Իոանիս Քափոտիսթրիաս

Իոանիս Քափոտիսթրիաս (յուն․՝ Ιωάννης Καποδίστριας, ռուս․՝граф Иоанн Каподистрия, իտալ․՝ Conte Giovanni Capodistria 10/11 Փետրուար 1776, Քերքիրա - 9 Հոկտեմբեր, 1831 Նաֆփլիօ) յունազգի դիւանագէտ, բժիշկ եւ կոմս։ Եղած է Ռուսական կայսրութեան արտաքին գործոց նախարար (1816-1822), եւ հետագային նորաստեղծ Յունաստանի պետութեան կառավարիչ (1827-1831

Իոանիս Քափոտիսթրիաս
յուն․՝ Κόμης Ιωάννης Αντώνιος Καποδίστριας
Իոանիս Քափոտիսթրիաս
Ծնած է 10/11 Փետրուար 1776
Ծննդավայր Քերքիրա, Քերքիրայի նահանգ, Յոնիական կղզիներ, Յունաստան[1][2][3][…]
Մահացած է 9 Հոկտեմբեր, 1831
Մահուան վայր Նաֆփլիօ[2][3][4]
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Յունաստան[5]
Ազգութիւն Յոյն
Մայրենի լեզու յունարէն
Ուսումնավայր Փատուայի համալսարան
Մասնագիտութիւն յունազգի դիւանագէտ, բժիշկ, կոմս եւ քաղաքական գործիչ
Վարած պաշտօններ Դեսպան ռուսական կայսրութեան
Անդամութիւն Պաւարեան գիտութիւններու եւ բանասիրութեան կաճառ
Կուսակցութիւն Ռուսամիտ կուսակցութիւն
Ծնողներ հայր՝ Անտոնիօ Մարիա Քափոտիսթրիաս
Ստորագրութիւն

Կենսագրական տեղեկութիւններ Խմբագրել

Առաջին տարիներ Խմբագրել

Իոանիս Քափոտիսթրիաս ծնած է 11 Փետրուար 1776-ին Քերքիրա։ Կը սեռէր ազնուական ընտանիքէ։ Հայրը Անտոնիոս Մարիա Քափոտիսթրիաս (Antonio Maria di Capo d' Istria, 1741-1819 ) Քերքիրայի յոյն քաղաքագէտ էր, անդամ Աւագ Խորհուրդին, Իստրիա Հրուանդանի կոմս, խնամակալ եւ դեսպան Պոլսոյ եւ Ռուսիոյ մէջ։ Քափոտիսթրիաս կ՛ուսանի Ղարիցայի Սուրբ Յուստինի վանքին մէջ ուր կը սորվի լատիներէն, իտալերէն եւ ֆրանսերէն։ 1797-ին կ՛աւարտէ ուսումը Փատուայի Համալսարանին մէջ եւ որպէս վկայեալ բժիշկ Քերքիրա կը վերադառնայ, ուր անվճար կը ծառայէ աղքատ համաքաղաքացիներուն։ 12 Ապրիլ 1799-ին Քերքիրայի հիւանդանոցին տնօրէն կը նշանակուի։ 1802-ին դերակատարութիւն կ՛ունենայ «Բժիշկներուն Ազգային Միութեան» ստեղծման։

 
Քաթոտիսթրիասի ընտանեկան բնակարանը, Քերքիրա․ ներկայիս Յոնիան Համալսարանի Թարգմանութեան Դպրոց

Եօթը կղզիներու Հանրապետութիւն Խմբագրել

1801-ին կը սկսի իր քաղաքական գործիչի ասպարէզը։ Որպէս Օսմանեան Կայսրութեան գործակալ «Եօթը կղզիներու Հանրապետութեան» մէջ (Յոնիական կղզիներ) նոր սահմանադրութիւնը կը գործադրէ։ 1803-ին Յոնիական կղզիներուն մէջ Ռուսիոյ տեղապահ Եորղոս Մոցենիղոս զայն «Պետութեան Քարտուղար» կը նշանակէ։ 1804-ին ռուս ցար Ալեքսանտր Ա․-ին կողմէ կը հրաւիրուի ծառայել որպէս պետական խորհրդատու։ 1806-ին կ՛ընտրուի Ծերակոյտի քարտուղար։

Դիւանագիտական ասպարէզ Խմբագրել

 
Քափոտիսրթիասին արձանը, Փանեփիստիմիու բողոց, Աթէնք․ Քաթոտիսթրիաքօ համալսարնին առջեւ

1808-ին ռուս կառավարութիւնը զայն կը պատուէ Սուրբ Աննայի Ասպետ Բ․-ի կարգով։ 1809-ին մաս կը կազմէ ռուսական դիւանագիտական կազմին՝ Վիեննա, Պուքրէշ։

1811-ին ռուս ցար Ալեքսանտր Ա․ին կողմէ Զուիցերիա կը ղրկուի, որպէս գաղտնի գործակալ․ առաքելութիւնն է զուգորդել կառավարութեան Ֆրանսայի հանդէպ ունեցած բարիացակամ մերձեցման։ Ապա, ցարը զայն կը նշանակէ որպէս Զուիցերիոյ մէջ ռուսիոյ արտակարգ ներկայացուցիչ եւ նախարար։ Այդ պաշտօնէն, Քափոտիսթրիաս կը ստեղծէ զուիցերիական սահմանադրութիւնը եւ կարեւոր դերակատարութիւն կ՛ունենայ «զուիցերիական դաշնակցութեան» ստեղծման։ Յանձն կ՛առնէ եւ կը կառուցէ նոր դաշնակցային քաղաքական դրութիւնը ժողովրդավար սահմանադրութեամբ որ կը միացնէր զուիցերիական գաւառները (canton)։ Իր այս յաջող գործունէութեան համար ռուս ցարը զայն կը պարգեւատրէ Սուրբ Վլատիմիր Բ․ Կարգի Խաչով։

1815-ին կը Իկնատիոս Արքեպիսկոպոսին, Անթիմոս Ղազիսին, Ալեքսանտրոս Սթուրծային եւ ուրիշ անձնաւորութիւններու հետ կը հիմնէ «Երաժշտասէր ընկերութիւն»ը, որուն նպատակն է օգնել երիտասարդ յոյներ ուսանին։ Վաթերլոյի կռիւէն ետք, երբ դաշնակիցները Փարիզ կը մտնեն, համանուն վեհաժողովին Քափոտիսթրիաս Ռուսիան կը ներկայացնէ։ Այդ վեհաժողովին ընթացքին ան կը յաջողի «Եօթը կղզիներու Հանրապետութիւն»ը ստանայ պետական կառոյցի յատկութիւնները՝ բանակ, ընտրուած կառավարութիւն եւ դրօշակ։

1815-1822 կը դառնայ Ռուսական Կայսրութեան արտաքին գործոց նախարար։ Յունական յեղափոխութեան ծագումին պատճառով (1821) պաշտօնէն կը հրաժարի։

Յունաստանի Կառավարիչ Խմբագրել

 
Թրիզինայի Գ․Ազգային Ժողովին Քափոտիսթրիաս որպէս Յունաստանի կառավարիչ ընտրութեան որոշումը

Քափոտիսթրիաս որպէս Յունաստանի կառավարիչ յղացումը կ՛ունենայ Ալեքսանտրոս Մաւրոքորտաթոս իր 27-10-1821 նամակին մէջ յղուած Տիմիթրիոս Իփսիլանտիսին։ Իփսիլանտիս 1822-ին կը ստորագրէ հրաւէրը ուղղուած Քափոտիսթրիային, նոյնը կ՛ընէ նաեւ Փեթրոպէիս 1824-ին։ Վերջապէս 30 Մարտ 1827-ին, Թրիզինայի Գ․Ազգային Ժողովը Քափոտիսթրիաս Յունաստանի կառավարիչը կ՛ընտրէ։ Անոր ընտրութեան համար, կարեւոր դերակատարութիւն կ՛ունենայ Թէոտորոս Քոլոքոթրոնիս։

Եօթը տարուան համար նորանկախ Յունաստանի առաջին կառավարիչին պաշտօնը կը ստանձնէ 14 Ապրիլ 1827-ին։ Սակայն անոր Յունաստան ժամանումին օրերուն, գրեթէ ամբողջ Պելոպոնեսն ու Կեդրոնական Յունաստանը կրկին օսմանցիներուն լուծին տակ կը գտնուէին, իսկ կը շարունակուէին Նաֆփլիոյի երկու պահակախումբերուն միջեւ (Ֆոթոմարաս եւ Ղրիվաս) տեղական բախումները։

Յունաստանի կառավարիչ ընտրութենէն 10 ամիս ետք, 18 Յունուար 1828-ին Քափոտիսթրիաս Նաֆփլիօ կը հասնի, ու չորս օր ետք կ՛անցնի Էղինա՝ այդ ժամանակին Յունաստանի առաջին մայրաքաղաք։ Հոն կ՛որոշուի Նաֆփլիօ որպէս մայրաքաղաք եւ կառավարութեան կեդրոնատեղ։

Քափոտիսթրիաս, որպէս կառավարիչ պէտք էր դիմագրաւել թշնամիին բանակները, ծովահէնութիւնը, գոյութիւն չունեցող պաշտօնակարգութիւնը, լուծուած յունական բանակը, տեղական բախումները, ինչպէս նաեւ տնտեսական վատ վիճակը։

Ներքին քաղաքականութիւն Խմբագրել

 
Քափոտիսթրիասին արձանը, Քերքիրա․ ետեւը Յոնիան համալսարանի կեդրոնական շէնքը

Կառավարիչի պաշտօնը չստանձնած, պայման կը դնէ Սահմանադրութեան եւ Ազգային Ժողովին առկախութիւնը, ըստ «Լուսաւորուած Բացարձակապետութեան» սկզբունքին (πεφωτισμένη δεσποτεία - Enlightened absolutism) որուն խանդավառեալ մըն էր։ Ազգային Ժողովին տեղ, կը ստեղծէ՝

  • Համայունական (Πανελλήνιον) օրէնսդիր մարմինը կազմուած 27 անդամներէ, որուն հանգամանքը խորհուրդատուական էր,
  • Ծերակոյտը
  • Եւ Կեդրոնական Քարտուղարութիւնը․ կառավարելու մարմին, զոր ինքը կը ղեկավարէր․նախարարական խորհուրդի տեսակ մը։
 
«Ֆինիքաս» դրամը, 1828-1833

Պետութիւնը կը բաժնէ վարչական շրջաններու։ Կ՛անցընէ դատարաններ ստեղծելու օրէնքը եւ կ՛օրինագրէ քաղաքային կանոնագրութիւնը։ Ժամանակաւոր շրջանի մը համար քաղաքային դատարաններուն համար կ՛որդեգրէ բիւզանդական «Վեցամատեան»ը (Արմենոփուլոսին Վեցամատեանը), իսկ առեւտրական հարցերով զբաղող դատարաններուն համար՝ ֆրանսական առեւտրական օրինագիրքը։

Սահմաններու պաշտպանութիւն Խմբագրել

Նորաստեղծ Յունաստանի սահմաններուն պաշտպանութեան համար, Քափոտիսթրիաս կ՛առնէ հետեւեալ քայլերը․-

Ծովահէնութիւնը կը դիմագրաւէ Անտրէաս Միաուլիսին յանձնելով այդ գործը։ Միաժամանակ կը վերադասաւորէ եւ կը վերակազմէ յունական բանակը։ Յունական ծովուժին պատասխանատուութիւնը Կառավարութիւնը կը ստանձնէ, որովհետեւ նաւերը նաւարարներուն սեփականութիւնն էին։

1 Յուլիս 1828-ին կը հիմնէ Յունական Զինուորական Ակադեմիան (Στρατιωτική Σχολή Ευελπίδων - Σ.Σ.Ε.)։ Նոյն տարին կը հիմնէ «Դրամ կտրելու Ազգային հիմնարկ»ը (Εθνικό Νομισματοκοπείο) եւ թրքական ղրուշին տեղ «ֆինիքաս» կը հաստատէ որպէս ազգային դրամ։

Կրթութիւն Խմբագրել

Կը փորձէ կազմակերպել գոյութիւն չունեցող կրթական համակարգը։ Կը հիմնէ դպրոցներ եւ կը ներառնէ գործակցակրթական դպրոցին մեթոտաբանութիւնը (Αλληλοδιδακτικό σχολείο), Փորոսին մէջ կը հիմնէ դպրեվանքը, իսկ Էղինայի մէջ Որբանոցը։

Գիւղեր-քաղաքներ-կղզիներ Խմբագրել

 
Քափոտիսթրիասին ստորագրութիւնն ու կնիքը, 1829

Մեծ ճիգ կը թափէ ազգային հողատարածքները գիւղացիներուն բաժնուին, սակայն դէմը կը գտնէ անոնց սեփականատէրերը՝ եկեղեցի եւ վերակացուներ (kodjabashis - κοτζαμπάσηδες)։

Կը վերածրագրէ եւ կը վերակառուցէ օսմանեան բռնագրաւման տակ եւ յունական ապստամբութեան ընթացքին քանդուած յունական քաղաքները, ինչպէս օրինակ Նաֆփլիօ, Արղոս, Մեսոլոկի եւ Փաթրա։

Կղզիներու բնակիչներուն նաւ գնելու եւ նաւարաններ հիմնելու համար ցած վարկով դրամ կը տրամադրէ։ Հոկտեմբեր 1829-ին Էղինայի մէջ կը հիմնէ առաջին հնաբանական թանգարանը։

Տնտեսութիւն Խմբագրել

Բացառիկ կարեւորութիւն կու տայ երկրագործութեան։ Կը հիմնէ Թիրինթայի Երկրագործութեան Դպրոցը։ Կը քաջալերէ գետնախնձորին մշակումը։

Ան կառավարիչի պաշտօնին համար կը մերժէ վճարուիլ եւ ամբողջ հարստութիւնը Յունաստանի պետութեան տրամադրութեան տակ կը դնէ։

Արտաքին քաղաքականութիւն Խմբագրել

Կառավարիչի պաշտօնը ստանձնելուն պէս, բացի ներքին կեանքի կազմակերպութեան աշխատանքներէն, զարկ կու տայ արտաքին քաղաքականութեան։ Վախով թէ անգլիացիները Յունաստանը պիտի սահմանափակէին Ապստամբութեան սկզբնական սահմաններուն, Քափոտիսթրիաս կանոնաւոր բանակ կը կազմէ եւ Օսմանեան Կայսրութեան դէմ պատերազմը կը շարունակէ։ Չ՛ենթարկուիր Անգլիոյ ծովակալ Մալքոմի, ինչպէս նաեւ Անգլիոյ դեսպան Տեքինսի ճնշումներուն եւ յունական բանակները Պելոպոնեսէն դուրս չի հաներ։

Սեպտեմբեր 1828-ին, Փարիզի վեհաժողովին, շնորհիւ իր ջանքերուն երեք պետութիւններուն դեսպանները կը համաձայնին Կրետէն եւ Սամոս ներառնուին նորաստեղծ Յունաստանի սահմաններուն մէջ, բայց կը հանդիպին Անգլիոյ բուռն հակազդեցութեան։ Սակայն, 1830-ի Լոնտոնի նախագիծը (1830 Protocol of London) Յունաստանի անկախութիւնը կը ճանչնայ։

 
Նաֆփլիօ․ այս աստիճաններուն վրայ Քափոտիսփրիաս կը սպաննուի 27/9/1831-ին
 
Սուրբ Սփիրիտոնաս եկեղցին, Նաֆփլիօ․ անոր աստիճաններուն վրայ կը սպաննուի Քափոտիսթրիաս

Անձնական կեանք Խմբագրել

Քափոտիսթրիաս չէ ամուսնացած, սակայն յարաբերութիւն ունեցած է իր սերտ գործակից դիւանագէտ Ալեքսանտրոս Սթրուծային քրոջ հետ՝ Ռոքսանտրա Սթուրծային (ռուս կայսրուհի Եղիսաբէթին՝ Ελισάβετ Αλεξέγιεβνα 1779-4/16 Մայիս 1826, Պատուոյ Տիկիններէն)։

Վաղահաս մահը Խմբագրել

Քափոտիսթրիասի տարած արտաքին եւ ներքին քաղաքական գործունէութիւնը օսմանցիներուն եւ անգլիացիներուն դժգոհութիւնը կ՛առաջացնէ։ Երկրի վերակազմութեան ունեցած ծրագիրները տեղական պաշտօնակալներուն հետ բախում կ՛առաջացնեն։

27 Սեպտեմբեր 1831-ին Քափոտիսթրիաս կը սպաննուի Գոստանտինոս եւ Եորղոս Մաւրոմիխալիսներուն կողմէն։ Դիակը եղբայրը՝ Աւղուսթինոս, Նաֆփլիոնէն Քերքիրա կը տանի ուր եւ կը թաղուի հօրը գերեզմանին կից։

 
Ժընեւ․ տախտակ ի յիշատակ Քափոտիսթրիայի

Պատիւներ Խմբագրել

Քերքիրային պետական օդակայանը անուանուած է «Իոանիս Քափոտիսթրիաս օդակայան»։

1911-ին Աթէնքի Ազգային Համալսարանը կը վերակոչուի Աթէնքի Ազգային Քափոտիսթրիաքօ Համալասարան, եւ դարպասէն ներս կը զետեղուի անոր կիսանդրին։

Քափոտիսթրիասին դէմքը կը պատկերացուի եւրոյի 20 սենթի յունական հրատարակութեան, իսկ 1983-2001 տարիներուն դէմքը կը պատկերացուէր 500 տրախմիի թղթադրամին վրայ։

 
Քափոտիսթրիասին գրասեղանն ու աթոռը․Աթէնքի Պատմաբանական Ազգային Թանգարան

21 Սեպտեմբեր 2009-ին, Քափոտիսթրիասի կիսանդրիին բացումը կը կատարուի Զուիցերիոյ Լոզան քաղաքին մէջ։ Ներկայ կ՛ըլլան Զուիցերիոյ եւ Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարարներ՝ Միշելեն Քալմի-Ռէյ եւ Սերկէյ Լավրոֆ։

Քափոտիսթրիասին կիսանդրին կը գտնուի նաեւ Սլովենիոյ Քափօ տ՛Իսթրիա քաղաքին (այսօրուան անունն է՝ Քոփեր) կեդրոնական հրապարակին վրայ։

Քերքիրայի մէջ Քափոտիսթրիաս ընտանիքին պատկանող առանձնատունը նուիրուած է պետական իշխանութեան եւ ներկայիս կը գործէ որպէս թանգարան՝ «Քափոտիսթրիաս թանգարան»։ Հոն կը պահուին ընտանիքին ժառանգական իրեղէններն ու Քափոտիսթրիասին անձնական իրերը։

Աթէնքի Պատմաբանական Ազգային Թանգարանին մէջ կը հիւրասիրուին Յունաստանի առաջին կառավարիչին անձնական իրերէն հաւաքածոյ մը, ինչպէս նաեւ անոր գրասեղանը։

24 Փետրուար 2007-ին, Քերքիրայի մէջ Քերքիրայի, էղինայի, Նաֆփլիոնի, Ամոհոսթոսի (Կիպրոս) եւ Քոփեր-Քափոտիսթրա (Սլովենիա) քաղաքապետութիւնները (հոն ուր Քափոտիսթրիաս գործեց եւ ապրեցաւ) կը հիմնեն Քաղաքներու Օղահիւսքը «Իոանիս Քափոտիսթրիաս»։

[6][7][8][9][10][11][12][13][14][15][16][17][18][19][20][21][22][23][24]

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Каподистрия, Иоанн Антонович // Русский биографический словарьСПб.: 1897. — Т. 8. — С. 479–481.
  2. 2,0 2,1 Բրոքհաուզի հանրագիտարան
  3. 3,0 3,1 Encyclopædia Britannica
  4. Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  5. Bibliothèque nationale de France Record #12918065q // BnF catalogue généralParis: BnF.
  6. ΦΩΤΟΔΕΝΤΡΟ Ֆոթոտենտրօ - Իոանիս Քափոտիսթրիաս(յունարէն)
  7. Քափոտիսթրիաս - արխիւ(յունարէն)
  8. ΕΡΤ տեսերիզ, Քափոտիսթրիաս 0000073820(յունարէն)
  9. ΕΡΤ տեսերիզ, Յունաստանի Նորագոյն Պատնութիւն 1750-1940 Ա․ մաս, 008 ΙΙΙ Η ΚΑΠΟΔΙΣΤΡΙΑΚΗ ΠΟΛΙΤΕΙΑ 1828-1832 0000069199 - Քափոտիսթրիական քաղաքային կանոնագրութիւնը(յունարէն)
  10. ΕΡΤ տեսերիզ, Յունաստանի Նորագոյն Պատմութիւն 1750-1940 Բ․ մաս, 009 ΙΙΙ Η ΚΑΠΟΔΙΣΤΡΙΑΚΗ ΠΟΛΙΤΕΙΑ 1828-1832 0000069201 - Քափոտիսթրիական քաղաքական կեանք(յունարէն)
  11. Քափոտիսթրիաս կառավարիչը(յունարէն)
  12. Յունական տեսալսողական Արխիւ․ Քափոտիսթրիասին ծննդեան 200-ամեակի առթիւ ելոյթներ(յունարէն)
  13. Տեսերիզ․ մեծ յոյներ, Իոանիս Քափոտիսթրիաս(յունարէն)
  14. Քաթոտիսթրիաս Էղինա հասնելուն 192-ամեակը (յունարէն)
  15. Համաշխարհային Պատմութիւն․ շանաւոր սպաննութիւններ (անգլերէն)
  16. Բրիտանական Հանրագիտարան․ Իոանիս Քափոտիսթրիաս(անգլերէն)
  17. Իոանիս Քափոտիսթրիաս․ դիւանագէտ եւ կառավարիչ 19-րդ դարու - Ռոքսանտրա Սթրուծա, իր դարու նշանաւոր կին - պատմակենսագրութիւն․ Էլեն Քուքու, 2001(անգլերէն)
  18. Յունաստանի Ուղղափառ եկեղեցին եւ Յունաստանի անկախութիւնը, Չարլս Ֆրէյզ, 1-2-1969(անգլերէն)
  19. Քեմպրիճ Համալսարան - Քափոտիսթրիաս, Յունաստանի ԱՆկախութեան հիմնադիրը․ Ս․Մ․Ուտհաուզ, 1973(անգլերէն)
  20. Քափոտիսթրիաս եւ եւ Եւրոպայի կասմակերպան նոր կարգը, ռուս արտաքին գործող նախարարի մը «Ազատամիտ գաղափարները», Բաթրիչիա Քենետի Կրիմսթ, 1968(անգլերէն)
  21. Նաֆփլիօ քաղաքապետութիւն - Նաֆփլիոն նախագահ «Քաղաքներու Օղահիւսք»ին(յունարէն)
  22. Լոզան կը պատուէ Քափոտիսթրիան(ֆր.)
  23. Իոանիս Քափոտիսթրիաս եւ 180 տարուան յունառուսական դիւանաագիտական կապերը․ Քերքիրայի Քափոտիսթրիաս Թանգարան, Էլենի Պիստիքա, 22-2-2008(յունարէն)
  24. Յունաստանի Պատմութիւնը, Էլենա թոմոփուլոս, 31-12-2011(անգլերէն)