Ժերար Ֆիլիփ (Gérard Philipe)․( 4 Դեկտեմբեր 1922, Քան, Ֆրանսա25 Նոյեմբեր 1959, Փարիզ) թատրոնի եւ շարժարուեստի ֆրանսացի դերասան։

Ժերար Ֆիլիփ
Ժերար Ֆիլիփ, 1955
Ծննդեան անուն ֆրանսերէն՝ Gérard Philip
Ծնած է 4 Դեկտեմբեր, 1922
Ծննդավայր Քան, Ֆրանսա
Մահացած է 25 Նոյեմբեր 1959(1959-11-25)[1][2][3][…] (36 տարեկանին)
Մահուան վայր Փարիզ, Ֆրանսա
Քաղաքացիութիւն Ֆրանսա
Ուսումնավայր "Cours Simon" խաղարկութեան դասեր
Stanislas հիմնարկ
Խաղարկութեան արուեստի ազգային բարձրագոյն արուեստանոց
Տեսակ արկածախնդրական, սէրային, քաղաքական, ընկերային-հասարակական
Մասնագիտութիւն թատրոնի եւ շարժարուեստի դերասան
Վարած պաշտօններ Q123701756?[4]
Անդամութիւն Ֆրանսական ներքին ուժեր եւ Արուետագէտներու եւ մեկնաբանողներու ֆրանսական արհեստակցական միութիւն
Կուսակցութիւն Թեքում դէպի Ժողովրդավարական Կուսակցութիւն
Ամուսին Նիքոլ Ֆուրքատ - Ֆիլիփ
Երեխաներ Ան-Մարի եւ Ֆիլիփ

Կենսագրական գիծեր Խմբագրել

Ժերար Ֆիլիփ ծնած է Քան, հարաւային Ֆրանսա։  Հայրն է փաստաբան Մարսել Ֆիլիփ։ Պատանի, իրաւաբանութեան ուսման զուգահեռ դերասանութեան դասերու կը հետեւի։  Սակայն դերասանութեան ասպարէզը զայն կը շահի․ կը ձգէ իրաւաբանութիւնը եւ թատրոնի դերասան կը դառնայ։

Թատրոնի դերասան Խմբագրել

1942-ին, հազիւ 19 տարեկան, առաջին անգամ բեմ կ'ելլէ Նիս քաղաքին «Casino de Nice» թատրոնին մէջ, Անտրէ Րուսենի «Պարզունակ մեծ աղջիկ մը» Une grande fille toute simple թատերախաղին համար։  Իր խաղարկութիւնը մեծ յաջողութիւն կ'արձանագրէ եւ 1943-ին Փարիզ, «Էպերթօ» թատրոնին բեմէն Théâtre Hébertot, Ժան Ժիրոտուի «Սոդոմ Գոմոր» թատերախաղին հրեշտակի դերը կը մեկնաբանէ։   

1945-ին Ալպեր Քամիւի Albert Camus «Գալիկուլա» թատերախաղին մէջ համանուն դերին մեկնաբանումը մեծ տպաւորութիւն կը ձգէ արուեստի շրջանակներուն մէջ։ Այնուհետեւ բեմ կու գայ բազմաթիւ դերերով եւ շարժանկարն ալ իր դռները կը բանայ անոր առջեւ։

1951-էն կ'անդամակցի Ժան Վիլարի «Ժողովրդական Ազգային Թատրոն»ին ու ներկայ կը գտնուի կարեւոր փառատօներու եւ հանրածանօթ թատրոններու բեմերէն հանդէս կու գայ։  Իր խաղարկութիւնները յաջողութիւն կ'արձանագրեն, ինչպէս օրինակ՝ Աւինիոնի Փառատօնի ընթացքին Հայնրիխ վոն Քլայսթի «Հոմպուրքի Իշխանը» Prince de Hombourg, Փիեռ Քորնէյի «Սիտ» Le Cid եւ Ուիլիըմ Շէյքսփիրի «Րիչարտ Բ․» Richard II թատերախաղերուն մէջ, իսկ 1955-ին Աթէնք, հանդէս կու գայ մեկնաբանելով «Սիտ»ը։

Նաեւ, բեմ եկած է հետեւեալ դերերով․ «Նիւքլէա», «Մայր քաջութիւն», «Լապրատոր», «Սիրոյ հետ չեն կատակեր», եւայլն։

Շարժարուեստի դերասան Խմբագրել

 
Բողոց Ժերար Ֆիլիփ․ Փարիզ, 16-րդ թաղամաս

Երեսունէ աւելի են շարժարուեստի ժապաւէնները որոնց մէջ Ժերար Ֆիլիփ գլխաւոր դերակատարն է։  Առաջին ժապաւէնը, ուր անդրանիկ ներկայութիւն կ'ունենայ Քլոտ Օթան Լարայի «Սատանան նովին մարմնով»ն է։  Յիշատակելի են աներ դերերը հետեւեալ ժապաւէններուն մէջ․ «Ապուշը», «Այնքան սիրուն ծովեզերք մը», «Սատանային գեղեցկութիւնը», «Գիշերուան գեղեցկուհիները», «Կարմիրը եւ Սեւը», «Մեծ ռազմաորձերը», «Խաղամոլը», «Ֆանֆան լա Թիւլիփ»ը, եւայլն։

Ընտանիք Խմբագրել

1951-ին կ'ամուսնանայ գրագէտ Նիքոլ Ֆուրքատին Nicole Fourcade հետ եւ երկու զաւակ կ'ունենան՝ Ան-մարի եւ Ֆիլիփ։  Նիքոլ, ամուսինին մահէն ետք, անոր մասին երկու կենսագրութիւններ կը գրէ․ «Յիշատակներ» Souvenirs (1960) եւ «Հառաչանքի մը ժամանակը» Le Temps d'un soupir (1963)։

 
Ուրուկուէյի փառատօն․ կ'անուանուի ի պատիւ Ժերար Ֆիլիփի

Մահը Խմբագրել

Ժերար Ֆիլիփ, յանկարծամահ եղաւ 25 Նոյեմբեր 1959, Փարիզ, «Violet» բուժարանին մէջ, ուր 5 Նոյեմբերին կ'ախտորոշուի թէ լեարդի քաղցկեղէ կը տառապի։

Ժառանգութիւն Խմբագրել

Անունը կը տրուի շարժարուեստի փառատօնի մը, ճամբաներու, մշակութային հաստատութիւններու եւ բազմաթիւ թատրոնի սրահներու, որոնց մեծ մասը Ֆրանսայէն դուրս կը գտնուին, ինչպէս օրինակ Սելանիկի Ֆրանսական Հիմնարկութեան թատերասրահը։

Պարգեւներ Խմբագրել

  • Մեկնաբանութեան․ Պրիւքսելի փառատօն, 1947
  • 1948-ի ֆրանսական շարժանկարի լաւագոյն դերասան
  • 1952-ի ֆրանսական շարժանկարի լաւագոյն դերասան
  • 1953-ի ֆրանսական շարժանկարի լաւագոյն դերասան
  • 1954-ի ֆրանսական շարժանկարի լաւագոյն դերասան
  • 1955-ի ֆրանսական շարժանկարի լաւագոյն դերասան
  • «Étoiles de cristal» լաւագոյն դերասանի մրցանակ, 1955
  • «Jussi» (ֆինլանտայի շարժանկարի մրցանակ) լաւագոյն օտար ժապաւէն, 1955
  • «César d'honneur» (ֆրանսական շարժարուեստի կաճառի մրցանակ), 1990. Կը յանձնուի Ժերար Ֆիլիփին աղջկան

[5] [6] [7] [8] [9]

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել