Թորինօ (իտալերէն՝ Torino), կարեւոր արդիւնաբերական քաղաք՝ հիւսիս-արեւմտեան Իտալիոյ մէջ, Փիէմոնթ մարզին մայրաքաղաքն է, որ հիմնականօրէն կը գտնուի Փօ գետին արեւմտեան ափը։ Քաղաքին բնակչութիւնն է՝ 908000 մարդ (ըստ 2000-ին կատարուած մարդահամին տուեալներով), որուն թիւով Իտալիոյ մէջ չորրորդն է՝ Հռոմէն, Միլանէն եւ Նափոլիէն ետք։ Թորինոյի մէջ տեղի ունեցած է՝ 2006 Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղերը, ինչպէս նաեւ 2006 թուականին տեղի ունեցած 37-րդ Շախմատի ոլիմպիադը։

Թորինօ

Պատմութիւն Խմբագրել

Թորինոյի անուանումը կու գայ Կելտերէն Tau բառէն, որ կը նշանակէ՝ լեռներ։ Քաղաքի Իտալերէն անուանումը՝ Torino, ունի թարգմանուած ցլիկ նշանակութիւնը, որ եւ կը բացատրէ զինանշանի ու քաղաքի նշանակի ընտրութիւնը։

Աշխարհագրութիւն Խմբագրել

Թորինոն կը գտնուի Իտալիոյ հիւսիս-արեւմուտքը։ Հիւսիսային եւ արեւմտեան ճակատներէն այն շրջապատուած է Ալպերով, իսկ հարաւէն՝ Մոնֆերրատոյի բլուրներով։ Քաղաքին մէջտեղէն կը հոսին չորս հիմնաւոր գետեր՝ Փօն, այս մէկուն երկու վտակները, Տորա Րիպարիան ու Ստուրա դի Լանզոն, եւ Սանգոնը։

Ժողովրդագրութիւն Խմբագրել

Վերջին 3 տարիների ընթացքին Թուրինի բնակչութիւնը աճած է միայն 0.88%-ով, որը կը վերագրէ քաղաքի ցած ծնելիութեանը, հանգեցնելով բնակչութեանը ծերացմանը։ Բնակչութեան մօտ 16.4% 14 տարեկանէն վար է, այն դէպքում երբ թոշակի տարիքի բնակչութիւնը կը կազմէ 18.8%։ Վերջին տարիներու ընցաքին քաղաքը, ինչպէս նաեւ իրեն արուարձանները, ներգաղթի աճի ականատես են դարձել։ Թերեւս բնակչութիւնը գերակշռօրէն կազմուած է իտալացիներէն (96.1%), ընդգրկելով նաեւ այնպիսի ազգախմբեր, ինչպիսին են՝ Ռումանացիներ (2.3%), Մարոքցիներ (1.5%) Բերուցիներ (0.5%), Ալպանացիներ (0.4%) եւ այլն...

Արտաքին յղումներ Խմբագրել