Բնածուխ
Բնածուխ (լատ.՝ Carboneum), քիմիական նշանը՝ C, կարգային թիւն է 6, հիւլէական զանգուածը՝ 12.011[1][2]։
Պատմական Տեղեկութիւններ
ԽմբագրելԲնածուխը յայտնաբերուած է հեռաւոր անցեալին։ Փայտածուխը օգտագործուած է հանքերէն մետաղները վերականգնելու համար, իսկ ադամանդը՝ իբրեւ թանկագին քար։ 1789-ին ֆրանսացի քիմիագէտ Անթուան Լորան Լաւուազիէն բնածուխի տարրային յատկութիւններուն մասին ուսումնասիրութիւններ կատարած է։
Բնագիտական Յատկութիւններ
ԽմբագրելԲնածուխը չի լուծուիր օրկանական եւ անօրկանական լուծիչներուն մէջ, կը լուծուի մետաղներուն մէջ (երկաթ, կոբաղդ եւ այլն)։ 1 մթնոլորտ ճնշման տակ (օդի բացակայութեամբ) կը ցնդի շուրջ 3500°C ջերմաստիճանին։ Կը հալի 3800±200°C-ին 125 հազար մթնոլորտ ճնշումի տակ։
Քիմիական Յատկութիւններ
ԽմբագրելԲնական բնածուխը բաղկացած է երկու կայուն զուգաթիւերէ isotope՝ 12C (բնութեան մէջ հանդիպող զանգուածի 98.892%-ը) եւ ¹³C (զանգուածին 1.108%-ը)։ Արհեստական եղանակով 10C, 11C, 14C, 15C եւ 16C ռատիօաշխուժ զուգաթիւերը կը ստացուին։
A խումբի տարր է։ Հիւլէին հիմնական վիճակի արտաքին ելեկտրոնային մակերեւոյթին դասաւորումն է 2s²p²։ Ժանգահարման կարեւորագոյն աստիճաններն են +2, +4, -4, հաւասարակշռութիւնը՝ 4 եւ 2։ Բնածուխի չէզոք հիւլէին շառաւիղը 0.077 նմ է։ C4+ իոնի շառաւիղը՝ 0.029 նմ (համակերպող թիւը 4), 0.030 նմ (համակերպող թիւը 6)։
Բնածուխով Տարիքի Որոշում
ԽմբագրելԲնածուխով տարիքի որոշման եղանակը (անգլերէն՝ Carbon-14 dating) կը կիրարկուի կենսաբանական ծագում ունեցող առարկաներով եւ նիւթերով. տարիքը անոնց մէջ, բնածուխի կայուն զուգաթիւերու համեմատ 14C՝ զուգաթիւի պարունակութիւնը չափելու միջոցով: Այս եղանակը 1946-ին առաջարկած է Ուիլիըրտ Ֆրէնք Լիպին (անգլերէն՝ Williard Frank Libby):
Բնածուխին Անհրաժեշտութիւնը
ԽմբագրելԲնածուխը էական է բոլոր ապրող համակարգերուն համար, եւ առանց անոր կեանքը չի կրնար գոյութիւն ունենալ: Բնածուխի տնտեսական հիմնական օգտագործումները՝ բացի սնունդէն եւ փայտէն, ածխաջրածիններու տեսքով կը ներկայանան յատկապէս հանածոյ վառելիքի մեթան կազը եւ հում նաւթը: Հում նաւթը կը թորայ նաւթավերամշակման գործարաններուն մէջ նաւթաքիմիական արդիւնաբերութեան կողմէ՝ պենզին (վառելանիւթ), քարիւղ եւ այլ նիւթեր արտադրելու համար։
Փայտամասը բնական բնածուխ պարունակող է, որ կ'արտադրուի բոյսերուն կողմէ՝ փայտի, բամպակի, կտաւի եւ կանեփի տեսքով։ Փայտամասը գլխաւորաբար կ'օգտագործուի բոյսերու կառուցուածքը պահպանելու համար: Կենդանական ծագման առեւտրային արժէքաւոր ածխածնային բազմամասերէն են՝ բուրդը եւ մետաքսը:
Բնածուխին եւ անոր միացութիւններուն օգտագործումը չափազանց բազմազան է։ Օրինակ՝ անիկա կրնայ երկաթին հետ համաձուլուելով ածխածնային պողպատ յառաջացնել։ Ուրուաքարը (կրաֆիթ) կը զուգակցի կաւին հետ՝ կապար ձեւաւորելով, որ կ'օգտագործուի գրելու եւ նկարելու համար օգտագործուող մատիտներուն մէջ: Կապարը կ'օգտագործուի նաեւ իբրեւ ձուլման նիւթ՝ ապակիի արտադրութեան, ելեկտրաձեւաւորման եւ ելեկտրական շարժիչներու վրձիններուն մէջ:
Ածուխը կ'օգտագործուի իբրեւ նկարչական նիւթ՝ արուեստի գործերու մէջ: Կ'օգտագործուի նաեւ խորովածի եւ երկաթի ձուլման համար: Փայտը, ածուխը եւ նաւթը կ'օգտագործուին իբրեւ վառելիք ուժանիւթի արտադրութեան եւ ջեռուցման համար: Gem որակի ադամանդը կ'օգտագործուի ոսկերչութեան մէջ, իսկ արդիւնաբերական ադամանդները կ'օգտագործուին հատելու, կտրելու եւ գործիքներ փայլեցնելու համար: Կերպընկալները կը պատրաստուին հանածոյ ածխաջրածիններէ:
Սեւ բնածուխը կ'օգտագործուի իբրեւ տպագրական թանաքի սեւ գունանիւթ:
Նախզգուշութիւն
ԽմբագրելՄաքուր բնածուխը մարդոց համար չափազանց քիչ թունաւոր է եւ ապահով՝ երբ ուրուաքարի (կրաֆիթ) կամ փայտածուխի տեսքով կը ներկայանայ:
Բնածուխը կրնայ այրիլ բարձր ջերմաստիճանի տակ՝ օդի առկայութեան պարագային[3]: