Անթուան Մէյէ (ֆրանսերէն՝ Antoine Meillet, 11 Նոյեմբեր 1866(1866-11-11)[2][3][4][…], Մուլեն[3][5][6] - 21 Սեպտեմբեր 1936(1936-09-21)[3][5][7][…], Շատոմեյան[3][5][8]), ֆրանսացի լեզուաբան, հայագէտ։ Հնդեւրոպական լեզուներու մասնագէտ։ 20-րդ դարասկիզբի ֆրանսացի ամէնէն անուանի լեզուաբաններէն մէկը։

Անթուան Մէյէ
ֆրանսերէն՝ Antoine Meillet[1]
Ծննդեան անուն ֆրանսերէն՝ Paul Jules Antoine Meillet[1]
Ծնած է 11 Նոյեմբեր 1866(1866-11-11)[2][3][4][…]
Ծննդավայր Մուլեն[3][5][6]
Մահացած է 21 Սեպտեմբեր 1936(1936-09-21)[3][5][7][…] (69 տարեկանին)
Մահուան վայր Շատոմեյան[3][5][8]
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա
Ուսումնավայր Փարիզի Համալսարան
Կոչում Արեւելեան լեզուներու Հայկական Բաժանմունքի Ամպիոն
Մասնագիտութիւն քերական, Indo-Europeanist, հայագէտ, սլավոնագետ, լեզուաբան
Աշխատավայր Ֆրանսայի Քոլէճ[9]
Արեւելեան ապրող լեզուներու ազգային դպրոց.[1]
Բարձրագոյն հետազօտութիւններու գործնական դպրոց[1]
«Ռըվիւ տէ զ՛Էթիւտ զ՛Արմենիէն»
Վարած պաշտօններ կազմակերպութեան նախագահ
Անդամութիւն Խորհրդային Միութեան Գիտութիւններու Ակադեմիա, Փեթերսպուրկի Գիտութիւններու Ակադեմիա, Արուեստներու եւ գիտութիւններու ամերիկեան կաճառ, Ռուսաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիա, Արձանագրութիւններու եւ գեղարուեստի կաճառ[10][11] եւ Նիտըրլենտական արուեստներու եւ գիտութիւններու արքայական կաճառ

Կենսագրական գիծեր

Խմբագրել

Մէյէ եղած է միջազգային չափանիշով այն լեզուաբանը որ հայերէնին տուած է իր ճիշդ դիրքն ու արժէքը: Հայերէնը եղած է իր նախասիրութիւններուն կեդրոնը: Ան եղած է նաեւ Հրաչեայ Աճառեանի երախտաշատ ուսուցիչը:

  Յայտնի է, որ այբուբենը գլուխ֊գործոց մըն է: Հայ հնչաբանութեան հնչիւններէն իւրաքանչիւրը յատուկ նշանով մը նոթագրուած է եւ դրոյթը այնքան լաւ հաստատուած է, որ հայ ազգին հայթայթած է հնչիւնաբանութեան վերջնական արտայայտութիւն մը, արտայայտութիւն՝ որ պահպանուած է մինչեւ այսօր առանց փոփոխութիւն մը կրելու, առանց բարելաւում մը ստանալու կամ պէտք ունենալու, վասնզի սկիզբէն իսկ անիկա կատարեալ է: Հայերէնը ոչ միայն կը հաւասարի եւրոպական լեզուներու, հապա կը գերազանցէ զանոնք: Ոճի տեսակէտով հնդեւրոպական ոչ մէկ լեզու չի գերազանցեր հայերէնը, նոյնիսկ չի հաւասարիր անոր:
- Անթուան Մէյէ[12]
 


  … Այն ժամանակ, երբ Ֆրանսա անունը նոյնիսկ գոյութիւն չունէր, Հայաստանը մեծ դեր խաղացած է պատմութեան մէջ, այն ժամանակներուն, երբ ֆրանսերէն լեզուն դեռ չէր տարբերուեր լատիներէնէն, գոյութիւն ունէր հայերէն կարեւոր գրականութիւն:
- Անթուան Մէյէ[13]
 


