Արտադպրոցական Դաստիարակութիւնը Հայաստանի Մէջ

Արտադպրոցական դաստիարակութիւն ՀՀ-ի մէջ հանրակրթութեան կարեւոր օղակներէն է։ Անոր նպատակը սորւողներու ազատ ժամանցի կազմակերպումն է, անոնց հոգեւոր, գեղագիտական, ֆիզիքական զարգացմանը, ռազմահայրենասիրական դաստիարակութեանը, բնապահպանական, կիրառական եւ տեղեկատւական գիտելիքներու ձեռքբերմանը նպաստելը։ Արտադպրոցական դաստիարակութիւնը կ՝ իրականացուէր մանկապատանեկան կազմակերպութիւններու, ստեղծագործական, գեղագիտական, տեխնոլոգիական կենտրոններու, երաժշտական, նկարչական, արուեստի դպրոցներու, ակումբներու, պատանի հայրենասերներու, տեխնիկներու, բնասերներու եւ զբոսաշրջային կայաններու, մարզադպրոցներու, մարզաառողջարարական ճամբարներու եւ այլ կազմակերպութիւններ միջոցով։ Արտադպրոցական կրթադաստիարակչական ուրույն համակարգ է սկաուտականութիւնը, որուն նպատակը պատասխանատու, գիտակից, հասարակայնօրէն աքթիւ, հոգեպէս ամուր, հայրենիասէր եւ ազատասէր սերունդ դաստիարակելն է։

Հայկական առաջին սկաուտական խումբերը Խմբագրել

 
Նիկոլ Աղբալեան

Սկաուտի նշանաբանն է՝ «Միշտ պատրաստ», հայ սկաուտինը՝ «Բարձրացիր, բարձրացուր»։ Հայկական առաջին սկաուտական խումբերը ստեղծուած են սկաուտական շարժման սկզբնաւորմանը (20-րդ դարու սկիզբ, Մեծ Անգլիա) զուգընթաց՝ 1908 թուականին՝ Հնդկաստանի Մադրաս եւ Բոմբեյ քաղաքներուն մէջ, 1910 թուականին՝ Վանի ամերիկեան որբանոցին եւ Կ. Պոլսոյ մէջ։ Մեծ եղեռէնց ետք՝ 1917-1918 թուականներուն, շարժումը Կ. Պոլսոյ մէջ վերականգնուած է, ստեղծուած է Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը (ՀՄԸՄ), որ այնտեղ գործած է մինչեւ 1922 թուականը։ Այնուհետեւ շարժումը տարածուած է Սփիւռքի մէջ՝ ստանալով ուսումնական հովանաւորութիւն, եւ մեծապէս նպաստած է հայապահպանութեան։ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան օրով՝ 1919 թուականին հանրային կրթութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեանի նախաձեռնութեամբ եւ Կ. Պոլսէն հրավիրուած սկաուտական շարժման նուիրյալներ Վահան Չերազի, Տիգրան Խոյեանի, Օնիկ Յազմաճեանի եւ ուրիշներու ջանքերով հիմնադրուած է ՀՄԸՄ-ի սկաուտական միութիւնը։ Հայաստանին մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք միութեան գործունեութիւնը արգիլուած է։ Սկաուտական խումբերը Հայաստանի մէջ վերսկսած են գործելու միայն 1989 թուականէն։

Հայաստանի ազգային սկաուտական կազմակերպութիւնը (ՀԱՍԿ) Խմբագրել

ՀՄԸՄ-ի հանրապետական կառոյցը՝ Հայաստանի ազգային սկաուտական կազմակերպութիւնը (ՀԱՍԿ), պաշտոնապէս գրանցուած է 1995 թուականին։ 1997 թուականիէն ան կ՝ անդամակցի Համաշխարհային սկաուտական շարժմանը։ ՀԱՍԿ-ը մասնաճիւղեր, ստորաբաժանումներ եւ խումբեր ունի ՀՀ գրեթէ բոլոր մարզերու եւԱրցախի մէջ։ ՀԱՍԿ-ը ունի իր դրօշը, խորհրդանշանը, քայլերգը, նշանաբանը, համազգեստը։ 18 Ապրիլին Հայ սկաուտի օրն է։ խորհրդային տարիներուն գործած են պիոներներու եւ դպրոցականներ պալատներ՝ զանազան մասնագիտական խմբակներով, որտեղ ընդգրկած է դպրոցականներու զգալի մասը, անցկա օլիմպիադաներ, սպարտակիադաներ, ռազմամարզական խաղեր, կազմակերպած գիտաճանաչողական արշաւներ, էքսկուրսիաներ, մանկական ստեղծագործութեան ցուցահանդէսներ, նշուած են կարեւոր իրադարձութիւններ, տօներ եւ այլն։

Պիոներ տուն Խմբագրել

ՀԽՍՀ-ի առաջինը բացուած է Երեւանի պիոներ տունը (1922, 1937-1993-ին՝ Ղուկաս Ղուկասեանի անուան պիոներներու եւ դպրոցականներու պալատ. 1982-83 ուսումնական տարին ունեցած է 266 խմբակ, ուր ընդգրկած են 5 հազար դպրոցական, 1993 թուականէն՝ Երեւանի քաղաքապետարանի մանկապատանեկան ստեղծագործութեան կենդրոն)։ 1922 թուականին բացուած է նաեւ Լենինականի պիոներ տունը։ 1982-1983 թուականներուն ուսումնական տարին գործած են 57 նմանատիպ պալատներ, որոնցմէ 2600 խմբակներուն եւ բաժանմունքներուն ընդգրկուած էին աւելի քան 40 հազար պիոներ-դպրոցականներ։ Խորհրդային շրջանին գործած են նաեւ արտադպրոցական այլ հաստատութիւններ՝ պատանի բանասերներու (1982-1983 թուականին՝ 8 կայան, 2,5 հազար երեխայ), պատանի տեխնիկներու (26 կայան, շուրջ 9 հազար երեխայ) կայաններ եւ այլն։ Երեխաներու ամառային եւ ձմեռային հանգիստը կազմակերպուած է պիոներ, ճամբարներուն, քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ ստեղծուած են նաեւ բակային ճամբարներ։ ՀԽՍՀ-եան մէջ առաջին ճամբարը բացուած է 1924 թուականին (Ծաղկաձոր)։ Հետագային բազմաթիւ ճամբարներ բացուած են Վանաձորի մէջ («Հայկական Արտեկ» եւ այլն), Ծաղկաձորի մէջ, Հանքաւանի եւ այլ վայրերու մէջ։ 1986 թուականին գործած են 1398 պիոներ, ճամբարներ, ուր ամառային արձակուրդը անցկացրուած է աւելի քան 216 հազար երեխայ։ Արտադպրոցական հաստատութիւններու առանձին գործառոյթներ իրականացուած են նաեւ մանկական գրադարանները, թատրոնները, կինոթատրոնները, աշխատանքներուն աջակցած են Հայաստանի երգչախմբային եւ թատերական ընկերութիւնները, ստեղծագործական միութիւնները, ԴՕՍԱԱՖ-ը, մարզական եւ այլ կազմակերպութիւններ։

Արտադպրոցական դաստիարակութիւնը վաղ շրջանէն մինչեւ մեր օրերը Խմբագրել

ՀՀ-եան մէջ արտադպրոցական դաստիարակութեան օրինակելի հաստատութիւններ են հայորդաց տուները, ուր պատանիները, արուեստի եւ արհեստի տարբեր ճիւղերուն մէջ մասնագիտանալէ զատ, կ՝ըստանան նաեւ ազգային եւ հոգեւոր կրթութիւն ու դաստիարակութիւն։ Հայորդաց ուները բացուած են 1993 թուականէն՝ խորհրդային տարիներու պիոներ-պալատներու հիմքի վրան՝ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ, ՀԲԸՄ-ի, «Ջինիշեան» յիշատակի հիմնադրամի, շարք մը բարերարներու հովանաւորութեամբ։ 2011 թուականին ՀՀ-եան մէջ գործած են 8 հայորդաց տուներ՝ 3500 սաներով։ Արտադպրոցական դաստիարակութեան ստեղծագործական կեդրոններէն ուշագրաւ է Գեղագիտութեան ազգային կեդրոնի գործունեութիւնը, որ հիմնադրուած է 1978 թուականին Երեւանի մէջ՝ արուեստաբան Հենրիկ Իգիթեանի նախաձեռնութեամբ 1970 թուականին ստեղծուած աշխարհի առաջին մանկանան ստեղծագործութեան թանգարանի հիման վրայ (մինչեւ 1999 թուականը՝ Գեղագիտական դաստիարակութեան հանրապետական կեդրոն)։ Կեդրոնին մէջ կը գործեն կերպարուեստի, տեքորաթիֆ-կիրառական արուեստի, պարարուեստի ստուդիաներ, ուր կը սորուին 4-16 տարեկանի շուրջ 5 հազար երեխայ, ինչպէս նաեւ «Գորանի» ազգագրական, «Հայկական զարդանախշեր» ժողովրդական պարերու, «Տալւորիկ» վոքալ-գործիքային, հարուածային գործիքներու անսամբլները, ժողգործիքներու 7-ամեայ երաժշտական դպրոցը, ժամանակակից պարերիխումբը, «Մետրո» երիտասարդական թատրոնը, «Փոքր թատրոնը»՝ տրամաթիկական եւ տիկնիկային թատերախումբերով, թատերական դիզայնի ստուդիայով։ Գեղագիտական ազգային կեդրոնը լոյս կ՝ ընծայէ նաեւ պատկերազարդ մանկական գիրքեր (հայերէն եւ այլ լեզուներով)։ Կեդրոնը մասնաճիւղեր ունի Գիւմրիի, Վանաձորի, Սեւանի, Գորիսի, Մեղրիի մէջ։ Կարեւոր է նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի դերը, որ պարարուեստի, ձեռարուեստի, երաժշտական, թատերական, նկարչական 56 խմբակներուն մէջ կ՝ ընդգրկեն շուրջ 700 դպրոցականներ, կը գործեն «Կռունկ» ազգային, «Երեւան», «Մատադոր» ժամանակակից պարերու եւ այլ ստուդիաներ։

ԹԻՒՄՕ Խմբագրել

 
Թիւմօ կեդրոն Երեւան, Հայաստան

2011 թուականին «Սիմոնեան» կրթական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ բացուած է աշխարհի նախադեպը չունեցող «Թիւմօ» ստեղծարար տեխնոլոգիաներու կեդրոնը, որ նորարար, բաց ստուդիա է (անվճար)՝ հագեցած առաջատար թուային տեխնոլոգիայով։ Կեդրոնը կ՝ իրականացնէ արտադպրոցական կրթական ծրագիրներ, որոնք կը նպաստեն 12-18 տարեկան երեխաներու ստեղծագործական առաջընթացին եւ տեղեկատվական տեխնոլոգիաներու բնագաւառին մէջ հմտանալուն։ «Թիւմոյի մէջ» ներառուած են անիմացիա, խաղերու ստեղծում, կայքերու մշակում եւ թուային մետիա ուսումնական ոլորտները։ Կեդրոնի երեխաները կը սորուին համակարգչային զանազան ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ ձեռք կը բերեն տեխնիկական (համակարգչային գրաֆիկա, եռաչափ մոդելաւորում, համակարգչային ծրագրաւորում) հմտութիւններ, կը մասնակցին երաժշտական, նկարչական, ստեղծագործական խմբակներու։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։