Գէորգ Ա. Սարաֆեան

հայ ուսուցիչ եւ խմբագիր

Գէորգ Ա. Սարաֆեան, (1889,Այնթապ-Սեպտեմբեր 6 1975 ), ուսուցիչ եւ խմբագիր:

Գէորգ Ա. Սարաֆեան
Ծնած է 1889
Ծննդավայր Այնթէպ, Հալէպի գաւառ, Հալէպի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 6 Սեպտեմբեր 1975(1975-09-06)

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Գէորգ Սարաֆեան ծնած է Այնթէպ, 1889-ին: Նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստացած է տեղւոյն Վարդանեան կրթարանին մէջ, որուն ընթացքը աւարտելէ անմիջապէս ետք, ուսուցչական պաշտօնով հրաւիրուած է նոյն հաստատութեան կողմէ։1910-ին անցած է Պոսթոն, յաճախելով Պրիճուոթըրի պետական ուսուցչանոցը։ Աւարտելէ ետք, նուիրուած է ուսուցչական ասպարէզին: 1923-ին նշանակուած է Քալիֆորնիոյ Լա Վեռն գոլէճի օտար լեզուներու եւ գրականութեան ուսուցչապետ: 1929-ին Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն վկայուած է դոկտորական աստիճանով: Յաջորդող տարիներուն, Գ.Սարաֆեան նախ վարած է նոյն համալսարանի մանկավարժական բաժանմունքի ուսուցչապետութիւնը, եւ ապա՝ մինչեւ 1950, համալսարանի ուսուցչանոցի վարիչ տնօրէնի պաշտօնը:

Մանկավարժական իր ասպարէզին զուգահեռ, Սարաֆեան նաեւ զբաղած է հրապարագրութեամբ, ինչպէս նաեւ մանկավարժական-հոգեբանական հարցերու ուսումնասիրութեամբ: Որպէս խմբագիր կամ յօդուածագիր աշխատակցած է Պոլսոյ «Արեւելք»-ին, Պոսթոնի «Ազգ»-ին, Նիւ Եորքի «Կոչնակ»-ին (ապա՝ «Հայաստանի կոչնակ» եւ Քալիֆորնիոյ «Նոր կեանք»-ին:

Մանկավարժական ու հոգեբանական հարցերու նուիրուած իր հատորներէն անկախ, Սարաֆեան անգլերէն լեզուով հրատարակած է «Հայաստանի կրթութեան պատմութիւնը» (1930) ուսումնասիրութիւնը, որ 1953-ին սպաներէնով լոյս տեսած է Պուէնոս Այրէսի մէջ, իսկ աշխատասիրած ու խմբագրած է «Պատմութիւն Անթէպի հայոց» Ա. եւ Բ. հատորները (Լոս Անճելըս, 1953):

Գէորգ Սարաֆեան մահացած է 6 Յունիս 1975-ին:

Աղբիւրներ

Խմբագրել