Ազնիւ Հրաչեայ

Պոլսահայ դերասանուհի։

Ազնիւ Հրաչեայ (բուն անունով Ազնիւ Մինասեան, 25 Յունիս 1853(1853-06-25) կամ 20 Մայիս 1859(1859-05-20)[1], Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1919[2] կամ 20 Մայիս 1920(1920-05-20)[3], Դիլիջան, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն), պոլսահայ դերասանուհի։

Ազնիւ Հրաչեայ
Ծննդեան անուն Ազնիւ Մինասեան
Ծնած է 25 Յունիս 1853(1853-06-25) կամ 20 Մայիս 1859(1859-05-20)[1]
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1919[2] կամ 20 Մայիս 1920(1920-05-20)[3]
Մահուան վայր Դիլիջան, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Ռուսական Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն դերասանուհի, թատերական ռեժիսոր
Աշխատավայր Արեւելեան Թատրոն
Վարդովեան թատրօն

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է Պոլիս։

Մինասեան՝ 1869 թուականին բեմ բարձրանալով, իբրեւ բեմական անուն ընտրած է «Հրաչեայ» մականունը[4]։ Ան խաղցած է նշանաւոր թատրոններու մէջ, ինչպէս՝ Կ.Պոլսոյ «Արեւելեան թատրոն»ը, Պետրոս Մաղաքեանի գլխաւորած «Արեւելեան», ապա՝ Յակոբ Վարդովեանի «Օսմանեան» թատերախումբերը: Խաղցած է պատմահայրենասիրական ողբերգութիւններու, իտալական, ֆրանսական ներկայացումներու մէջ, իսկ 1880-ական թուականներուն բեմ բարձրացած է Թիֆլիսի հայկական թատերախումբին հետ։

1896 թուականին իր զաւակներով գաղթած է Թիֆլիս։ Այնուհետեւ, նիւթական ծանր վիճակին պատճառով տեղափոխուած է Պաքու՝ Պերճուհի դստեր քով, որ հոն ամուսնացած էր: Ազնիւ Հրաչեայ իր յուշերը գրած է Պաքուի մէջ:

Մահ Խմբագրել

Ծանր հիւանդութեան պատճառով տեղափոխուած է Դիլիջան, ուր իշխանուհի Մարիամ Թումանեանի ամարանոցին մէջ դերասանուհին խնամած են Դիլիջանի համքարական ընկերութեան կողմէ երկու բուժքոյր՝ Անահիտ Աղաջանեանը եւ Վարսենիկ Զաքարեանը[5]։

Մահացած է Դիլիջան, նոյն համքարական ընկերութիւնը կազմակերպած է անոր յուղարկաւորութիւնը, իսկ տեղւոյն դարբինները, իրենց իսկ նախաձեռնութեամբ, անոր գերեզմանին շուրջը երկաթեայ ցանկապատ մը սարքած եւ վրան փակցուցած են երկաթատառ տապանագիրը.

  Հայ բեմի մեծ վարպետ Ազնիւ Հրաչեայ։  


Յետագային, Դիլիջանի թատերական ընկերութիւնը դերասանուհիի գերեզմանին վրայ կանգնեցուցած է սեւ մարմարեայ յուշաքար մը, ուր զետեղուած է Ազնիւ Հրաչեայի կիսադէմը՝ կերտուած ճերմակ մարմարով[6]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. 1,0 1,1 http://tert.nla.am/archive/NLA%20AMSAGIR/Anahit_paris/1909/1-2.pdf
  2. 2,0 2,1 2,2 Ազնիվ Հրաչյա, գլուխ 1 Կենսագրական փաստեր ( էջ 17-16)
  3. 3,0 3,1 3,2 AV Production
  4. ՀՐԱՉԵԱՅ (1909)։ Արշակ Չօպանեան, խմբգր․։ «ԻՄ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՍ (ինքնակենսագրութիւն)» (PDF) (եռամսեակ պարբերական)։ թիվ 1-2։ Փարիզ: Անահիտ պարբերական։ էջեր 12–29։ արտագրուած է՝ 2021 թ․ մարտի 26 
  5. «Դպրոցական Մեծ Հանրագիտարան, Գիրք II»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-07-27-ին։ արտագրուած է՝ 2022-03-14 
  6. dilijanstories (2014-07-17)։ «Հանրաճանաչ դերասանուհու գերեզմանը Դիլիջանում»։ Դիլիջանեան պատմութիւններ