Ապագայ (շաբաթաթերթ)

Ապագայ շաբաթաթերթը առաջին եռալեզու Գանատական հայկական շաբաթաթերթն է, Մոնթրէալ, Քուէպէք, Գանատայի մէջ հաստատուած: Ան հրատարակութիւնն է Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութեան (ԹՄՄ) եւ կանոնաւոր կերպով կը հրատարակուի Սեպտեմբեր 1975-էն ի վեր:

Թերթը կը հետեւի եւ կը ցոլացնէ Հայկական Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան սկզբունքները:

Ապագայ շաբաթաթերթ կը հրատարակուի ամէն շաբաթ 12 էջ հայերէն լեզուով եւ չորս էջ մնայուն յաւելուածով (երկու էջ ֆրանսերէն եւ երկու էջ անգլերէն):

Թերթը նաեւ կը հրատարակէ մանկական եւ պատանեկան ամսական յաւելուած մը որ կը կոչուի «Փունջ», ինչպէս նաեւ կրկնակի էջերով յաւելուած մը ամէն տարեգլխին:

Ապագայ շաբաթաթերթ 2010 թուականէն ի վեր կը հրատարակուի նաեւ ԹՄՄ-ի կայքէջին վրայ (www.tekeyanmontreal.ca) PDF դրութեամբ: Ուրեմն նոյն թուականէն սկսեալ «Ապագայ»ի նախորդ թիւեր կարելի է որոնել եւ գտնել ԹՄՄ-ի էլէքտրոնային արխիւներու բաժնին մէջ:

«Ապագայ»ի խմբագրական կամ վարչական գրասենեակները կը գտնուին Թէքէեան Կեդրոնին մէջ (825 Manoogian, Saint-Laurent, Qc H4NZ5):

Ապագայ շաբաթաթերթ նաեւ հրատարակչատուն մըն է, որ հայերէնով հրատարակած է զանազան գրքեր:

«Ապագայ Առցանց» լուրերը (Abaka News online) Խմբագրել

«Ապագայ Առցանց» լուրերը (Abaka News online) համաշխարհային լրատու ծառայութիւն մըն է, որ կը տրամադրուի աշխարհատարած իր անհամար ընթերցողներուն: Ան կանոնաւոր կերպով կ’ամբողջացնէ «Ապագայ» մեր տպագրեալ տարբերակը: Արդարեւ, առցանց (online) հրատարակութիւնը որ տրամադրելի է բոլորին, կենսունակ է եւ տեւականօրէն կը թարմանայ հայութիւնը հետաքրքրող վերջին լուրերով: Եռալեզու՝ հայերէնով, Անգլերէնով եւ Ֆրանսերէնով սպասարկուած ծառայութիւն մըն է ան, որու լուրերը յատկապէս ուղղուած են հայկական աշխարհին:

«Ապագայ»ի եռալեզու էլէքտրոնային online տարբերակը որ կը սկսի Սեպտեմբեր 2015-ին, տրամադրելի է abakanews.org հասցէով:

Աղբիւրներ Խմբագրել