Արմաւ, անգլերէն Palm իր պարունակած կենսանիւթերու եւ միքրօտարրերու շնորհիւ կը համարուի լման սնունդ ընտանիքի բոլոր անդամներու համար, անոնց պարգեւելով ուժ, աշխուժութիւն եւ կանխարգիլելով կարգ մը հիւանդութիւններ: Բուսակերներու եւ արեան տկարութիւն ունեցողներու համար ան անփոխարինելի է շնորհիւ իւրաքանչիւր 100 կրամի մէջ պարունակած 1.6մլկ. երկաթի, քանի որ հասուն մարդու պահանջը օրական 0.9մլկ. է: Պարունակած շաքարի տոկոսը կը հասնի 70-ի, իսկ 100կրամը ունի 250 ջերմուժ: Հարուստ ըլլալով բնաթելերով , ունի լուծողական յատկութիւն, կը պայքարի պնդութեան դէմ , ինչով եւ պայմանաւորուած է անոր դիւրամարս ըլլալը: Կը տարբերենք արմաւի 1500 տեսակ, դեղինէն ոսկեգոյն եւ մինչեւ մութ սրճագոյն: Արմաւը կը պարունակէ փրոթէին, ածխաջրատներ, երկաթ, ֆոսֆոր, քալսիում, բոլոր կենսանիւթերը բացի Vit. Eէն: Պարունակած ամինաթթուներու քանակով ,ան կը գերազանցէ պանանը եւ խնձորը: կը պարունակէ ֆլիւոր, որ անհրաժեշտ է առողջ ակռաներ ունենալու համար , եւ սէլենիում օրկանիզմի դիմադրողականութիւնը բարձրացնելու համար: Արմաւը կը նպաստէ սիրտ-անօթային հիւանդութիւններու կանխարգիլմանը : Արմաւէն պէտք է զգուշնան սննդականոնի հետեւողները, սակայն բնական կշիռքի ժամանակ , զայն կարելի է օգտագործել քաղցրաւենիքի փոխարէն : Արմաւները կը համարուին հնագոյն բժշկութեան ամենալաւ միջոցը ստամոքս-աղիքային հիւանդութիւններու բուժման համար: Տեւական օգտագործման պարագային, աղիքներու մէջ կը ստեղծուի օգտակար մանրէներու կազմ: Աղիքներու աշխատանքը խթանելու համար կէս լիթր ջուրի մէջ եռացնել 5 արմաւ , խմել առտու եւ իրիկուն , կամ ուտել 5արմաւ, ապա խմել մէկ գաւաթ գաղջ ջուր : Արմաւը կ'օգնէ եւ կերակրափողի այրոցի պարագային եւ պարունակած կլութամինաթթուի շնորհիւ կը չէզոքացնէ աւելորդ ստամոքսահիւթը : Արմաւը ուղղակի ուժանիւթի աղբիւր է , բառացիօրէն կը լիցքաւորէ մարմինը: Օգտակար քաղցրաւենիք է , որ կ'ապահովէ մարմնի ֆրուքթոզը եւ կլուքոզը: Ան կը պարունակէ մեծ քանակով Vit.B5 ապահովելով մկաններու աշխատունակութիւնը, մանաւանդ մարզիկներու մոտ: Ուղեղի մտային լարումներու ժամանակ անփոխարրինելի է շնորհիւ իր պարունակած կլուքոզի եւ B խումբի կենսանիւթերու : Երբ յղի կամ դիեցնող կինը իր սննդաբաժնի մէջ, արմաւ կը սպառէ, երեխան կը ստանայ աճի համար անհրաժեշտ լիարժէք կենսանիւթեր եւ միքրօտարրեր:

Արմաւի Ծառ

Աղբիւրներ Խմբագրել

Առողջութիւնն Ու Սնունդը Գոհար Վարդանեան Քեշիշեան Պէյրութ 2007