Փոքէմոնի խաղը ստեղծուած է 3 ճափոնցիներու կողմէ` Սաթոշի Թաժիրի, Քէն Սուկիմօրի եւ Ժունիշի Մասուտա:

Իրենց վիտէօ խաղի այս գաղափարը զարգացնելու համար, Սաթոշի Թաժիրի ներշնչուած է իր մանկութեան նախասիրած ժամանցէն` միջատներ հաւաքել:

Փոքէմոնի խաղին նպատակներէն մէկն է փորձել բռնել բոլոր էակները, երբեմն զանոնք փոխանակելով:

27 Փետրուար 1996-ին շուկայ կ'իջնէ Փոքէմոն խաղի կարմիր եւ կանաչ տարբերակը: Ան կը խաղցուի Նինթէնտօ ընկերութեան Կէյմոյ փոքր խաղամեքենային վրայ: Խաղը սեւ եւ ճերմակ է, սկիզբը անիկա մեծ յաջողութիւն չ'ունենար:

Սակայն վաճառումը յանկարծ մեծ վերելք կ'արձանագրէ չորս շաբաթ ետք: Այս ձեւով Փոքէմոն պիտի դառնայ Ճափոնի պատմութեան ամէնէն շատ ծախուած վիտէօ խաղը: Ան այս տիտղոսը բնաւ չէ կորսնցուցած[1]:

Փոքէմոններու Թիւերը

  • 721  Փոքէմոնի կերպար
  • 275 միլիոն վիտէոյի խաղէն օրինակներ ծախուած են աշխարհի շուրջ
  • 21 միլիառ Փոքէմոնի խաղի քարտերու ծրարներ
  • Աւելի քան 800 պատկերասփիւռի յայտագիրներ

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել