Արճէշի «Խորտակուած Քաղաք»ը

Հին Արճէշ․ անոր մէկ մասը այժմ Չելեբիբաղ (Chelebibagh) կը կոչուի։ Հայկական հնագոյն քաղաքներէն։ Հին անունով՝ Արզաշկու․ Վանի թագաւորութեան առաջին մայրաքաղաք (Ք․ա․ 860-845)։ Կը գտնուի Մեծ Հայքի Տարօն (Տուրուբերան) նահանգին, Արճէշ գաւառին մէջ, Վանայ լիճին հիւսիսային ափին։ Կը պատկանէր Գնունի նախարարական տան, իսկ 1000 թուականէն ետք՝ Արծրունիներուն։

Արճէշ Erciş գաւառը․ Վանայ լիճին հիւսիս արեւելքը

Պատմական ակնարկ Խմբագրել

Հին Արճէշը կը կառուցուի Վանի թագաւորութեան ժամանակ եւ անոր առաջին մայրաքաղաքը (Արզաշկու անունով) կը դառնայ (Ք․ա․ 860-845)։

1655 թո­­ւականին Ար­­ճէշ կ՛այ­­ցե­­­լէ Էվ­­լի­­­յա Չե­­լեպի Evliya Çelebi։ Ան իր յու­­շագրու­­թիւննե­­րուն մէջ Ար­­ճէ­­­շի բեր­­դը կը նկա­­րագ­­րէ հետեւեալ տողերով․- «Վա­­նայ Լճի ափունքին տա­­փարակ ժայ­­ռոտ բլու­­րի մը վրայ քա­­ռան­­կիւն ամուր բերդ մըն է։ Իւ­­րա­­­քան­­չիւր քա­­րը փի­­ղի մը հսկա­­յու­­թիւնը ու­­նի։ Այնքան ըն­­դարձակ է որ կա­­րելի է ձի վազցնել։ Ամ­­րո­­­ցը ու­­նի եր­­կու դար­­պաս, որոնցմէ աւե­­լի մեծ է Ատիլ­­ճե­­­վազի մուտքը։ Բեր­­դին մէջ հո­­ղածածկ 1000 տուն եւ 200 խա­­նութ կայ։ Քա­­ղաքի բնա­­կիչ­­նե­­­րուն մէկ մա­­սը քրիս­­տո­­­նեաներն են»։

Քաղաքին «խորտակման» հակիրճ անդրադարձ Խմբագրել

18-րդ դարասկիզբին, Վանալ լիճին ջուրի մակարդակը աստիճանաբար կը սկսի բարձրանալ եւ այս պատճառով Արճէշ քաղաքին բնակիչները հետզհետէ զայն կը լքեն։ 1841 քաղաքը ջուրերուն տակ կը թաղուի։ Քաղաքին բոլոր կառոյցները՝ շէնքեր, եկեղիցիներ, բնակարաններ եւայլն, ջուրին տակ կը մնան։ Միայն զօրաւոր ու խիտ ալեկոծութիւններուն ընթացքին պատահաբար կը նշմարուին քաղաքը պաշտպանող պարիսպներուն եւ աշտարակներուն ծայրամասերը։

Քաղաքը ջուրին տակ թաղուելէն ետք, անոր հիւսիսը եւ աւելի բարձր վայրի մը մէջ կը կառուցուի Ականց կամ Նոր Արճէշ ((թուրք.)՝ Erciş Էրջիշ) քաղաքը։

Տարիներ ետք, երկարատեւ երաշտի պատճառով Վանայ լիճին ջուրի մակարդակը կը նուազի եւ այդ շրջանի ջուրերը կը ցամքին։ Յաջորդաբար «թաղուած» քաղաքը երեւան կ՛ելլէ։ Այժմ տեսանելի են միջնաբերդեան շէնքերը եւ հայկական եկեղեցին։ 2011-ին Վանի զօրաւոր երկրաշարժէն սուզուած քաղաքին շինութիւնները զգալիօրէն վնասուած են:

Արճէշի «Խորտակուած Բերդ»ը Խմբագրել

Երեւան եկած Արճէշի հայկական բերդը կառուցուած է Վանի թագաւորութեան տարիներուն (Ք․ա․ 9-րդ դար):

Արճէշի «Խորտակուած եկեղեցի»ն Խմբագրել

Պատմական աղբիւրները կը յայտնեն, որ երեւան եկած Արճէշի եկեղեցին կառուցուած է հայկական հնագոյն Թարհաններու տոհմին հոգեւորականներուն կողմէն: Սակայն Վանայ լիճին ջուրե­­րու ցամ­­քե­­­լով յայտնուած եկեղեցին գան­­ձա­­­խոյզնե­­րու թի­­րախը դար­­ձած է։

Զրոյցներ Խմբագրել

Ըստ հետախուզող եւ պատմաբան Սետաթ Ուլուկանայի, Ատիլ­­ճե­­­վազի եւ Ար­­ճէ­­­շի շրջա­­կայ­­քին գո­­յու­­թիւն ու­­նե­­­ցած է հայ­­կա­­­կան Թար­­խան (կամ Թարհան) գեր­­դաստա­­նը, որ Հա­­լիֆէ Ալիի օրէն ի վեր իս­­լա­­­մական պե­­տու­­թիւննե­­րու կող­­մէ սրբա­­զան կը հա­­մարո­­ւի (7-րդ դար)։ Աւան­­դազրոյցնե­­րու հա­­մաձայն Ար­­ճէ­­­շի եկե­­ղեցին կա­­ռու­­ցողները նոյն գեր­­դաստա­­նէն վա­­նական­­ներ եղած են։

[1] [2] [3] [4] [5]

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

  1. ՍԵՏԱԹ ՈՒԼՈՒԿԱՆԱ(ֆր.)
  2. Արճէշհայ.՝ 
  3. Ականցհայ.՝ 
  4. Ալի(յունարէն)
  5. Արզաշկուհայ.՝