Գուրգէն Անտոնեան

Հայ գրականագէտ

Գուրգէն Անտոնեան (3 Յունուար 1911(1911-01-03)[1][2], Կուսապատ, Ջևանշիրի գավառ, Ելիզավետպոլ Նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն[1][2] - 7 Մայիս 1984(1984-05-07)[2], Պաքու, Խորհրդային Միութիւն[2]), հայ գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտորր եւ գիտութեան վաստակաւոր գործիչ։

Գուրգէն Անտոնեան
Ծնած է 3 Յունուար 1911(1911-01-03)[1][2]
Ծննդավայր Կուսապատ, Ջևանշիրի գավառ, Ելիզավետպոլ Նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն[1][2]
Մահացած է 7 Մայիս 1984(1984-05-07)[2] (73 տարեկանին)
Մահուան վայր Պաքու, Խորհրդային Միութիւն[2]
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Ազգութիւն Հայ[1][2]
Ուսումնավայր Երեւանի պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժանմունք[1]
Կոչում փրոֆէսոր[1][2]
Մասնագիտութիւն գրականագէտ
Աշխատավայր Ազրպէյճանի Պետական Մանկավարժական Համալսարան[1]
Արցախի Պետական Համալսարան
Անդամութիւն Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու Միութիւն
Կուսակցութիւն Խորհրդային Միութեան համայնավարական Կուսակցութիւն[1]

Կենսագրական գիծեր Խմբագրել

Ծնած է Կուսապատ։ Իր նախնական կրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրին մէջ եւ ապա ընդունուած Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական կաճառը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1934 թուականին:

Վարած պաշտօններ Խմբագրել

Ուսումը աւարտելէ ետք իբրեւ ուսուցիչ պաշտօնավարած է Ազրպէյճանի Լենինի անուան մանկավարժական համալսարանէն ներս՝ 1937-1974 թուականներուն, 1947 թուականէն սկսեալ վարելով նոյն համալսարանի հայոց լեզուի եւ գրականութեան ամպիոնի վարիչի պաշտօնը:

1974-1984 թուականներուն ուսուցչութեան պաշտօն վարած է Ստեփանակերտի մանկավարժական համալսարանէն ներս, դարձեալ վարելով անոր հայոց լեզուի եւ գրականութեան ամպիոնի վարիչի պաշտօնը[3]:

Աշխատութիւններ Խմբագրել

Անտոնեան հեղինակ է գրականութեան առընչուող բազմաթիւ յօդուածներու, որոնց մէկ մասը հրատարակուած է «Նիզամին եւ հայ գրականութիւնը» (1947), «Սամէդ Վուրդուն» (1958), «Հայ Ատրպէյճանական բարեկամութիւնը գրականութեան մէջ» (1962) աշխատութիւններուն մէջ:

Անոր աշխատութիւններէն մի քանին լոյս տեսած է նաեւ ռուսերէն լեզուով, որոնցմէ է «Հայ եւ ատրպէյճանական ժողովուրդներու բարեկամութեան արտացոլումը 19-20-րդ դարու գրականութեան մէջ» աշխատութիւնը:

Անտոնեան 1946 թուականին դարձած է Խորհրդային Միութեան Գրողներու միութեան անդամ, եւ շնորհիւ իր վաստակին արժանացած է «Պատուոյ շքանշան»ին[4]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել