Գրիգոր Չուպարեան

Գրիգոր Չուպարեան (6 Յուլիս 1888(1888-07-06), Ղրիմ, Ռոստովի շրջան, Դոնի զորքի մարզ, Ռուսական Կայսրութիւն - 6 Սեպտեմբեր 1962(1962-09-06), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), հայ իրաւաբան, հրապարակախօս, հասարակական եւ քաղաքական գործիչ։ Հայրն է քանդակագործ եւ Հայաստանի Ժողովրդական գեղանկարիչ Ղուկաս Չուպարեանին:

Գրիգոր Չուպարեան
Ծնած է 6 Յուլիս 1888(1888-07-06)
Ծննդավայր Ղրիմ, Ռոստովի շրջան, Դոնի զորքի մարզ, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 6 Սեպտեմբեր 1962(1962-09-06) (74 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Ուսումնավայր Մոսկուայի պետական համալսարան
Մասնագիտութիւն իրաւաբան, հանրային գործիչ, քաղաքական գործիչ
Երեխաներ Ղուկաս Չուպարեան

Կեանէ եւ գործունէութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Խրիմ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք՝ 1913 թուականին, ընդունուած է Ռուսաստանի Եարոսլաւլի համալսարանի իրաւաբանական բաժին։

Աւարտելէ ետք իրաւաբանական ուսումը ընդունուած է Մոսկուայի Պետական համալսարանի պատմագրական բաժինը:

Ուսումը ամբողջութեամբ աւարտելէ ետք, 1919 թուականին հաստատուած է Երեւան, ուր 1920-1924 թուականներուն ստանձնած է Արդարադատութեան ժողովրդական կոմիսարի առաջին տեղակալի պաշտօնը՝ մեծապէս նպաստելով 1922 թուականի սահմանադրութեան քրէական դատավարութեան եւ հողային օրէնսգիրքի, ինչպէս նաեւ տուգանքներու վերաբերեալ հարցերու վերաբերեալ օրէնքներու մշակման գործին:

Երեւան հաստատուած տարիներէն Չուպարեան եղած է Երեւանի Պետական համալսարանի հիմնադիր դասախօսներէն մին, ուր ուսուցչութիւն կատարած է մինչեւ 1937 թուականը[1]: Այդ տարիներուն ենթարկուած է բռնադատութեան եւ երկար ժամանակ աքսորուած է. աքսորի ընթացքին ոչնչացուած է նաեւ անոր բոլոր աշխատութիւնները։ 1956 թուականին արդարացուելով դարձեալ վերադարձած է Հայաստան:

Վերադառնալով Հայաստան Չուպարեան շարունակած է իր ուսուցչութեան պաշտօնը՝ մինչեւ իր մահը:

Կոչում եւ կիսանդրի

Խմբագրել

Շնորհիւ իր վաստակին, Չուպարեան 1961 թուականին արժանացած է Հայաստանի Գիտութեան վաստակաւոր գործիչի կոչումին:

Մինչեւ օրս ի յիշատակ Չուպարեանին Երեւանի Պետական համալսարանի կեդրոնական մասնաշէնքին մէջ տեղադրուած է իրաւաբանին կիսանդրին[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «ԳՐԻԳՈՐ ՀԱՄԲԱՐՁՈւՄԻ ՉՈւՊԱՐԵԱՆ»։ ysu.am։ արտագրուած է՝ 2022-07-11 
  2. «ԳՐԻԳՈՐ ՉՈՒՊԱՐԵԱՆ (1888-1962)»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-07-11