Արտաշէս Բ (88 - 129) Հայոց թագաւոր եւ Սանատրուկի որդի, որու մահէ ետք՝ Սմբատ Բագրատունի Բիւրատեան՝ Երուանդ Թագաւոր. ի կոտորածէն ազատելով՝ 69 թուին պարսիզ Դարեհ թագաւորին խնամոց յանձնեզ, ուր զարգացացաւ մինչեւ 88 թուականը։ Դարեհ վաէձատրելու համարԱմբաւ Բագրատունին իր տարած յաղթութեանց համար՝ հրամայեց որ Արտաշէսը Հայաստան տանի եւ թագաւորական գահը բարձրացնէ։ Այդ ատենները Ուստէացիք արդէն ապստամբած էին Երուանդէն, զորս ընկճելու գացած էր ինքը անձամբ Երուանդ։ Դիւրին եղաւ Ամբատայ Արտաշէսը Հայաստան մտցնել, որ այդ ժամանակի նշանաւոր պատերազմիկ Արգամի պատգանաւոր դրկելով յորգորեց իրեն միանալ, խոստանալով անոր պատիւ եւ իշխանութիւն։

Արգամ սիրով յանցն առաւ ինեն եզած հրաւէրը։ Արտաշէս յաղթական հանդիսացաւ։ Երուանդ սպաննոիեցաւ իր պալատին մէջ՝ հակառակորդ զինուորէ մը։

Արտաշէս թագաւորական գահոին տիրանալէ ետք Մարաց եւ Պարսից զօրքերը վարձտրելով ետ ղրկեց. Սմբատը Հայոց սպարապետ եւ Արգամը իրեն փոխանորդ հարգեզ։ Յաջորդ տարին (89-ին) Արտաշատ քաղաքը նորոգել եւ ընդխրձակել սուաւ, զարդարէց զայն ընդարձակ ապարանքներով, եւ որովհետեւ Ներոնիա կոչուած էր՝ հրամայէց կրկին Արտաշատ կոչել զայն։ 90 թուականին Ալանները Տաստանցիներու եւ Վրացիներու հետ միազած Հայաստանի վրայ յարձակեցաւ։

Արտաշէս բանակին գլուխպ անցած թշնամիները վանելու գնաց եւ այդ մարտին մէջ Ալանաց թագաւորին որդին Սաթէն գերի բռնէց։ Յաջորդ օրը երբ երկու թշնամի բանակներ Կուր գետին երկու կողմը դէմ առ դէմ բանակած էին՝ Սաթէնի քոյրը Սաթէնիկ թարգմանի միջոցաւ խնդրեց Արտաշէսէն որ ազատ արձակէ իր եղբայրը։ Արտաշէս, սիրահարուեցաւ Սաթէնիկին, պատգամաւոր ղրկեց Ալանաց թագաւորին եւ փոխան Սաթէնի, Սաթէնիկը կնութեան խնդրեց եւ այս ամուսնութիւնը խնամիական կապով խաղաղեցուց երկու ազքերը,-Հայերը եւ Ալանները։ Արտաշէս շատ մը բարեկարգութիւններ ըրաւ, այլ եւ այլ ազգերէ գաշթականներ բերելով բնակեցուց Հայաստանի լեռներուն ու դաշտերոն վրայ (Մ. Խորենացի Բ. ծգ.), շատ մը կամուրջներ շինել տուաւ ու բազմաթիւ վարժարաններ բանալով դրացի ազգերու նախանձը արառեց։ Արտաշէս 41 տարի թագաւորելէ ետք մերաւ, արուն յաջորդեց որդին Արտաւազդ։

Ո՛չ մէկ հայ թագաւորի թաղումը շքեղ եղած է, ինչպէս Արտաշէսինը։Ժողովուրդը երգերով անմահացուց իր բարեկարգիչ եւ բարեզարգիչ արքան ու շատերը, ինչպէս կը գրէ Մովսես Խորենացին, իրենք թաղել ուզեցին իրենց սիրելի թագաւորին հետ։