Աւետիս Պաղսարեան

Աւետիս Պաղսարեանարուեստագէտՙ նկարիչ, քանդակագործ եւ լուսանկարիչ:

Աւետիս Պաղսարեան
Ծնած է 1933
Ծննդավայր Երուսաղէմ
Կարողութիւն Արուեստագէտ
Մասնագիտութիւն School of Visual Arts and Parsons School of Design and studied Industrial Design, Architecture and Photography
Գործունէութիւն արուեստագէտՙ նկարիչ, քանդակագործ եւ լուսանկարիչ
Ամուսին Արշօ Պաղսարեան-Սիմոնեան (designer)
Ծնողներ ԱռաքելՊաղսարեան, Ծաղիկ Լուրճիկեան

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Աւետիս Պաղսարեանը ծնած է Երուսաղէմ նպարավաճառ Առաքելի ընտանիքին մէջ: Մայրըՙ Ծաղիկ Լուրճիկեանը Քեսապէն է, Սուրիա: Վերջինս Մեծ եղեռնի ժամանակ կորսնցուած է իր անմիջական ընտանիքը, բացի քրոջմէ, որուն կրցած է միանալ միայն 20 տարի անց, շնորհիւ թեւի վրայի խալին[1]:

Աւետիսի ընտանիքը Երուսաղէմի մէջ ապրած է 1600-ականներէն սկսած: Հայրըՙ Թարգմանչաց վարժարանի հիմնադիրներէն է: 1955-ին ան տեղափոխուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուած (Manhattan) Մանհաթընի մէջ: Վերացական կամ ցնորական ոճով ստեղծուած անոր ծաղկամանները, մոմակալները, աղամանները եւ միւս քանդակները արժանացած են «Միջազգային գծագրական արուեստ» ամսաթերթի մրցանակին[2]: Իր իրերը կը վաճառուին (Guggenheim) Կուկենհայմի, Մոմայի, Քոպայի (Ճափոն) ճանչցուած թանգարաններու յուշանուէրներու խանութներու մէջ: Ան հրատարակած է է 12 լուսանկարչական ալպոմներ, որոնց մէջ ներբողած է բնութեան անգերազանցելի գեղեցկութիւնը[1]:

«Հայ Օգնութեան ֆոնտի եւ Աւետիս եւ Արշօ Պաղսարեան կրթաթոշակի հիմնադրամ» Խմբագրել

Ի նշանաւորումն հայկական պետականութեան վերահաստատման 100-ամեակի, 2018 թուականին, Մայիս 17-էն 19-ը Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ մեծ դահլիճին մէջ կը գործէ միջազգային ճանաչման արժանացած արուեստագէտՙ նկարիչ, քանդակագործ եւ լուսանկարիչ Աւետիս Պաղսարեանի եզակի ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսը, հովանաւորութեամբ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան, ՄԱԿ-ի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցչութեան եւ Հայ Օգնութեան ֆոնտին[1]:

Բարեգործական ցուցահանդէսի խնամակալներ նշանակուած են՝ Վիքի Շողակ Յովհաննէսեանը (ՀՀ մշակոյթի նախ.էն) ու Սանտրա Շահինեանը (Fund For Armenian Relief) (ՀՕՖ-էն) եւ որ ցուցահանդէսի ամբողջ հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայաստանի ուսանողներունՙ «ՀՕՖ-ի եւ Աւետիս եւ Արշօ Պաղսարեան կրթաթոշակի հիմնադրամի» միջոցով[3]:

  • Աւետիս Պաղսարեանի տիկինը՝ Արշօ Պաղսարեան-Սիմոնեան կօշիկի նորաձեւութեան (designer) ոճահնարիչ, ուրուագծող է:

Հիմնադրամը մասնաւորապէս յստակացուցած է, որ կրթաթոշակին կ'արժանանան լրագրութեան եւ նորաձեւութեան ասպարէզներու ուսանողները, այն պայմանով, որ անոնք կաճառը աւարտելէն յետոյ, երեք տարի առնուազն մնան Հայաստանի մէջ եւ իրենց լուման ներդնեն երկրի զարգացումին[1]:

Եուդուպ հարթակի վրայ կարելի է դիտել Avedis Baghsarian Exhibit May 17, 2018-ի խորագրի տակ:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել