Ազնաւուր կեդրոն


«Ազնաւուր» կեդրոն[1][2] (մամուլին մէջ յաճախ սխալմամբ կը յիշուի «Շառլ Ազնաւուրի տուն-թանգարան» տարբերակը[3][4]), Ազնաւուր հիմնադրամի առաջին մշակութային նախագիծը։ «Ազնաւուր» կեդրոնի նախագիծի ներկայացման ներկայ էին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը եւ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանը[5]։

Ազնաւուր կեդրոն

Տեղակայում Խմբագրել

«Ազնաւուր» կեդրոնը տեղակայուած է Երեւանի մէջ՝ Կասկատի բարձունքի վերին հատուածին մէջ։

Գործունէութիւն Խմբագրել

Պատկեր:Aznavour Center project presentation in Yerevan.jpg
«Ազնաւուր» կեդրոնի նախագիծի ներկայացում Երեւանի մէջ

Ազնաւուր կեդրոնին մէջ կը կազմակերպուին կրթական եւ մշակութային միջոցառումներ՝ համերգներ, ցուցահանդէսներ[6], համագումարներ։

Interactive թանգարան Խմբագրել

Ազնաւուր կեդրոնին մէջ կը նախատեսուի 2021-ին ստեղծել Interactive թանգարան, որուն 10 սրահներուն մէջ պիտի ներկայացուին Շարլ Ազնաւուրի կեանքի ամենաէական հանգրուանները՝ ընտանիքի պատմութենէն մինչեւ համաշխարհային ճանաչում։ Բաժինները պիտի ներկայացուին audiogeography-ի միջոցով՝ Ազնաւուրի ձայնի ուղեկցութեամբ, ինչպէս նաեւ պիտի տրամադրուին առիթներ նոր երգեր ստեղծելու եւ մշակելու համար[7]։

Կրթամշակութային կեդրոն Խմբագրել

Ազնաւուր կեդրոնին մէջ կը գործէ նաեւ կրթական եւ մշակութային կեդրոն մը, որ կը կեդրոնանայ երեք ոլորտներու՝ ֆիլմարուեստի, երաժշտութեան եւ ֆրանսերէնի վրայ[8]։

Ֆրանսերէնի ուսուցում Խմբագրել

Ազնաւուր կեդրոնին մէջ պիտի կազմակերպուի ֆրանսերէնի ուսուցում, ուր դասաւանդման դասական եղանակին զուգահեռ պիտի կիրառուի նաեւ ֆրանսերէնի իւրացման նոր ձեւ՝ Ազնաւուրի երգերուն բնագիրներուն եւ երաժշտութեան օգնութեամբ։ Ֆրանսական ինստիտուտի հետ համագործակցութեան շնորհիւ պիտի ստեղծուի ժամանակակից հարուստ մետիադարան:

Պատկերասրահ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել