Խաչակրաց արշաւանքներ

Խաչակիրներու արշաւանքներ, 11-րդ դարու վերջերուն Արեւմտեան (Կաթոլիկ) եկեղեցւոյ հովանիին տակ դէպի Արեւելք` Սուրբ երկիր (Երուսաղէմ) կազմակերպուած ռազմական արշաւանքներ: Իրենց ընդհանրական ծիրին մէջ խաչակիրներու արշաւանքները պատմականօրէն կը մեկնին քրիստոնէութեան համաշխարհային շահերու պաշտպանութեան դիրքերէն եւ սուր ծայրով ուղղուած են արեւելքի իսլամական իշխանութիւններուն դէմ:

Անտիոքի պաշարումը Առաջին խաչակրաց արշաւանքի ընթացքին, մանրանկար՝ Եան Քոլոմպէի (մօտ. 1490)

Երբեմն «Խաչակիրներու արշաւանք» կը կոչուին նաեւ առանձին հեթանոս՝ ոչ-միաստուածեան ժողովուրդներու եւ որոշ հերետիկոսութիւններու դէմ պապական Հռոմի ձեռնարկած ռազմական արշաւանքները, սակայն զանոնք պէտք չէ շփոթել 11-13-րդ դարերու համանուն արշաւանքներուն հետ։

Խաչակիրներու արշաւանքներուն մէջ յատկապէս մեծ դերակատարութիւն ունեցան Ֆրանսայի թագաւորութիւնը եւ Սրբազան Հռոմէական կայսրութիւնը: Խաչակիրներու արշաւանքները շարունակուեցան մօտ 200 տարի՝ 1095-1291 թուականներուն։ Յետագային՝ 15-րդ դարուն, այդպիսի արշաւանքները շարունակուեցան փիրենէեան թերակղզիին եւ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ։ Խաչակիրները մեծ մասամբ կաթոլիկնէր էին (ուղղափառ եւ կաթոլիկ եկեղեցիներու առանձնացումէն յետոյ եւ Բողոքական-աւետարանչական բարեփոխումներէն առաջ), որոնք կը կռուէին իսլամներու դէմ Սուրբ Երկրի համար, որ գրաւուած էր տակաւին Արաբական խալիֆայութեան ժամանակներէն։ Սակայն այդպիսի արշաւանքները հետագայյին շարունակուեցան հեթանոս՝ ոչ-միաստուածեան սլաւոններուն եւ պալթեան ժողովուրդներուն, հրեաներերուն, ռուս ուղղափառ քրիստոնեաներուն, մոնկոլներուն, աղանդաւորներուն (գաթարներ) եւ Հռոմի Պապի այլ թշնամիներուն դէմ[1][2]:

Խաչակիրնեու առաջնային խնդիրը Երուսաղէմը ազատագրելն էր իսլամներէն, ինչպէս նաեւ անիկա պատասխան էր Բիւզանդական կայսրութեան օգնութեան խնդրանքին՝ ընդդէմ իսլամ սելճուք թուրքերուն: Այս եզրը կ՛օգտագործուի նաեւ բնութագրելու 16-րդ դարուն Սուրբ Երկրէն դուրս կատարուող կրօնական արշաւանքները՝ սովորաբար հեթանոսներու, հերետիկոսներու եւ աղանդաւորներու դէմ։ Երբեմն խաչակիրները եւ իսլամները դաշինք կը կնքէին ընդդէմ ընդհանուր թշնամիներու, օրինակ՝ Իգոնիայի սուլթանութեան, եւ խաչակիրներու դաշինքը հինգերորդ խաչակիրներու արշաւանքին ընթացքին։

Սակայն քրիստոնեայ պետութիւններուն միջեւ անհամաձայնութիւնները կը յանգեցնէին անոր, որ խաչակիրները կը շեղէին սկզբնական նպատակներէն, օրինակ՝ Չորրորդ խաչակիրներու արշաւանքի ժամանակ, երբ գրաւուեցաւ քրիստոնեայ Կոստանդնուպոլիսը, Բիւզանդական կայսրութիւնը կիսուեցաւ Վենետիկի եւ խաչակիրներուն միջեւ։ Իսկ Վեցերորդ խաչակիրներու արշաւանքը առաջինն էր, երբ խաչակիրները չօրհնուեցան Հռոմի Պապին կողմէ[3]։ Եօթերորդ, Ութերորդ եւ Իններորդ խաչակիրներու արշաւանքներու արդիւնքին մէջ մեմլուքները տարին շարք մը յաղթանակներ, իսկ Իններորդ խաչակիրներու արշաւանքով աւարտեցաւ խաչակիրներու դարաշրջանը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ[4]:

Պատմութիւն Խմբագրել

Իրադրութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի Մէջ Խմբագրել

 
Փոքր Ասիան 1097-ին։

Սուրբ Երկիրը մեծ նշանակութիւն ունի քրիստոնեաներուն համար, քանի որ այնտեղ ծնած, գործած եւ խաչուած է Յիսուս Քրիստոսը, որ դրած է քրիստոնէութեան հիմքը։ 4-րդ դարուն հռոմէական կայսր Կոստանդիանոս Ա․ Մեծի կողմէն թոյլատրուեցաւ քրիստոնէութեան ազատ դաւանանքը (313 թուական), եւ յետագային Հռոմէական կայսրութեան բաժանումէն ու Բիւզանդական կայսրութեան յառաջացումէն ետք, Սուրբ Երկիրը մեծ մասամբ քրիստոնէաբնակ էր[5][6]։ Երուսաղէմը մեծ նշանակութիւն ունի նաեւ մուսուլմաններուն համար, քանի որ այնտեղէն, ըստ աւանդութեան, վեր համբառնած է մարգարէ Մուհամմէետը եւ երբեմն Երուսաղէմը մուսուլմաններուն համար կը համարուի երրորդ սուրբ քաղաքը։ Արաբները յայտնուեցան այնտեղ 7-րդ դարուն։ Երուսաղէմը մեծ նշանակութիւն ունի նաեւ հրեաներուն համար, քանի որ այն երկար ժամանակ եղած է Հրէական Միացեալ Թագաւորութեան, այնուհետեւ Հրէական Հարաւային Թագաւորութեան մայրաքաղաքը, նաեւ այնտեղ կառուցուած է հրեաներու գլխաւոր հոգեւոր կենդրոնը՝ Երուսաղէմի տաճարը (ներկայիս տակաւին կանգուն է եւ ուխտագնացութեան վայր ու երկրպագութեան առարկայ է Երկրորդ տաճարին արեւմտեան պատը[7]})։ Կարեւոր հանգամանք էր նաեւ մուսուլմաններուն կողմէն 1009 թուականին Սուրբ Գերեզմանի եկեղեցւոյ աւերումը։ 1039 թուականին նոր խալիֆան խոշոր գումարի դիմաց թոյլատրեց եկեղեցւոյ վերանորոգումը[8]։ Շուտով թույլատրուեցան ուխտագնացութիւնները դէպի Սուրբ Երկիր, քանի որ անոնք մեծ շահոյթ կ՝ ապահովէին տեղի իսլամական իշխաններուն[9]։ Սակայն սելճուք թուրքերու յայտնուելէն ետք քրիստոնեաներու եւ մուսուլմաններու միջեւ յարաբերութիւնները դարձեալ լարուեցան[10]։

Իրադրութիւնը Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ Խմբագրել

Խաչակիրներուն հանդէս գալը պայմանաւորուած էր Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ ընթացող գործընթացով եւ բիւզանդասելճուքեան յարաբերութիւններով։ Քարոլինկեան կայսրութեան մասնատումը 9-րդ դարու վերջաւորութեան եւ եւրոպական սահմաններու կայունացումը Վիքինկներու ու Սլաւներու քրիստոնէացման հետեւանքով անգործ ձգած էին զինուորներուն մեծ մասը։

 
Փիրենէեան թերակղզին 11-րդ դարուն; Քրիստոնեայ թագաւորութիւնները` A=Արակոն, C=Կասթիլիա, L=Լէոն, N=Նաւարրա եւ P=Փորթուկալ

1063 թուականին, Հռոմի Պապ Ալեքսանդր Բ. օրհնեց Փիրենէեան թերակղզիի քրիստոնէաները իսլամներու դէմ պատերազմէն առաջ։ Ընդդէմ սելճուք-թուրքերու, Բիւզանդիոյ օգնութեան խնդրանքը լայն արձագանք ստացաւ Արեւմտեան Եւրոպայի քրիստոնեաներու շրջանին։ Օգնութեան խնդրանքի պատճառը՝ 1071 թուականին, Մանազկերտի ճակատամարտին կրած ծանր պարտութիւնն էր, որուն հետեւանքով Բիւզանդիան կորսնցուց Հայաստանն ու Փոքր Ասիան։ Կան տեղեկութիւներ, որ 1081 թուականին բիւզանդական կայսրը նոյնիսկ օգնութեան խնդրանք ուղարկած էր Չինաստան[11]։

Խաչակիրը երդում տալէն ետք խաչ կը ստանար պապէն կամ տեղի եպիսկոպոսէն եւ կը համարուէր «Եկեղեցւոյ զինուոր»։ Որոշ մարդիկ խաչակիր կը դառնային, որպէազի իրենց գործած մեղքերուն համար թողութիւն ստանային։

Պատճառներ Խմբագրել

Խաչակրաց արշաւանքները իրենց բնոյթով կրօնական էին։ Այս կարելի է համարել արեւելքի եւ արեւմուտքի պայքարի գագաթնակէտ. դեռ անկէ առաջ, հին ժամանակաշրջանին, սկսած հակասութիւնները յառաջացուցին ռազմական բնոյթ։

Առաջին խաչակրաց արշաւանքի պատճառներէն մէկը Ալեքսիոս Ա․ Քոմնենոսի կողմէն ուղարկուած օգնութեան խնդրանքն էր Հռոմի Պապ Ուրպանուս Բ․-ին։

Երբ Հռոմի Պապը 1095 թուականին խաչակրաց արշաւանք ձեռնարկելու կոչ կը բարձրացնէր, Սպանիոյ քրիստոնեաները հարիւր տարուան ընթացքին առաջին անգամ լուրջ յաջողութիււններ կը ցուցաբերէին։ 1085 թուականին Լեւոնի թագաւորութեան կողմէն Թոլետոյի (Toledo) գրաւումը վիթխարի յաջողութիւն էր։

Հակառակ անոր, որ Ռեքոնքիստան Եւրոպայի քրիստոնեաներու եւ մուսուլմաններու պայքարը ամենացայտուն օրինակն էր, այն միակը չէր։ Վիկինգ Ռոպերթ Կիսքարտը նուաճած էր Քալապրիան՝ 1057 թուականին, եւ կը պահէր այդ նախկին բիւզանդական տարածքը ընդդէմ Սիկիլիոյ մուսուլմաններուն։ Քաղաք-պետութիւններ Փիզան, Ճենովան եւ Քաթալոնիան կը պայքարէին ընդդէմ Մալեորքայի մուսուլմաններուն եւ ազատած էին Իտալիոյ ու Քաթալոնիոյ ափերը մուսուլմաններու արշաւանքներէն։ Իսկ աւելի վաղ Սուրիոյ, Լիբանանի, Պաղեստինի, Եգիպտոսի քրիստոնեայ տարածքները գրաուած էր մուսուլմաններուն կողմէն։ Այդ Տարածքներուն հաւատքի թշնամին կործանելու երկար պատմութիւնը Բիւզանդիոյ կայսր Ալեքսիոս Ա․-ի օգնութեան խնդրանքին արձագանքելու հող նախապատրաստած էր։

Պապականութիւնը անհանգստացած էր այն փաստով, որ Երուսաղէմ մեկնող ուխտաւորներու մեծ մասը կ՝ ենթարկուէր հալածանքներու։ Ըստ իրենց՝ նաեւ Սուրբ Երկիրը լատինականացնելէն եւ իրենց ենթարկելէն ետք ֆրանքներու ուժի շնորհիւ իրենց կ՝ ենթարկեն Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքարանը, որ 1054 թուականին անկախացած էր Հռոմէն։

 
15-րդ դարի մանրանկար, ուր պատկերացուած է Ուրպանուս Բ․ պապը Քլերմոնի ժողովին

Բիւզանդիոյ տկարութիւնը ի յայտ եկաւ Մանազկերտի ճակատամարտին կրած պարտութեան շնորհիւ։ Եւ հակառակ Ալեքսիոսի խնդրանքին՝ Հռոմի Պապը իշխանութեան համար պայքարի պատճառաւ չկարողացաւ Գերմանիոյ կայսեր դիմել։

Յաջորդ Հռոմի Պապը՝ Ուրպանոս Բ․-ը, որ աւելի մեղմ էր, խաչակրաց արշաւանքներուն շնորհիւ կը ցանկանար վերամիաւորել քրիստոնեաները։ Ըստ իրեն՝ խաչակիրները պէտք չէ ըլլան գերմանացի կամ վիկինգ, այլ իր հայրենակիցները հիւսիսային Ֆրանսայէն։

Ցուցակ Խմբագրել

Որպէս խաչակրաց արշաւանքներ ընդունուած է առաջինը համարել՝ 11-13-րդ դարերու ընթացքին, հակառակ անոր, որ նմանատիպ արշաւանքներ իրականացուեցաւ նաեւ յետագային՝ ընդհուպ մինչեւ Քանտիայի պաշարումը 1664 թուականին[12]։ Հիւանդ խնամողները մինչեւ իրենց պարտութիւնը Նաբոլէոնի կողմէն (1798 թուական) կը շարունակէին խաչակրաց արշաւանքները Միջերկրական ծովուն՝ Մալթայի շրջակայքը։ Յետագային, Սուրբ Երկիրէն դուրս արդէն տեղի ունեցան քանի մը խաչակրաց արշաւանքներ՝ ընդդէմ Փիրենէեան թերակղզիի մուսուլմաններուն, Եւրոպայի հերետիկոսներուն (Heretics) եւ հեթանոսներուն։

Խաչակրաց Առաջին Արշաւանքը Խմբագրել

 
Զինուորներուն, ասպետներուն եւ կանանց Առաջին խաչակրաց արշաւանքի ընթացքին առաջնորդող Պետրոս Մենակեացի, միջնադարեան պատկեր

1095 թուականի Մարտին տեղի ունեցած ժողովին քննարկուեցուեցաւ բիւզանդական կայսեր օգնութեան խնդրանքն ընդդէմ սելճուք-թուրքերու։ Նոյն տարին հարաւային Ֆրանսայի Քլերմոն քաղաքին մէջ Ուրպանուս Բ․ պապը (Pope Urban II) կոչ ուղղեց բոլոր քրիստոնեաներուն արշաւել եւ ազատագրել Սուրբ Երկիրը[13]։ Ահա հատուած մը անոր ճառէն.

  Երկիրը, որ դուք կը բնակիք փակուած է ծովերով բոլոր կողմերէն եւ շրջապատուած է լեռնաշղթաներով, չափազանց նեղ է ձեր մեծ բնակչութեան համար եւ ալ չունի առատ հարստութիւն, եւ երկրի սնունդն ու ուտելիքը հազիւ թէ բաւարարէ իր մշակները։ Այդ իսկ պատճառով ալ, որ դուք իրար կը սպանէք, պատերազմներ կը մղէք եւ մահացու վէրքեր կը հասցնէք։ Իսկ այժմ դուրս արձակեցէ՛ք ձեր ատելութիւնը, թող հանդարտին կռիւները, եւ թող նիրհեն երկպառակութիւնը։ Ճամբայ ելէ՛ք դէպի Սուրբ Գերեզման, խլեցէ՛ք, ազատեցէ՛ք այդ երկիրը անհաւատներէն եւ զայն ձերը դարձուցէ՛ք։ Այդ հողին վրայ «մեղր եւ կարագ կը հոսի»: Երուսաղէմը երկիրիս ամենաբարեբեր մ արգարիտն է։  


1096 թուականի սկիզբը սկսաւ խաչակիրներու առաջին արշաւանքը։ Գարնան ճանապարհ ելան գիւղացիներով կազմուած ջոկատները։ Երբ անոնք հասան Կոստանդնուպոլիս, 50.000-էն ողջ մնացած էր 20.000-ը։ Չսպասելով ասպետներու ժամանումին, անոնք անցան Վոսփորի նեղուցը եւ շարժուեցան դէպի Նիկիա քաղաք, եւ հոն ալ ջախջախուեեցան սելճուք-թուրքերուն կողմէ։ Փրկուեցաւ միայն երեք հազարը։ 100.000 հեծեալ եւ 300.000 հետեւակ ասպետները օրհնուած Հռոմի Պապի կողմէն, Իտալիայէն եւ Ֆրանսայէն ճամբայ ելան Կոստանդնուպոլիս 1096 թուականի Օգոստոս 15-ին։ 1096 թուականի Դեկտեմբերին, անոնք հասան Կոստանդնուպոլիս (Constantinople)։ Ստանալով մեծաքանակ աջակցութիւն Բիւզանդիայէն, անոնք ափ իջան Փոքր Ասիոյ մէջ եւ պաշարեցին Նիկիա քաղաքը (Siege of Nicaea)։ Քաղաքը գրաւուեցաւ 1097 թուականի Յունիս 19-ին[15]։ Խաչակիրները, տօթ ամառուան պայմաններու մէջ, շարունակեցին իրենց երկարատեւ արշաւը Փոքր Ասիայով։ Անոր յաջորդեց Անտիոքի երկարատեւ պաշարումը (Siege of Antioch), որ սկսաւ 1097 թուականի Հոկտեմբերին եւ տեւեց մինչեւ 1098 թուականի Յունիսը։ Պաշարումը աւարտեցաւ միայն այն բանէն ետքը, երբ դարպասները բացաւ ծագումով հայ զինուոր մը։ Մտնելով քաղաք[16] խաչակիրները սկսան մուսուլման բնակիչներու ջարդին եւ մզկիթներու ոչնչացումին[17]։ Հակառակ անոր, որ մուսուլմաններու մեծ բանակ մը շարժուեցաւ դէպի Անտիոք, սակայն Յունիս 28-ին խաչակիրները ջախջախեցին անոնց։ Իսկ մինչ այդ, խաչակիրները, օգտուելով այն փաստէն, որ Եդեսիոյ հայազգի կառավարիչը ըլլալով յունադաւան աջակցութիւն չէր ստանար տեղի հայ բնակչութեան կողմէն, սպանեցին զինք եւ ստեղծեցին իրենց առաջին պետութիւնը։ Անտիոքէն ետք, հիւծուած խաչակիրները, գրաւելով ծովափնեայ քաղաքները մէկը միւսին ետեւէն, 1099 թուականի Յունիս 7-ին հասան Երուսաղէմ` ունենալով նախնական ուժերէն ընդամէնը կէսը[18]։

1101 Թուականի Խաչակրաց Արշաւանք Խմբագրել

 
Պալտուինը 1098 թուականին մուտք կը գործէ Եդեսիայ, անոր կ'ողջունեն հայ Առաքելական Եկեղեցու ներկայացուցիչները

Առաջին խաչակրաց արշաւանքէն ետք տեղի ունեցան շարք մը մանր ու անյաջող արշաւանքներ, որոնցմէ 1101 թուականի ընթացքին խաչակիրները պարտութիւն կրեցին սելճուք-թուրքերէն: 1101 թուականի արշաւանքը կարելի է դիտել որպէս Առաջին խաչակրաց արշաւանքի արձագանքներէն մէկը:

Երուսաղէմի Պաշարումը Խմբագրել

 
Կոտֆրէյը, ֆրանսացի ասպետ, Առաջին Խաչակրաց Արշաւանքի առաջնորդը Երուսաղէմի թագաւորութեան հիմնադիրը

Հասնելով Երուսաղէմ, խաչակիրները հանդիպեցան հրէաներուն եւ մուսուլմաններու յամառ դիմադրութեան։ Սակայն անոնք ձախողութեան մատնուեցան եւ 1099 թուականի Յուլիս 15-ին խաչակիրները մտան քաղաք[17]։ Ինչպէս Անտիոքի մէջ, այստեղ նոյնպէս սկսաւ մուսուլմաններու եւ հրէաներու ջարդը եւ մզկիթներու ոչնչացումը[19]։

Աղբիւրներէն մէկուն մէջ կը նշուի, որ «մեկուսացումն ու վախը»[1], որ կը զգային ֆրանքները (խաչակիրները) գտնուելով հայրենիքէն այդքան հեռու, կը բացատրէ այդ արարքներուն, ինչպէս նաեւ 1098 թուականի Մաարայի պաշարման ժամանակ մարդակերութեան դէպքերուն պատճառները[20]։

Առաջին խաչակրաց արշաւանքի հետեւանքով ստեղծուեցան շարք մը խաչակրաց թագաւորութիւններ. Երուսաղէմի թագաւորութիւնը, Անտիոքի դքսութիւնը, Եդեսիոյ կոմսութիւնն ու Թրիփոլիի կոմսութիւնը։ Անոնցմէ ամենախոշորը Երուսաղէմի թագաւորութիւնն էր, ուր 120,000 խաչակիրներ (մեծ մասամբ ֆրանսախօս) կ՝ իշխէին 350,000 մուսուլմաններու, հրէաներու եւ բնիկ ուղղափառ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն վրայ, որոնք այդտեղ կը բնակէին հաւանաբար արաբական նուաճումներէն առաջ[21]։

Խաչակիրները փորձեցին նաեւ գրաւել ներկայիս Լիբանանի տարածքին գտնուող ծովափնեայ Տիւրոս (Սուր, Greek: Τύρος, Týros անգլ՝ Tyre Arabic: صور), քաղաքը։ Տիւրոսի մուսուլման բնակիչները օգնութիւն խնդրեցին Զահր Ալ-Տին Աթաբեկէն՝ Դամասկոսի կառավարիչէն, խոստանալով յանձնուիլ իրեն։ Երբ Զահր Ալ-Տինը ջախջախեց խաչակիրները, քաղաքի բնակիչները հրաժարեցան յանձնուիլ իրեն եւ Զահր Ալ-Տինն ըսաւ՝

  Այն ինչ որ ես կատարեցի, կատարեցի Աստուծոյ եւ մուսուլմաններու համար, այլ ոչ թէ հարստութեան կամ իշխանութեան համար[22]։  


Ընդհանուր առմամբ, ներքին հակասութիուններու պատճառով, մուսուլմանները սկզբնական շրջանին թոյլ դիմադրութիւն ցոյց տուին խաչակիրներուն[23]։ Սակայն կամաց-կամաց մուսուլմանները սկսան միաւորուիլ, եւ արդէն 1144 թուականին Զանկի ամիրայի գլխաւորութեամբ խաչակիրներէն գրաւեցին Հայոց Միջագետքի նախկին ծաղկուն քաղաք Եդեսիան։ Այն առաջին քաղաքն էր Մերձաւոր Արեւելքին, որ գրաւուեցաւ խաչակիրներուն կողմէն, եւ առաջինն էր, որ վերագրաւուեցաւ մուսուլմաններու կողմէն։ Եդեսիայի գրաւումէն ետք, Հռոմի Պապը կազմակերպեց Երկրորդ խաչակրաց արշաւանքը։

Առաջին Խաչակրաց Արշաւանքին Հետեւանքները Խմբագրել

 
     Բիւզանդական կայսրութիւնը մինչեւ Առաջին խաչակրաց արշաւանքը     Բիւզանդական կայսրութիւնը Առաջին խաչակրաց արշաւանքէն ետք     Առաջին Խաչակրաց արշաւանքի ուղիները

Առաջին խաչակրաց արշաւանքի ամենակարեւոր հետեւանքը Երուսաղէմի ազատագրութիւնն էր եւ շարք մը խաչակրաց պետութիւններու ստեղծումը Լեւանթի (The Levant /ləˈvænt/; Arabic: المشرق) մէջ։ Միւս կարեւոր հետեւանքը առեւտրական կապերու աշխուժութիւնն էր Եւրոպայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Ասիոյ միջեւ։ Սակայն Առաջին խաչակրաց արշաւանքը ունեցաւ նաեւ բացասական հետեւանքներ։ Անոնցմէ էր օրինակ այն, որ Առաջին խաչակրաց արշաւանքի հետեւանքով Եւրոպայի մէջ սկսան հալածուիլ հրէաները, իսկ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ սկսան նոր խաչակրաց արշաւանքներ ընդդէմ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն։

13-րդ դարուն, եւ յատկապէս 1291 թուականին, Աքքայի վերջնական անկումէն եւ Ալբեկենական «The Albigensians» խաչակրաց արշաւանքի հետեւանքով Կաթարներու «Cathars» աղանդի վերջնական ոչնչացումէն ետք խաչակիրները կ՝ օգտագործուէին Պապի կողմէն, ապահովելու իր շահերը ամբողջ կաթողիկէ Եւրոպայի տարածքին։ Որպէսզի ապահովէր ուխտագնացներու կեանքն ու ունեցուածքը ստեղծուեցան շարք մը հոգեւոր-ասպետական միաբանութիւններ՝ ինչպիսիք էին Հիւանդախնամները, Տաճարականները եւ յետագային նաեւ Տեւտոնները (ցեղ)։ Լեւանթին մնացած վերջին խաչակրաց միաբանութիւնը Հիւանդախնամներն էին, որոնք Աքքայի անկումէն ետք կրցան պահել Հռոտոս կղզին, իսկ 16-րդ դարուն քշուեցան Մալթա եւ վերջնականապէս ոչնչացուեցան Նափոլէոն Պոնափարթի կողմէն 1798 թուականին։

Նորվեկեան Խաչակրաց Արշաւանք Խմբագրել

Սիկուրտ Ա. Նորվեկացին առաջին եւրոպական թագաւորն էր, որ անձամբ մեկնեցաւ խաչակրաց արշաւանքի: Ան մասնակցեցաւ շարք մը մարտերու Սպանիոյ մէջ, որմէ ետք արդէն Սուրբ Երկրին մէջ ան միացաւ Երուսաղէմի թագաւորին, մասնակցելու համար Սիտոնի պաշարման:

Երկրորդ Խաչակրաց Արշաւանք Խմբագրել

 
Մերձաւոր Արեւելքը 1135 թուականին     Բիւզանդական Կայսրութիւն     Հայոց Կիլիկիա     Սելճուք-Թուրքեր     Եդեսիոյ Կոմսութիւն     Անտիոքի Դքսութիւն     Թրիփոլիի Կոմսութիւն     Երուսաղէմի Թագաւորութիւն     Ֆաթիմիտեան Խալիֆայութիւն

Խաղաղ ժամանակներուն յաջորդեց Եդեսիոյ գրաւումը՝ իսլամականներու կողմէ: Կազմակերպուեցաւ երկրորդ խաչակրաց արշաւանքը: Ֆրանսական եւ հարաւ-գերմանական խաչակիրները Լիւտովիկոս (Լուի) Ե.-ի եւ Քոնրատ Գ.-ի գլխաւորութեամբ, համապատասխանաբար, հասան Երուսաղէմ 1147 թուականին, սակայն չկարողացան տանիլ ոչ մէկ մեծ յաղթանակ: Դամասկոսը գրաւելու իրենց ծրագիրները նոյնպէս մատնուեցան անյաջողութեան[24]: Սակայն Միջերկրական ծովու միւս ափին վրայ Երկրորդ խաչակրաց արշաւանքը մեծ օգուտ բերաւ: Որոշ խաչակիրներ կանգ առին Փորթուկալի Թագաւորութեան մէջ, միացան Աֆոնսօ Ա. Փորթուկալացիին եւ վերանուաճեցին Լիզպոնը իսլամականներէն 1147 թուականին: Այդ խումբին մէկ մասն ալ օգնեց Պարսելոնայի իշխանին գրաւել Թորթոսան՝ միւս տարի[24] Այդ խմբի մի մասն էլ օգնեց Բարսելոնայի իշխանին գրավել Տորտոսան մյուս տարի:[25]: Արդէն 1150 թուականին Գերմանիոյ կայսրը եւ Ֆրանսայի թագաւորը ետ վերադարձած էին Սուրբ Երկրէն, առանց որեւէ լուրջ յաջողութեան[26]: Հիւսիսի գերմանացիները եւ դանիացիները յարձակեցան Վենտերի վրայ 1147 թուականին Վենտական խաչակրաց արշաւանքի ժամանակ, որ նոյնպէս յաջողութեամբ չպսակուեցաւ:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. 1,0 1,1 Ռայլի-Սմիթ, Ջոնաթան. Խաչակրաց արշաւանքներու Օքսֆորտեան Պատմութիւն Նիու Եորք. Oxford University Press, 1999. ISBN 0-19-285364-3. (անգլերէն)
  2. Ռայլի-Սմիթ, Ջոնաթան. Առաջին խաչակիրները, 1095–1131 Cambridge University Press, 1998. ISBN 0-521-64603-0. (անգլերէն)
  3. Հալսալլ Փաուլ (Դեկտեմբեր 1997)։ «Ֆիլիձ տէ Նովար. Les Gestes des Ciprois, Ֆրետերիք Բ.-ի խաչակիրները, 1228–29»։ Medieval Sourcebook։ Ֆորտհամի համալսարան։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-05-26-ին։ արտագրուած է՝ 2008 թ․ փետրուար 8  —"Գրիգոր IX-ը բանադրել էր Ֆրեդերիկին վերջինիս՝ Սիցիլիան երկրորդ անգամ լքելէ առաջ։ "
  4. Աւետարանը Բոլոր Երկրներու մէջ, Մեթոտական Եպիսկոպոսական Միսիոներական Հասարակութիւն, էջ՝ 262 (անգլերէն)
  5. Շայ Դ. Կոհեն։ «Օրինականացումը Կոնստանդիանոսի օրոք»։ PBS։ արտագրուած է՝ 2007 թ․ օգոստոսի 11–ին 
  6. "Պատմություն. Օտար տիրապետություն"
  7. Գոնեն, Ռիվկա, Վիճելի սրբություն. հրեական, մուսուլման եւ քրիստոնյա հավակնությունները Երուսաղեմի նկատմամբ, KTAV Publishing House, 2003, էջ՝ 77
  8. Դենիս Պրինգլ. "Լատինական Արեւելքի Ճարտարապետությունը" Խաչակրաց արաշավանքների Օքսֆորդյան Պատմություն աշխատությունում, խմբ. Ջոնաթան Ռայլի-Սմիթ (Նյու Յորք, Oxford University Press,1999) 157
  9. Մադդեն, էջ՝ 5
  10. Մադդեն, էջ՝ 8
  11. «Չինական գրաւոր աղբիւրները Հռոմի, Բիւզանդիայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մասին, մօտ Ք.Ա. 91 – Ք.Ե. 1643 թուականներ»։ Fordham.edu։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-09-10-ին։ արտագրուած է՝ 2010 թ․ Ապրիլ 18  (անգլերէն)
  12.   «Խաչակրաց արշավանքները» 1913 թ-ի Կաթոլիկ Հանրագիտարանում. (անգլերէն)
  13. Ֆուլչեր Archived 1998-12-01 at the Wayback Machine., Միջնադարյան սկզբնաղբյուր. (անգլերէն)
  14. Համաշխարհային պատմություն-Միջին դարեր, հեղինակ Հարությունյան, Նազարյան, էջ 53
  15. Տիերման, Քրիստոֆեր. Աստծո Պատերազմը. Խաչակրաց արշավանքների Նոր Պատմություն, 2006. էջեր` 106–124 (անգլերէն)
  16. Բարբարա Տուչման. Հեռավոր Հայելի. Ալֆրեդ Ա. Կնոպֆ, (օգոստոս, 1978) 279. ISBN 0-394-40026-7. (անգլերէն)
  17. 17,0 17,1 Խաչակրաց արշավանքերի արաբական աղբյուրները, թարգմ. Ֆ. Գաբրիելիի, Լոնդոն, 1984.
  18. Տիերման, էջեր` 146–153
  19. Տրումբուր, Ջոհն. “Խաչակրաց արշավանքներ.” Իսլամական աշխարհի օքսֆորդյան հանրագիտարան, http://www.oxfordislamicstudies.com/article (փետրվարի 17, 2008). (անգլերէն)
  20. «Խաչակրաց արշավանքներ, դրդապատճառներ եւ հետեւանքներ» ֆրանսերէն՝ Les Croisades, origines et consequences, էջ` 62, Կլոդ Լեբեդել, ISBN 2-7373-4136-1(անգլերէն)
  21. Բենջամին Զ. Քեդար, "Ֆրանկական Լեւանտի մուսուլման հպատակները", 2002, էջ` 244
  22. Իբն Ալ-Քալանիսի աշխատություն, թարգմանությունը Ա. Ռ. Գիբբի (Լոնդոն։ Luzac & Co., 1932). (անգլերէն)
  23. «Խաչակրաց արշավանքները» իսլամական աշխարհում. անցյալ եւ ներկա, Oxford Islamic Studies Online, http://www.oxfordislamicstudies.com/article (փետրվարի 17,, 2008). (անգլերէն)
  24. 24,0 24,1 Լյուիս Արչիբալդ (հունվար 1988)։ Քոչվորներն ու խաչակիրները. 1000–1368 թթ.։ Indiana University Press։ ISBN 9780253206527  (անգլերէն)
  25. Վիլլեգաս-Արիստիզնբալ, Լ. (2009), "Անգլո-նորմանական ներդրումը Տորտոսայի նվաճման գործում, 1148–1180 թթ.", Խաչակրաց արշավանքներ 8, էջեր` 63–129
  26. Խաչակրաց արշավանքները Նոր Կաթոլիկ Հանրագիտարանում, Նյու Յորք. McGraw-Hill Book Company, 1966, հատոր` IV, էջ` 508.[1] (անգլերէն)
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։