Կաղապար:Արեւելահայերէն

Թուփաք Շաքուր
Tupac Shakur

Թուփաք Ամարու Շաքուր (անգլերէն՝ Tupac Amaru Shakur, ծնած է Լիսէյն Բէրիշ Գրուգս (անգլերէն՝ Lesane Parish Crooks) 16 Յունիս, 1971 - 13 Սեպտեմբեր, 1996), յայտնի է նաեւ 2Pac, Pac, Makaveli բեմական կեղծանուններով, ամերիկացի րէփր, երգերու հեղինակ եւ դերասան։

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Մանկութիւն (1971-1990) Խմբագրել

Թուփաք Ամարու Շաքուրը ծնած է 16 Յունիս 1971-ին Արեւելեան Հարլէմ, Մանհաթան շրջանին մէջ, Նիւ Եորք: Անունին ծաքումը Túpac Amaru II էն կու գայ, Բերուվցի հեղաբոխական մը, որ իր ցեղը ապստամբեց Սփանիոյ դէմ ու մահուայ ենդարկուեցաւ: Մայրը՝ Աֆենի Շաքուր (Panther 21-ներէն մէկը), եւ հայրը՝ Պիլի Կարլանտ, Black Panther Party-ի գործօն անդամներ էին Նիւ Եորք-ի մէջ 1960-ական դուականներէն մինչեւ 1970-ի սկիզբը: Թուփաքը ծնած է մօրը հատուցումէն մէկ ամիս վերջ: Ան ամբաստանուած էր աւելի քան 150 հարցի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանքներուն դէմ: Պզտիկ տարիքէն արդէն, պայքարն ու բանտարկութինը Թուփաքին կեանքէն մաս կը կազմեր: Իր կնքահայրը՝ Էլմեր «Ժերոնիմօ» Բրադ, Black Panthers-ներէն կարեւոր անդամ մը, ուսուցիչի մը սպանութեան հանցաւոր ելլաւ, բայց պատիժը ջնջուեցաւ: Խորթ հայրը՝ Մուդուլու Շաքուրը, չորս տարի FBI-ի տասը ամէնէն փնտռուած փախստական անցերու ցանկին վրայ է 1982-էն սկսեալ: 1986-ին, Մուդուլուն կը բանտարկուի 1981-ի «Պրինք՛ս»-ի բեռնակառքի գողութեան համար, որ կատարեցին Black Liberation Army-ն ու May 19th Communist Organization-ը: Թուփաքը ունէր խորթ քոյր մը՝ Սեքիուա, ու նաեւ խորթ եղբայր մը՝ Մոփրեմ «Գոմանի» Շաքուր, որ իր քանի մը ձայնագրումներուն մասնակցած է: Ան ուսանած է թատրոն, բանաստեղծութիւն, ճազ եւ դասական պար: Տանա «Մաուս» Սմիսին հետ՝ beatbox ընող ընկերներէն մէկը, Շաքուրը կը շահի ռափի մրցումներու մեծամասնութիւնը: Նորոյթը հետեւող հագուստ չ'ուներ, սակայն Թուփաքը յայտնի անց մըն էր դպրոցին մէջ իր նուրբ երգիծանքին, պատուական ռափի կարողութիւններունն ու որեւէ անցի հետ կապուելու դիւրութեան համար: Ան Ժատա Բինքեդին հետ կը մտերմանայ ու կապերնին կը պահեն մինչեւ մահ:

Ասպարէզի սկիզբ (1991-1993) Խմբագրել

Թուփաքին ասպարէզը սկսաւ 1990-ի սկիզբը, երբ Digital Underground խումբին Same Song երգէն տուն մը գրեց: Ան կը շարունակէ մասնակցիլ ու երեւիլ այդ խումբին հաջորդ ալպոմներուն մէջ։ 12 նոյեմբեր 1991-ին, 2Pacalypse Now անունով առաջին անցնական ալպոմը մէջտեղ կը բերէ, որ ոսկէ սալիկ կը համարուի 19 ապրիլ 1995-ին Recording Industry Association of America (RIAA)-ի կողմէն: Իր տարած աշխատանքը մարդքային հարցերը մէջտեղ բերելու համարն ու քաղաքական թիրքին շնորհիւ, ալպոմը բաւական յաջողութիւն գտաւ: Սակայն, չոր ու հասարակ բարերուն պատճարով, քննադատեր կը ստանայ Ամերիկա-ի բոխ նախագահ Տան Քեյլինն ու ծնողական խումբերու կողմէն: Երկրորդ ալպոմը՝ Strictly 4 My N.I.G.G.A.Z, հրատարակուեցաւ 16 փետրուար 1993-ին եւ լսնոսկի սալիկ համարուեցաւ RIAA-ի կողմէն: Շաքուրի հանրածանօթութիւնը բաւական կ'աճի Էրնեսդ Ռ. Տիքերսոնի Juice ֆիլմին մէջէն դեր մը ունէնալէն վերջ 1992-ին: Այս դերը նաեւ իրեն ոնրիշ դերերու դռները կը բանայ:

Դատական խնդիրներ (1991-1994) Խմբագրել

Հակարակ անոր որ Շաքուրը ճանցուած էր երարժշտականն ու ֆիլմարուեստական արումով, ան նաեւ արդարադատութեան հետ խնդիրներ ունեցող անց մը եղած է: Հոկտեմբեր 1991-ին՝ Օքլանտի ոստիկանատութէնէն տասը միլիոն ԱՄՆ տոլար հատուցում պահանջեց, աղաղակելով թէ զինք վայրաքափար ծեծեցին քանի անուշադիրօրէն փողոցը կ'անցներ: 1992-ին, 2Pacalypse Now (ալպոմ ուր ոստիկաններու սպանութեան մասին երգեր կան, մանաւանդ Violent երգը) մտիկ ընող պատանի մը Դեքսասի ոստիկան մերցուց: Լուրը երկրին մէջ տարածուեցաւ ու կարեւորութիւն արաւ: Ամերիկա-ի բոխ նախագահ՝ Տան Քեյլը պահանջեց որ ալպոմը շուկայէն քաշուի, նաեւ լրատուական միջոցներէն որ սփրումը դադրի: Թուփաքը պատասխանեց թէ իր առաջին ալպոմը կը ցուցադրէ Ամերիկա ապրող Ափրիկեցիներուն ամէնօրեայ հարցերը, բայց ան քննադատուեցաւ խօսած ցեւին եւ իր բռնութեան նկարին համար օրենքներուն հանդեպ: Քեյլը բացահայտ հայտարարեց թէ այս ալպոմը «տեղ չ'ունի մեր համայնքին մէջ»: 22 օգոստոս 1992-ին, Մարին Սիդի-ի մէջ Շաքուրը կ'երգէր փառատօնի մը արիթով ու մնաց ինքնագիր ստորագրելու համար: Ընդհանուր մտնոլորտն ու տրամադրունը քեշցան երբ Թուփաքին խօսք զարնող անցեր մէջտեղ ելլան: Թուփաքը գրպանէն զէնք մը հանեց բայց գետին ցքեց: Եղբայրը՝ Մոփրեմ զէնքը հաւաքեց ու երեքէն վեց փամփուշտ կրակեց: Հոն կը նահատակուի վեց տարէկաննոց պզտիկ տղայ մը: Երկուքն ալ ոստիկանութէնէն առանց մեղադրանքի ելլան: 1995-ին տղուն մայրը դատ բացաւ: Հրատարակչատունը 300 000-500 000 ԱՄՆ տոլար վճարեց: 1994-ին ֆիլմ արտադրիչի մը հարցակումին յանցաւոր հայտարարուեցաւ:

Thug Life (1993) Խմբագրել

1993 ի վերջաւորութեան, Թուփաքը ընկերներով Thug Life խումբը ստեղծեց: միայն մէկ ալպոմ հրատարակեցին՝ Thug Life: Volume 1, վոսկէ սալիկ համարուած: Thug Life-ի գաղափարը կեանքի փիլիսոփայութիւն մէն էր Թուփաքին համար, որ իր ապրէլակերպը կը նկարագրէ: Ապրէլակերպ մը ուր անցերը ոչինչէ սկսելով ամէն դժուարութիւններէն կ'անցնին ու իրենց նպատակներուն կը հասնին: Այսինքն հարուստ մէկը Thug Life մը չի կրնար ապրիլ քանի վերապրելու համար պայքարելու պէտք չունի: Հակարակ երեւոյդին, այս գաղափարը բողոցայն կամ ոճրագործ ըլլալու հետ կապ չունի:

Յարձակում Նիւ Եորքի մէջ (1994) Խմբագրել

30 նոյեմբեր 1994-ի գիշերը, Quad Recording Studios մտած ատէնին Մանհաթանի մէջ, երեք զինուած մարդ հետեւեցան եւ յարձակեցան Թուփաքինն ու իր երեք հետը եղող անցերուն վրայ։ Կրիւի ատէն, Թուփաքը հինգ տեղ գնդակահարուեցաւ որոնցմէ երկու հատը գլխուն: Յարձակողները վերադարցան 40 000 ԱՄՆ տոլար արժէք ունէցող գոհարեղէններով: Աւելի ուշ, Թուփաքը Շըն Քոմպսին, Անտրէ Հարելինն ու Տը Նոթորիուս Պիկին ամփաստանեց, որոնց դիմաց ինկած էր յարձակումէն անմիչապես վերջ: Թուփաքը այս տեսարանը շատ տարօրինակ կը համարէ քանի ոչմէկը շարժեցան իրեն օգնելու եւ ամէնն ալ զինք դիտեցին կարծես ապշած որ չի մերաւ: Անմիչապէս հիւանդանոց տարուեցաւ եւ գործողութենէն երեք ժամ վերջ ելաւ, հակարակ բժշկական մարմինին կարծիքին: Հաչորդ օրը, վճիրին դատին մասնակցեցաւ: Բանտարկուեցաւ հանցաւոր ելլելով երեք հարցի համար, ու անմեղ ուրիշ վեց հարցի համար:

Բանտարկութիւն (1995) Խմբագրել

14 սեպտեմբեր 1995-ին, Թուփաքը պատիժը սկսաւ Տանմորա-ի բանտին մէջ։ Մարտին իր առաջին բազմալսնոսկի ալպոմը լոյս տեսաւ՝ Me Against the World, որ հինք շաբաթ Billboard 200-ին առաջին մնաց, Թուփաքին ընելով առաջին տեղ քրաւող միակ բանտարկեալ արուեստաքէտը: Բանտարկութենէ 11 ամիս վերջ, Death Row-ի տնորէնը՝ Սիւճ Նայթ, իր օքնութեամբ ու ազդեցութեամբ 1,4 միլիոն ԱՄՆ տոլար երաշխիքը վճարելով Թուփաքին դուրս հանեց, իրմէ սպասելով թէ երկու ալպոմ արցանագրէ իր լապելին հետ: Բանտէն ելլելէն անմիչապէս ետք, Թուփաքը նոր խումբ մը ստեղծեց՝ Outlaw Immortalz, ու Death Row-ի համար առաջին ալպոմը հանեց: 13 փետրուար 1996-ին, All Eyez on Me զոյք ալպոմով (չորորթ մեներգ ալպոմը), հինգ անգամ լսնոսկի ալպոմ պաշտոնակարքուեցաւ:

Սպաննութիւն Լաս Վեկասի մէջ (1996) Խմբագրել

7 սեպտեմբեր 1996-ի գիշերը, Շաքուրը քնաց Մայք Դայզոնի եւ Պրուս Սելտոնի միջեւ կռփամարտի խաղը դիտելու ՄԿՄ Կրանտի մէջ Լաս Վեկաս: Պանդոկ-խաղատունէն ելքին, Սիւճին քործընկերներէն մէկը Օրլանտօ «Պեյպի Լան» Անտերսոնին (Քրիփսէն անդամ մը) ու լուր տուաւ Թուփաքին որ անմիչապէս վրան ցատկեց: Կրիւէն վերջ, Շաքուրը պէտք էր Սիւճին հետ Գլուպ 662 երդար ուրեմն BMW E38 berline-ի մը մէջ մտան: Ճամփուն վրայ, ճերմակ Քատիյաք մը իրենց ինքնաշարժին քովը կեցաւ, պատուհանը իչաւ ու ներսէն կրակեցին: Թուփաքը չորս փամփուշտ ստացաւ որմէ երկուքը մահացու: Սիւճը դեդեւ վիրաւորուած կ'ելլէ: Ոստիկանութիւնն ու շտապ օքնութիւնը անոնց University Medical Center տարին: Տեսակցութեան մը մէջ, Death Row-ի անդւամներէն մէկը ըսաւ թէ կրակողները հերացայնած ու սպառնած էին Թուփաքին, ըսելով որ իր մահավճիրը պիտի հասդատեն: Ան անմիչապէս լուր տուած էր Լաս Վեկասի ոստիկանութիւնը, որ պատասխանեց թէ մարդուժի պակասութեան պատճարով, բան մը չէին կրնար ընել: Թուփաքը արդիական մահաթմբիրի մէջ էր ու միայն կարողութիւններուն 13% վերստացաւ վեցերորդ քիշերէն ետք հիւանդանոցը: 13 սեպտեմբեր 1996-ին, ներքին արիւնահոսութեան ենդարկուեցաւ: Մայրը՝ Աֆենին, տեսնելով բժիշկներուն անկարող վիճակը, որոշեց տղուն աւելորդ չչարչարել: Ատանկով, տեղական ժամը չորսին, Թուփաքը մերած հայտարարուեցաւ: Հաչորդ օրը, մարմինը մոխրացուեցաւ ու Outlawz-ի անդամներուն կողմէն մոխիրները քանապիսի խարնելով ծխուեցաւ:

Յաւելեալ Խմբագրել

Թուփաքի վաճառուած ալպոմներու քանակը 2007 թուականի դրութեամբ կազմած է 75 միլիոն ԱՄՆ տոլար,[1] որու շնորհիւ ճանչուած է աշխարհի լաւագոյն պահանջարկ վայելող երաժշտական գործիչներէն մէկը։ «Ռօլինկ Սթոնզ» ամսագրի կողմէն որակուած էր որպէս բոլոր ժամանակներու մեծագոյն երգիչներէն մէկը։[2]

Հիփ-հօփ ասպարէզէն զատ նկարահանուած է նաեւ ֆիլմերու մէջ։ Թուփաքի կատարումներու հիմնական թեմաներն են բռնութիւնը, ցեղապաշտութիւնը, մեծ քաղաքներու մէջ տիրող զրկանքներն ու դժուարութիւնները եւ այլ ընկերային խնդիրներ, ինչպէս նաեւ տարաձայնութիւնները այլ հիփ-հօփ երգիչներու հետ, որոնք սկզբնաւորուած էին 90-ականներու ընթացքին արեւելեան եւ արեւմտեան ափերու ռափըրներու միջեւ (East Coast - West Coast hip hop rivalry

Երաժշտական ասպարէզը սկսած է որպէս «Digital Underground» ալդըրնըթիւ հիփ-հօփ, օգնական, այնուհետեւ` էմ Սի (MC):[3][4][5]

Եղած է նաեւ Thug Life, Outlawz (անգլանօրեններ), եւ Amerikaz Most Wanted խումբերու անդամ։

1996 թուականին, 13 Սեպտեմբեր-ին Լաս Վեկասի մէջ Թուփաքի վրայ կը կրակեն չորս անգամ։ Անոր անմիջապէս կը տեղափոխեն Հարաւային Նեւատայի բժշկական կեդրոն, որտեղ 6 օր մնալէն ետք շնչառական անբաւարարութեան եւ սրտի աշխատանքի թուլացման պատճառով կը կնքուի մահկանացուն։

Թողարկմամբ Ալպոմներ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Կաղապար:Cite document
  2. Rolling Stone Magazine: Բոլոր ժամանակների 100 մեծագույն արտիստները Archived 2012-05-23 at Archive.is. հունիսի 22, 2010.
  3. Tupac Shakur – Thug Angel (The Life of an Outlaw)։ 2002 
  4. Tupac Shakur – hotshotdigital.com.
  5. Էդվարդս, Փոլ, 2009, Ինչպես ռեփ արտասանել` հիփ հոփի արուեստն ու գիտութիւնը, «Չիկագո ռեվյու պրես», էջ 330.

Արտաքին յղումներ Խմբագրել