Ագապի Նասիպեան-Էքմէքճեան

Դոկտոր Ագապի Նասիպեան-Էքմէքճեան (ծն.՝ Լիմասոլ, Կիպրոս - Մահ.՝ 21 Դեկտեմբեր 2018-ին, Կիպրոս) պատմաբան, նախկին տնօրէն Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Կիպրոսի Մելքոնեան կրթական հաստատութեան:[1]

Ագապի Նասիպեան-Էքմէքճեան
Ծնած է Լիմասոլ, Կիպրոս
Մահացած է 21 Դեկտեմբեր 2018
Մահուան վայր Կիպրոս
Ազգութիւն հայ
Մասնագիտութիւն Պատմական Գիտութիւններու Դոկտորի աստիճան
Գործունէութիւն պատմաբան,դասախօս, մանկավարժ, տնօրէնուհի եւ ուսուցչուհի
«Հայ ժողովուրդը երախտապարտ պէտք է ըլլայ դոկտ. Ագապի Նասիպեան-Էքմեքճեանի ձեռնհասութեամբ տաղանդաւոր պատմագէտ- պատմաբան մը ունենալուն համար»:

[2]

«Բայց ու՜ր պիտի պատրաստուի հայեցիութեամբ շնչող ու հայութեամբ տագնապող սերունդ մը որ նուիրուի ազգային ծառայութեան՝ եթէ ոչ հայեցիութեան ամրոց՝ հայադրոշմ հայ երկրորդական վարժարանին մէջ: Կը մասնաւորեմ երկրորդական վարժարանը, որովհետեւ բնական պատճառներով, պատանին այս տարիներուն է որ կը կազմաւորուի ֆիզիքապէս, միտքով ու հոգիով եւ կը ստանայ զգացողութիւններ ու տպաւորութիւններ որոնք կ'ընկերանան իրեն կեանքի ամբողջ տեւողութեան: ՍԵՐՈՒՆԴ կը պատրաստուի երկրորդական վարժարանին մէջ:»
- Դոկտոր Ագապի Նասիպեան-Էքմէքճեան

[3]

Ուսում եւ պաշտօն Խմբագրել

  • Ան նախակրթութիւնը ստացած է Նիկոսիոյ Ազգային Մելիքեան-Ուզունեան վարժարանին մէջ, ապա յաճախած է Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն, որուն Վարժապետանոցի բաժինէն շրջանաւարտ եղած է 1947-ին:
  • Համալսարանական ուսումը ստացած է Միացեալ Թագաւորութեան տարբեր համալսարաններէն. «Պսակաւոր Արուեստից» վկայականի տիրացած է Լոնտոնի Համալսարանէն, «Մագիստրոս Արուեստից»՝ Կլասքոյի Համալսարանէն:
  • 1982-ին, Օքսֆորտի Համալսարանէն տիրացած է Պատմական Գիտութիւններու Դոկտորի աստիճանին, պաշտպանելով “Britain and the Armenian Question 1915-1923” (Բրիտանիա եւ Հայկական Հարցը 1915-1923) թեզը, որ ունեցած է երեք հրատարակութիւն՝ 1984-ին եւ 1985-ին, իսկ հայերէն թարգմանութեամբ՝ 1994-ին:
  • 1951-էն 1975 (ընդմիջումներով), Մելգոնեան Կրթական Հաստատութենէն ներս դասաւանդած է աշխարհագրութիւն եւ ընդհանուր ազգաց պատմութիւն դասանիւթերը:
  • 1985-էն 1988 վարած է Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան տնօրէնուհիի պաշտօնը:
  • Տարբեր տարիներ եղած է Ազգային Առաջնորդարանի Աղքատախնամ մարմնին եւ Հ. Բ. Ը. Մ.-ի Նիկոսիոյ մասնաճիւղի Տիկնանց վարչութեան ատենապետուհին: *Վեթերան անդամ է Հ. Բ. Ը. Միութեան:

Շքանշան Խմբագրել

Կրթական եւ մշակութային գործունէութեան համար 1997-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱԱրամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին կողմէ շքադրուած է «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով, իսկ 2003-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ՝ «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանով:[4]


Տե՛ս նաեւ Խմբագրել

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն

Աղբիւրներ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել