Արժանթին, պետութիւն Հարաւային Ամերիկայի տարածքին։ Տարածութեամբ՝ կը գրաւէ աշխարհի ութերորդ տեղը։

Արժանթին
Արգենտինայի դրոշ? Զինանշանը


Կը ներառնէ Բուենոս Այրես?, Կատամարկա?, Չակո?, Կորդովա?, Կորիենտես?, Էնտրե Ռիոս?, Formosa Province?, Խուխույ?, Լա Պամպա (պրովինցիա)?, Լա Ռիոխա?, Մենդոսա?, Միսիոնես?, Նեուկեն?, Ռիո Նեգրո պրովինցիա?, Սալտա?, Սան Խուան?, Սան Լուիս?, Սանտա Կրուս?, Սանտա Ֆե նահանգ?, Provincia de Santiago del Estero?, Հրո Երկիր, Անտարկտիդա և Հարավային Ատլանտիկայի կղզիներ?, Տուկուման? եւ Չուբուտ?
Պետական լեզու Սպաներէն
Մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէս
Օրէնսդիր մարմին Argentine National Congress?
Երկրի ղեկավար Խավիեր Միլեյ?
Կառավարութեան ղեկավար Խավիեր Միլեյ?
Ազգաբնակչութիւն 47 327 407 մարդ (2022)[1]
Օրհներգ Արգենտինայի օրհներգ?
Կարգախօս Beats to your rhythm եւ Curiad eich Rhythm
Հիմնադրուած է 9 Յուլիս 1816 թ.
Արժոյթ Արգենտինական պեսո?
Ժամային համակարգ time in Argentina?
Հեռաձայնային համակարգ +54
Համացանցի յղում .ar?
Մարդկային ներուժի զարգացման թիւ 0,842[2]
argentina.gob.ar(սպան․)

Աշխարհագրական դիրք

Խմբագրել

Կը գտնուի Հարաւային Ամերիկայի հարաւ ծայրամասին մէջ, որ կը կոչուի Բաթակոնիա։ Սահմանակից է արեւմուտքէն՝ Չիլէին, հիւսիսէն՝ Պոլիվիային եւ Բարակուէյին, հիւսիս-արեւելքէն՝ Պրազիլին եւ Ուրուկուէյին։ Արեւելեան կողմի ափերը կ՚ողողեն Ատլանտեան ովկիանոսի ջուրերը։ Արժանթինի կը պատկանին Ֆոքլանտ կղզիները, ինչպէս նաեւ՝ «Հրոյ Երկիր» կղզիին արեւելան հատուածը։ Արժանթինի արեւմտեան հատուածը լեռնային է, ուր կը գտնուի ամբողջ արեւմտեան կիսագունդին ամենաբարձր լեռը՝ Ագոնգակուան՝ 6960 մ., իսկ արեւելքէն կը հոսին՝ Բարանա, Ռիօ Նեկրօ, Բարակուէյ եւ այլ գետերը։ Արժանթինը ժամանակին եղած է Սպանիոյ գաղթավայր, սակայն հետագային՝ 25 Մայիս 1810-ին ազատագրուած է սպանական լուծէն շնորհիւ Խոսէ Սան-Մարթինին եւ այլ պայքարողներու։

Արժանթինը հարուստ է նաֆթով եւ այլ օգտակար հանածոներով։ Ունի հարուստ բուսական եւ կենդանական աշխարհ (կատուառիւծ, լամա, նանտի ջայլամ)։ Մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէս, քաղաքներէն ամենամեծը, կը գտնուի Լա Բլաթա ծովախորշին ափին։

Արժանթինը կը գտնուի երեք կլիմայական գօտիի մէջ` արեւադարձային, մերձարեւադարձային եւ ամոք:

Ամառը երկրի հարաւը ցուրտ է. միջին ջերմաստիճանը նոյնիսկ ամենատաք ամսուն (Յունուար) +15°C է: Հիւսիսը գտնուող Կրան Չաքոյի արեւադարձային շրջանն Արժանթինի մէջ կ'անուանեն «Շոգի բեւեռ»: Ամառը օդը կը տաքնայ մինչեւ + 30 ... + 40°C, իսկ ձմեռը միջին ջերմաստիճանը կը հասնի + 17 ... + 20°C: Տարեկան տեղումներու քանակը կը նուազի արեւելքէն արեւմուտք ինկած հարթավայրերուն մէջ՝ 1400-1600-էն մինչեւ 100-300 միլիմեթր, լեռներուն մէջ այն կրկին կ'աճի։ Ամէնէն շատ տեղումներ կ'ըլլան Հարաւային Անտերի արեւելեան լանջերը (մինչեւ 2000 միլիմեթր, իսկ տեղ-տեղ նոյնիսկ տարեկան մինչեւ 5000 միլիմեթր), իսկ հարթավայրային շրջաններէն` Արժանթինի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Էնտրէ Ռիոսի մէջ (տարեկան մինչեւ 1600 միլիմեթր):

Բուսական աշխարհ

Խմբագրել
 
 
Էլ Պալմարի ազգային պարկ, Էնտրէ Ռիոս

Արժանթինի բուսականութիւնը կ'առանձնանայ մեծ բազմազանութեամբ՝ արեւադարձային անտառներէն մինչեւ կիսաանապատային տարածքներ Բաթակոնիայի եւ Փունայի մէջ: Հիւսիսային Արժանթինական Միջագետքի մէջ կ'աճին մերձարեւադարձային բազմատեսակ անտառներ: Այստեղ կը հանդիպին թանկարժէք բնափայտեր ունեցող շքածառին, սեդրոնին, լապաչոյին։ Հարաւի մասին, կը գերակշռէ թուփերով աճող բուսականութիւնը. ճահճացած տարածքները ծածկուած են շամբիներով, եղէգներով, ջրաշուշաններով, իսկ բարձրադիր ու չոր տարածքները`հարուստ խոտածածկ ունեցող մարգագետիններով: Կան ակացիայէն, միմոզէն, ջայլամի ծառերէն բաղկացած նօսր անտառներ, իսկ գետերու ափերուն`արմաւենիի պուրակներ:

Հարաւի ուղղութեամբ կան աւելի բաց խոտածածկ տարածքներ, Էնտրէ Ռիոս նահանգի հարաւային մասը դարձած է հացահատիկի դաշտագետին եւ դէպի Բամբա անցման շրջանն է: Բնիկ հնդիբաթակոն կեչուա լեզուէն թարգմանելով, Բամբա կը նշանակէ «փայտային բուսականութիւնէ զուրկ»: Խոնաւ Բամբայի անծայրածիր տափաստանային տարածութիւնները ժամանակ մը պատուած էին բազմամեայ բոյսերով՝ փետրախոտով, մարգարտախոտով, վայրի կորեկով ու պիսակաւոր գունաւոր տարազգի բուսականութեամբ: Սակայն նորագոյն շրջանին, բնական բուսականութիւնը նուազած է, տարածքին զգալի մասը հերկուած է, իսկ երբեմնի խոտածածկը, որ անասնապահութեան համար ծառայած է բնական կերային ծաւալի, անասուններու երկարատեւ արածեցման հետեւանքով մոլախոտերու կողմէն աղբակալուած է եւ կորսնցուցած է իր սկզբնական տեսքը։

Չոր Բամբային բնորոշ է չորատերեւ բուսականութիւնը`ցած հասակի ծառեր, փշոտ թուփեր, կոշտ խոտաբոյսեր: Նմանատիպ բուսականութիւնը տարածուած է նաեւ երաշտային արեւմուտքը, միջլեռնային լողաւազանները, ուր կրափուշերը փոխարինած են վայրի հացահատիկներն եւ չորատերեւ թուփերը:

Արժանթինի տարածքին 12% անտառներով ծածկուած է: Նաեւ արժէքաւոր են Արժանթինեան Միջագետքի եւ Խոնաւ «Անտեր»ի փշատերեւ անտառները, ինչպէս նաեւ Չաքոյի մէջ գտնուող «քեբրաչոյի» անտառները: Սակայն ատոնց շահագործումը դժուար է, քանի որ կը գտնուին հեռաւոր շրջաններու մէջ, ուստի արհեստական անտառատնկման փորձեր կը ձեռնարկուին ամենաբնակեցուած շրջանը՝ Բամբայի մէջ: Առաւել, Չաքոյի անտառային աղբիւրներուն երկարատեւ շահագործման հետեւանքով, անհրաժեշտ նկատուած է անոնց պահպանութեան եւ վերականգման հարցը։

Արժանթինի ազգային ծաղիկը էրիթրինան է:

Կենդանական աշխարհ

Խմբագրել
 
Արժանթինի ազգային խորհրդանիշ թռչուն` Furnarius rufus

Արժանթինի կենդանական աշխարհը թէեւ այնքան ալ հարուստ եւ բազմազան չէ, ինչպէս Լատինական Ամերիկայի ուրիշ երկիրներուն մէջ, բայց ունի բաւական շատ տեղայատուկ տեսակներ: Գրեթէ բոլոր այդ կենդանիները կը բնակին Անտեան եւ այդ շրջանի նախալեռներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Բաթակոնի քիչ բնակեցուած շրջանին մէջ: Փունա կենսատարածքին մէջ կը բնակի մնացուկ ակնոցաւոր արջը:

Բաթակոնի բաց կիսանապատային տարածքներուն մէջ եւ Չաքոյի արօտադաշտերուն մէջ տարածուած է փուման: Անտեան շրջանին մէջ նաեւ, կ՛աճի փափուկ բուրդ ունեցող վիկունան եւ նուրբ արծաթափայլ մորթով քինքիլան: Սակայն բոլորն ալ ենթարկուած են ոչնչացման վտանգին: Շատ են կրծողները եւ զրահակիրները: Չաքոյի, Արժանթինեան Միջագետքի եւ Բաթակոնի մէջ լայնօրէն տարածուած են նութրիաները, ջրասամոյրները:

Ճահճուտներուն եւ լիճերուն մէջ կ՛ ապաստանին ջրային թռչունները, որոնցմէ շատերը իւրայատուկ են իրենց վառ գոյնով։ Ջրամբարներու ափերուն կարելի է տեսնել ֆլամինկօ, ձկնկուլ: Անտառներուն մէջ կ՛ապրին քոլիպրիներ, որոնց թիւին մէջ կան տեղայատուլ տեսակներ, ինչպէս օրինակ՝ այսպէս կոչուած, ճախրող զմրուխտը Բաթակոնի Անտես լեռներուն (The Andes, Andes Mountains or Andean Mountains) վրայ: Արժանթինի մէջ բնակող «Furnarius rufus» թռչունը 1928 թուականին դարձած է երկրի ազգային խորհրդանիշներէն մէկը:

Վալտես թերակղզին կենդանիներու եղանակային չուի կեդրոններէն մէկն է: Յունիսէն մինչեւ Դեկտեմբեր լողալով ափ կը հասնին հարաւային հարթ կէտերը, Սեպտեմբերէն մինչեւ Մարտ-Ապրիլ` մակելանեան փինկուինները եւ խոյաթլփիները, Դեկտեմբերէն մինչեւ Մարտ` մոխրագոյն դլփինները: Տարուան ընթացքին կարելի է հանդիպիլ պիսակաւոր դլփիններու, ծովափիղերու, ծովառիւծներու, կուանաքոյի, Բաթակոնի ճագարներու, նանտուներու, գորշ աղուէսներու եւ զրահակիրներու։

Անուանի մարզիկներ

Խմբագրել

Արժանթինցի աշխարհահռչակ մարզիկներէն են՝ Տիէկօ Արմանտօ Մարատոնա, Լիոնել Մեսսի, ինչպէս նաեւ հայազգի թենիս խաղացող Դաւիթ Նալպանտեան։

Քաղաքներ

Խմբագրել

Տնտեսութիւն

Խմբագրել
 
Պուէնոս Այրես
 
Սալտա

Արժանթինը արագ զարգացող գիւղատնտեսական-արդիւնաբերական պետութիւն է[4]: 1990-ականներու սկիզբը երկիրը աշխուժօրէն կը վարէ սեփականաշնորհման եւ արտասահմանեան դրամագլուխի աւելի լայն ներգրաւման քաղաքականութիւն: Mercosur-ի (Հարաւային Ամերիկայի երկիրներու ընդհանուր շուկայ) մէջ մուտքը զգալիօրէն ընդլայնած է Արժանթինի ներքին շուկան: Արժանթինի համար բնորոշ է մշակող արդիւնաբերութեան գերակշռութիւնը, իսկ այդ ոլորտին մէջ կը գերիշխէ ծանր արդիւնաբերութիւնը: Սակայն աւանդական ճիւղերը`թեթեւ եւ յատկապէս սնունդի արդիւնաբերութիւնը կարեւոր տեղ կը գրաւեն եւ մաս կը կազմեն դէպի արտահանման արտադրութեան:

Այնուամենայնիւ, 2001-ի տնտեսական ճգնաժամը յանգեցուցած է ընկերային լարուածութիւնը եւ պարտազանցման զգալի աճը (պետական պարտքի գումարը կազմած էր 132 միլիար տոլար, որը պարտազանցման խոշորագոյնը եղած է պատմութեան մէջ):[5]

Արդիւնաբերութեան տեղաբաշխման համար բնորոշ է տարածքային բարձր համակեդրրոնացումը: Ծանր արդիւնաբերութեան արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու զգալի մասը կեդրոնացած է «Փարանայ»ի ստորին աւազաններուն, Պուէնոս Այրեսի եւ Ռոսարիոյի միջեւ տարածուող արդիւնաբերական գօտիին մէջ: Արդիւնաբերական արտադրանքի աւելի քան կէսը կ'արտադրուի Պուէնոս Այրեսի տարածքաշրջանին մէջ:

 
Լիմա, Պուէյնոս Այրես - Atucha Nuclear Power Plant․ Լատին Ամերիկայի կորիզային ուժի արտադրութեան առաջին կազմածքը

Արժանթինի նաֆթի արտադրութիւնը Լատինական Ամերիկայի մէջ չորրորդ տեղը կը գրաւէ (Վենեզուելայէն, Էքուատորէն եւ Պրազիլէն ետք): Արդիւնահանումը լրիւ կը բաւարարէ երկրին կարիքները (պետական Enarsa, YPF եւ մասնաւոր Bridas, Pluspetrol ընկերութիւններ), եւ պետութիւնը նաֆթ չի ներմուծեր:

Արժանթինը շողօնի (ուրանիոմ) պաշարներով առաջատար երկիրներու տասնեակին մէջն է։ Երկիրը յայտնի է միջուկային ուժականութեան եւ շողօնի արդիւնաբերութեան ոլորտի մէջ իր գիտական մշակումներով (INVAP, Nucleoeléctrica Argentina):

Գունաւոր մետաղներու ճարտարարուեստի բնագաւառին մէջ, զարգացած են կապարի, ցինկի, պղինձի, ալիւմինի արտադրութիւնը`սեփական եւ դուրսէն բերուող հումքի հիման վրայ։

Մեքենաշինութիւնը ծանր արդիւնաբերութեան մէջ առաջատար է: Առաւել զարգացած են փոխադրամիջոցներու մեքենաշինութիւնը (Արժանթինի մէջ իրենց գործարանները ունին Ֆորտ, Քրայսլերը, Թոյոթա, Փեժօ եւ ուրիշ ընկերութիւններ), գիւղատնտեսական մեքենաշինութիւնը, սնունդի արդիւնաբերութեան համար սարքաւորումներու, ելեկտրա-ճարտարագիտական արտադրութիւնը (IBM, Siemens գործարաններ): Փոխադրամիջոցներու մեքենաշինութեան մէջ առաջատար է ինքնաշարժի շինութիւնը (Պուէնոս Այրես, Քորտովա), զարգացած են նաւաշինութիւնն ու նաւանորոգումը (Պուէնոս Այրես, Էնսենատա), օդանաւա-շինութիւնը (FAdeA, Aero Boero, Laviasa) եւ ուղղաթիռներու արտադրութիւնը (Cicaré, AeroDreams) (Քորտովա, Պուէնոս Այրես):

 
Մայիսի Արեւ․ Արժանթինի առաջին դրամը, 1813

Արտահանման ճիւղերու շարքին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն մսամթերքի արտադրութիւնը՝ աւանդական եւ երկրի համար իւրայատուկ ճիւղը: Արժանթինը կը դասուի միսի, գլխաւորապէս կովու միսի եւ ատոր արտահանողներու ամենածաւալ չափով արտադրողներու թիւը։ Սնունդի արդիւնաբերութեան բնագաւառին մէջ, արտահանման նշանակութիւն ունին բուսական իւղերու արտադրութիւնը, վերջին տարիներուն՝ սոյայի, ինչպէս նաեւ ալրաղացման, ձէթի արդիւնաբերութիւնն ու գինեգործութիւնը: Ներքին շուկան կեդրոնացած է պտուղ-բանջարեղէնի, պահածոներու, շաքարի արդիւնաբերութեան, ըմպելիներու արտադրութեան վրայ:

