Անգլիական Այգի (Երեւան)

Անգլիական այգի[1] կամ Երեւանի թատերական այգի, Երեւանի մէջ առաջին հասարակական այգին է, միակը՝ մինչեւ 1920 թուական։

Անգլիական Այգիի գլխաւոր շատրուանը

Համարվում է ալտերի հիմնական բնակելի վայրը:

Պատմութիւն

Խմբագրել

Անգլիական Այգին կը գտնուի Գրիգոր Լուսաւորիչի, Մովսէս Խորենացիի եւ Իտալիոյ փողոցներուն միջեւ։ Հիմնուած է 1850 թուականին։ Պաշտօնական բացումը կատարուած է 3 Հոկտեմբեր 1910-ին[2]։

Այգիին ձեւաւորումն ու բարեկարգումը երկարած է 19-րդ դարու 60-ական թուականներէն մինչեւ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին նախորդած տարիները։ 1 Յուլիս 1895-ին պայմանագիրով այգին կը յանձնուի Լեւոն Պակլնճեանին նորոգելու համար, սակայն ան կը թերանայ։ Այգին կը ձեւաւորուի եւ կը գեղեցկանայ Իսահակ Մելիք-Աղամալեանի քաղաքապետ դառնալէն ետք։ Աղամալեան, այգիին համար Ռուսաստանէն եւ Լեհաստանէն ծառեր բերել կու տայ։ Նոր ծառուղիներ կը բացուին, անցուղիները կը ծածկուին կարմիր փշրանքով։ Այգին կը կառուցուի եւրոպական չափանիշերով, որուն պատճառով կը կոչուի «Անգլիական Այգի»։ Ըստ ոմանց անուանումը եկած է այգին բարեկարգող օտարներուն պատճառով, իսկ ուրիշներ կը կարծեն, որ վերէն նայելով այգին կը նմանի անգլիական դրօշին։ Վերակառուցումի պատճառով այգին 10 տարի փակ կը մնայ։ Կը վերաբացուի 3 Հոկտեմբերին։

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան օրերուն «Անգլիական Այգին» անխնամ կը մնայ։ Խորհրդային կարգերու հաստատման տարիներուն «Անգլիական Այգին» կը վերածուի նահատակուած յեղափոխականներու պանթէոնի։ Այգիի գլխաւոր ծառուղիին աջ կողմը կը թաղուին 1920-ին պոլշեւիկեան մայիսեան ապստամբութեան ղեկավարները, իսկ 1921-ին հոն կը թաղուի զինկոմ Լիպարիտ Մխճեանը, որուն մասին Եղիշէ Չարենց գրած է «Իմ ընկեր Լիպոն»։ Այգին կը վերակոչուի 26 կոմիսարներու (գործակալներու) անունով, որ կրճատուելով կը կոչուի «Կոմայգի»։ 1938-ին այգիի տարածքին մէջ կը կառուցուի Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմիական թատրոնի նոր շէնքը։Հոն կը գտնուի նաեւ «Մասիս» ճաշարանը։ Այգիին մէջ տեղադրուած են Գաբրիէլ Սունդուկեանի, անոր ստեղծած կերպար՝ Պեպոյի եւ ջրավաճառ պատանիին արձանները։ 2000 թուականին «Բիւրակն» ՍՊԸ-ն 99 տարի ժամկէտով վարձակալած է Անգլիական Այգիի տարածքը։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «yerevan.am | Պաշտօնական կայք | Զբօսայգիներ»։ www.yerevan.am։ արտագրուած է՝ 2017-12-17 
  2. «Զբօսայգիներ, հրապարակներ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-06-05-ին։ արտագրուած է՝ 2019-07-26 

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել