Բարսեղ Թուղլաճեան

Բարսեղ Թուղլաճեան (1 Ապրիլ 1933(1933-04-01)[1][2], Պոլիս, Թուրքիա[1][2] - 12 Դեկտեմբեր 2016(2016-12-12), Պոլիս, Թուրքիա), պատմաբան, թարգմանիչ, բառարանագէտ, բանասէր եւ գրող։ Հաստափոր ու մեծահասակ բազմաթիւ թրքերէն հատորներու, երկլեզու աշխատասիրութիւններու եւ հանրագիտարաններու հեղինակ։ Հանրանօթ դէմք թէ՛ թուրք, թէ՛ հայ եւ թէ՛ օտար շրջանակներու մօտ։

Բարսեղ Թուղլաճեան
Ծննդեան անուն Բարսեղ Թուղլաճեան
Ծնած է 1 Ապրիլ 1933(1933-04-01)[1][2]
Ծննդավայր Պոլիս, Թուրքիա[1][2]
Մահացած է 12 Դեկտեմբեր 2016(2016-12-12) (83 տարեկանին)
Մահուան վայր Պոլիս, Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա
Ուսումնավայր Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն[1]
Միշիկընի Համալսարան,[1]
Երկեր/Գլխաւոր գործ «Ովկիանոս»
Մասնագիտութիւն բառարանագիր, ուսուցիչ, թարգմանիչ, գրագէտ, քաղաքական գործիչ
Աշխատավայր Թրքական ռազմական ակադեմիա,
Անդամութիւն Թուրքիոյ Գրողներու Միութիւն

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Թուղլաճեան ծնած է Պոլիս, 1933-ին։ Հայեցի կրթութիւնն կը ստանայ Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանէն, 1946-51։ Այնուհետեւ Ամերիկա անցնելով (Միշիկընի Համալսարան), կը հմտանայ անգլերէնի մէջ ու Պոլիս վերադարձին (1955)՝ իբրեւեւ անգլերէնի դասատու կը պաշտօնավարէ տարբեր դպրոցներու մէջ։

Գրական ասպարէզ Խմբագրել

Շարքը երկար է իր հրատարակած հատորներուն (քսանէ աւելի), որոնք կը յատկանշուին մանաւանդ իրենց ճոխ նկարազարդումներով եւ պատմական հազուագիւտ վաւերագիրներով։

Ան վարպետ մըն էր հանրագիտարանային գործերու գրառումին մէջ, տարիներու երկայնքին շարունակ կը հաւաքէ եւ իր արխիւին վրայ կ'աւելցնէ փաստաթուղթեր, լուսանկարներ, տուեալներ, գիրքերու կողքեր, հին թերթերու նմոյշներ ու ամէն ինչ՝ որ իր հրատարակութիւններուն կրնար նպաստել։ Ան նաեւ պրպտումներ կը կատարէ թրքական արխիւներու մէջ։

Պատրաստած է թրքերէն-անգլերէն տարաբնոյթ բառարաններ (գիտական, տնտեսական, իրաւաբանական, բժշկական բառերու)։ Իրեն կը պատկանին նաեւ հարագիտարանային բնոյթի գործեր, ինչպէս՝ «Օքիանուս» (Ովկիանոս) եռահատոր հանրագիտարան-բառարանը, նաեւ թանկարժէք գիրքեր՝ Մարմարա ծովու կղզիներուն, Պոլսոյ հայոց եկեղեցիներուն, Տատեան ամիրաներու ընտանիքին, ծովանկարիչ Այվազովսկիին, արեւմտահայոց մշակութային եւ հրատարակչական գործունէութեան՝[3] «Արեւմտեան աշխարհի հայերը» (Պաթը էրմէնիլէրի, 5 հատորանի)[4], օսմանցի պալատական կիներու մասին, եւայլն։

Թուղլաճեան իր գործերը գրած է ընդհանրապէս թրքերէնով, ու հետեւաբար՝ թուրք մշակոյթի՛ն է որ ծառայած է գլխաւորաբար։ Բայց ան ամէն առիթով հայ ժողովուրդի տաղանդնե՛րն ալ ճանչցուցած է օտարներուն (թրքերէնով կամ անգլերէնով)։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւր Խմբագրել

  • Գառնիկ Ստեփանեան (1973), «Կենսագրական բառարան», հատոր Ա., Երեւան: «Սովետական գրող», էջ 378։