Բագրատունիներու Զինանշան

Բագրատունիներու զինանշան, միջնադարեան Հայաստանի ազնուական տոմերէն մէկուն՝ Բագրատունիներու զինանշանը։
Զինանշանը, 9-րդ դարու 50-ական թուականներու կիսուն դարձած է համահայկական թագաւորութեան խորհրդանիշ։

Բագրատունիներ

Խմբագրել
 
Բագրատունեաց Հայաստանը հզօրութեան գագաթնակէտին

Համահայկական ապստամբութեան աւարտէն ետք՝ 855-ին, Արաբական խալիֆայութեանը ենթակայ Հայաստանի կառավարիչ նշանակուած էր Հայոց իշխան Աշոտ Բագրատունին։ Բաղտատի խալիֆը 862-ին անոր կը շնորհէ նաեւ իշխանաց իշխանի կոչումը։ Աշոտը, յենելով իր տոհմի ռազմական ուժի վրայ, համախմբելով Արծրունիներու, Սիւնիներու եւ վրաց Բագրատունիներու իշխանական տուները՝ 3 տասնամեակին ընթացքին քայլ առ քայլ գնաց դէպի անկախութիւն։ 885-ին վերականգնեց 428-ին կորսուած Հայաստանի անկախութիւնը եւ մեծ շուքով օծուեցաւ Հայաստանի թագաւոր։ Բագրատունիներու հայոց թագաւորութիւնն իր հզօրութեան գագաթնակէտին հասաւ Գագիկ Ա. թագաւորի օրով (990-1020) թուականներուն, երբ կրկին վերանուաճեցին Դուինն ու Նախճաւանը, եւ Երասխը կրկին սահման դարձաւ Հայաստանի եւ Ատրպատականի միջեւ, որ դարձած էր վարչատարածքային ինքնուրոյն միաւոր։

Բագրատունիներու թագաւորութեան տարիներուն՝ 10-րդ դարու ընթացքին, առաջացան Վասպուրականի, Կարսի, Տաշիր-Ձորագետի, Սիւնիքի թագաւորութիւնները, Խաչեն-Փառիսոսի, Տարօնի իշխանութիւնները, որոնք ենթակայ էին Բագրատունիներու կեդրոնական թագաւորութեանը։

Առիւծ-զինանշան

Խմբագրել
 

Բագրատունիներու տոհմի պատմութիւնը, ըստ Մովսէս Խորենացիի, կը սկսի մ.թ.ա. 6-րդ դարու սկիզբէն, երբ Հրաչեա թագաւորը (630-590) Հայաստան կը բերէ ազգութեամբ հրեայ Շամբատին (Սմբատ)։ Տեղեկութիւններ պահպանուած են նաեւ Արտաշէս Բարեպաշտ արքայի (189-160) զօրավարներէն Սմբատ Բագրատունիի մասին, որ ղեկավարած է ալանաց արշաւանքը։ Հայոց Արշակունի թագաւորներու օրով (52/66-428) Բագրատունիները գրաւած են թագադիր ասպետի պաշտօնը, իսկ Մարզպանական Հայաստանի մէջ (428-642) եղած են ազդեցիկ իշխաններ։ Այս՝ աւելի քան հազարամեայ պատմութեան ընթացքին Բագրատունիներու զինանշանի մասին տեղեկութիւններ չկան։ Հայաստանի թագաւոր եղած ժամանակ անոնց զինանշանի վրայ առկայ են թէ՛ առիւծի կամ յովազի, թէ՛ արծիւի պատկերներ։

Առիւծի պատկերով առաջին զինանշանը կը գտնուի Կարսի Առաքելոց եկեղեցւոյ հարաւային ճակատին։ Կարսը մայրաքաղաք դարձած էր անժառանգ Աշոտ Երկաթ թագաւորի եղբայրը՝ Աբաս Բագրատունին (928-953)։ Անոր օրով ալ կառուցուած է Առաքելոց եկեղեցին 930-943 թուականներուն։ Առիւծը քառակուսիի ներսն է, գլուխով ուղղուած է դէպի աջ եւ կը նայի դիտողին։ Որպէս իշխանութեան նշան՝ առջեւի աջ թաթը բարձրացած է վեր, պոչը՝ վեր տնկած։ Փաստօրէն, Առաքելոց եկեղեցւոյ պատին տակ ըլլալով, ամենայն հաւանականութեամբ, զինանշանը կը պատկանի Աբաս թագաւորին։

Պատկեր:Bagratuni gerb,Ani.jpg

Յաջորդ զարդաքանդակները, որոնք կը պատկերեն զինանշանը, գտնուած են Անիի մէջ։ Սալաքարի վրայ առիւծի պատկերը իրականացուած է քանդակային եղանակով։ Առիւծը գլուխով ուղղուած է դէպի աջ եւ բացարձակապէս կը կրկնէ Կարսի քանդակը։ Առաւել մանրամասնօրէն քանդակուած են կենդանիի ուռած կուրծքը, հարթ բաշը, հաստ ու ընդգծուն յօնքերը, վիզը, դէմքը։ Ճակատին փորագրուած ռումբիկը կը խորհրդանշէ իշխանապետ ըլլալը։ Այս առիւծապատկերը որպէս Բագրատունիներու խորհրդանիշ պատկերուած են Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութեան զինանշաններուն՝ վահանը: (Վերի հատուածին մէջ (հեղինակ՝ նկարիչ Յակոբ Կոջոեան))։

Անիի մէջ գտնուած են գլուխով դէպի աջ ուղղուած եւս երկու զինանշանային քանդակներ։ Վստահօրէն կարելի է փաստել, որ Բագրատունիներու կեդրոնական իշխանութեան զինանշանը եւս կը գտնուի Կարսի Առաքելոց եկեղեցւոյ գմբեթի խորշերէն մէկուն մէջ։

Արծիւ-զինանշան

Խմբագրել
 
Անիի Տիգրան Հոնենց եկեղեցի

Բագրատունի տոհմի մէկ այլ զինանշան՝ արծիւը քանդակուած է արձանային եղանակով եւ ունի ուղղահայաց կառուցուածք։ Թռչունի թեւերը հպուած են մարմնին, կուրծքը դուրս ցցուած է, վիզը թեքուած է քիչ մը դէպի ձախ, գլուխը ջարդուած է։ Հզօր ճանկերուն մէջ պոչը սեղմած կը պահէ ինչ-որ անորոշ կենդանի է։ Քանդակն իրականացած է թեփուկաքանդակային եղանակով։ Նոյն՝ անիական շրջանէն յայտնի է զինանշանային մէկ այլ տարբերակ, որ կը գտնուի հայոց մայրաքաղաքի գլխաւոր եկեղեցւոյ՝ Անիի Մայր տաճարի արեւմտեան ճակատին։ Այստեղ՝ կեդրոնական մասին մէջ, իրարու զուգահեռ, երկու խորշերու գլխուն, գրեթէ նոյն ոճով քանդակուած են զինանշան-արծիւի պատկերներ։ Թռչունը ունի հորիզոնական կառուցուածք, պատկերուած է այն պահուն, երբ երկինքէն, թեւաբախումով, բացուած պոչով կ՛իջնէ ու կը տնկէ զոհին։ Ամբողջ պատկերը շարժման մէջ է. հզօր թեւերը ալիքաձեւ, ոլորուն կը ճախրեն օդին մէջ, մագիլները խրուած են աննշան ու անորոշ զոհի մարմնի մէջ ու սեղմուած են հզօր պոչին։

 
Անիի մայր տաճար

Արծիւի գլուխը քիչ մը դէպի ձախ ուղղուած է, ըստ որուն կ՛որոշուի նաեւ կուրծքի ձախ ուղղուածութիւնը։ Ինչպէս եւ Կարսի, Անիի Մայր տաճարի երկու արծիւներու գլուխներն ալ կոտրուած են. զինանշանային այս անզուգական պատկերները որոշ չափով թօշնած են։ Զինանշանային արծուաքանդակները թէեւ զուրկ են մանրամասներու ընգծումէն եւ ընդհանրապէս մշակուած չեն, սակայն լաւագոյնը կ'արտայայտեն հզօր թագաւորներու՝ Բագրատունիներու կարգավիճակը. անոնք այնքան հզօր էին, որ անոնց դէմ թշնամիները աննշան ոչնչութիւն են։ Բագրատունիներու այս զինանշանը կերտուած է Գագիկ Ա. թագաւորի օրով, երբ Բագրատունիները կը գտնուէին փառքի գագաթնակէտին, եւ անոնց զինանշանն ալ այդ կ'ապացուցէ։ Երկու նոյնատիպ արծուապատկերներ փորագրուած են Անիի միջնաբերդի պալատական եկեղեցւոյ ներսը։

13-րդ դարուն Վրաստանի հետ դաշնակցած Զաքարեանները կ'ազատագրեն Հայաստանը։ Անոնք իրենց կը համարէին Բագրատունիներու իրաւայաջորդը, եւ զինանշանային պատկերները կը սկսին որդեգրել։ Զաքարէ Բ.-ի եւ Իվանէ Ա.-ի համար որոշ փոփոխութիւններով օգտագործուեցան Կարսի Առաքելոց եկեղեցւոյ արծուապատկերները, իսկ Վահրամեանները որդեգրեցին Անիի Մայր տաճարին գտնուող զինանշանը՝ որ դարձած է որոշ յաւելում կատարելով։

 
Գեղարդի վանք

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել