Աշխարհի ամէնէն մեծ օդանաւը (A380)

Էյր Պաս 380 (Airbus A380) Աշխարհի ամէնէն մեծ ճամբորդական օդանաւը:1965-էն ի վեր այս տիտղոսը կը պատկանէր Պոյինկ 747 անունով օդանաւին, սակայն տասը տարուան աշխատանքէ ետք, Յունուար 2005-ին կը ծնի Էյրպաս ամէնէն նոր օդանաւը՝ A 380, որ կը տիրանայ աշխարհի ամէնէն մեծ օդանաւի տիտղոսին։

A380

Օդանաւը առաջին անգամ Սինկափուրի օդանաւային ընկերութեան կը տրամադրուի 18 Հոկտեմբեր 2007-ին եւ կը սկսի թռչիլ 25 Հոկտեմբերին:

Օդանաւը կ'արտաբերէ օդը նուազ ապականող կազեր, ինչպէս նաեւ նուազ աղմկարար է, աւելի նորաձեւ ու հանգստաւէտ։ Օժտուած է մարզանքի, մանուկներու խաղավայրի եւ պիլիարտի յատուկ սրահներով։[1]

Պատկերասրահ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • «Ծիածան» պարբերաթերթ, Ազգ․Քարէն Եփփէ Ճեմարանի։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել