Լեւոն Ճաւախեան (19 Յունիս 1950(1950-06-19), Ալավերդի, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), հայ արձակագիր։ Կը գրէ պատմուածքներ, վիպակներ, եւ 6 գիրքերու հեղինակ է: Ան գծագրիչ եւ քանդակագործ Ռաֆայել Ճաւախեանի եղբայրն է:

Լեւոն Ճաւախեան
Ծնած է 19 Յունիս 1950(1950-06-19) (73 տարեկան)
Ծննդավայր Ալավերդի, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Խորհրդային Միութիւն
 Հայաստան
Ուսումնավայր Խ. Աբովեանի Անուան Մանկավարժական Համալսարան
Մասնագիտութիւն արձակագիր
Աշխատավայր ՀՀ Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարարութիւն

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է Ալաւերտի քաղաքին մէջ, եւ ծնողները ծնած են Շնող գիւղը: Աւարտած է Խաչատուր Աբովեանի Անուան Մանկավարժական Համալսարանէն պատմութեան ճիւղով: Աշխատած է Ալաւերտի Թիւ 2 դպրոցէն ներս իբր պատմուեան ուսուցիչ, իսկ 1976 թուականին Երեւան փոխադրուած է Լենինեանի մէջ աշխատելու համար, որմէ ետք ԽԸՀՄ Լուսաւորութեան նախարարութեան համար: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք մնաց գործազուրկ, որուն պատճառաւ սկսաւ արծաթեայ զարդեր ծախել Երեւանի Վերնիսաժէն ներս. իր փորձառութիւնը կ'արտացոլայ իր պատմուածքներուն մէջ, մանաւանդ «Վերնիսաժ» ժողովածուին մէջ:[1] Իր առաջին գրական գործը եղած է «Գարուն» ամսագրին մէջ, 1980 թուականին, «Շնող» վերնագրով: Պատմուածքները լոյս տեսած են «Գրական Թերթ», «Հայկական Ժամանակ», «Հրապարակ», «Ինքնագիր» եւ այլ գրական հանդէսներու մէջ:

Պարգեւներ Խմբագրել

2019 թուականին արժանացաւ Պողոսեան մրցանակին գրականութեան ոլորտին մէջ, «Ծնկան Ծերին» գիրքին համար:[2] 2017 թուականին, արժանացաւ Մովսես Խորենացիի մետալին: 2010 թուականին «Քիրվա»[3] պատմուածքին համար ստացած է «խաղաղութիւն եւ հանդուրժողականութիւն տարածելու» մրցանակը Ազրպէյճանի «հանդուրժողական կէդրոն»-ի կողմէ:

Գիրքեր Խմբագրել

  • Ամենաանկեղծ մարդը, 1990, Երեւան
  • Ղարաբաղից մինչեւ պեչենու բաղերը, 1999, Երեւան
  • Հիսունհինգ, 2005, Երեւան
  • Արծաթագիր, 2010, Երեւան
  • Վերնիսաժ, 2015, Երեւան
  • Ծնկան ծերին, 2018, Երեւան

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել