Բարձր Հայք
Բարձր Հայք, Մեծ Հայքի առաջին նահանգը։
Վարչական բաժանում
ԽմբագրելԲարձր Հայքը բաղկացած էր հետեւեալ 9 գաւառներէն.
Աշխարհագրութիւն
ԽմբագրելԻր տարածքով Բարձր Հայք կը համապատասխանէ այժմեան Էրզրումի հիմնական մասին։ Ունէր ընդարձակ սարահարթեր եւ դաշտեր։
Ձմրան օդը խիստ ցուրտ է եւ առատ կը ձիւնէ, մթնոլորտային տեղումները բաւարար են։ Գլխաւոր գետը Եփրատն է, որուն մէջ Բարձր Հայքի սահմաններուն կը թափին կարգ մը վտակներ։
Բարձր Հայքը նշանաւոր էր իր սառնորակ աղբիւրներով, ոսկիով, պղինձով, աղահանքերով, քարածուխով, նաւթով եւ երկաթով։
Ք.Ա. երկրորդ հազարամեակին Բարձր Հայքի արեւմտեան շրջանները մտած են խեթական պետութեան մէջ։
Ք.Ա. 15-րդ դարէն Բարձր Հայքը, Տայքի մէկ մասը Փոքր Հայքին հետ միասին կը կազմէին Հայասա-Ազզի հայկական ցեղային միութեան տարածքը։
Ք.Ա. 189-էն Բարձր Հայք մտած է Հայոց Արտաշիսեան թագաւորութեան մէջ։ Նշանաւոր էր հեթանոսական հաւատքի կեդրոններով։
Նահանգին Եկեղիք գաւառին Երիզա աւանին մէջ կը գտնուի Անահիտ աստուածուհիին մեհեանը։ Նոյն գաւառին Թիլ աւանին մէջ կը գտնուէր պտղաբերութեան աստուածուհիին՝ Նանէին մեհեանը։
Մեծ Հայքի արեւմտեան սահմանին գտնուելով՝ Բարձր Հայք հինէն ի վեր ենթարկուած է օտար տէրութիւններու յարձակումներուն։ 62-էն Բարձր Հայք մտած է Արշակունեաց Հայոց թագաւորութեան կազմին մէջ։
Ըստ Փաւստոս Բիւզանդի, Բարձր Հայքի Անի ամրոցին մէջ թաղուած են Հայոց Արշակունի թագաւորները։ 301-էն ետք Բարձր Հայքի Եկեղեաց գաւառին մեծ մասը դարձած է Գրիգոր Լուսաւորիչի տոհմին սեփականութիւնը։
Մեծ Հայքի 387-ի բաժանումէն ետք Բարձր Հայք կազմած է Հռոմէական Հայաստանի հիմնական մասերէն մէկը, որուն գերագոյն կառավարիչը կայսեր կողմէն նշանակուող կոմսն էր։ Նահանգը մասնատուած էր շարք մը նախարարութիւններու։ Բարձր Հայքի վարչական վիճակը կը փոխուի բիւզանդական Հուստինիանոս Ա. կայսեր կատարած վերափոխութիւններուն հետեւանքով։ Հայկական նախարարութիւնները կը վերցուին, 380-ական թուականներէն սկսեալ Բարձր Հայքի մէջ աստիճանաբար կ'ուժեղանայ բիւզանդական ազդեցութիւնը։
Է. դարու առաջին կէսին Բարձր Հայք դարձած է պարսկա-բիւզանդական պատերազմներու թատերաբեմ, նոյն դարու կէսերէն ենթարկուած է արաբական յարձակումներուն։ Նահանգը այնուհետեւ դարձած է Բիւզանդիոնի եւ արաբական արիւնոտ բախումներու թատերաբեմ։
885-էն Բարձր Հայք մտած է Բագրատունեաց Հայոց թագաւորութեան մէջ, բացառեալ Կարինէն, որ կը շարունակէ մնալ խալիֆութեան սահմաններուն ռազմականը։
1314-ին ամբողջ Բարձր Հայքը ենթարկուած է ծանր հարկահանութեան, փակուած են եկեղեցիները, բնակչութեան մէկ մասը հաւատափոխ եղած է, ոմանք վաճառած են իրենց զաւակները կամ փախած այլեւայլ վայրեր։
1394-ին Բարձր Հայքը գրաւած են Լենկ-թեմուրին հրոսակները եւ նահանգին բնակչութիւնը ենթարկուած է նորանոր արհաւիրքներու։ 1514-ին նահանգը գրաւած է օսմանեան Թուրքիան։ 1555 եւ 1639 թուականներուն թուրք-պարսկական պայմանագիրով Բարձր Հայքը վերջնականապէս անցած է Թուրքիոյ՝ ընդգրկելով Էրզրումի փաշայութեան մէջ։