Լատինական Ամերիկայի ուրիշ երկիրներու համեմատ, Արժանթինի գիւղատնտեսութեան տարբերակիչ առանձնայատկութիւնը այն է որ լիովին կ'ապահովէ զինք սննդամթերքով, ինչպէս նաեւ կ'արտահանէ (ընդ որուն, գիւղատնտեսութեամբ զբաղուած է աշխատողներու միայն 2 տոկոսը): Պարենամթերքի սպառման ցուցանիշով երկիրը կը գերազանցէ տարածաշրջանի միւս երկիրներուն (1-ին հորիզոնական): Գիւղատնտեսութեան եւ անասնաբուծութեան արտադրանքը կը հաշուէ արտահանման եկամուտներու աւելի քան 50 տոկոսը: Խոշոր եղջերաւոր անասուններու գլխաքանակով Արժանթինը 6րդ տեղը կը գրաւէ, միսի արտադրութեան ցուցանիշով՝ 5րդ, իսկ ատոր սպառման ցուցանիշով՝ առաջինը: Միսը արժանթինցիներու ազգային ուտեստն է:

Բուսաբուծութեան մէջ հիմնական տեղը աւանդաբար կը զբաղեցնեն արտահանման նշանակութիւն ունեցող հացահատիկի, ձիթատու եւ ծխախոտային մշակաբոյսերը: Ցորենի եւ ծխախոտի հաւաքով Արժանթինը աշխարհի առաջատար երկիրներէն մէկն է: Համաշխարհային դրամատան տուեալներով՝ 2012-ին երկիրը ցորենի արտահանման ցուցանիշով աշխարհի մէջ գրաւուած էր 6րդ դիրքտ (8,4 միլիոն թոն)[6]: Բացի այդ, Արժանթինը հաւկիթի, կաթի, գարիի եւ ծխախոտի կարեւորագոյն արտահանողն է:

Արժանթինի մէջ աշխատանքի վարձատրութեան միջին թիւը, 2018-ի Սեպտեմբերի դրութեամբ, կը կազմէ 31.898 փեսօ (401.000 դրամ)[7][8][9][10]: 1 Հոկտեմբեր 2019 թուականէն աշխատանքի նուազագոյն վարձատրութիւնը 16.875 փեսօ (135.000 դրամ) էր․ 14.512,5 փեսօ՝ 14% եկամուտի հարկը հանելէն ետք)[11][12]:

Բնակչութիւն

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 https://www.pagina12.com.ar/422916-la-poblacion-argentina-es-de-47-327-407-personas
  2. Human Development ReportՄիավորված ազգերի կազմակերպության զարգացման ծրագիր, 2022.
  3. «3218.0 - Instituto Nacional de Estadistica y Censos, Argentina, 2006-07»։ INDEC։ 2008-03-31։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-08-21-ին։ արտագրուած է՝ 2008-06-06 
  4. Аргентина // Энциклопедический географический словарь / отв. редакторы Е. В. Варавина и др. — М.: Рипол-классик, 2011. — С. 47. — (Словари нового века). — 5 000 экз. — ISBN 978-5-386-03063-6
  5. Аргентинский дефолт: последствия
  6. Грибоедова И. А. Анализ и адаптация мировой продовольственной системы в Республике Беларусь // Экономические и социальные перемены: факты, тенденции, прогноз. — 2015. — № 1 (37). — С. 204
  7. «{title}» 
  8. «{title}» 
  9. «{title}» 
  10. «Архивированная копия»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-02-14-ին։ արտագրուած է՝ 2019-02-14 
  11. [1]
  12. [2]
  13. 13,00 13,01 13,02 13,03 13,04 13,05 13,06 13,07 13,08 13,09 13,10 13,11 13,12 13,13 13,14 13,15 13,16 13,17 13,18 13,19 13,20 13,21 13,22 13,23 13,24 13,25 13,26 13,27 13,28 13,29 13,30 13,31 13,32 13,33 13,34 13,35 13,36 13,37 13,38 13,39 13,40 13,41 13,42 13,43 13,44 13,45 13,46 13,47 13,48 13,49 13,50 13,51 13,52 Համաշխարհային բանկի տվյալների բազաՀամաշխարհային Դրամատուն.
  14. United Nations Department of Economic and Social Affairs World Population Prospects: The 2015 Revision — 2015 — United Nations Department of Economic and Social Affairs, 2015.
  15. Համաշխարհային բանկի տվյալների բազաՀամաշխարհային Դրամատուն.
  16. https://www.indec.gob.ar/nivel2_default.asp?id_tema=2&seccion=P

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Երուանդ Մոնոֆարեան (1968), «Հանրագիտակ», Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարան, Պէյրութ:

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել