Օ՜, ինչ աղուոր է եղեր Փանաման (Մանկապատանեկան վիպակ)

Օ՜, ինչ աղուոր է եղեր ՓանամանԶարդիս մատենաշարի մանկապատանեկան վիպակ, յարմար 8-18 տարիքի։ Գերմաներէնէն արեւմտահայերէնի թարգմանած է Անի Կարմիրեան (2023)։ Ժապաւէնի վերածուած է 2006-ին (IMDb)։

Օ՜, ինչ աղուոր է եղեր Փանաման
նկարներ գերմաներէն հրատարակութենէն (Oh, wie schön ist Panama, Եանոշ)
Հեղինակ Եանոշ
Թարգմանիչ Անի Կարմիրեան (արեւմտահայերէնի թարգմանութիւն)
Լեզու հայերէն
Հրատարակուած 2023-ին Նոր Յառաջ հրատարակչատունէն
Հրատարակող Զարդիս - Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւն
Հրատարակուած Հայերէնով
2023
Գիրքի տեսակ մանկապատանեկան վիպակ

Աշխատութիւնը Խմբագրել

Մանկապատանեկան «Օ՜, ինչ աղուոր է եղեր Փանաման» վիպակը Անի կարմիրեան արեւմտահայերէնի թարգմանած է գերմաներէն բնագիրէն՝ «Oh, wie schon ist Panama» (հեղինակ՝ Եանոշ, 1978)։ Աշխատութիւնը հրատարակուած է 2023-ին Նոր Յառաջ հրատարակչատունէն։ Վիպակին էջերուն քանակն է 48։

Նիւթը Խմբագրել

Արջուկը եւ Վագրիկը մտերիմ ընկերներ են եւ ոչ մէկ բանէ կը վախնան, որովհետեւ անոնք երբ միասին են խենթենալիք ուժեղ են։ Գետեզերքին իրենց քարաշէն ծխնելոյզով տունին մէջ շատ հանգիստ կ՛ապրէին․ մէկը ձկնորսութեան կ՛երթար, իսկ միւսը անտառ՝ սունկ հաւաքելու։ Սակայն օր մը, երբ գետակին ջուրերուն վրայ «Փանամա» արձանագրութեամբ ծփացող սնտուկ մը կը գտնեն եւ պանանի հոտը կ՛առնեն, կ՛որոշեն թէ իրենց երազներուն երկիրը այդ է եւ ճամբայ կ՛իյնան Փանաման փնտռելու։ Ճամբորդութեան ընթացքին գեղեցիկ անակնկալներու կը հանդիպին, սակայն ո՞ւր է Փանաման։ Աղուէսը, Կովը, Մկնիկը... իրենց օգտակար չեն կրնար ըլլալ. միայն Ագռաւը օգնել կրնայ։ Վերջապէս, երբ կը նորոգեն իրենց տունիկը, կը գտնեն իրենց փնռածը։

Հերոսները Խմբագրել

Արջուկը եւ Վագրիկը

[1] [2] [3] [4] [5] [6]

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել