Ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարան

1939-ին Մուսա Լերան հայկական 6 գիւղերու բնակչութիւնը փոխադրուեցաւ Այնճար, ուր անմիջապէս սկսաւ կրթական կեանքը։ Մուսա լեռցիներ լայն ու ընդարձակ վրանները կցելով կանգնեցուցին դպրոցը եւ հաւաքեցին երկսեռ աշակերտներ, հաստատեցին «Մուսա լերան հայ Ազգային վարժարանը, որուն «Վրան» վարժարան անունը տրուեցաւ։[1]

Ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարան
Տեսակ դպրոց
Տնօրէն Արմէն Թաշճեան
Դասարաններ Մանկապարտէզ բաժին՝ 4, Նախակրթարան՝ 6
Հասցէ Մեսրոպ Մաշտոց Պողոտայ,Այնճար, Պեքայ, Լիբանան

ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Խմբագրել

1940-ին, «Յառաջ» թերթի խմբագիր Շաւարշ Միսաքեանի անձնական նախաձեռնութեամբ, ֆրանահայութենէն կոկիկ գումար մը հանգանակուեցաւ եւ հիմը դրուեցաւ ներկայ նախակրթարանին՝ Ազգային Յառաջ վարժարան անունով։ Այնճարի գլխաւոր պողոտայի լեռնակողմի բարձրութեան վրայ կառուցուած Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ կողքին ազգային վարժարանի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 5 Մարտ 1941-ին՝ 755 երկսեռ աշակերտութեամբ։

ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ

Խմբագրել

Հայրենիք ներգաղթած ժողովուրդի կէսին հետ աշակերտութեան թիւն ալ կէսի իջաւ 1945-47 տարիներուն, ապա հետզհետէ տկարանալով 1954-55 տարեշրջանին մնաց միայն 135 աշակերտ։

  • 1955-ին վեկակենդանացաւ վարժարանի ամայացած խաղավայրերը եւ չորս տարուան զոհողութիւններէն ետք, վերականգնեցաւ վարժարանը եւ 1959-ին հիմը դրուեցաւ «Յառաջ» քոլեճին, որուն առաջին շրջանաւարտ սերունդը վկայականներ ստացան 1965-ին։
  • 1964-1965 կրթական տարեշջանին հետզհետէ բազմացող աշակերտութեան դիմաց, նախակրթարանի շէնքը դարձաւ անբաւարար. ուստի, մանկապարտէզը փոխադրուեցաւ մայրանոց եւ խնդրանք ներկայացուեցաւ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան նոր մանկապարտէզ կառուեցելու։
  • 1966-ին, Լիբանանի կրթութեան նախարարութիւնը չվաւերացուց երկրորդականի շրջանաւարտներուն վկայականները՝ անջատ շէնք չունենալու պատճառով, եւ ուստի, երկրորդական վարժարանի շէնք կառուցելը դարձաւ առաջնահերթութիւն։
  • Ապրիլ 1967-ին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժինի քարտուղար Վահրամ Մաւեան այցելեց վարժարան, ըմբռնեց կացութիւնը եւ 7500 տոլարի առաջին հանգրուանի յատկացումով հիմը դրուեցաւ երկրորդական շէնքին, որով կառուցուեցաւ ներկայ շէնքին 9-րդ եւ 10-րդ դասարանները, տեսչարանն ու քարտուղարութեան գրասենեակը։ 1967-ին այս բաժինի բացումին յայտարարուեցաւ, որ վարժարանը պիտի կոչուի «Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարան։ 1968-ին, երկրորդ դիմումով մը Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը 20,000 տոլարով բերաւ իր մասնակցութիւնը։ Գէորգ Էմմիեան պատրաստեց քոլեճին յատակագիծը եւ բծախնդրութեամբ հետեւեցաւ կառուցման աշխատանքներուն։
  • 1970-ին շէնքը ամբողջացաւ եւ պետական արտօնագիրը ապահովուեցաւ։
  • 1972-73 տարեշրջանի նախօրեակին կառուցուեցաւ պասքէթպոլի դաշտը եւ գիշերօթիկը աւելիով կազմակերպուեցաւ։
  • 1986-87 տարեշրջանին կառուցուեցաւ մանկապարտէզի «Գառնի» եւ նախակրթարանի «Կարս» խաղավայրերը, ինչպէս նաեւ վարժարանը օժտուեցաւ համակարգիչ կազմածով մը։
  • 1987-88 տարեշրջանին հաստատուեցաւ Բ. Պաքալորիայի դասարանը։
  • Յուլիս 1993-ին հաստատուեցաւ Ճորճորեան հիմնադրամը, որուն ճամբով օժանդակութիւն կը տրամադրուի այն շրջանաւարտներուն, որոնք կ’ուզեն հետեւիլ համալսարանական ուսման։

ՏՆՕՐԷՆՆԵՐ

Խմբագրել
  • 1941-1945 Գրիգոր Գուտուլեան
  • 1953-1963 Տէր Նարեկ Քհնյ․ Շիրիկեան
  • 1963-1965 Սարգիս Զէյթլեան
  • 1965-1975 Յովհաննէս Գարագաշեան
  • 1975-1994 Մովսէս Այնթապեան
  • 1994-1995 Գասփար Թաշճեան
  • 1995-1997 Յարութիւն Մանճեան
  • 1997-1999 Եսայի Հաւաթեան
  • 1999-2000 Սարգիս Տէր Խաչատուրեան
  • 2000-2002 Հրակ Սթամպուլեան
  • 2002-2003 Հայկ Տէր Պետրոսեան
  • 2003-2005 Սահակ Անտէքեան
  • 2005-էն մինչեւ այսօր Արմէն Թաշճեան

Վարժարանի խնամակութեան անդամներն են Սեդրակ Հաւաթեան, Խաժակ Այնթապեան, Հայթուկ Չափարեան, Թամար Անտոնեան, Պօղոս Ղուկասեան, Ցոլակ Քենտիրճեան եւ Թալին Սթանպուլեան։ Թալին Վիզոեան Սթամպուլեան՝ քարտուղարուհի, Թամար Սթամպուլեան Անտոնեան, Րաֆֆի Քէօշէեան:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել