Լաթաքիա կամ Լեոտիսիա (արաբերէն՝ اللاذقية‎ ալ-Լադհիգիա, թրք.՝ Lazkiye, լատ.՝ Laodicea ad Mare), յուն․՝ Λαοδικεία, Սուրիոյ հիմնական նաւահանգիստն է, ինչպես նաեւ Լաթաքիայի նահանգի մայրաքաղաքը: Պատմականօրէն ան յայտնի է նաեւ որպէս Սուրիոյ Լեոտիսիա կամ Լեոտիսիա տի Մարե անունով: նաւահանգիստի կողքին, քաղաքը շրջակայ գիւղատնտեսական քաղաքներուն եւ գիւղերուն համար արտադրական կեդրոն է: 2004 թուականի պաշտօնական մարդահամարի համաձայն քաղաքի բնակչութեան թիւն է՝ 383,786: Բնակչութեան թիւը զգալիօրէն աճած է սուրիական քաղաքացիական պատերազմէն ետք ապստամբներու եւ ահաբեկչական տարածքներէն փախստականներու ներհոսքի հետեւանքով: Սուրիոյ չորորդ մեծ քաղաքն է Դամասկոսէն, Հալէպէն, Հոմսէն  ետք։ Ան սահմանակից է հարաւէն Թարթուսին, արեւելքէն Համայի, հիւսիսէն՝ Իտլիպի, իսկ Կիպրոսի ամենահիւսիսային արեւելեան բաժինը՝ Apostolos Andreas, կը գտնուի 109 քմ. հեռաւորութեան վրայ:

Քաղաք
Լաթաքիա
արաբերէն՝ اللاذقية
Զինանշան

Երկիր  Սուրիա
Նահանգապետութիւն Լաթաքիա
Քաղաքապետ Ապտուլքատեր Ապտուլշէյխ[1]
Տարածութիւն 58 քմ²
ԲԾՄ 0 մեթր
Բնակչութիւն 700 000 մարդ (2009)
Հեռախօսային ցուցանիշ 041
Պաշտօնական կայքէջ elatakia.sy

Թէեւ տարածքը բնակուած է մ.թ.ա. 2-րդ հազարամեակին, սակայն քաղաքը հիմնուած է IV դարուն, Սելեւկեան կայսրութեան օրով: Հետագային Լաթաքիան ղեկավարած են հռոմեացիները, ապա` VIII դարուն՝ Ումմաադներն ու Ապպասիաները: Բիւզանդացիները նոյնպէս իշխած են քաղաքին, յաճախ փախումներ ունենալով  արաբներուն եւ յատկապէս Ֆաթիմիդներուն հետ: Հետագային Լաթաքիան ղեկավարած են յաջորդաբար սելջուկ թուրքերը, խաչակիրները, այյուբիձները, մամլուքները եւ օսմանեանները: Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք, ֆրանսական իշխանութեան շրջանին Լաթաքիան դարձաւ Ալեւիներու ինքնավար տարածքի մայրաքաղաք եւ 1922 թուականին կը հռչակուի անկախ պետութիւն, մինչեւ Սուրիոյ վերամիացումը՝ 1944 թուականին:

Անուան Ծագում

Խմբագրել

Սելեւկեան բազմաթիւ քաղաքներու նման, Լաթաքիան կոչուած է զայն իշխող ընտանիքներու անդամներու անունով: Նախ Seleucus I Nicator-ի կողմէ ան կոչուած է Լաոտիսիա ի պատիւ իր մօր՝ Լաոտիսի:  Ապա Լատիներէնով  անոր անունը դարձած է «Լաոտիկէ ատ Մարէ»: Բնօրինակ անունը մինչեւ այսօր կը գոյատեւէ արաբական ձեւով, ինչպէս Ալ-Լատիքիէ (արաբերէն, اللاذقية), որմէ կու գան ֆրանսերէն «Lattaquié» եւ անգլերէն «Latakia» կամ «Lattakia» տարբերակները: Օսմանեան կայսրութիւնը զայն կը կոչէր Լազքիյէ:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. H. Zain / Mazen / H. Sabbagh (23 April 2011)։ «New Governor of Lattakia sworn in»։ Syrian Arab News Agency։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 26 April 2011-ին։ արտագրուած է՝ 2011 թ․ ապրիլի 23