Գաբրիէլ Անսուրլեան

Գաբրիէլ Անսուրլեան Ղազարի (1885, Մալաթիա, Թուրքիա - 1915, Ուռհա, Թուրքիա), հայ բժիշկ։

Գաբրիէլ Անսուրլեան
Ծնած է 1885
Ծննդավայր Մալաթիա, Թուրքիա
Մահացած է 1915
Մահուան վայր Ուռհա, Թուրքիա
Կրթութիւն Սենթ Ժոզէֆ համալսարան
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Գաբրիէլ Անսուրլեան ծնած է 1885 թուականին Խարբերդի նահանգի Մելիտինէի (Մալաթիա) գաւառի կեդրոն Մելիտինէ քաղաքին մէջ։ Ծնողները՝ Ղազար եւ Գոհար Անսուրեանները, վաղաժամ մահացած են, եւ ան մեծցած է Յովսէփ հօրեղբօր խնամքի տակ։ 1895 թուականի՝ հայկական կոտորածներու ժամանակ, զոհուած է նաեւ հօրեղբայրը, եւ Գաբրրիէլ մնացած է որբ։

Նախնական կրթութիւնն ստացած է ծննդավայրի Ս. Երրորդութիւն վարժարանին մէջ։ 1903 թուականին ուղարկած է Կարին եւ անվճար ուսանած՝ Սանասարեան վարժարանէն ներս։ 1906 թուականին աւարտելով ուսումը, վերադարձած է Մելիտինէ եւ ուսուցչութեամբ զբաղած՝ Մայր վարժարանին մէջ՝ դասաւանդելով քիմիա, բուսաբանութիւն, թուաբանութիւն, տոմարակալութիւն եւ բնագիտութիւն։ Միաժամանակ, եղած է Մելիտինէի ՀՅԴ կոմիտէի քարտուղարը։

1909 թուականի Ատանայի Եղեռնը սթափեցուցած է Մելիտինէի մտաւորականներէն շատերուն, եւ Գաբրիէլը, խումբ մը գաղափարակից երիտասարդներու հետ, լծուած է Մելիտինէի ինքնապաշտպանութեան գործին։ Ընկերներու հետ ռումբ պատրաստելու ընթացքին՝ վերջինս, պայթած ու վնասած է Գաբրիէլի աջ ձեռքը։

Ուսուցչութեամբ զբաղելու ընթացքին, կապուչին աբանահայր մը Սելեսթինի մօտ ֆրանսերէն ուսանած է։ 1910 թուականին մեկնած է Պէյրութ եւ ընդունուած Սեն Ժոզէֆ ֆրանսական համալսարանի բժշկական բաժինը։ 1911 թուականին, նշանուած է հայ օրիորդի մը հետ։ Ուսումն աւարտած է 1914 թուականի ամրան։

1915 թուականի Մայիսին, Պէյրութի մէջ, ձերբակալուած է՝ իր ծննդավայրը ուղարկուելու համար։ Սպանուած է նոյն տարուան ամրան՝ Եդեսիոյ մօտ կամ Մելիտինէի բանտին մէջ՝ 30 տարեկան հասակին։ Այլ տուեալներով՝ վերապրած է։

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։

Գրականութեան Խմբագրել

  • Կարոյեան Գասպար «Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները)», Պոսթըն, 1957
  • Խաչատրեան Լուսինէ եւ Բաբլումեան Արփինէ «Ցուցակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի (1915-1923 թթ.)», հ. 2, Խարբերդի նահանգ, Երեւան, 2004։