Խնձոր (անգլերէն՝ Apple)։ Խնձորենիին հայրենիքը կը համարուի Կեդրոնական Ասիան։

Խնձոր

Հին Յու­նաս­տա­նի մէջ խն­ձո­րե­նին կը հա­մա­րէ­ին սուրբ ծառ` նուիր­ուած Ափոլ­լո­յին: Անգլ­ի­ա­կան «apple» բա­ռը, որ կը նշա­նա­կէ խն­ձոր, «աբոլ­լոն» բա­ռէն սե­րած է:

Կը կարծուի, թէ խն­ձո­րի մշա­կու­մը սկ­սած է Ղա­զախիս­տա­նի լեռ­նե­րէն, զոր կա­րե­լի է հա­մա­րել խն­ձո­րե­նի­նե­րու հայ­րե­նի­քը, որ­մէ ետք տա­րա­ծում գտած է Աս­իա եւ Եւ­րո­պա:

Ներկայիս գոյություն ունին խնձորենիներու բազմաթիւ տեսակներ, որոնք կ'աճին տարբեր կլիմայական պայմաններու մէջ։

Երկար Ժամանակ թարմութիւնը պահպանող, քիմքային բարձր արժէքով այս պտուղը բոլոր կլիմայական գօտիներու մէջ կը համարուի կենսանիւթերու եւ հանքային աղերու աղբիւր:

Կը պարունակէ մինչեւ 80-85% ջուր, շաքարը մինչեւ 7-15%, բջիջանիւթ, օրկանական թթուներ, հնդիւղեր, կենսանիւթեր, եթերային իւղեր եւ հանքային աղեր:

Խնձորը՝ առողջութեան խորհրդանիշը Խմբագրել

  • Փոթասիումի բարձր պարունակութեան եւ աղաղին շնորհիւ կը կանխարգիլէ միզաթթուի կուտակումը մարմինին մէջ:
  • Խնձորին պարունակած ցած քանակութեամբ ջերմուժը զայն կը դարձնէ անփոխարինելի՝ գիրութենէ տառապողներու համար, իսկ պարունակած փէքթինային նիւթերը կը նպաստեն մարմինէն քոլեսթերոլի արտաքսման:
Խնձորի ծառ՝ Գերմանիոյ մէջ
  • Թթու տեսակի խնձորները իրենց պարունակած օրկանական թթուներու մեծ քանակին շնորհիւ խորհուրդ կը տրուի օգտագործել հաստ աղիքի բորբոքման, լեղապարկի խանգարման, ինչպէս նաեւ թունաւորումներու ատեն:
  • Խնձորի քաղցր տեսակները նախընտրելի է օգտագործել գերթթուային ստամոքսաբորբի եւ խոցային հիւանդութեան պարագային:
  • Խնձորի հիւթը ունի ցած ջերմուժ, հարուստ է երկաթով, հետեւաբար՝ օգտակար է արեան տկարութիւն ունեցողներուն համար:
  • Հիւթը մանրէաբոյս նիւթերով հարուստ ըլլալով, մարմինը թափoններէ մաքրելու յատկութիւն ունի: Անիկա կը նպաստէ երիկամի քարերու հեռացման, կը բարելաւէ շնչառական համակարգը, յատկապէս ծխողներու մօտ: Խնձորը օգտակար է ճարպակալման, արիւնատար երակներու կարծրացման, արեան բարձր ճնշման, լեարդի եւ երիկամներու երկարատեւ հիւանդութիւններու ատեն:
  • Խնձորը ինչպէս նաեւ վարունգը, նախընտրելի է ուտել կեղեւով, լաւ լուալէ ետք, քանի որ անոնց պարունակած սննդային արժէք ունեցող նիւթերը կը գտնուին կեղեւին մէջ:
  • Օրական Մէկ Խնձորը կը նուազեցնէ սրտանօթային ճնշումը 30 առ հարիւրով, ինչպէս նաեւ 20 առ հարիւր կամ աւելի տոկոսով կը նուազեցնէ մէջքի չափը, որ գործօն մըն է սրտանօթային հիւանդութեան, յառաջացման մէջ[1]:
  • Ով որ մեծ քանակութեամբ խնձոր կը սպառէ, անոր մօտ կը նուազի սպիտի (protein) եւ կենսանիւթ Սէ-ի քանակը:
  • Խնձորը կը նպաստէ քաղցկեղային բջիջներու աճին նուազեցման, յատկապէս թոքերու քաղցկեղի պարագային:Խնձորը 40-50 տոկոսով կը նուազեցնէ քաղցկեղի հաւանականութիւնը: Անիկա ունի հզօր հակաօքսիտանի դեր, որ կ'արգիլէ քաղցկեղածին բջիջներուն զարգացումը[2]:
  • Խնձորը կը նպաստէ յիշողութեան բարելաւման:

Խնձորի Քացախին Բուժիչ Յատկութիւնները Խմբագրել

 
Խնձորի քացախ


Որակաւոր խնձորի քացախը ո՛չ միայն կը բուժէ կարգ մը հիւանդութիւններ, այլ նաեւ կը կանխարգիլէ անոնցմէ շատերուն յայտնութիւնը[3]:

  • Կը դիւրացնէ մարսողութիւնը: Մէկ բաժակ ջուրի մէջ դգալ մը խնձորի քացախ, դգալ մըն ալ մեղր աւելցնել, լուծել եւ օրական մէկ բաժակ խմել:
  • Կը կարգաւորէ արեան բարձր ճնշումը: 150 միլիլիթր ջուրի մէջ 2 դգալ խնձորի քացախ աւելցնել եւ խմել օրական 1 անգամ:
  • Կը մեղմացնէ ստամոքսի ցաւը:
  • Կ'օգնէ նիհարնալու:
  • Կը դարմանէ կոկորդի ցաւը:
  • Կը դարմանէ գերզգայնութիւնները:
  • Կը չէզոքացնէ բերնի անախորժ հոտերը եւ կը հականեխէ բերանը:
  • Կը նուազեցնէ քոլեսթերոլի բարձր տոկոսը:
  • Կը չէզոքացնէ մազին թեփը:
  • Կը դարմանէ դէմքին բշտիկները:
  • Կը ձերբազատէ գիշերային մկանի պրկումներէ:
  • Կը սպիտակեցնէ ակռաները:
  • Կը չափաւորէ շաքարի տոկոսը`արեան մէջ:

Խնձորը Օգտագործելու Տարբերակներ Խմբագրել

Ակռաները Մաքրելու

Ճաշէն ետք խնձոր մը խածնելով ուտելը կը մաքրէ ակռաները եւ անոնց մէջ տեղաւորուած ճաշի մնացորդները:

 
Ծաղկած Խնձորենի

Գլխու Ցաւը Անցընելու

Գլխու ցաւը կարելի է անցընել կիսուած կանաչ խնձոր մը հոտուըտալով:

Կանաչ Լոլիկը Հասունցնելու

Կիսով չափ կանաչ լոլիկները հասունցնելու համար, թուղթէ տոպրակի մը մէջ լեցնել լոլիկները, առաւել` խնձոր մը. քանի մը օր ետք, լոլիկները լրիւ կը կարմրին:

Շէկ Շաքարը Փափկացնելու

Շէկ շաքարը շատ արագ կը կարծրանայ խոնաւութեան պատճառով: Նման կացութեան մը դիմաց շաքարը լեցնել կերպընկալ տոպրակի մը մէջ, աւելցնել խնձորի կտոր մը, տոպրակին օդը պարպել եւ բերանը փակել: Երկու օրէն շաքարը իր նախկին վիճակը կը վերագտնէ:

Հաւը Փափկացնելու

Փուռին մէջ հաւ խորովելու ատեն, անոր փորին մէջ խնձոր մը զետեղել, որպէսզի եփի աւարտին հաւին միսը փափուկ եւ հիւթեղ ըլլայ:

Աղը Հաւասարակշռելու

Եթէ ապուրը կամ կերակուրը աղի ըլլայ, քանի մը կտոր խնձոր (կամ գետնախնձոր) նետել կաթսային մէջ եւ տասը վայրկեան եփը շարունակել, արդիւնքը շատ գոհացուցիչ կ'ըլլայ:

Որպէս Դէմքի Ծեփուկ

Շաբաթը անգամ մը կեղւըուած եւ քերոցէ անցած խնձոր մը տարածել դէմքին վրայ, սպասել քառորդ ժամ, ապա ցօղուել գաղջ ջուրով: Այս ծեփուկը սնունդ եւ փայլք կու տայ մորթին եւ կը պաշտպանէ կանխահաս կնճիռներէ:

Մոմակալի փոխարէն

Աշնանային ընթրիքները աւելի տպաւորիչ դարձնելու համար ընտրել քանի մը գոյնի խնձոր, անոնց միջուկը փորել եւ կեդրոնը մէկական մոմ զետեղել[4]:

Խնձորը հայոց մէջ Խմբագրել

 

Թէեւ խնձո­­րենին տա­­րածո­­ւած է Հա­­յաս­­տա­­­նի բո­­լոր շրջան­­նե­­­րու մէջ, սա­­կայն մէկ քա­­ղաք կ'առանձնա­­նայ իր խնձո­­րով՝ Ար­­տա­­­մետը գիւ­­ղա­­­քաղա­­քը, որ դա­­րեր առաջ իբրեւ «Ոս­­տան Հա­­յոց» կը փայ­­լէր Վա­­նայ լի­­ճին հա­­րաւ-արե­­ւելեան ծո­­վափին վրայ։ Ար­­տա­­­մետի բնա­­կիչ­­նե­­­րը այ­­գե­­­գործներ եղած են, որոնց մրգաս­­տաննե­­րուն մէջ խնձո­­րի առատ բերք կ'աճէր։ Աշ­­նան ամիս­­նե­­­րուն ամ­­բողջ քա­­ղաքը կը բու­­րէր փար­­թամ պար­­տէզնե­­րու խնձոր­­նե­­­րու հո­­տով։ Ար­­տա­­­մետ­­ցի հար­­սին տա­­րազը բու­­րումնա­­ւէտ դարձնե­­լու հա­­մար, հար­­սա­­­նեկան աւան­­դա­­­կան թի­­թեղա­­պատ սնտու­­կին մէջ կը դնէին քա­­նի մը խնձոր[5]։

Խնձորը հայոց մէջ ամէնէն սիրուած եւ տարածուած պտուղն է: Անիկա անմահական պտուղ համարուած է, որուն վերագրուած է պտղաբերութեան հզօր ուժը[6]:

  • Ըստ հայոց, գնդաձեւ պտուղները ունին միասնութեան եւ կատարելութեան խորհուրդ:
  • Թագաւորները, իբրեւ աստուածային յատկանիշները կրողներ, խաչակիր ոսկեայ խնձոր կը կրէին, որ տիեզերքի եւ իշխանութեան խորհրդանիշն էր:
  • Խնձորը սիրոյ խորհրդանիշ է: Որեւէ մէկուն խնձոր առաջարկելը սիրոյ խոստովանութիւն կը նշանակէ:
  • Հայոց մէջ խնձորը ուղղակիօրէն կը կապուի սիրոյ աստուածուհի Աստղիկին հետ, «յԱստղկայ նուիրեալ» պտուղն է: Գրիգոր Մագիստրոս կը գրէ. «Խնձորս երբեմն յԱստղկայ շնորհեալ»:
  • Հայ Միջնադարեան ձեռագիրներու մէջ կարելի է հանդիպիլ կախարդական-հմայական «դեղատոմսերու», թէ ինչպէս պէտք է խնձորի միջոցով տիրանալ սիրած անձին:
  • «Սասնայ ծռեր» դիւցազնավէպին մէջ Պղինձէ քաղաքին թագաւորին աղջիկը Սանասարին համար կուժ մը ջուր կը լեցնէ, վրան խնձոր մը կը դնէ ու թուղթին վրայ կը գրէ. «Եկո՛ւր զիս առ»:
  • Դարձեալ «Սասնայ ծռեր» դիւցազնավէպին մէջ հարսնցուին հետ կրնար ամուսնանալ ան, որ ձիարշաւի ատեն ճարպիկ ոստիւնով մը կը յաջողէր ձեռք բերել սիւնին վրայ ամրացուած ոսկեայ խնձորը:
  • Սասունցի Դաւիթ մէկ հայեացքով կը տիրանայ Խանդութի սիրտին եւ իբրեւ ընծայ անկէ սիրոյ խնձորը կը ստանայ:
  • Նոր տարուան ատեն երբ իրարու տուն հիւր կ'երթային, յաճախ իրենց հետ խնձոր կը տանէին:
  • Նոր տարիին հարսնցուին տունը այցելելու ատեն, հարսը փեսային փնջած (մետաքսէ գոյնզգոյն թելերով զարդարուած) խնձոր կը նուիրէր, իսկ փեսացուն` վրան արծաթէ կոպեկ մը խրած խնձոր:
  • Հրաչեայ Քոչարի «Նահապետ» վիպակին մէջ, Եղեռնէն ետք, Նահապետը գիւղին մէջ իւրաքանչիւր ամուսնացող զոյգի եւ նորածինի համար տուներուն առջեւ խնձորենի կը տնկէ:
  • Համշէնի մէջ, վայրի խնձորը կը կախէին մարդոց եւ ընտանի անասուններու (հորթի, կովու) վիզէն:
  • Աստուածաշունչին մէջ խնձորը Ադամի եւ Եւայի գայթակղութեան պտուղն է. անոնք Աստուծոյ կամքին հակառակ կը ճաշակեն խնձորը, որուն իբրեւ հետեւանք՝ դրախտէն կ'արտաքսուին:
 
  • Աստուածաշունչին մէջ խնձորը կը յիշատակուի վեց անգամ, որոնցմէ չորսը՝ «Երգ երգոց»ին մէջ, որ հարսին ու փեսայի միջոցով Ս. գիրքին սիրերգութիւնն է՝ խորհրդանշելով եկեղեցին եւ Քրիստոսը: Նարեկացի «Երգ երգոցի» մեկնութեան մէջ խնձորին կը վերագրէ չորս յատկութիւն՝ օրէնք, մարգարէներու խօսքեր, առողջարար ու հիւանդներուն ախորժելի եւ թագաւորներու համար պիտանի: Նա­րե­կացի կ'ըսէ. «Նախ ար­ժան է զբ­նու­թիւն խն­ձո­րոյ տե­սա­նել եւ ապա զզար­թումցն որ ի ներ­քոյ նո­րա իմա­նալ: Խն­ձոր` առողջ կե­րա­կուր է եւ հիւան­դաց յոյժ ախոր­ժե­լի, եւ թա­գա­ւո­րաց կա­րի իսկ վա­յե­լուչ եւ պէս-պէս զա­նա­զան հո­տովք անու­շա­ցու­ցա­նէ զքիմ­սըն հո­տո­տե­լոց, զոր եւ զսուրբսն Գր.Լու­սա­ւո­րիչն մեր ասէ»:
  • Նա­ղաշ Յով­նա­թա­նի սի­րած էա­կը սի­րոյ նա­մա­կին հետ կ'ու­ղար­կէ նա­եւ խն­ձոր մը եւ մե­խակ մը, իբրեւ գե­րա­գոյն սի­րոյ ար­տա­յայ­տու­թիւն:
  • Համ­բարձ­ման վի­ճա­կի եր­գե­րուն մէջ խն­ձո­րի ար­տա­յայ­տութ­եան կը հան­դի­պինք նոյն­պէս իբրեւ սի­րոյ խորհր­դա­նիշ. «Խն­ձո­րը վեր-վեր կը թա­լեմ»:
  • Հայոց աւանդական հարսանեկան ծէսերուն խնձորը միութեան եւ պտղաբերութեան խորհրդանիշն է:
  • Պսակածառը, որ նորապսակ զոյգին պտղաբերութեան խորհրդանիշն էր, կը զարդարէին քաղցրաւենիքներով ու յատկապէս խնձորով: Յաճախ ծառին գագաթին կարմիր խնձոր կ'ամրացնէին: Այդ խնձորը առագաստ մտնելէ առաջ կը կիսէին հարսին ու փեսային միջեւ:
  • Ժամանակին, մետաքսեայ թելերով փաթթուած եղէգնեայ խաչը կը տնկէին խնձորի մը վրայ ու կը փակցնէին փեսացուին գլխարկին, որ կը փոխարինէր թագը:
  • Հարսը տունէն դուրս հանելու ատեն, անոր տան բակին մէջ, ձողի մը ծայրը խնձոր կը ցցէին: Փեսացուին ընկերներէն, ով որ կարենար խնձորին վրայ կրակել, կ'արժանանար հարսին ձեռքով գործուած գուլպային:
  • Հայոց մէջ տարածուած սովորութիւն էր մինչեւ Վարդավառ խնձոր չուտելը, որ կը կոչուէր խնձորի պահք: Վարդավառին եկեղեցւոյ մէջ խնձորը կ'օրհնուէր, որմէ ետք խնձոր ուտելու արգելքը կը վերանար:
  • Վարդավառի գիշերը պարտադիր վառող խոտի դէզերուն մէջ խնձոր կը խորովէին եւ կ'ուտէին:
  • Վարդավառին երիտասարդ հարսնցուներն ու փեսացուները իրարու նախշուած խնձոր կը նուիրէին:
  • Շատախի մէջ կը հաւատային, որ Վարդավառի գիշերը «Արքայութեան աղբիւր»ին ակունքէն անմահութեան խնձորը դուրս կու գար եւ կը լողար ջուրին մէջ: Այդ գիշեր անմահութեան խնձորը տեսնողին բոլոր երազները կ'իրականանային:
  • Գե­ղար­ուես­տա­կան գրա­կա­նութ­եան մէջ նոյն­պէս խն­ձո­րը իր որո­շա­կի դե­րը ու­նե­ցած է: Օրինակ՝ Ստե­փան Զօր­եա­նի «Խն­ձո­րի այգին» ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւնը, գր­ուած` 1917-ին: Զօր­եան գե­ղե­ցիկ կեր­պով կը նկա­րագ­րէ Մար­տին աբոր ան­քակ­տե­լի կա­պը այդ խն­ձո­րե­նի­նե­րու այգի­ին հետ` անոնց հան­դէպ տա­ծած սի­րոյն, խնամ­քին եւ հո­գա­տա­րու­թեան ընդ­մէ­ջէն:
  • Հայկական հեքիաթներուն մէջ անմահական խնձոր ուտելը յղանալու, ամուսիններու` խնձոր կիսել-ուտելը զաւակ ունենալու նշան էր:
  • Հեքիաթներու մէջ խնձորով մէկուն հարուած տալը սէր եւ ընտրութիւն կը նշանակէր:

«Խնձոր» բառը հայկական զանազան բարբառներով Խմբագրել

 

Հայ­­րե­­­նի ամէն քա­­ղաք եւ գիւղ «խնձոր» բա­­ռը օգտագործած է իր բար­­բա­­­ռով հա­­մեմո­­ւած.

Պատկերաւոր Արտայայտութիւններ Խմբագրել

  • «Խնձոր կերէ՛ք լաւատես ըլլալու համար», կ'ըսեն ֆրանսացիները:
  • «Խնձոր կերէ՛ք բժիշկէն հեռու մնալու համար», կը հաստատեն անգլիացիները:

Պատկերասրահ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Խնձորին օգուտները
  2. «Խնձորին օգտակարութիւնը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-09-13-ին։ արտագրուած է՝ 2021-09-13 
  3. Խնձորի Քացախը
  4. Խնձորը Օգտագործելու Տարբերակներ
  5. Արտամետի Խնձորը
  6. «Խնձորը հայոց մէջ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-09-13-ին։ արտագրուած է՝ 2021-09-13 

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Առողջութիւնն ու Սնունդը, Գոհար Վարդանեան Քեշիշեան, Պէյրութ, 2007։