Եպիսկոպոս, եկեղեցւոյ Նուիրապետութեան բարձրագոյն աստիճանն է, վկայակոչուած Սուրբ Գիրքով։ Առաքելական ժամանակներուն եպիսկոպոսները կը նշանակուէին եւ կը ձեռնադրուէին անմիջապէս Քրիստոսի առաքեալներէն՝ որպէս իրենց իրարայաջորդներ։ Յունարէնէն թարգմանաբար եպիսկոպոս կը նշանակէ հսկիչ՝ վերէն նայող։

Եպիսկոպոսի իրաւունքները եկեղեցւոյ մէջ գրեթէ անսահմանափակ են (կը սահմանափակուին միայն եկեղեցական ժողովներով կամ կաթողիկոսի կողմէն)։ Անոնց վերապահուած է վարել կարեւորագոյն պաշտօնները եկեղեցական համակարգին մէջ, առաջնորդել հոգեւոր թեմերը, եկեղեցիներ օծել եւ ձեռնադրել ու օծել հոգեւորականներ։ Եպիսկոպոսի օծութիւնը անպայման տեղի կ՛ունենայ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ։ Ի դէպ Կաթողիկոսի օծումն ալ իր հերթին տեղի կ՛ունենայ առնուազն 12 եպիսկոպոսի կողմէ։ Եպիսկոպոսը եկեղեցւոյ ճշգրիտ վարդապետութեան հետեւողն ու հաստատողն է։ Եպիսկոպոսութիւնը կը տրուի միայն կուսակրօն հոգեւորականներուն, ուստի իր առօրեայ հանդերձներով եպիսկոպոսը գրեթէ չի տարբերիր վարդապետէն. տարբերութիւնը միայն սքեմի ներսի մանշակագոյն երիզներն են եւ պանակէն՝ աստուածածնայ պատկերով հաւկթաձեւ զարդը կուրծքին։ Եպիսկոպոսի առօրեայ զգեստը յաճախ կ՛ըլլայ բաց գոյնի՝ սպիտակ, մոխրագոյն, մարմնագոյն, կապոյտ։ Ծիսական հանդերձներով, սակայն եպիսկոպոսը էականօրէն կը տարբերի քահանայէն. նախ որ ուրարի փոխարէն կը կիրարկուի եմիփորոն՝ երկար ու լայն ուրար, զոր կը փաթթեն ուսերուն, պարանոցին եւ կը ծածկեն ամբողջ կուրծքը (ցոյց կու տայ, որ եպիսկոպոսն ամբողջովին յանձնառու է Քրիստոսի լոյսին), թագի փոխարէն խոյր` բարձր սրածայր գլխանոց եւ եպիսկոպոսական գաւազան։

Վեհափառ Հայրապետին կողմէ մեծ նպաստ ունեցած եպիսկոպոսներուն յատուկ կոնդակով, որպէս՝ պատուոյ նշան կը շնորհուի արքեպիսկոպոսի կոչում («արք» նախածանցը կը նշանակէ որպէս մեծ)։ Գործնականում ան ոչինչով կը տարբերի եպիսկոպոսէն։

Եպիսկոպոսին կ՛անուանեն՝ Սրբազան Հայր, իսկ գրաւոր կը դիմեն՝ Գերաշնորհ Սրբազան Հայր կամ օր. Գերաշնորհ Տէր ԱՆՈՒՆ եպիսկոպոս (կամ արքեպիսկոպոս) ԱԶԳԱՆՈՒՆ։ Առօրեայ կեանքին մէջ կը դիմեն որպէս կուսակրօնի (Աստուծոյ օգնութիւնը մաղթելու սկզբունքով)` «Աստուած օգնական, Սրբազա՛ն Հայր»։

Արտաքին յղումներ Խմբագրել