Վիեննական Պարահանդէս

Վիեննական պարահանդէս (գերմաներէն՝ Wiener Opernball), աւանդական միջոցառում, որ կը կազմակերպուի Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ պարահանդէսային ժամանակաշրջանին: Վիեննական պարահանդէսները ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ մինչեւեւ 2012 ներառուած եղած են ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ, սակայն հետագային, կապուած պարահանդէսին ֆաշիստական տարրերու կիրարկման հետ, հեռացուած է ցուցակէն[1][2]: 1935-էն սկսեալ, ամէն տարի, մեծագոյն վիեննական պարահանդէսը կը կազմակերպուի Վիեննայի պետական օփերային մէջ, Մոխրոտ չորեքշաբթիին յաջորդող հինգշաբթի օրը[3][4]:

Վիեննայի պետական օփերայի շէնքը
Օփերայի երգչուհի Մարկարիթա Կրիտսքովան Վիեննական պարահանդէսի բացման արարողութեան երգելու ժամանակ, 2014
Հրապարակային մուտքը բացման արարողութեան, 2014

Չափանիշներ Խմբագրել

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն հաստատած է այն չափանիշները, որոնց պէտք է համապատասխանեն պարահանդէսները, որպէսզի Վիեննական պարահանդէս նկատուին: Ի թիւս այլ դրսեւորումներու՝ պէտք է յստակօրէն հետեւիլ պարահանդէսային յատուկ կանոնակարգին ու պարահանդէսի կայանալիք կանոններուն: Պարահանդէսի բացումը պէտք է կատարեն առաջին անգամ ելոյթ ունեցող երիտասարդ զոյգերը, կէս գիշերին պարտադիր պէտք է ըլլայ կէս գիշերային ելոյթ եւ առաւօտեան կողմ կազմակերպուիլ պարահանդէսի հանդիսաւոր փակումը:

Պատմութիւն Խմբագրել

Վիեննական պարահանդէսներու պատմութեան սկիզբը կը ձգուի մինչեւ վիեննական քոնկրեսի ժամանակաշրջան: 19-րդ դարու առաջին կիսուն՝ Վիեննայի իւրաքանչիւր քարնաւալային եղանակի՝ ամէն երեկոյ, մօտ 250 պարահանդէս կը կազմակերպուէր: Պարերուն կը մասնակցէին գրեթէ բոլորը՝ արիստոկրատներէն մինչեւ հասարակ մարդիկ: 19-րդ դարու վերջաւորութեան կայսրութեան հիմնական իրադարձութիւններէն դարձան պալատական պարահանդէսները: Ատոնց մասնակցելու կը հրաւիրուէին միայն յայտնիները, այդ պատճառով ալ աւարտէն ետք պարահանդէսները շատ երկար ժամանակ քննարկման առարկայ կը դառնային Վիեննայի բնակիչներու շրջանին մէջ։ 1899-ին Ֆրանց Եոզեֆ Ա. կայսրը, սգալով կնոջ՝ Էլիզապէթ կայսրուհիի մահը, կ'արգիլէ պարահանդէսները:

Աւստրո-Հունգարիոյ անկումէն ետք՝ 1921-ին, պալատական պարահանդէսներուն փոխարինելու եկան օփերային պարահանդէսները[5]: Ատոնք իրենց գոյութիւնը սկսած էին պալատական բազմանկիւն դահլիճներու մէջ, սակայն հետագային տեղափոխուած էին նոր օփերային թատրոնի շէնք, որ կառուցուած էր Ֆրանց Եոզեֆ Ա. կայսեր հրամանով 1869-ին: Այնտեղ ալ 11 Դեկտեմբեր 1877-ին տեղի ունեցաւ առաջին մեծ օփերային պարահանդէսը, որուն ժամանակ նուագախումբը ղեկավարեց Էդուարդ Շտրաուսը՝ յայտնի երաժշտահանի կրտսեր եղբայրը[6]: Նոր պարահանդէսի առանձնայատկութիւնը այն էր, որ իգական սեռի ներկայացուցիչները իրենց դէմքը պարտադրաբար պէտք էր քողարկէին դիմակներով: Զուգընկերոջ ընտրութեան իրաւունքը վերապահուած էր իգական սեռի ներկայացուցիչներուն: Այս «խորհրդաւոր խաղին» մէջ ինքնադրսեւորուելու կարելիութիւնները սկիզբը վատօրէն ընդունուեցաւ պահպանողականներու կողմէ, բայց մեծ ճանաչում բերաւ պարահանդէսին[7]:

Ժամանակակից տեսակի առաջին օփերային պարահանդէսը՝ նոր անունով եւ կանցլեր Քուրտ Շուշնիկի հովանաւորութեամբ, կազմակերպուեցաւ 1935-ին Վիեննայի պետական օփերայի շէնքին մէջ[8]: Գերմանիոյ Աւստրիոյ բռնակցումէն ետք պարահանդէսները դադրեցան կայանալէ: Օփերային պարահանդէսնները իրենց գոյութիւնը վերսկսան Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք, միայն՝ 1956-ի Փետրուարին[9][10]:

Մասնակիցներ Խմբագրել

Օփերային պարահանդէսը կը բանայ հռչակաւոր փոլոնեզը, որուն կը մասնակցին միայն նախապէս ընտրուած երիտասարդ զոյգերը: Օփերային պարահանդէսի բացման արարողութեան կը մասնակցի մօտաւորապէս 200 զոյգ: Բացման փոլոնեզէն ետք պարահանդէսներէն շատերուն սկսնակ զոյգերը կը պարեն ուրախ փոլքա եւ իրենց ելոյթը կ'աւարտեն վալսով: Մասնակիցներու ընտրութեան հիմնական չափանիշը պարելու ունակութիւնն է, մասնաւորապէս՝ վալսի աջակողմեան եւ ձախակողմեան պտոյտներ ընելու կարողութիւնը: Յաւելեալ պահանջքը բեմական հագուստի ընտրութեան կը վերաբերի: Պարահանդէսի բացման արարողութեան մասնակցող աղջիկները պէտք է հագնին սպիտակ զգեստ եւ ունենան փոքրիկ ծաղկեփունջ: Օփերային պարահանդէսին անոնք պէտք է նաեւ թագի տեսքով գլխազարդեր կրեն, որոնց ոճը իւրաքանչիւր տարի կը փոխուի: Զուգընկերները պէտք է ֆրակ կամ մունդիր կրեն. չնայած որոշ պարահանդէսներուն թոյլատրելի է նաեւ սմոքինկը: Վալսը սկսելէ առաջ պարահանդսի բացումը կատարող երիտասարդ զոյգերը կրկին պէտք է ցոյց տան իրենց պարային հմտութիւնները՝ այս անգամ պարելով արդէն ձախակողմեան վալս:

Պարահանդէսի մեծութենէն կախուած՝ անիկա կրնայ ընդունիլ տարբեր քանակութեամբ հիւրեր: Մեծագոյն պարահանդէսը կրնայ այցելել մօտաւորապէս 5000 հիւր եւ մօտաւորապէս 1000 սպասարկող, որոնց մէջ կը մտնեն երաժիշտները, խոհարարները, դերձակներն ու կոշկակարները:

Պարահանդէսային Եղանակ Խմբագրել

 
Վիեննական պարահանդէսը 1904-ին

Վիեննայի մէջ պարահանդէսային եղանակը կը սկսի 11 Նոյեմբերէն մինչեւ ֆաշինկի երեքշաբթի: Որոշ պարահանդէսներ կրնան կազմակերպուիլ նաեւ այլ ժամանակաշրջաններու:

Տարուան առաջին մեծ պարահանդէսը աւանդաբար կը կազմակերպուի Ամանորի գիշերը՝ Հոֆպուրկի մէջ։ Անիկա Պալատական պարահանդէսն է: Այդ պարահանդէսին կը հնչեն միապետութեան ժամանակաշրջանի ամենայայտնի մեղեդիները՝ Շտրաուսի եւ Լեհարի վալսերը եւ վիեննական դասականներու երաժշտութիւնը՝ Մոցարթ, Պեթհովեն, Եոզեֆ Հայտն:

Պարահանդէսային եղանակին Վիեննայի մէջ կը կազմակերպուի մօտաւորապէս 300 պարահանդէս՝ տարբեր մասնագիտութիւններու պարահանդէսներէ սկսած (իրաւաբաններու պարահանդէս, որսորդներու պարահանդէս) եւ աւարտած պետական ու մշակութային կազմակերպութիւններու մեծ պարահանդէսներով (վիեննական ֆիլհարմոնիքներու պարահանդէս, օփերային պարահանդէս):

Պարահանդէսներու յառաջատարը անբողջ Եւրոպայի մէջ Վիեննայի Օփերային պարահանդէսն է: Անիկա սովորաբար կը կազմակերպուի Փետրուարի կէսերին եւ կը համընկնի «ֆաշինկներ»-ու տօնական օրերու հետ, որոնք աւստրիական ուրախ քարնաւալներն ու դիմակահանդէսներն են: Անոնք համազօր են պետական ընդունելութիւններուն եւ ատոնց ներկայ կը գտնուի նաեւ Աւստրիոյ նախագահը:

Ամէն ինչ կը սկսի աւանդական փոլոնեզէն, որուն կը մասնակցին առաջին անգամ ելոյթ ունեցողները: Առաջին պարէն ետք կը սկսին պարել բոլորը: Բայց բոլորը անհամբեր կը սպասեն ամէնէն գլխաւոր պարին, որ հռչակաւոր վիեննական վալսը կը նկատուի:

Գրականութիւն Խմբագրել

  • Jan Zawiejski: Die Adaptirung des k. k. Hofoperntheaters in Wien für Opernredouten. (Vortrag, gehalten in der Fachgruppe für Architektur und Hochbau am 14. Februar 1899). In: Paul Kortz (Red.): Zeitschrift des Oesterreichischen Ingenieur- und Architekten-Vereines. Band 51.1899, Nr. 11.1899, LI. Jahrgang. Eigenverlag, Wien 1899, S. 157–161. – Volltext online (PDF; 18 MB).(գերմ.)
  • Heinrich Kralik: Die Wiener Oper. Rosenbaum, Wien 1962, OBV.(գերմ.)
  • Christl Schönfeldt: Der Wiener Opernball. 2., erweiterte Auflage. Koska, Wien/Berlin 1980, OBV.(գերմ.)
  • Markus Niklas Ludvik: Grundrechtsverletzungen durch die Exekutive bei Demonstrationen in Österreich unter (besonderer) Berücksichtigung des Polizeieinsatzes in der „Hainburger Au“, sowie beim „Wiener Opernball 1990“. Diplomarbeit. Universität Salzburg, Salzburg 1991, OBV.(գերմ.)
  • Ulrike Messer-Krol (Hrsg.), Karlheinz Roschitz: Der Wiener Opernball. Vom Mythos des Walzertanzens. Erste Auflage. Brandstätter, Wien 1995, ISBN 3-85447-639-6.(գերմ.)
  • Sabine Schiechl: Der Wiener Opernball – kulturtheoretische Überlegungen zu einer erfundenen Tradition als ruhendem Pol im Wandel der Zeit. Diplomarbeit. Universität Graz, Graz 2001, OBV.(գերմ.)
  • Und wieder hieß es: „Alles Walzer!“ Schön, prickelnd, betörend – der Wiener Opernball. In: Peter Meier-Bergfeld: Volk, begnadet für das Schöne? Zehn Jahre Korrespondent in Österreich. Reportagen, Essays, Kommentare, Interviews. Books on Demand, Norderstedt 2003, ISBN 3-8334-0502-3, S. 46–50. – Inhaltsverzeichnis online.(գերմ.)
  • Klaus Schmeh: Der Kultfaktor. Vom Marketing zum Mythos. 42 Erfolgsstorys von Rolex bis Jägermeister. Redline Wirtschaft, Frankfurt am Main 2004, ISBN 978-3-636-01082-7. (Enthält ein ausführliches Kapitel über den Wiener Opernball).(գերմ.)
  • Johannes Kunz: Der Wiener Opernball. Molden, Wien 2006, ISBN 3-85485-186-3. – Inhaltsverzeichnis online (PDF; 34 kB).(գերմ.)
  • Wiener Opernball. Programm. Erscheint jährlich. Wiener Staatsoper Wien 2008–.(գերմ.)

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Արտաքին Յղումներ Խմբագրել