Լեւոն Վարդան (Լեւոն Պետիրեան, 14 Հոկտեմբեր 1925, Հալէպ9 Դեկտեմբեր 1997, Պէյրութ), հայ գրող եւ ուսուցիչ։

Լեւոն Վարդան
Ծննդեան անուն Լեւոն Պետիրեան
Ծնած է 14 Հոկտեմբեր 1925
Ծննդավայր Հալէպ
Մահացած է 9 Դեկտեմբեր 1997
Մահուան վայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան
Ազգութիւն Հայ
Ուսումնավայր Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան
Կեդրոնական քոլեջ Թուրքիո?
Մասնագիտութիւն գրագէտ, պատմաբան
Ամուսին Վեհանուշ Մելիտոնեան
Երեխաներ Վարուժան

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է Հալէպ։ Երկրորդական եւ բարձրագոյն ուսումը ստացած է տեղւոյն՝ Հալէպ քոլեճի ապա Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ՝ աւարտելով Ամերիկեան համալսարանի պատմութեան բաժանմունքը,1962–ին։

1952-էն սկսեալ դասաւանդած է Լիբանանի տարբեր դպրոցներու եւ համալսարաններու մէջ։ Միաժամանակ աշխատակցած է սփիւռքահայ պարբերական մամուլին։

Ուսուցչական, գրական եւ խմբագրական աշխատանքներ կատարած է՝ մասնակցելով, «Շիրակ»-ի, «Սփիւռք»-ի, «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի, «Հասկ հնայագիտական տարեգիրք»-ի, «Բազմավէպ»-ի եւ «Նոր Այնթապ»-ի կազմերուն։

Մահացած է Պէյրութ,1997–ին։

Երկեր Խմբագրել

Լեւոն Վարդան հրատարակած է հետեւեալ չափածոյ երկերը. «Ինքներգութիւն» (1968), «Ի խորոց սրտի» (1982), «Կրկին հեծութիւն» (1996) եւ «Վարուժնագիր» (2001): Իսկ արձակ գործերուն մաս կը կազմեն հետեւեալ հրատարակութիւնները. «Գիրք Մենուասի» (1959), «Փիւնիկեան ափերուն վրայ» (1960), «Հին հին բաներ» (1997) եւ «Մարդեր ճամբու մայթերէն» (1999)[1]:

Լեւոն Վարդանի գրականագիտական երկերու շարքին կը դասուին՝ «Ֆրանսահայ արձակը» (1968) եւ «Մուշեղ Իշխան արձակագիրը» (1986) աշխատութիւնները։

Բացի գեղարուեստական գրականութենէ, Լեւոն Վարդան ծաւալուն աշխատութիւններ կուտակած է մեզ՝ Հայկական հարցի եւ Հայոց ցեղասպանութեանն առընչեալ, որոնցմէ լոյս տեսած են. «Հայկական տասնհինգը եւ հայերու լքեալ գոյքերը» (Պէյրութ, 1970), «Ժամանակագրութիւն հայկական տասնհինգի, 1915-23» (1975), «Թող թուրքը խօսի» (1975), «Արեւմտահայութիւնը տնտեսական յարաբերութիւններու ճամբուն վրայ» (Պէյրութ, 1998) եւ «Հայկական տասնհինգը թրքական մատենագիտութեան եւ մամուլին մէջ եւ մենք» (Պէյրութ, 1998): Ատոնց կը գումարուին, նաեւ, իր չհրատարակուած բնագիրները, զորս հեղինակի մահէն ետք յայտնուեցան իր անձնական իրերուն մէջ, եւ ետքը Պէյրութէն ուղարկուեցան Հայաստան՝ Եղիշէ Չարենցի անուան Գրականութեան եւ արուեստի թանգարան:

Երկերի մատենագիտութիւն Խմբագրել

  • Վարդան Լեւոն «Գիրք Մէնուասի», Պէյրութ, 1959:
  • Վարդան Լեւոն «Փիւնիկեան ափերուն վրայ», Պէյրութ, 1960:
  • Վարդան Լեւոն «Ֆրանսահայ արձակը», Պէյրութ, 1968:
  • Վարդան Լեւոն «Ինքներգութիւն», Պէյրութ, 1968:
  • Վարդան Լեւոն «Հայկական տասնհինգը եւ հայերու լքեալ գոյքերը», Պէյրութ, 1970, 344 էջ։
  • Վարդան Լեւոն «Թող թուրքը խօսի», Պէյրութ, 1975, 144 էջ։
  • Վարդան Լեւոն «Ժամանակագրութիւն հայկական տասնհինգին. 1915-1923», Պէյրութ, 1975, 312 էջ։
  • Վարդան Լեւոն «Ի խորոց սրտի», Պէյրութ, 1982:
  • Վարդան Լեւոն «Մուշեղ Իշխան արձակագիրը», Պէյրութ, 1986:
  • Վարդան Լեւոն «Կրկին հեծութիւն», Պէյրութ, 1996:
  • Վարդան Լեւոն «Հին հին բաներ», Պէյրութ, 1997:
  • Վարդան Լեւոն «Արեւմտահայութիւնը տնտեսական յարաբերութւններու ճամբուն վրայ», Պէյրութ, 1998, 255 էջ։
  • Վարդան Լեւոն «Հայկական տասնհինգը թրքական մատենագիտութեան եւ մամուլին մէջ եւ մենք», Պէյրութ, 1998, 257 էջ։
  • Վարդան Լեւոն «Մարդեր ճամբու մայթերէն», Պէյրութ, 1999:
  • Վարդան Լեւոն «Վարուժնագիր», Պէյրութ, 2001:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • «Ով ով է: Հայեր» հանրագիտարան, հատոր առաջին, գլխ. խմբ. Յովհ. Այվազեան, Հայկական հանրագիտարան հրատ., Երեւան, 2007:
  • «Արեւմտահայութիւնը Տնտեսական Յարաբերութիւններու ճամբուն Վրայ», Պէյրութ, 1998։