Նախ աշակերտ Կարիէրի՝ հետեւած է Հիւբշմանի դասախօսութիւններուն, եւ գացած է Վիեննա, Մխիթարեան վանքը ուր ուսած է հայերէնը հիմնապէս՝ Յ. Տաշեանի մօտ, 1890-1891-ին: Ապա անցած է Թիֆլիս, արեւելահայոց կեդրոնը եւ Էջմիածին, անկէ ալ Վենետիկ Մխիթարեաններու վանքը, ուր դարձած է Ս. Ղազարի կաճառին անդամ:

1902-1906՝ հայերէնի ուսուցչապետ է Փարիզի Արեւելեան Լեզուներու դպրոցին, եւ 1906-ին, դասախօս կարգուած բաղդատական քերականութեան՝ Գոլէժ Ֆրանս, ուր մնացած է 30 տարի:

Աշխատութիւններ

Խմբագրել

Իր ուսումներուն բերումով սկիզբէն իսկ շփում ունեցած է հնդեւրոպական լեզուներու հետ, եւ 1903-ին արդէն՝ հրատարակած իր կոթողական «Ներածութիւն հնդեւրոպական լեզուներու բաղդատական ուսումնասիրութեան»ը:

Իր դասախօտութիւններու շարքին հրատարած է՝

  • «Սլաւական հասարակաց լեզուն», 1914,
  • «Քերականութիւն հին պարսկերէնի», 1915,
  • «Գերմաներէն լեզուներու ընդհանրական յատկանիշերը», եւայլն:

Խստապահանջ եւ վերապահ իբրեւ գիտնական, եղած է սակայն ջերմ հայասէր եւ մասնակցած ամէն տեսակ հայանպաստ կազմակերպութիւններու, ինչպէս եւ գործօն անդամ եղած է Հայ Ազգային Պատուիրակութեան:

Ինք եղած է նաեւ հիմնադիրը՝ Շարլ Տիլի եւ Ֆրէտէրիք Մաքլէրի հետ՝ «Հայ ուսմանց հանդէս»-ին, որ գոյատեւած է 10 տարի:

Յիշենք իր գլխաւոր գործը հայերէնի մասին, լոյս տեսած նախ Վիեննա, 1903-ին եւ վերհրատարակուած 1962-ին, Լիզպոն: Մինչեւ այսօր՝ անշրջանցելի հեղինակաւոր աշխատանք մը:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 Ֆրանսիայի ազգային գրադարան — 1537.
  2. 2,0 2,1 ծննդական
  3. 3,00 3,01 3,02 3,03 3,04 3,05 3,06 3,07 3,08 3,09 3,10 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  4. 4,0 4,1 Bell A. Encyclopædia BritannicaEncyclopædia Britannica, Inc., 1768.
  5. 5,0 5,1 5,2 5,3 5,4 5,5 5,6 5,7 5,8 Мейе Антуан // Большая советская энциклопедия: [в 30 т.] / под ред. А. М. Прохорова — 3-е изд. — М.: Советская энциклопедия, 1969.
  6. 6,0 6,1 6,2 ծննդական
  7. 7,0 7,1 7,2 ՎԱԳԹԱ նախկին անդամներ
  8. 8,0 8,1 8,2 https://www.persee.fr/doc/crai_0065-0536_1952_num_96_4_10016
  9. Ֆրանսիայի քոլեջի պրոֆեսորների ցանկ
  10. (unspecified title)
  11. https://aibl.fr/academiciens-depuis-1663/
  12. Վկայութիւններ հայոց լեզուի մասին
  13. [https://www.aztagdaily.com/archives/343387 Հայ Լեզուի Հիասքանչ Առանձնայատկութիւնները]