Ժորժ Ուասսուֆ (արաբերէն՝ جورج وسوف, լատինատառ George Wassouf, 23 Դեկտեմբեր 1961(1961-12-23), Տարտուսի մարզ, Սուրիա) արաբական աշխարհի մեծագոյն երգիչներէն մէկն է: Զինք կոչած են «Սուլթան ալ թարապ» (երգի սուլթան) մակդիրով:

Ժորժ Ուասսուֆ

Հանրութեան ներկայացաւ Սթիւտիօ ըլ Ֆան (արաբերէն՝ ستوديو الفن լատինատառ Studio El Fan) երգի տաղանդներու յայտագրէն 1980 թուականին երբ 19 տարեկան էր: Արմատներով սուրիացի եւ Լիբանան ապրող երգիչը հրապարակած է աւելի քան 30 ալպոմներ եւ հարիւրաւոր երգեր: Ունի մեծ թիւով հետեւորդներ եւ երկրպագուներ: Անոր երգելու ոճը, ձայնային ունակութիւնները եւ անմիջականութիւնը զինք դարձուցած են հռչակաւոր աստղ եւ անոր երգելաոճը դարձած է արաբական ժողովրդային երգի «դպրոց» եւ հարիւրաւոր երգիչներ կը փորձեն հանդէս գալ ու երգել Ժորժ Ուասսուֆի ոճով:

Անձնական կեանք Խմբագրել

Ամուսնացած էր լիբանանցի Շալիմարին երբ 21 տարեկան էր: Ունի չորս զաւակներ, Ուատիհ Ուասսուֆ, Հաթեմ Ուասսուֆ, Ժորժ Ժունիոր Ուասսուֆ եւ դուստր՝ Ույուն: Անոր համար ծանօթ է իբր «Ապու Ուատիհ» իր անդրանիկ զաւկի անունով: Իր 2009-ի ամուսնալուծումէն ետք վերամուսնացած է Պաղեստինեան ծագումով Քաթարցի Նատա Զէյտանի հետ: Տարիներէ ի վեր կը տառապի մեծ առողջապահական հարցերէ:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Արտագին յղումներ Խմբագրել