Էքադոպետոս տաճար

Էքադոփետոս կամ՝ Հեքադոպետոս, յուն․՝ Εκατόμπεδος ։ Ք․ա․ 6-րդ դարուն Աթէնքի Աքրոփոլի ժայռին բնակավայրին մէջ Աթինա աստուածուհիին նուիրուած տորիան փերիփթերոս* ոճով տաճար։ Ըստ հնագէտներուն, հետագային անոր աւերակներուն վրայ կը կառուցուի Փարթենոնաս տաճարը։

Էքադոպետոս տաճարին հին պատկերացում մը, ըստ Թէոտոր Վիկատի Theodor Wiegand, 1905
Փերիփթերոս․ տաճար մը սիւներով շրջապատուած

* Փերիփթերոս․ տաճար մը սիւներով շրջապատուած

Անուանում Խմբագրել

Տաճարը Էքադոպետոս կը կոչուի, որովհետեւ 100 ատտիկեան ոտք երկարութիւն ունէր․ (հին յ/րէն․՝ ἑκατόν=հարիւր, πούς=ոտք)։

Նկարագրութիւն Խմբագրել

Տաճարը լիովին կառուցուած էր ծակոտ կրաքարէ։ Գունազարդարուած էր եւ նուիրուած՝ Աթինա աստուածուհիին։ Փրկուած են միայն մոյթերուն յենարաններուն աւերակները։

Ոճ Խմբագրել

Տաճարին ոճը նախախայիքի շրջանին կը պատկանի։ Ճակտոցներուն պատկերացումները մասամբ պատմողական են, քանի կ՛ընդգրկեն մարդկային եւ կիսամարդկային տիպարներ եւ անասուններ, որոնք շարքով են եւ կամ կը կրկնուին։ Այս ոճին այժմ կը հանդիպինք յոյն կաւագործներուն աշխատանքներուն մէջ։ Մարդոց պատկերացումները կը յատկանշուին ախոյեան ժպիտով։

Ճակտոցները հետեւեալ մանրամասնութիւնները կը պատկերացնեն․- Խմբագրել

 
Արեւմտեան ճակտոցին ուրուագիծը վերակառուցման ընթացքին․ Իրաքլիսին եւ Զեւսին յաղթանակները - Աքրոփոլիին թանգարան

Արեւմտեան. մէկ կողմը Իրաքլիս Թրիթօնասին կը յաղթէ եւ ձախին, Տիաս (Զեւս) աստուծոյ յաղթանակը եռամարմին Թիֆօնասին դէմ:

Արեւելեան․ կը պատկերացնէ երկու օձերու միջեւ նստած երեք աստուածներ․ Աթինա, Տիա եւ ուրիշ աստուած մը։ Օձերը տաճարին պահակներն են։

Տաճարը կը յատկանշէ անոր շուրջ բոլոր գօտեքանդակը, որ կը պատկերացնէր բուսական եւ կենդանական տուեալներ․ ծաղիկներ, ժորիներ, թռչող թռչուններ, արծիւներ եւ արագիլներ։

Պատմական Խմբագրել

Ք․ա․ 6-րդ դարէն Աթինա Փոլիատա տաճարին (տես Աքրոփոլի (Աթէնք)) աւերակներուն վրայ կը սկսին կառուցուիլ Աթենացիներուն սրբավայրերը։

էքադոփետոս տաճարը կը կառուցուի Ք․ա․ 6-րդ դարուն կէսերուն (570–550) Փեսիսդրադոսին իշխանութեան շրջանին։ Ք․ա․ 490 երբ Մարաթոնայի ճակատամարտին Աթէնք պարսիկներուն կը յաղթէ, տաճարը կը քակուի, որպէսզի անոր տեղը կառուցուի նոր տաճար մը, ծանօթ իբրեւ Նախափարթենոնաս։ Սակայն տաճարը՝ կառուցման ընթացքին Ք․ա․ 480, պարսիկներէն կը քանդուի։ Աւելի ետք, անոր տեղը կը կառուցուի Փարթենոնաս տաճարը։ 

Պատմութեան ընթացքին անոր հետքերը կը կորսուին։ Սակայն շնորհիւ հնագիտական պեղումներուն եւ ուսումնասիրութիւններուն կը յայտնուի տաճարին գոյութիւնը՝ իբրեւ ուրոյն վեցասիւն «փերիփդերոս» տորիան ոճով (ախայիքի կամ ախայեան շրջան) տաճար 46 մ․ քարեզրով, որ կը գտնուէր Փարթենոնաս տաճարին տեղը։

Պատկերասրահ  Խմբագրել

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8] [9]

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

  1. Էքադոփետոսի տաճարը(անգլերէն)