Իսաք Կուսթաֆ Քլասոն

Իսաք Կուսթաֆ Քլասոն (շուէտ.՝ Isak Gustaf Clason, 30 Յուլիս 1856, Փալուն – 19 Յուլիս 1930, Ռաթվիք)՝ շուէտացի ճարտարապետ եղած է:

Կենսագրութիւն Խմբագրել

 
Իսաք Կուսթաֆ Քլասոնը իր կնոջ հետ, 1915

Քլասոնը ուսանած է ճարտարագիտութիւն, այնուհետեւ՝ ճարտարապետութիւն Սթոքհոլմի թագաւորական թեքնոլոճիական հաստատութենէն ներս եւ ապա աւելի ուշ՝ Գեղարուեստի աքատեմիոյ ճարտարապետական դպրոցէն ներս: Ան 1881-ին ստացած է թագաւորական մետալ եւ արտերկիր սորված է 1883-1886-ին: Ան Գեղարուեստի աքատեմիոյ անդամ ընտրուած է 1889-ին, նշանակուելով ճարտարապետութեան փրոֆեսոր Թագաւորական թեքնոլոճիական հաստատութեան: Ան Գեղարուեստի աքատեմիոյ փոխնախագահ դարձած է 1902-ին եւ նախագահ՝ 1918-ին:

Գործունէութիւն Խմբագրել

 
Ուփսալայի համալսարանի մասնաշէնք
 
Մասնաշէնքին նախագիծը

Անոր առաջին խոշոր աշխատանքը եղած է սղոցարանի տէր Փրիտրիխ Պիւնսօույի Friedrich Bünsow համար ֆրանսական վերածնունդի ոճով շինուած տունը (1886-1888) Սթոքհոլմի մէջ, օգտագործելով նոր բնական նիւթեր՝ կրաքար ու նաեւ՝ թրծած աղիւս, շուէտական ճարտարապետութեան մէջ մինչ այդ առաւելապէս օգտագործուող ծեփածածկոյթի փոխարէն: Ան նաեւ շինած է Սթոքհոլմի Օսթերմալմսհալէն (Östermalmshallen 1889) ծածկած շուկայի շէնքը եւ քան մը բնակելի շէնքեր: Անոր ամէնամեծ ստեղծագործութիւնը Հիւսիսային թանգարանը եղած է Տիւրկարտէնի Djurgården մէջ, Հիւսիսեւրոպական ռէնեսանսի ոճով:

Արտաքին յղումներ Խմբագրել