Իրապաշտութեան զանցումը 1900-ի շուրջ

20–րդ դարու առաջին երկու տասնամեակները, գիտենք, հայութեան կեանքին կը բերեն վերիվայրումներ՝ անդառնալի հետեւանքներով։ Արեւմտահայութեան համար կեղեքում եւ պայքար, ապա՝ 1908–էն՝ «սահմանադրական» կարճ դադար. եւ Համաշխարհային պատերազմին՝ ցեղասպանական արմատախլում։ Մշակութային կեանքը կը հետեւի պատմա-քաղաքական այս վերիվայրումներուն։ Փոխնիփոխ աւելի կամ նուազ ճնշումի, երբեմն բարգաւաճ, մինչեւ ճակատագրական հարուածը։ Սկիզբը, Պոլսոյ եւ գաւառի մէջ, գրաքննական ահաւոր ճնշումի տակ, մշակոյթն ու գրականութիւնը կը դրսեւորեն այլասերման հակումներ, չհաշուած քանի մը առանձնացած գլուխ-գործոցներու։ Ապա, Օսմանեան Սահմանադրութեան ստեղծած ազատ պայմաններու խաբկանքին մէջ, տուն կը դառնան արտասահման ապաստանած նախընթաց սերունդի շատ գրագէտներ եւ հոն կազմաւորուող նոր ուժեր ( Դ․ Վարուժան, Սիամանթօ, Ռ. Զարդարեան, Զ. Եսայեան), որոնք կը պահէին որակը։

Դանիէլ Վարուժան
Սողոմոն Սողոմոնեան
Կոմիտասը ԽՍՀՄ–ի 1969 թուականի նամականիշի վրայ

Մշակութային կեանքը Խմբագրել

Մշակութային խմորումը կը տարածուի մինչեւ երկրի խորերը։ Մամուլ եւ հրատարակութիւններ կը ծաղկին. դպրոցական ցանցը կը խտանայ։ Սերունդի արժէքաւոր գրագէտները կ'արտադրեն ոգեշունչ գործեր գրական լեզուն աւելի բիւրեղացնելով։ Միւս արուեստներէն՝ երաժշտութիւնը ՝ Կոմիտասով, նոյնպէս ջերմաչափ կը դառնայ այս ծաղկումին, մինչ թատրոնը առաջին փորձերը կ'ընէ վերակենդանանալու։ Կապերը արեւելահայութեան հետ կը սերտանան. փոխադարձ ճանաչումը կը զարգանայ։

Համաշխարհային պատերազմի ճգնաժամ Խմբագրել

Համաշխարհային պատերազմի ճգնաժամը, իբր ծածկոյթ օգտագործուած՝ Թուրքիոյ «նոր» ղեկավարութեան կողմէ, կայծակնային արագութեամբ պիտի խեղդէ ինքնանորոգման այս շարժումը։

Արեւելահայութիւնը, քաղաքական ճնշումներու եւ բարգաւաճումի միջեւ բռնուած, ռուսական յեղափոխութենէն ետք ինքզինք կը գտնէ մինակ, եւ արեւմտահայ մնացորդացին հետ ձեռք ձեռքի՝ 1918–ին կը յայտարարէ անկախութիւն մը, որ իրմէ պիտի խլուի երկու տարի ետք՝ համայնավար Ռուսիոյ վերադարձով։ Իբր անկորնչելի արժէք պիտի պահուին հողային խարիսխը եւ փոքր հանրապետութիւն մը անկախութեան ապագայ վերատիրացման գրաւական։

Կովկասի մշակութային կեանքին մէջ, դարասկիզբին, կը ծաղկին մշակութային ընկերութիւններ, մամուլ (օրաթերթեր, պարբերաթերթեր), վարժարաններ, թատրոն, արեւելահայերէնի յարաճուն մշակում։ Գրականութեան մէջ կը շեշտուի արուեստի ձգտումը, բերելով նաեւ գրական գործերու խորքի մշակում (Ա. Գիրք, Մաս դ, Մուտք)։ Այս զարգացումը յաջորդական արգելականներ կ'ունենայ 1903–ին, ապա՝ 1909–ին, որոշ ճնշումներու տակ։ Պատերազմը՝ 1914–ին՝ իր կարգին պիտի կասեցնէ զայն՝ յատկապէս 1917–18–ի ճգնաժամներով։ Ասոնց հետեւանքը պիտի ըլլայ Թիֆլիսի եւ Պաքուի հայահոծ կեդրոններէն՝ հայ մշակոյթի տունդարձը Երեւան:

ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ Խմբագրել

Մուշեղ Իշխան «Արդի Հայ Գրականութիւն