Աբրահամ Շատարեւեան

Աբրահամ Շատարեւեան (1855), հայ բժիշկ։

Աբրահամ Շատարեւեան
Ծնած է 1855
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է մօտ 1855 թուականին։ Ստացած է բժշկական բարձրագոյն կրթութիւն։ 1895 թուականի դրութեամբ, եղած է Եդեսիոյ քաղաքապետական բժիշկը։ Եդեսիոյ մէջ յայտնի եղած է «Հաքիմ Աբրահամ» անունով։

1895 թուականի Սեպտեմբեր ամսուան մէջ՝ Կիրակի օր մը, 12 զինուած թուրքեր մտած են Եդեսիա քաղաքի հայոց թաղը, տունէն դուրս կանչած՝ հայ եկեղեցւոյ գանձապահ Պօղոս Սարաֆեանին եւ դրան առջեւ դաշունահարելով սպանած։ Հայ երիտասարդները, հետապնդելով փախչող թուրքերուն, բռնած են անոնցմէ մէկուն՝ պերեճիկցի Իսմայիլին, որուն ձեռքին եղած է արիւնոտ դաշոյնը եւ յանձնած հայոց եկեղեցւոյ մօտ գտնուող ոստիկանատուն։ Թուրք ոստիկանները սուինով սպանած են Իսմայիլին՝ ըսելով. «Մեր օգուտի համար հայերը քեզ սպանելու էին։ Քանի որ ողջ այստեղ հասար, պէտք է որ մենք քեզ սպանենք, ապա` հայերուն այդ առիթով նեղը դնենք եւ թուրքերուն ոտքի հանենք։ Դոնւ մեր ազգային նահատակն ես։ Դու պիտի մեռնիս, որպէսզի ուրիշները քու ետեւէդ գան»։ Շատ չանցած՝ ոստիկանատուն ժամանած են ոստիկանական նոր ուժեր։ Իսմայիլի դիակը կառավարչատուն տարած են։ Քաղաքի բժիշկ Աբրահամ Շատարեւան, զննելով դիակը, յայտարարած է, որ Իսմայիլին սպանած են սուինով (իսկ սուինով կարող էին սպանել միայն թուրք ոստիկանները)։ Այդ ակնյայտօրէն հակասած է կառավարութեան տեսակէտին, ըստ որուն՝ Իսմայիլին սպանած էին հայերը։ Կառավարութիւնը հետամուտ չի եղած Պօղոս Սարաֆեանի սպանութեան եւ ոճրագործ Իսմայիլի միւս 11 ընկերները փնտռելու գործին։

Այդ դէպքէն՝ ետք անյայտ անձինք, բժիշկին վար նետած են իր պաշտօնատան (բուժարանի) տանիքէն ու սպանած՝ 40 տարեկան հասակին։

1915 թուականին ձերբակալուած է Աբրահամ Շատարեւեանի երիտասարդ որդին՝ Գէորգ Շատարեւեանը։

Գրականութիւն Խմբագրել

  • Գազանճեան Նիկողոս, Յուշագրութիւն Եդեսիոյ 1895-ի Ջարդէն Մինչեւ 1915-ի Հերոսամարտը եւ Եղեռնը, Երեւան, 2004, 224 էջ։
  • Իսկահատեան Յարութիւն, Վկայարան Հայկական Ցեղասպանութեան, Գիրք Բ., Պէյրութ, 2011, 352 էջ։

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։