Ատրինէ Տատրեան (26 Դեկտեմբեր 1913(1913-12-26) կամ 1915[1], Չորում, Թուրքիա - 21 Փետրուար 2002(2002-02-21), Նիս), արձակագիր, թատերագիր եւ բանաստեղծ։

Ատրինէ Տատրեան
Ծնած է 26 Դեկտեմբեր 1913(1913-12-26) կամ 1915[1]
Ծննդավայր Չորում, Թուրքիա
Մահացած է 21 Փետրուար 2002(2002-02-21)
Մահուան վայր Նիս
Քաղաքացիութիւն  Հայաստան
Ուսումնավայր Արամեան Ունճեան Վարժարան
Նոթր Տամ տը Սիոն Ֆրանսական վարժարան
Մասնագիտութիւն գրագէտ, թատերագիր

Կեանք եւ գործունէութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Չօրում «Թուրքիա»: Իր նախակրդութիւնը ստացած է Տատեան եւ Արամեան-Ունճեան վարժարաններուն մէջ: Ապա յաճախած է Գատըգիւղի՝ Նոթր Տամ Տը Սիոն ֆրանսական քոյրերու վարժարանը: Աշակերտած է նաեւ Սիպիլի:

Հետեւած է Վիեննայի եւ Պերլինի համալսարաներու դասընթացքներուն: Տարի մը ուսուցչագործած է Արամեան-Ունճեանի մէջ:

Աշխատութիւններ

Խմբագրել

1945-էն մինչեւ 1968, հրատարակած է «Պարտէզ» մանկապատանեկան հանդէսը Բագարատ Թեւեանի հետ. օգնութեամբը Արմենուհի Էօզէրի:

Մշակած է՝  պատմուածք, քերթուած, հէքեաթ, վէպ, թատերգութիւն, մանկավարժական եւ ընկերային յօդուածագրութեան սեռերը:

Գրած է նաեւ մանկական թատերախաղեր եւ դասագիրքեր:

Իր «Հայրը» վէպը իբր թերթօն հրատարակուած է՝ «Նոր Լուր» օրաթերթին մէջ: Իր վէպերէն հրատարակուած են՝

  • «Մայթերու վրայ»,
  • «Գեհենի ճամբուն վրայ»,
  • «Չորրորդ մը կը փնտռուի»,
  • «Հեղինակ կեցիր»:

Թատերգութիւններ

Խմբագրել

Լոյս ընծայած է նաեւ շատ մը մանկական թատերգութիւններ. որոնք ներկայացուած են Պոլսոյ մէջ եւ հրատարակուած երեք հատորներու մէջ՝ «Մանկապատենական Թատրախաղեր» խորագրով:

Իր «Յարդի Շիւղեր Հոսանքի Վրայ» թատերախաղը 1955-ին շահած է Եգիպտոսի գրական, թատերական մրցման առաջնութիւնը:

«Մարդը Մարդ Ընելու Համար» եւ «Պանդոկին Սենեակները» թատերգութիւններէն զատ Էսայեան Սանուց Միութեան մէջ ներկայացուած «Վանօ Եւ Մարօ» երգախառն քերթուած-թատերգութիւնն ալ արժանացած է գնահատանքներու:

Բանաստեղծութիւններ

Խմբագրել

Ա. Տատրեանի բանաստեղծական հատորներէն են՝

  • «Հրդեհ կայ մարեցէ՛ք»,
  • «Մարդ մը եւ աշխարհ մը»:

Յուշագրութիւն

Խմբագրել

Իր յուշերը հրատարակուած են՝ «Կեանքի մէջէն. Իմ եւ ուրիշներու կեանքը» անուն հատորով մը:

Հեղինակը իր կեանքի վերջին տարիներուն հաստատուած էր Ֆրանսայի՝ Նիս քաղաքին մէջ:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • «Հանրապետական Շրջանի Իսթանպուլահայ Գրականութեան Արդի Գրողներ»։