Լեռներու Միջազգային Օր
Լեռներու միջազգային օր (անգլերէն՝ Mountain Day), 2003-ին ՄԱԿ-ի[1] Գլխաւոր ասամպլէային 57-րդ նստաշրջանի որոշմամբ, 11 Դեկտեմբերը կը սահմանուի իբրեւ Լեռներու միջազգային օր:
Լեռները կը զբաղեցնեն Երկրի մակերեւոյթին աւելի քան 1/4 –ը՝ 14 000 քմ²: Լեռները բանակավայր են աշխարհի բնակչութեան աւելի քան 10%-ին համար: Լեռներուն բարիքներէն կ'օգտուի ամբողջ աշխարհը: Այն իւրայատուկ կենդանիներու եւ բոյսերու արգելավայր է, երկրագունդի բոլոր հիմնական գետերու ջուրի աղբիւրը:
ՄԱԿ-ի ասամպլէան այս օրուան կապակցութեամբ կոչ կ'ուղղէ ողջ աշխարհին՝ միջոցառումներ կազմակերպել[2], որոնք նպատակաուղղուած պէտք է ըլլան խթանելու լեռնային գօտիներու զարգացումը` երեւան հանելով վերջիններուս կարեւորութիւնը:
Աշխարհի տարածքին մեծ տեղ կը զբաղեցնեն լեռնային հանգստավայրերն ու առողջարանները, որոնց մէջ իր ուրոյն տեղն ունի նաեւ Հայաստանը:
Պատկերասրահ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել