատարել մօտ 8, 5 հազար տոլար համարժէք աջակցութիւն։
Աճման տեմպ եւ սեռատարիքային կառուցուածք
Խմբագրել2000-ականներուն ծնելիութեան աճի եւ մահածութեան մակարդակի նուազման պատճառով բնակչութեան նուազման առագութիւնը սկսաւ կրճատուիլ։ 2009-էն սկսեալ բնակչութեան թուաքանակը սկսաւ աճիլ][70][71]։ Այժմ Ռուսաստանի մէջ բնական վերաճ է՝ ծնելութիւնը կը գերազանցէ մահածութեանը։ Յունուարէն հոկտեմբեր 2012-էն, ծնելիութեան գործակիցը Ռուսաստանի մէջ 13, 3 մարդ կը կազմէր (1000-էն), մահածութեանը՝ 13, 3, իսկ բնական վերաճի գործակիցը 0, 0։ Միւս տարիներու հետ համեմատած կը նկատուի ծնելիուեյան աճ, մահածութեան անկում եւ բնական վերաճի գործակցի աճ[72]։
Ռուսաստանի բնակչութեան միջին տարիքը 39 տարեկանն է։
Սեռերու յարաբերակթյութեան ցուցանիշ՝ 0, 86 տղայ - 1 աղջիկ։ Այս ցուցանիշի փոփոխութիւնը տարբեր տարիքային խումբերուն մէջ ամբողջովին կը համապատասխանէ համաշխարհային միտումներուն։
1, 06 ծնունդի ժամանակ, 1, 06 15 տարեկանէն ցած դէմքերու համար, 0, 91- 15-էն 64 տարեկան եւ 0, 43- 65 տարեկանէն բարձր։
Տարիքային կառուցուածք
- 0-14 տարեկան. 15, 1 % (տղաներ 11, 9 մլն/աղջիկներ 10, 4 մլն)
- 15—64 տարեկան. 72, 0 % (տղաներ 48, 9 մլն/աղջիկներ 53, 3 մլն)
- 65 տարեկան եւ աւելի. 12, 9 % (տղաներ 5, 7 մլն/աղջիկներ 12, 6 մլն) (ըստ 2010 թուականի տուեալներու)][73]
Միջին տարիք
- ընդհանուր։ 38, 7 տարեկան
- տղաներ։ 35, 5 տարեկան
- աղջիկներ։ 41, 9 տարեկան (ըստ 2011 թուականի տուեալներու)
Քաղաքայնացնում
ԽմբագրելՈւրբանիզացվածության մակարդակն ամենաբարձրն է ԽՍՀՄ-ի նախկին հանրապետութիւններու շարքին մէջ (73%)։ Արեւելեան շրջաններուն մէջ քաղաքային բնակչութեան բաժինը աւելի մեծ է, որ կը բացատրուի գիւղատնտեսութեան զարգացման սահմանափակ հնարաւորութիւններով։ Արդիւնաբերութեան որոշ արտադրութիւններու կրճատման, աշխարհագրական կտրուածութեամբ պայմանաւորուած տնտեսական դժուարութիւններու եւ կեանքի որակի անկման պատճառով արեւելեան շրջաններէն շուրջ 3 միլիոն մարդ վերջին 1, 5 տասնամեակուն գաղթած է Ռուսաստանի արեւմտեան շրջաններ: ուրբանիզացուածութեան մակարդակը միջինէն ցած է կեդրոնական սեւահողային եւ հիւսիսկովկասեան զարգացած գիւղատնտեսական շրջաններուն մէջ։ Այստեղ գիւղերը կ՛արանձնանան մարդաշատութեամբ: Հիւսիսի անտառային գօտիին մէջ գիւղերը շատ փոքր են, երբեմն՝ քանի մը տնտեսութեամբ (խուտոր):
Ռուսաստանի մէջ կայ շուրջ 2000 քաղաք, որոնցմէ 15-ը՝ աւելի քան մէկ միլիոն, իսկ շուրջ 170-ը՝ աւելի քան 100 հազար բնակչութեամբ։
Քաղաք | Բնակիչ | Քաղաք | Բնակիչ | Քաղաք | Բնակիչ |
---|---|---|---|---|---|
Մոսկուա | ↗12 108 257 | Կազան | ↗1 190 850 | Ուֆա | ↗1 077 719 |
Սէյնթ Բեթերսպուրկ | ↗5 131 942 | Սամարա | ↗1 171 598 | Կրասնոյարսկ | ↗1 035 528 |
Նովոսիբիրսկ | ↗1 547 910 | Օմսկ | ↗1 160 670 | Պերմ | ↗ 1 026 477 |
Եկատերինբուրգ | ↗1 396 074 | Չելեամբինսկ | ↗1 156 201 | Վոլգոգրադ | ↗1 018 790 |
Նիժնի Նովգորոդ | ↗1 272 719 | Ռոստով-նա-Դոնու | ↗1 109 800 | Վորոնեժ | ↗1 014 610 |
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 (unspecified title)
- ↑ https://www.worldometers.info/world-population/russia-population/
- ↑ http://info.nic.ru/node/3204
- ↑ Human Development Report — Միավորված ազգերի կազմակերպության զարգացման ծրագիր, 2022.
- ↑ Յովհաննէս Բարսեղեան (2006)։ «Աշխարհագրական անունների հայերեն տառադարձության մասին որոշում»։ Տերմինաբանական եւ ուղղագրական տեղեկատու։ Երեւան: 9-րդ հրաշալիք։ էջ 53։ ISBN 99941-56-03-9
- ↑ Library of Congress։ «Topography and Drainage»։ արտագրուած է՝ 2007 թ․ դեկտեմբերի 26–ին
- ↑ 7,0 7,1 "Online Etymology Dictionary". Etymonline.com. Retrieved 2 November 2011.
- ↑ Соловьёв А. В. Византийское имя России // Византийский временник. — 1957. — № 12. — С. 134–155.
- ↑ Хорошкевич А. Л. Символы русской государственности. -М. :Изд-во МГУ, 1993. ISBN 5-211-02521-0 — C.40
- ↑ Milner-Gulland، R. R. (1997). The Russians: The People of Europe.
- ↑ Anthony, David W. (2007), The Horse, the Wheel, and Language: How Bronze-Age Riders from the Eurasian Steppes Shaped the Modern World, Princeton University Press, ISBN 0-691-05887-3
- ↑ «elib.ispu.ru»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-03-03-ին։ արտագրուած է՝ 2016-02-08
- ↑ Великий Октябрь. Атлас. — М.: Главное управление геодезии и картографии при Совете министров СССР, 1988. — С. 48.
- ↑ Ռուսերէն՝ «Декларация прав трудящегося и эксплуатируемого народа»
- ↑ Ռուսերէն՝ «Российская Советская Республика учреждается на основе свободного союза свободных наций как федерация Советских национальных республик»
- ↑ Ռուսական սփյուռք(ռուս.)
- ↑ Всеукраинская перепись населения 2001 года.
- ↑ «(1999 census)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-03-07-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-26
- ↑ The numbers collected by the National Census are based on the country of origin and include among ethnic Russians significant amount of Jews, Ukrainians, Tatars and other people who stated Russia as the country of their ancestry
- ↑ «(2000)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-12-23-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-26
- ↑ (1999)
- ↑ МИД России | 12/10/2003 | ДОКЛАД МИНИСТЕРСТВА ИНОСТРАННЫХ ДЕЛ РОССИЙСКОЙ ФЕДЕРАЦИИ «РУССКИЙ ЯЗЫК В МИРЕ», МОСКВА, 2003 ГОД
- ↑ «Latvijas iedzīvotāju sadalījums pēc nacionālā sastāva un valstiskās piederības»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-07-22-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-26
- ↑ (2005)
- ↑ (1999)
- ↑ «13.5 % of the population»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-11-27-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-26
- ↑ «(2006)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-03-09-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-26
- ↑ (2007)
- ↑ Turkmen pledge on Russian rights, BBC News
- ↑ Russians in the United Kingdom
- ↑ (2001)
- ↑ «(2004)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-11-24-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-26
- ↑ «(2005)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-09-28-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-26
- ↑ (2003)
- ↑ «CIA — The World Factbook»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-07-09-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-26
- ↑ Southern Caucasus: Facing Integration Problems, Ethnic Russians Long For Better Life
- ↑ Embajada de la Federación de Rusia en la República de Chile. "Los primeros rusos en Chile." Archived 2009-06-02 at the Wayback Machine.
- ↑ (2000)
- ↑ (2002 census)
- ↑ Georgia: Ethnic Russians Feel Insulated From Tensions, Radio Free Europe
- ↑ Category No. 2068.0 — 2006 Census Tables
- ↑ «Cre’ditos»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-02-03-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-26
- ↑ «Сколько русских в Бельгии»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-03-31-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-26
- ↑ Immigrants and the difficulties of integration and getting into the cultural mainstream
- ↑ «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-07-26-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-26
- ↑ US govt. estimate
- ↑ Statistiche demografiche ISTAT
- ↑ Rusos en Argentina
- ↑ Informatii utile | Agentia Nationala pentru Intreprinderi Mici si Mijlocii
- ↑ «(2000 census)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-09-28-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-26
- ↑ (2002 census)
- ↑ 52,0 52,1 «(2002 census)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-02-05-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-26
- ↑ Statistics Norway
- ↑ Naumov, Alexander (2009-07-05), «The Russian Diaspora in Afghanistan», Russian Diaspora Communities, Russkiy Mir Foundation, արխիվացված օրիգինալից 2010-04-13-ին, https://web.archive.org/web/20100413005013/http://russkiymir.org/en/diaspora/index.php?id4=10892, վերցված է 2009 թ․ հուլիսի 29
- ↑ (2006 census)
- ↑ Joshua project — Ethnic groups of Sweden
- ↑ «(2002 census)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-02-23-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-26
- ↑ 2009 census
- ↑ Joshua Project — Ethnic People Groups of Venezuela
- ↑ Joshua Project — Ethnic People Groups of Mongolia
- ↑ Date census 2002
- ↑ «(2002 census)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-10-18-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-26
- ↑ «Orthodox Church of the South Africa»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-05-12-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-26
- ↑ (2000 census)
- ↑ 65,0 65,1 «État civil et population du Luxembourg — Répertoire des personnes physiques — Statistiques — 01.06.2008»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-05-24-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-26
- ↑ The Russians in Ethiopia — 57 (229): 319 — African Affairs
- ↑ «Puerto Rico — QT-P13. Ancestry: 2000»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-02-12-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-26
- ↑ 2002 census Archived 2012-02-05 at the Wayback Machine.(հայ.)
- ↑ Информационная телепрограмма «Время», эфир от 30 ноября 2008 г., 21:08 MSK
- ↑ Ռուսաստանի աճի ցուցակը
- ↑ Ռուսաստանի աճի ցուցակը
- ↑ Ռուսաստանի բնակչության աճի ցուցակը
- ↑ [1]