Գէորգ Վարժապետեան

Գէորգ Վարժապետեան (1895, Պաղտատ- 12 Հոկտեմբեր 1947, Աթէնք), հայ բժիշկ։

Գէորգ Վարժապետեան
Ծնած է 1895
Ծննդավայր Պաղտատ
Մահացած է 12 Հոկտեմբեր 1947(1947-10-12)
Մահուան վայր Աթէնք, Յունաստան
Կրթութիւն

Դամասկոսի բժշկական վարժարան,

Կոստանդնուպոլսոյ բժշկական համալսարան
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է 1895 թուականին Պաղտատ` վի­րա­բուժի ըն­տա­նի­քի մէջ։ Պա­տա­նե­կու­թեան տա­րի­նե­րն ան­ցած են Հալէպի մէջ։ Աւար­տած է Հա­լէպի ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նը, այնուհետեւ Հա­լէ­պի Ֆրեր­նե­րու միջ­նա­կարգ դպրո­ցը։ Ուսանած է Դամասկոսի բժշկական վարժարանէն ներս։ 1916 թուականին ու­սու­մը շա­րու­նա­կած եւ աւար­տած է Կոստանդնուպոլսոյ բժշկական համալսարանը եւ ստա­ցած՝ բժշկի վկա­յա­կան։

1916 թուականին՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմին, զօ­րա­կոչուած է թր­քա­կան բա­նակ եւ Անատոլիոյ տար­բեր հիւան­դա­նոց­նե­րու մէջ ծա­ռա­յած՝ որ­պէս զին­ուո­րա­կան բժիշկ։ Գե­րի վերց­ուած է անգ­լի­ա­կան զօր­քին կող­մէն։ Որ­պէս ռազ­մա­գե­րի անգ­լի­ական հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ ծա­ռա­յած է վի­րա­բոյժ։ 1918 թուականին` պատերազմի աւարտէն ետք, ազատուած է գերութենէ։ Այնուհետեւ ծառայած է Կ. Պոլսոյ, Տարտանելի եւ Մայտոսի մէջ։

1923 թուականի հաստատուած է Յունաստանի Սելանիկ (Թեսաղոնիկէ) քաղաքին մէջ, ուր եւ աշխատած է մինչեւ իր կեանքի վերջը։ Սելանիկի մէջ ունեցած է իր սեփական հիւանդանոցը։ Եղած է հմուտ եւ բազմաշնորհ վիրաբոյժ, սիրուած ու յարգուած քաղաքացի։

1947 թուականին եղած է, Յունաստանի Սելանիկ քաղաքէն դէպի Խորհրդային Հայաստան, ներգաղթող կարաւանները կազմակերպող յանձնախմբի ղեկավարը։ 1947 թուականի Հոկտեմբեր 12-ին Աթէնքի մէջ յանկարծամահ եղած է՝ Եւրոպա կատարած ճամփորդութենէն վերադառնալու ժամանակ։ 1947 թուականի Հոկտեմբեր 19-ին թաղուած է Սելանիկի գերեզմանատան մէջ։ Եղած է 52 տարեկան։ [1]

Գրականութիւն Խմբագրել

Գէորգեան Կարօ, Ամէնուն Տարեգիրքը, Պէյրութ, 1960։

Տե՛ս նաեւ Խմբագրել

Կարապետ Ղազարեան

Սելանիկ

Աղբիւր Խմբագրել

Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել