Էգէաս (յուն․՝ Αιγέας կամ Αιγεύς / Էղեւս)․ հին Աթէնքի իններորդ դիւցազնական թագաւոր։ Թագաւորած է մօտաւորապէս Ք․Ա․ 13-րդ դարուն։ Կը սերի ուղղակի Էրիհթոնիոսի գերդաստանէն։

Էգէաս
Թեմիտա եւ Էգէաս, գործ՝ Ք․Ա․ 440-430
Քաղաքացիութիւն Աթէնք
Ազգութիւն յոյն
Մասնագիտութիւն թագաւոր
Վարած պաշտօններ Աթէնքի թագաւոր
Ամուսին Մեթա, Հալքիոփի, Միտիա, Էթրա
Ծնողներ Փանտիոն եւ Փիլիա
Երեխաներ Թիսէաս, Միտոս

Առաջին տարիներ Խմբագրել

Էգէասի հայրը Աթէնքի թագաւոր Փանտիոն էր, իսկ մայրը՝ Փիլիա (Մեղարայի Փիլանտա թագաւորին դուստրը)։ Հայրը՝ Փանտիոն, գահը կը կորսնցնէ Միթիոնիտեսներէն եւ կ՛ապաստանի Մեղարա, ուր եւ կ՛ամուսնանայ Փիլիային։

Իշխանութեան վերահաստատում եւ Տելֆիի վճիռը Խմբագրել

Հօրը մահէն ետք, Էգէաս կը յաջողի Աթէնք վերադառնալ եւ հօրը իշխանութիւնը վերահաստատել, հակառակ 50 եղբօրորդիներուն (Փալանտասի զաւակները) ընդիմութեան։ Ան անհրաժեշտ էր զաւակ ունենայ, որպէսզի գահը պահպանէ։

Կ՛ուղղուի Տելֆիի պատգամախօսին։ Փիթիա անոր կը յանձնէ վճիռը, զոր Թեմիտայէն կ՛առնէ․- «Մի քակեր տոպրակին ցցուած ոտքը Աթէնք չհասած, ժողովուրդներու մեծ առաջնորդ» (Ασκού τον προύχοντα πόδα, μέγα φέρτατε λαών, μη λύσης, πριν εις άκρον Αθηναίων αφίκειας)։ Տրուած վճիռին տոպրակը, գինիի պարկ մըն է եւ ցցուած ոտքը այդ մասը ուրկէ գինին կը լեցնէին։ Սակայն Էգէաս (ըստ Պլուտարքոսին) Թրիզինայի թագաւորին՝ Փիթէասին, մօտ կ՛երթայ եւ անոր կարծիքը կ՛ուզէ։ Փիթէաս վճիռին իմաստը կը հասկնայ, սակայն Էգէասին չի յայտներ։ Պալատին մէջ ճոխ ընթրիքին ընթացքին գինիի պարկեր կը բացուին։ Փիթէասին դուստրը Էթրա, շարունակ գինի կը մեծարէ էգէասին մինչեւ որ ան կը գինովնայ։ Գինով վիճակի մէջ, Փիթէաս զայն կ՛առաջնորդէ աղջկան անկողինը։ Այդ նոյն իրիկունը Էթրա երազին մէջ Աթինա աստուածուհիին կը տեսնէ եւ ան զայն կ՛առաջնորդէ դիմացի Սֆերիա կղզին գինեձօնք նուիրելու Սֆերոսի (Փելոփասին սայլապանը) դամբանին։ Էթրա խարակներու վրայէն քալելով կղզի կ՛անցնի։ Առասպելը կ՛ըսէ թէ Էթրա ծովը քալելու ատեն Փոսիտոնաս (ծովու եւ ջուրի աստուածը) զայն կ՛արգասաւորէ։ Էգէաս երբ ինքզինքին կու գայ, կը հասկնայ եղածը, կը լքէ կինը՝ Էթրա, եւ Աթէնք կը վերադառնայ։ Չմեկնած, էթրային կը պատուրէ թէ եթէ իրենց ամուսնութենէն մանչ զաւակ ունենայ, պատշաճ ձեւով մեծցնէ առանց սակայն յայտնելու ինքնութիւնը ու երբ պատանութիւնը վերջանայ Աթէնք թող գայ։ Ապա, միասին կ՛ուղղուին դէպի էրմիոնի տանող ճամբան, ուր կար հսկայ քար մը՝ «Ուժեղ Տիասին բագինը» (βωμός του Σθενίου Διός)։ էգէաս ժայռին տակը կը պահէ իր թուրը եւ տրեխները ու Էթրային կը պատուիրէ թէ երբ իրենց մանչը այդ քարը վերցնէ, թող հագուի տրեխները, թուրը գօտեկապէ եւ այդպէս Աթէնք երթայ, որպէսզի ինք կարողանայ զաւակը ճանչնալ։

Պատերազմ Մինոասին հետ Խմբագրել

Աթէնք, Էգէաս կը ստիպուի պատերազմիլ Կրետէի հզօր թագաւոր Մինոասին հետ, երբ վերջինը զօրաւոր նաւատորմիղով եւ բանակով Մեղարան կը գրաւէ եւ Աթէնք կ՛արշաւէ։

Պատերազմին պատճառը հետեւեալն է։ Աթենացիները Մինոասին զաւակը՝ Անտրոյէօ սպաննած էին, որովհետեւ ան կրետացիներուն եւ աթենացիներուն միջեւ մարզախաղերուն ընթացքին յաղթական ելած էր։ Իսկ Տելֆիի պատգամախօսին վճիռը աթենացիներուն այդ էր թէ ուրիշ ելք չկայ եւ պէտք է ընդունին Մինոասին պայմանները։ Էգէաս, որպէսզի Աթէնքը կործանումը փրկէ կ՛ընդունի Մինոասին պայմանները, որոնք ծանր էին․ ամէն տարի եօթը աղջիկ եւ եօթը տղաք Կրետէ պէտք է ղրկուէին, իբրեւ սնունդ Մինոթաւրոս հրէշին։

էգէաս եւ Միտիա Խմբագրել

Միտիա Էգէասէն կը խնդրէ անոր պալատը հիւրասիրուի։ էգէաս որ մանչ զաւակ չունէր, ցաւը Միտիային կը յայտնէ։ Միտիա զայն կը համոզէ, կ՛ամուսնանան եւ մանչ զաւակ կ՛ունենան, անունը՝ Միտոս։

Թիսէաս եւ Էգէաս Խմբագրել

 
Էգէական ծով․ նկար՝ Սունիոյ հրուանդանէն դէպի հարաւ

Մինչ այդ, Թրիզինա, Էթրա մանչ զաւակ կը ծնի, անունը՝ Թիսէաս։ Ան երբ 16 տարեկան կ՛ըլլայ, կը տեղաշարժէ ժայռը եւ կը հանէ իր հօր պահած իրերը, առանց սակայն գիտնալու թէ էգէաս հայրն է: Ճամբայ կ՛ելլէ դէպի Աթէնք: Պալատ հասած, կը հիւրասիրուի թագաւորէն։ Սակայն Միտիա, կը հասկնայ անոր ով ըլլալը եւ կը վախնայ թէ ան իր զաւկին (որ ունեցած է Էգէասին հետ) տեղը պիտի առնէ՝ իբրեւ գահաժառանգ։ Այս պատճառով, ան թագաւորին կը համոզէ ձերբազատուիլ օտարէն (ξένος) եւ թոյն մը կը պատրաստէ։ Սակայն, երբ ընթրիքի պահուն, Թիսէաս թուրը կը քաշէ, որպէսզի միսը կտրէ, հայրը կը ճանչնայ զէնքը որ Թրիզինա թաղած էր (Էգէաս թուրը իր հօրմէն՝ Քեքրոփասէն ժառանգած էր) եւ անմիջապէս կը միջամտէ ու զաւկին կեանքը կը փրկէ։ Պալատէն կը վռնտէ Միտիան եւ Միտոսը։

Սեւ առագաստներով նաւուն վերադարձը Խմբագրել

Էգէաս, Թիսէասին կը տեղեկացնէ Մինոասին պայմաններուն համար եւ Աթէնքի վատ վիճակին մասին։ Թիսէաս կ՛որոշէ վերջ տալ այս վայրագութեան եւ ճամբայ կ՛ելլէ դէպի Կրետէ, եօթը տղոցմէ մէկուն փոխարինելով։ Կրետէ, Արիատնիին կը հանդիպի ու կը սիրահարուին։ Արիատնի երբ վստահ կ՛ըլլայ թէ Թիսէաս զայն հետը Աթէնք պիտի տանի ու պիտի ամուսնանան, անոր կը յանձնէ թելի կծիկը, որպէսզի չկորսուի լապիրինթոսին մէջ եւ գործը կատարելէ ետք, կարողանայ դուրս գալ: Այդպէս ալ կ՛ըլլայ, Թիսէաս Մինոթաւրոսը կը սպաննէ եւ օգտուելով գիշերուան մութէն, Արիատնիին հետ նաւահանգիստ կը հասնին եւ վերադարձի ճամբան կ՛առնեն։

Աթէնքէն մեկնելէն առաջ Էգէաս զաւկին պատուիրած էր, որ Մինոթաւրոսին յաղթած ըլլալու պարագային Թիսէաս վերադարձի նաւուն վրայ պիտի պարզէ ճերմակ առագաստները, հակառակ պարագային՝ սեւ: Թիսէաս սակայն, մոռցած էր պայմանը եւ նաւը Աթէնք կը հասնի սեւ առագաստներով: Էգէաս ամէն օր Սունիոյի հրուանդանէն (ըստ կարգ մը պատմաբաններու Աքրոփոլիսի ժայռէն) ծովը կը դիտէր։ Տեսնելով սեւ առագաստները ինքզինքը ծովը կը նետէ։ Այդ օրէն ծովը էգէասի անունով՝ Էգէական ծով կ՛անուանուի։ Իսկ աթենացիները ծովու աստուածներուն շարքին կը դասաւորեն Էգէաս եւ զայն Փոսիտոնասին զաւակը կը հռչակեն։

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8]

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել