Լաւաշ, հայկական հացատեսակ, զոր հայկական հացերու արքան կը համարուի[2]։

Լաւաշ
Հայկական Խոհանոց
Ենթատեսակ լոշիկ? եւ մատներով ուտվող կերակուր?
Առաջացման երկիր  Հայաստան[1]

Հայերու հիմնական հացն է, կը թխեն թոնիրի մէջ։ Այն անալի, շատ բարակ, ճերմակ հաց է, որ կը պատրաստուի ցորենի ալիւրով։

Պատմութիւն

Խմբագրել

Հին ժամանակներուն, առաւելապէս Հայկական լեռնաշխարհի երկրներուն մէջ, լավաշ հացը ստեղծուեցաւ երկար ժամանակ թարմ հաց ունենալու համար։ Գաղափարը այն էր, որ սովորական հացը թխելէն ետք կարելի է օգտագործել շատ քիչ ժամանակի ընթացքին, իսկ լավաշը պատրաստելէ ետք երկար ժամանակ չի փճանար ու կարելի է զայն երկար պահել, նոյնիսկ մինչեւ մէկ տարի։ Չոր լավաշին վրայ ջուր ցանելով, կարելի է զայն թարմացնել եւ վերստին օգտագործել։ լավաշը առաւելապէս տարածուած է Հայաստանի, Իրանի, Վրաստանի, Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ, Կովկասեան ու արեւելեան այլ երկրներու մէջ։

Հայաստանի մէջ լավաշը սկսած են պատրաստել աւելի քան երեք հազար տարի առաջ։

Մինչեւ այսօր Հայաստանի յատկապէս գիւղական տուներուն մէջ աշնան կը պատրաստեն լավաշի մեծ պաշար, զայն կը չորցնեն ու կը պահեն՝ ձմրան ընթացքին որպէս պաշար օգտագործելու նպատակով։

Պատրաստութեան ձեւ

Խմբագրել

լավաշը կը պատրաստեն ցորենի ալիւրով, գաղջ ջուրով, աղով եւ հայկական թթխմորով։ Խմբորը կը շաղեն նախընտրաբար երեկոյան, կը դնեն տաքուկ անկիւն մը՝ հանգստանալու, յետոյ զայն կը բաժնեն մօտաւորապէս 300 կրամանոց գունդերու։ Իւրաքանչիւր գունդ կրտնակով կը բանան թուղթի բարակութեամբ, ձուաձեւ եւ շուրջ 70 սմ լայնք ունեցող թերթիկներու[2]։ Թերթիկը բանալէ ետք զայն կը քաշեն յատուկ բարձի վրայ ու անոր միջոցով ամուր կը փակցնեն թոնիրի տաք պատին։

լավաշը շատ արագ կ՛եփի։ Առաւելագոյնը մէկ վայրկեանի ընթացքին հացը արդէն եփած է ու մետաղեայ բարակ ձողով զայն դուրս կը քաշեն թոնիրէն։ Կը կարծուի, որ լավաշ պատրաստելու ժամանակ առաջին եփած հացը միշտ անյաջող դուրս կու գայ (կուտ կ՛երթայ)։

Թէեւ ներկայիս Հայաստանի քաղաքաբնակ բնակչութիւնը լավաշը կը գնէ խանութներէն, երկրին ամբողջ տարածքին գիւղերու եւ գաւառական քաղաքներու մէջ պահպանուած է լավաշի պատրաստման աւանդական ձեւը։

լավաշը մշակութային արժէք

Խմբագրել

2014 թուականին Հայաստանի մէջ լավաշի պատրաստման մշակոյթը արձանագրուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի՝ մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ, տուտուկի արուեստին, խաչքարագործութեան, քոչարի պարին եւ «Սասնայ Ծռեր» դիւցազնավէպին կողքին։ Արձանագրութիւնը ունի հետեւեալ խորագիրը. «լավաշ մարդկութեան. աւանդական հացի պատրաստումը, նշանակութիւնը եւ մշակութային դրսեւորումները Հայաստանի մէջ»։

լավաշը արուեստի տարբեր գործերու մէջ

Խմբագրել

լավաշի հետ կապուած կան շատ ժողովրդական սովորութիւններ, որոնց մէկ մասը մինչեւ հիմա կը պահպանուի Հայաստանի տարածքին։ Այդ սովորութիւններէն է հարսանիքի ժամանակ հարսին ուսին լավաշ դնելը։ Ըստ հայկական աւանդապատումին, հայերու պատերազմի աստուած Վահագնի ու սիրոյ աստուածուհի Աստղիկի հարսանիքին ժամանակ աստուածներու հայր Արամազդը հարսին ուսին լավաշ դրած էր։ Սակայն, տուն երթալու ճամփուն Աստղիկ ուշադիր չեղաւ եւ լավաշը ինկաւ գետին։ Հայր Արամազդը զայրացաւ ու ըսաւ. «Հացը գետին նետողը չի կրնար մայր ու կին դառնալ»։ Վահագնի ու Աստղիկի հարսանիքը մնաց կիսատ ու անոնք չամուսնացան, իսկ Հայաստանի մէջ սովորութիւն դարձաւ հարսերուն ուսին լավաշ դնել։ Այդ օրէն սկսած հարսերը շատ զգոյշ կը քալեն, որպէսզի լավաշը իրենց ուսէն չսահի ու իրենք Աստղիկ աստուածուհիին բախտին չարժանանան։

Գրուած է «Հեքիաթ Նաղաշ անունով տղայի եւ հացի, որու անունն է լավաշ» հեքիաթը։

1988 թուականին այս հեքիաթին հիման վրայ պատրաստուած է «Կախարդական լավաշը» անունով մուլտֆիլմը։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  1. «Հացապատում», Հայկ Խաչատրյան, էջ 17:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել