Անահիտ, հին հայկական դիցաբանութեան մէջ՝ պտղաբերութեան, արգասաւորութեան, ծննդաբերութեան, վաղ շրջանին՝ նաեւ ռազմի աստուածուհին։ Արամազդի դուստրն է (որոշ տուեալներու համաձայն եղած է Արամազդի կինը, ոչ թէ դուստրը[1])։ Անահիտի կերպարի մարմնաւորումն իր արտացոլումը գտած է նաեւ այլ ժողովուրդներու դիցարաններուն մէջ, մասնաւորապէս պարսկականին՝ Անահիտային, յունականին՝ Արտեմիսին, հռոմէականին՝ Տիանային, եգիպտականին՝ Նիիթին մէջ։

Նաւասարդի սկզբը (Օգոստոս 11-ին) մեծ շուքով կը նշուէր Անահիտի գլխաւոր տօնը՝ կապուած բերքի հասունացման հետ։ Տօնախմբութիւնները կը վերածուէին պտղաբերութեան տօնի, որուն ժամանակ բազմաթիւ ուխտաւորներ կը հաւաքուէին Անահիտին նուիրուած մեհեաններուն շուրջ։ Ծիսակատարութիւնները կ՛ուղեկցուէին աղօթքներով, երգերով, խնջոյքներով։ Քրիստոնէութեան հաստատումէն ետք Անահիտի պաշտամունքը կը վերածուի Մարիամ Աստվածածնայ պաշտամունքի։ Անոր անունով կը կոչուէր հայկական հեթանոսական տոմարի ամիսներուն 19-րդ օրը։

Անահիտ աստվածուհիի պաշտամունքը՝ Հայաստանի մէջ, առաջացած է անյիշելի ժամանակներէն եւ սերտօրէն կապուած եղած է մայր ծնողի հանդէպ յարգանքին։ Վաղ շրջանին եղած է նաեւ հայկական դիցարանի ռազմի աստուածուհին։ Զինք կոչած են Ոսկեմայր, Սնուցող մայր, Մեծ տիկին, Ոսկեծղի, Ոսկեմատն։

Անահիտը նկատուած է նաեւ խոհեմութեան ու պարկեշտութեան մայրը, մարդոց սնուցող, ապրեցնող ու փառաւորող աստուածուհի։ Անահիտի գլխաւոր տաճարը գտնուած է Բարձր Հայքի Եկեղեաց գաւառի Երիզա աւանին մէջ, ուր անոր պաշտամունքն այնքան տարածուած էր, որ ամբողջ գաւառը կոչուած է նաեւ Անահիտական։ Ք.Ա. 34 թ․-ին հռոմեացի զօրավար Մարքոս Անթոնիոսը, պարթեւական արշաւանքի ժամանակ, թալանած է տաճարի հարստութիւնը։ Անոր զինուորները ջարդած են Անահիտի վիթխարի ոսկեձոյլ արձանը, բաժանած՝ իրար մէջ ու տարած՝ Հռոմ։ Լուրեր տարածուած են, թէ՝ Անահիտի արձանին վրայ յարձակած առաջին զինուորը կուրացած, այնուհետեւ խելագարուած ու մահացած է։ Անահիտի տաճարներ կային հին Հայաստանի տարբեր վայրերու մէջ, յատկապէս Տարօնի ու Վասպուրականի մէջ, ուր դրուած են աստուածուհիի ոսկէ, արծաթէ, պղինձէ եւ քարէ արձանները։

Անահիտը Արամազդի եւ Վահագնի հետ հայկական դիցարանին մէջ կը կազմէր աստուածային սուրբ երրորդութիւն։[1]

«Անահիտ» անձնանունը մեծ տարածում ունի հայ աղջիկներուն ու կանանց շրջանակներուն մէջ։

Լուսանկարներ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. 1,0 1,1 «Հայ հին վիպաշխարհը», Սարգիս Հարությունյան, ք. Երեւան, 2004 թ., 47-րդ էջ

Արտաքին յղումներ Խմբագրել