Ակօս (թրք.՝ Agos), 1996 թուականէն Պոլսոյ մէջ հրատարակուող երկլեզու հայ շաբաթաթերթ է։ Կը տպուի հայերէնով եւ թրքերէնով։

Ակօս
Տեսակ պարբերաթերթ
Լեզու թրքերէն եւ հայերէն
Խմբագիր Եդուարդ Տանձիկեան
Հիմնադրուած է 1996
Հիմնադիր Հրանդ Տինք
Երկիր  Թուրքիա
Հրատարակման վայր Պոլիս
Գրասենեակ Պոլիս, Թուրքիա
Պարգեւներ Հերման Քեսթըն մրցանակ
Կայք agos.com.tr

Հիմնուած է 1996 թուականին Հրանդ Տինքի եւ Աննա Թուրայի,Լուիզ եւ Տիրան Պաքարներու հետ, Մեսրոպ Պատրիարքին մեծ աջակցութեամբ, թուրքիաբնակ հայերու խնդիրները հասարակութեան փոխանցելու նպատակով։ «Ակօս» Հանրապետութեան շրջանի առաջին հայերէն-թուրքերէն երկլեզու լրագիրն է։ Ժողովրդավարութիւնը, փոքրամասնութիւններու իրաւունքները, անցեալի հետ առերեսումը, Թուրքիայէն ներս բազմազանութեան պահպանումը եւ զարգացումը հրատարակութեան գլխաւոր նախադրեալներն են։ Թուրքիոյ հայ հասարակութեան ծոցէն եկող թերթը մտադիր է Թուրքիոյ եւ համաշխարհային խնդիրներուն աւելի շատ տեղ տալ իր էջերուն մէջ։ Թուրքիոյ մէջ հետզհետէ կը նօսրանայ անկախ լրատուութեան եւ խօսքի ազատութեան տարածքը։ «Ակօս»ը այդ տարածքին վրայ ազատ երկխօսութեան գործօն մըն է[1]։

Ներկայիս խմբագիրը՝ Եդուարդ Տանձիկեանն է։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել